ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Սարկաւագը Սուրբ Աւետարանը բարձրացնելով՝ ժողովուրդին համբուրել տալով, ի՞նչ խորհուրդ ունի:

Պատասխան. Որովհետեւ քիչ ետք Աւետարան պիտի կարդացուի, սարկաւագը ժողովուրդին հաւատքն ու ուշադրութիւնը կ՚արթնցնէ՝ Սուրբ Աւետարանը բոլորին առջեւ բարձրացնելով եւ ժողովուրդին կամ քահանաներուն մէջէն պատուաւոր մէկու մը համբուրել տալով:

Հ. Այս միջոցին քահանան ի՞նչ ծածուկ աղօթք կը կատարէ:

Պ. Սուրբ Բարսեղին գեղեցիկ աղօթքը կ՚ըսէ, որ հետեւեալն է.

Աստուած Սուրբ, որ ի սուրբս հանգուցեալ ես, եւ երեքսրբեան ձայնիւ սերովբէք գովեն զՔեզ եւ քերովբէք փառաբանեն, եւ ամենայն երկնային զօրութիւնք Քեզ երկիրպագանեն: Որ ի չգոյէ ի գոյ ածեր զամենայն արարածս, որ արարեր զմարդն ըստ պատկերի Քում եւ նմանութեան, եւ ամենայն շնորհիւ Քով զնա զարդարեցեր եւ ուսուցեր խնդրել զիմաստութիւն եւ զգօնութիւն: Եւ ո՛չ անտես արարեր զմեղուցեալն, այլ եդեր ի վերայ նորա ապաշխարութիւն փրկութեան: Որ արժանի արարեր զմեզ զնուաստացեալ եւ զանարժան ծառայքս Քո ի ժամուս յայսմիկ, կալ առաջի փառաց սրբութեան սեղանոյ Քո, եւ զօրինաւոր երկրպագութիւն եւ զփառաբանութիւն մատուցանել Քեզ:

Դու Տէր, ընկա՛լ ի բերանոյ մեղաւորացս զերեքսրբեան օրհնութիւնս, եւ պահեա՛ զմեզ Քոյին քաղցրութեամբդ. թո՛ղ մեզ զամենայն յանցանս մեր զկամայ եւ զակամայ: Սրբեա՛ զհոգի, զմիտս եւ զմարմինս մեր եւ շնորհեա՛ ի սրբութեան պաշտել զՔեզ զամենայն աւուրս կենաց մերոց, բարեխօսութեամբ Սրբուհուոյ Աստուածածնին եւ ամենայն սրբոց Քոց, որք յաւիտենից Քեզ բարեհաճոյացան: Զի սուրբ ես Տէր Աստուած մեր, եւ Քեզ վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Ո՜վ Սուրբդ Աստուած, Դուն սուրբերուն սիրտը կը հանգչիս, սերովբէները սուրբ, սուրբ, սուրբ ըսելով կ՚օրհնեն Քեզ, եւ քերովբէները կը փառաբանեն, ու երկնային բոլոր զօրութիւնները Քեզի երկրպագութիւն կ՚ընեն: Դուն ոչինչէն ստեղծեցիր բոլոր արարածները, իսկ մարդը ստեղծեցիր Քու պատկերիդ նման, եւ ամէն տեսակ շնորհքներովդ զինք զարդարեցիր, ուր խրատեցիր, որպէսզի իմաստութեան եւ սրբութեան հետամուտ ըլլայ, եւ երբ որ Քեզի դէմ մեղանչեց՝ երեսի վրայ չձգեցիր, այլ՝ փրկաւէտ ապաշխարութեան խորհուրդը պատուիրեցիր իրեն: Դուն, Տէր, մեզ արժանի ըրիր, որ Քու անպիտան եւ անարժան ծառաներդ ենք, այս ընթացքին Քու փառքիդ Սուրբ Սեղանին դիմաց կանգնիլ, ու Քեզի օրինաւոր երկրպագութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցել: Ուրեմն, Դուն, ընդունէ՛ մեղաւորներուս բերանէն այս երեքսրբեան օրհնութիւնը, եւ պահէ ու պահպանէ մեզ Քու քաղցր մարդասիրութեամբդ. թողութիւն շնորհէ՛ մեր բոլոր յանցանքներուն՝ ինչ որ կամայ կամ ակամայ գործած ենք: Սրբէ՛ ու մաքրէ՛ մեր հոգին, միտքն ու մարմինը, եւ մեզ արժանի ըրէ սրբութեամբ պաշտել Քեզ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, Սուրբ Աստուածածինին եւ միւս բոլոր սուրբերուն բարեխօսութեամբը, որոնք ի յաւիտենից հաճոյացան Քու ամենաբարի կամքիդ: Որովհետեւ Դուն Սուրբ ես, Տէր Աստուած մեր, եւ Քեզի կը վայելէ ամենայն փառք: Ամէն:

ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾ, ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՄՔ       

Հ. Երեքսրբեան փառաբանութենէն ետք Պատարագին ո՞ր մասը կը սկսի:

Պ. Մարգարէական եւ առաքելական գրութիւններուն եւ յետոյ Աւետարանի ընթերցումներուն:

