«Ո՞Վ Է ԸՆԿԵՐՍ»

«Բանալի» հարցադրում մը. բայց այդ «բանալի»ն երկսայրի սուրի նման երկու ծայրեր ունի։ Այդ երկու ծայրերու անուններն են դաւաճանութիւն եւ վստահութիւն, որոնք ընկերութեան մը երկու ներհակ «բանալի»ներն են։ Այդ մէկ «բանալիի» ծայրով կեղծաւորութեանդ եւ ինչ-ինչ շահարկումներուդ պատճառով առյաւէտ կը փակես մէկ դուռը, իսկ միւս «բանալի»ով՝ առաքինի կեցուածքովդ եւ արարքովդ ընկերութեանդ ծառին ջրտուքը կը կատարես, որուն տերեւները միշտ կանաչաւուն կ՚ըլլան, իսկ պտուղները՝ համադամ։

21-րդ դարու ընկերութիւնը կարելի է կոչել ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ ընկերութիւն։ Այդ գունազարդ դիմակաւոր ընկերութիւնը այսօրուայ մեր գոյութենական կեանքի ամենապահանջարկուածն ու ընդունուածն է։ Նմանատիպ ընկերութեան յատկութիւններն են՝ դաւաճանութիւնը, կեղծաւորութիւնը, շողոքորթութիւնը, անվստահութիւնը, անազնուութիւնը, կասկածամտութիւնը, շահախնդրութիւնը…։ Դիմակափոխուա՛ծ յատկանիշներ…։

Անհաւատարիմ ընկերները արեւային ժամացոյցի պէս են. որոնք օգտակար են միայն այնքան ժամանակ, որքան արեւը կը լուսաւորէ եւ իր շողերը կ՚արձակէ մեր վրայ։ Նմանօրինակ ժամացոյցի սլաքները զուր տեղ աջ ու ձախ կ՚երթեւեկեն եւ չեն կանգնիր ճշգրիտ ժամի վրայ։ Իսկ ճշմարիտ ընկերութեան սլաքները մշտապէս կանգ կ՚առնեն ճիշդ ժամանակի վրայ, որովհետեւ անփոփոփոխ են եւ առանց ակնկալիքներու կը գործեն։ Շահախնդրութեան ախտէն դրդուած ընկերդ անուղղայ սլաքի նման չորսդիդ կը շրջագայի՝ քեզ օգտագործելու, իր նպատակին ծառայեցնելու եւ ապա քեզ երեսի վրայ ձգելու համար։ Արթուրօ Կրան կ՚ըսէ. «Ան որ հաւատարիմ ընկեր ունի, կը նշանակէ որ ինքը երկու հոգի է»։

Առանց անկեղծ եւ վստահելի ընկերներու՝ կեանքը իմաստազուրկ եւ անհեթեթ է։ Ընկերութիւնը միայն հարստութիւն չէ, այլ անկորնչելի գանձ է։ Ընկերութիւնը իսկական ընկերութիւն դարձնողը անմնացորդ սէ՛րն ն է, որուն արմատները շատ խորն են եւ կարելի չէ զայն արմատախլել ու ջլատել։ Ընկերութիւնը նաեւ կ՚ենթադրէ թանկ զոհողութիւններ. «ես»ի զոհողութիւն, փառքի զոհողութիւն, նախասիրութեանց զոհողութիւն, որոշ հաճոյքներու եւ փափաքներու զոհողութիւն, նպատակներու զոհողութիւն…։

Բարոյական տեսանկիւնէն դիտուած՝ իսկական ընկերը ան է, որ ո՛չ միայն կը կարողանայ հետդ խօսիլ. այլեւ կը լսէ ու ճիշդ խորհուրդներ կու տայ քեզի: Անդաւաճան ընկերը ան է, որ միշտ կը հաւատայ քու ուժերուդ ու կարողութիւններուդ, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ դուն քեզի չես հաւատար, յուսալքուած եւ տարտամ վիճակի մէջ ես։ Աննենգ ընկերդ ան է, որ սխալներդ ու թերութիւններդ մատնացոյց կ՚ընէ եւ կ՚օգնէ քեզի՝ զանոնք ուղղելու եւ աստուածատուր բարոյական արժէքները վերականգնելու համար, այլ ոչ թէ լռելեայն փախուստ կու տայ քեզմէ: Ազնուաբարոյ ընկերդ ան է, որ այլոց նման ուրախութեամբդ, ձեռքբերումներովդ եւ յաջողութեամբդ չի տխրիր, այլ բարձրացումովդ կ՚ուրախանայ եւ ուրախակից կը դառնայ։ Իսկատիպ ընկերդ ան է, որ դժուարութիւններուդ եւ ձախորդութիւններուդ ժամանակ, կը փորձէ ցաւակից դառնալ քեզի եւ իր սպեղանի խօսքերով կ՚ամոքէ ցաւերդ։ Ճշմարտախօս ընկերդ ան է, որ միշտ քեզի ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ, որքան ալ այդ ցաւոտ ու խոցելի ըլլայ։ Հաւատարիմ ընկերդ ան է, որ գիտէ, թէ երբ իրեն կարիքը ունիս եւ այդ անել պահերուն իսկ կողքիդ կ՚ըլլայ եւ նեցուկ կը կագնի քեզի։ Անկեղծ ընկերդ ան է, որ կը սիրէ քեզ քու թերութիւններովդ հանդերձ եւ կ՚ընդունի քեզ այնպէս ինչպէս որ կաս։

