ՀԷՔԵԱԹ ՄԸՆ ԷՐ ԱՊՐՈՒԱԾԸ
Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումը ցաւառիթ էր մասնաւորապէս իր հոգեւոր զաւակներուն համար։ Մեր հովուապետի կորստեան վիշտը, մասնաւորապէս իր մասին խոկալու, անցեալի անմոռանալի յիշատակները անգամ մը եւս մտաբերելու, երբեմն իր ձայնը լսելու եւ կամ իր պատգամները կարդալու համար լաւ առիթ հանդիսացաւ։ Սրբազան Հօր հիւանդութիւնը տակաւին երկար տարիներ առաջ արդէն իսկ ցնցած էր բոլորս եւ իր այնքան հարազատ ձայնէն եւ խրատներէն զրկուած ըլլալով, իր աշակերտները եւս կարծես թմրած էին։ Երկարատեւ հիւանդութեան աւարտին հասած վախճանման գոյժը, դէպի սուգի տրամադրութեան ուղղեց իր զաւակները, որոնք կը սգային, կու լային Պատրիարք Հօր անշունչ մարմնին մօտ։ Ժպտուն դէմքերը՝ խղճալի, ցնծալի երգերը՝ տխրագին, գունաւոր պատկերները՝ տժգոյն դարձած էին իր վախճանմամբ։ Առանց Պատրիարք Սրբազանի մնալու գաղափարը մարմնաւորուած էր բոլորիս մօտ եւ մեզի կը մնար միայն՝ ճաշակել այս դառնահամ զգացումը։ Սովորական մահ մը չէր քանի իր վախճանը, սովորական ալ պիտի չըլլար իր մասին մեր ունեցած անմեղ զգացումները։ Սովորական անձ մը չէր քանի Մեսրոպ Պատրիարքը, սովորական ալ պիտի չըլլար իր մասին գրուածներն ու խօսուածները։ Պատրիարք Հայրը տարբեր էր եւ իր վախճանումն ալ դէպի տարբեր հորիզոններ առաջնորդեց բոլորս, որով յուզումի եւ ցաւի առընթեր գտանք նաեւ շինիչ գաղափարներու ժողովածոյ մը։ Նախ, իր անշունչ մարմինը, ամենայն յաջողութեամբ ի մի համախմբեց իր հարիւրաւոր աշակերտները, որոնք թմրած ու ակամայ ցրուած էին հիւանդութեան օրերուն։ Իր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, սգաւոր երիտասարդներու «ձեռք ընդ ձեռաց» միասնականութեամբ կատարուած էր, բան մը որ՝ սիրոյ լաւագոյն դրսեւորումն էր հանդէպ Հոգեւոր Պետին։ Ապա, իր անշունչ մարմինը, այս անգամ յիշատակներու ճամբով խօսիլ սկսաւ իր այնքան սիրելի զաւակներուն։ Այո, անցեալի յիշատակներուն յարութիւն տուաւ Պատրիարք Հայրը իր մահուամբ եւ թմրած խորհուրդները՝ կրկին ծնունդ առին, մարած կրակը՝ կրկին բոցավառիլ սկսաւ եւ մենք կրկին յիշեցինք, թէ Պատրիարք Հօր կեանքը «իտէալի» կեանք էր։
Սրբազան Հայրը, Ս. Վարդանանց ու Ս. Ղեւոնդեանց վկաներուն յատուկ կարեւորութիւն կու տար։ Տարբեր առիթներով միշտ կը յիշեցնէր մեզի այս սրբոց կենսական ճառերը եւ ա՛լ աւելին, սրբոց հոգեշունչ պատգամը կեանքի կոչելու իմաստութիւնը կ՚ունենար։ «Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» խօսքերը, նպատակայարմար կեանք վարելու նշանաբանն էր բոլորիս մօտ իր քարոզխօսութեամբ, թէ՝ պէտք էր ապրիլ՝ նպատակի մը համար եւ ունենալ՝ «իտէալ», մանաւանդ ժողովուրդին եւ ժողովուրդի ճամբով Աստուծոյ ծառայութեան վսեմ պարտականութեան մէջ։ Այս անգամ իր շիրիմէն կ՚արձագանգեն այս տողերը եւ պիտի շարունակեն՝ որքան ժամանակ որ յիշատակները տողանցելէ պիտի չդադրին։ Երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր, քրիստոնէական եւ մշակութային հիմքերու վրայ հաստատուած իմացեալ կեանքը, այլեւս անմահութեան հասած է իր հօտին մօտ եւ իր անունը արձանագրուած՝ մեր սրտերու տոմարներուն մէջ. Երջանկայիշատակ Տէր Մեսրոպ Անմահանուն Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ։ Յիրաւի, Ան եղաւ խղճամիտ հոգեւորականը եւ թողուց երջանկութիւն ու մխիթարութիւն բուրող յիշատակներ, որոնք եւս պիտի հաստատեն թէ՝ Հոգեւոր Պետը արդարօրէն արժանի է իրեն եւս վերագրուած «երջանկայիշատակ» ածականին։