Հ. Ի՞նչ կերպով կը սկսի այս մասը:

Պ. Սարկաւագը ժողովուրդին տուն առ տուն կը քարոզէ՝ թէ որո՛ւ եւ ի՛նչ բանի համար պէտք է աղօթեն, այսինքն՝ աշխարհի խաղաղութեան, Եկեղեցւոյ հաստատութեան, Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն եւ քահանաներուն, ու թագաւորներուն կենդանութեանն ու փրկութեանը համար: Ժողովուրդն ալ իւրաքանչիւր քարոզի տան պատասխան կու տայ՝ «Տէր ողորմեա՛» ըսելով, որ հին ու սքանչելի համառօտ աղօթք մըն է:

Ապա ժողովուրդին կը յորդորեն, որ Աստուծմէ խնդրեն՝ որպէսզի Սուրբ Պատարագին ընթացքը եւ յառաջիկայ օրը խաղաղութեամբ անցընեն. «Զժամ Սուրբ Պատարագիս եւ զառաջիկայ օրս խաղաղութեամբ անցուցանել՝ հաւատով ի Տեառնէ խնդրեսցուք»: Ժողովուրդն ալ կ՚ըսէ. «Շնորհեա՛ Տէր»:

Դարձեալ խնդրենք, կ՚ըսէ, որ խաղաղութեան հրեշտակ մը պահապան ըլլայ մեզի. «Զհրեշտակ խաղաղութեան պահապան անձանց մերոց ի Տեառնէ խնդրեսցուք»:

Խնդրենք, որ Աստուած քաւութիւն եւ թողութիւն շնորհէ մեր մեղքերուն. «Զխաւութիւն եւ զթողութիւն յանցանց մերոց ի Տեառնէ խնդրեսցուք»:

Խնդրենք, որ Սուրբ Խաչին մեծ ու զօրաւոր ուժը մեզի օգնական ու պահապան ըլլայ. «Զսրբոյ Խաչին մեծ եւ կարող զօրութիւնն յօգնութիւն անձանց մերոց ի Տեառնէ խնդրեսցուք»: Ժողովուրդը իւրաքանչիւր քարոզի տունին կը պատասխանէ. «Շնորհեա՛ Տէր»:

Դարձեալ բոլորս միաբան աղաչենք Աստուծոյ, որ հաստատ պահէ մեր սուրբ եւ ճշմարիտ քրիստոնէական հաւատքը. «Եւ եւս միաբան վասն ճշմարիտ եւ սուրբ հաւատոյս մերոյ, զՏէր աղաչեսցուք»: Ժողովուրդը կ՚ըսէ. «Տէր ողորմեա՛»:

Մենք մեզ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին Աստուծոյ յանձնենք, որ ամէն ինչի կարող է. «Զանձինս մեր եւ զմիմեանս Տեառն Աստուծոյ ամենակալին յանձն արասցուք»։ Ժողովուրդը կը պատասխանէ. «Քեզ Տեառնդ յանձն եղիցուք. -այո՛, Տէր, Քեզի յանձնուած ու ապաւինած ենք»:

Սարկաւագը կ՚աւարտէ իր յորդորանքը աղօթական ձեւով՝ Աստուծոյ ըսելով. ողորմէ՛ մեզի, Տէր Աստուած մեր՝ Քու մեծ ողորմութեանդ չափով. «Ողորմեաց մեզ Տէր Աստուած մեր՝ ըստ մեծի ողորմութեան Քում». ու ժողովուրդին դիմելով կ՚ըսէ. «Ասասցուք ամենեքեան միաբանութեամբ»: Ժողովուրդն ալ պատասխան կու տայ՝ երեք անգամ «Տէր ողորմեա՛» ըսելով:

Այս ընթացքին քահանան այս համառօտ աղօթքը կ՚ըսէ.

Տէր Աստուած մեր, զբազկատարած զաղաչանս ծառայից Քոց վերընկալցիս եւ ողորմեսցիս ըստ մեծի ողորմութեան Քում: Զգթութիւն Քո առաքեա՛ ի վերայ մեր եւ ամենայն ժողովրդեանս, որք ակն ունին առ ի Քէն առատ ողորմութեանդ:

Տէր Աստուած մեր, Քու ծառայիդ բազկատարած աղաչանքը ընդունէ, եւ ըստ մեծի ողորմութեանդ ողորմէ՛ մեզի: Ղրկէ՛ Քու գթութիւնդ մեր վրայ ու ամբողջ այս ժողովուրդին վրայ, որոնք Քեզմէ կը սպասեն՝ յուսալով առատ ողորմութեանդ:

Հ. Բազկատարած աղօթքը ի՞նչ է:

Պ. Այն բնական, հին ու գեղեցիկ աղաչանքի ձեւն է՝ որով մարդ երկու ձեռքերը տարածած, կամ քիչ մը շատ բացած, ջերմեռանդ սիրտով Աստուծոյ կը մատուցէ իր խնդրանքները:

Հ. Ընթերցուածները ի՞նչ խորհուրդով ու ի՞նչ կարգով կը կարդացուին:

Պ. Մեր Եկեղեցւոյ կանոնովը՝ ըստ բոլոր հին եկեղեցիներու սովորութեան, նախ Հին Կտակարանէն օրուան խորհուրդին յարմար հատուած մը կը կարդացուի, ապա՝ Գործք Առաքելոցէն կամ Առաքելական թուղթերէն. ասոնք ժողովուրդին առջեւ՝ գրակալով:

Ընթերցուած կարդացողը նախ կ՚ըսէ. «Ալէլուիա, ալէլուիա», այսինքն՝ զԱստուած օրհնեցէք, փառք տուէք Աստուծոյ, որ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ Իր ճշմարտութիւնն ու Սուրբ Կամքը յայտնած է մեզի. ասոր կողքին ընթերցուածին յարմար որոշուած սաղմոսէն մէկ կամ երկու տուն կ՚ըսէ, ու կը սկսի կարդալ:

Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ կերպով մտիկ կ՚ընէ ընթերցուածները:

Պ. Հանդարտ կանգնած կամ նստած ու մեծ ուշադրութեամբ:

Հ. Ընթերցուածէն ետք ի՞նչ կ՚ըսուի:

Պ. Դպիրները դարձեալ երգելով կ՚ըսեն. «Ալէլուիա, ալէլուիա», եւ սաղմոսէն տուն մը՝ ըստ յաւուր պատշաճի. սարկաւագը կրկնելով կ՚ըսէ. «Ալէլուիա, օրթի», այսինքն՝ օրհնեցէք զԱստուած, եւ ուղիղ կանգնեցէք հոգիով, ինչպէս նաեւ մարմինով՝ ոտքի՛ կանգնեցէք, ոտքի վրայ կանգնած մտիկ ըրէք Աւետարանը, որ այժմ պիտի կարդացուի:

Հ. Քահանան այս միջոցին ի՞նչ կ՚ընէ:

Պ. Դառնալով դէպի ժողովուրդը կը խաչակնքէ անոնց վրայ ու խաղաղութիւն կու տայ. ժողովուրդն ալ իր սովորական պատասխանը կ՚ըսէ. «Եւ ընդ հոգւոյդ քում»:

Հ. Աւետարան կարդալը ի՞նչ կերպով կը սկսի:

Պ. Նախ՝ սարկաւագը բոլորին կը քարոզէ, թէ՝ «երկիւղածութեամբ լուարուք», այսինքն՝ ահով ու դողութեամբ մտիկ ըրէք: Իսկ Աւետարան կարդացողը, որ միւս սարկաւագը կ՚ըլլայ, իսկ սարկաւագ չեղած ատեն՝ քահանան, կ՚ըսէ, թէ՝ «Սրբոյ Աւետարանիս, որ ըստ Մատթէոսի (կամ Մարկոսի, կամ Ղուկասու, կամ Յովհաննու)», այսինքն՝ այս Աւետարանը մտիկ ըրէք, որ Մատթէոսի (կամ Մարկոսի, Ղուկասի, Յովհաննէսի) կողմէ գրուած է:

Երբոր ժողովորդը Աստուծոյ փառք տալով իր յօժարակամ պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ, կ՚ըսէ. «Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր», սարկաւագը դարձեալ կը պատասխանէ ու կ՚ըսէ. «Պռօսխումէ», ուշադիր եղէք, եւ ժողովուրդը յայտնելով իր դաւանանքը, որով կը հաւատայ, թէ Սուրբ Աւետարանը Աստուծոյ խօսքն է, պատասխան կու տայ՝ «Ասէ Աստուած». այսպիսի պատկառանքով ու մտադրութեամբ կը լսէ Սուրբ Աւետարանը: Իսկ երբ աւարտի Աւետարանի ընթերցումը, դարձեալ Աստուծոյ փառք կու տայ՝ որ Իր կամքն ու ճշմարտութիւնը յայտնած է մեզի՝ մարդոց, Սուրբ Աւետարանով:

Հ. Աւետարանէն ետք ի՞նչ պատճառով Հաւատամքը կ՚ըսուի:

Պ. Որպէսզի ժողովուրդը իր հաւատքին մէջ հաստատուի՝ ինչ որ Աւետարանի խօսքերուն ու Պատարագի Սուրբ Խորհուրդին վրայ ունի:

Հ. Ժողովուրդը Հաւատամք ըսած ատեն ինչո՞ւ ձեռնամած կը կենայ:

Պ. Ձեռնամած աղօթելը բնական նշան մըն է սաստիկ ուշադրութեան եւ ջերմեռանդութեան, ու ցոյց կու տայ, թէ մարդուն ձեռքը ինչպէս այդ ձեւով ազատ կ՚ըլլայ ուրիշ ամէն տեսակի գործողութենէ, այդպէս ալ միտքը ազատ է այդ ընթացքին ուրիշ ամէն տեսակի զբաղմունքէ:

Հ. Ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ ձեռնամած կը մնայ:

Պ. Սովորաբար մինչեւ «իսկ որք ասեն» ըսուելու ժամանակ, որ բո՛ւն Հաւատամքին մաս չէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2020