Երբ բարեկամներէս մին, կ՚արտայայտուէր Պատրիարք Հօր վախճանման մասին, կ՚օգտագործէր հետեւեալ ասոյթը. «Հէքեաթ մըն էր ապրուածը՛, ու վերջ գտաւ»։ Իրապէս Պատրիարք Հօր կեանքը հէքեաթ մըն էր, եւ այդ հէքեաթի գլխաւոր հերոսը մարմնապէս հեռացած էր յաւերժօրէն։ Պահ մը մտածեցի, թէ այս հէքեաթը ի՞նչ դաս կու տար բոլորիս, քանի ամէն հէքեաթ անպայման դաս մը պէտք է փոխանցէ ընթերցողին։ Մտածեցի եւ հասկցայ, թէ Պատրիարք Հօր հէքեաթը «իտէալ»ի մը համար նուիրում էր եւ այդ «իտէալ»ի մէջ անպայման ներկայ էր սուրբգրային հետեւեալ յիշեցումը. «ինչ օգուտ կ՚ունենայ մարդ, եթէ այս ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր անձը կործանէ» (Մտթ.16.26) եւ «հոգին է կենդանարարը. մարմինը ոչ մէկ բանի կ՚օգնէ» (Յովհ. 6.64)։ Այդ հէքեաթը պարզապէս տեսանելի ու մարմնաւոր արժէքներով չէինք կրնար բնութագրել, քանի իր մէջ մղիչ էր Անտեսանելին։ Այդ հէքեաթը՝ սպասաւորի մը կեանքն էր, որուն գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած էր՝ Անտեսանելին ու Կենդանարարը ծանօթացնել իր ժողովուրդին։ Հետեւաբար, ճիշդ է, թէ հերոսը վախճանեցաւ ու հէքեաթը վերջ գտաւ մարմնապէս, բայց այդ հէքեաթը այժմէն արդէն իսկ թողուց իր կնիքը ապագայ հէքեաթներուն։ Այս գաղափարով ես ալ բարեկամիս պատասխանեցի ըսելով. «Մեսրոպ Պատրիարք ապագայ հէքեաթներուն նախաբանը գրելով հեռացաւ այս աշխարհէն։ Հիմա մեզի կը մնայ, մեր կեանքի օրերուն, մեր կարողութեան ներած չափով, իր գրի առած նախաբանին արժանավայել զաւակները դառնալ ընդ հովանեաւ Ս. Եկեղեցւոյ»։
Հէքեաթ մըն էր ապրուածը, բայց տակաւին իր վախճանին չէ հասած։ Պատրիարք Հայրը, անհամար նախաբաններ գրի առած էր մեզի եւ ապագայ սերունդներուն համար։ Եկեղեցւոյ հզօրութիւնը եւ եկեղեցւոյ գծով ժողովուրդին փառքը տեսնելու միտումը, Իր «իտէալ»ը եւ այս ուղղութեամբ տարած աշխատութիւնները կը սպասեն լոյս սփռել յաջորդ սերունդին։ Ժամանակը հասաւ, հերոսին «երթաս բարով» ըսելու, բայց առանց իր գաղափարականները թաղելու։ Ժամանակը հասաւ, հերոսին «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ» ըսելու, բայց առանց իր թողած մտային ու հոգեւոր կանթեղը մարելու։ Ժամանակը հասաւ, հերոսին արժանի զաւակներ դառնալու եւ աւելի քան քառասուն տարիներ իր իսկ կերտած ազգային-եկեղեցական կեանքը ամրապնդելու մարդկային կարողութեանց ներած չափով։
Երբ բոլորով սրտիւ կը հաւատամ, թէ Պատրիարք Հայրը երկնային օթեւաններէն, իր արժանաւոր նախորդներուն հետ կը բարեխօսէ մեր ժողովուրդին համար, կը կրկնէ Պետրոս Դուրեանի «Իմ մահը» բանաստեղծութեան վերջին քառեակը. «Իսկ աննշան եթէ մնայ, Երկրի մէջ խորշն հողակոյտն իմ, Եւ յիշատակս ալ թառամի, ա՜հ, Այն ատեն ես կը մեռնիմ»։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քարոզիչ՝ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ
24 մարտ 2019, Գատըգիւղ