Ընկերութեան ամենավառ եւ սրտագրաւ օրինակներէն կը համարուի «Բարի Սամարացի»ի առակը։ «Բարի Սամարացին, որ զՔրիստոս կը ներկայացնէ, մօտեցաւ գետին տապալած վիրաւոր մարդուն եւ ամբողջական գուրգուրանք տածեց անոր հանդէպ։ Չյանդիմանեց զինք՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ ճշմարտութեան ճամբէն շեղեցար, ինչո՞ւ Երուսաղէմը լքեցիր ու Երիքով գացիր, ինչո՞ւ աւազակներով լեցուն այս ճամբէն եկար»։ Չհարցուց անոր, թէ ի՛նչ բան պատճառ եղած է վէրքեր ստանալու, այլ իսկոյն ձէթ ու գինի դրաւ անոր վէրքերուն վրայ՝ անոր ցաւը մեղմելու համար։ Չպախարակեց անոր մերկութիւնը, այլ գգուանքով ծածկեց զայն։ Մեղքի մէջ ինկած ընկերդ յանդիմանութեանդ կարիքը չունի, այլ՝ սիրոյդ։ Ցաւի մէջ եղող մարդը հարցասէր ընկերի կարիքը չունի, այլ՝ մարդասէր օգնականի։ Տառապանքի մէջ եղող մարդը խօսող բերանի պէտք չունի, այլ՝ օգնող ձեռքի։ Եթէ լաւ ընկեր կ՚ուզես գտնել՝ նախ պէտք է դուն լաւ ընկեր ըլլաս։ Ընկերութիւնը ծառայութիւն ստանալ չէ, այլ ինքզինքդ տալ ու զոհաբերել է յանուն տարիներու ընթացքին քու եւ ընկերոջդ միջեւ կամրջացած եւ գոյաւորուած անժանգ արժէքին։

Մարդ մը կար, որ երեք ընկերներ ունէր: Ան երկուքին շատ կը սիրէր. իսկ երրորդին հանդէպ անտարբեր էր. հակառակ անոր, որ երրորդ ընկերը աւելի կապուած էր իրեն:

Օր մը, այս մարդը մեծ ոճիր գործելու յանցանքով կը մեղադրուի: Խեղճ մարդը շփոթած էր այս ամբաստանութեան ի տես, որովհետեւ անմեղ էր եւ ոչ մէկ բանէ տեղեակ էր: Պահ մը կը յիշէ իր ընկերները ու մտածելով, թէ մարդ նեղութեան ժամանակ կրնայ անոնց դիմել, կ՚որոշէ դիմել իր ընկերներու օգնութեանը: Ուստի, երեք ընկերները իր տունը կը կանչէ ու կը պատմէ իրադարձութիւնը։

Ընկերներէն առաջինը կը հրաժարի օգնել իրեն, պատճառաբանելով, թէ ինք շատ կարեւոր գործեր ունի: Երկրորդը կ՚ընկերանայ իր մեղադրեալ ընկերոջ եւ անոր հետ կ՚երթայ մինչեւ դատարան, բայց ներս չի մտներ։ Երրորդ ընկերը, որուն սէրը իրեն կասկածելի կը թուէր, կ’ընկերանանայ անոր մինչեւ դատաւորի ատեանը եւ քաջութեամբ կը պաշտպանէ իր ընկերը։ Ան այնքան ճարտասանութեամբ ու անկեղծութեամբ կը խօսի, որ դատաւորը կը համոզուի, թէ կասկածեալը անմեղ էր ու զինք ազատ կ՚արձակէ:

Իւրաքանչիւր մարդ իր կենսընթացին երեք ընկերներ ունի: Առաջինը՝ իր հարստութիւնը, երկրորդը՝ բարեկամներն ու ընկերները, իսկ երրորդը՝ իր բարի գործերը: Երբ մարդ մեռնի եւ վերջին դատաստանի օրը ներկայանայ Աստուծոյ, ամենէն առաջ հարստութիւնն է, որ կը լքէ զինք։ Բարեկամները մինչեւ գերեզման կու գան ու կը վերադառնան։ Միայն բարի գործերն են, որոնք մարդուն կ՚ընկերանան մինչեւ Աստուծոյ ատեանը եւ կ՚արդարացնեն զինք։

Սիրելի՛ ընթերցող, ընկերութիւնը սրտի քննութիւն է եւ կեանքիդ մեծագոյն բարիքներէն մին, բայց այսօրուայ աշխարհին համար ան շատ «դիւրահունչ» եւ «հասկնալի» է, մինչդեռ խորքին մէջ ան խորիմաստ է եւ 21-րդ դարու մարդ արարածը ի վիճակի չէ ընկալել անոր իսկական իմաստն ու էոյթը։

Կեանքիդ մէջ անպատճառ բազմապիսի ընկերներ ունեցած ես, որոնց ամբողջապէս վստահած ես եւ իրենց համար բազում զոհողութիւններ կատարած ես։ Ժամանակ մը ետք, երբ փորձութեան մատնուիս, դուն քեզ մինակ կը զգաս։ Ընկերներուդ փոխարէն անոնց բազմաշերտ դիմակները կը տեսնես միայն։ Առաջին օրերուն, բնականաբար, կորուստի ցաւ մը կը զգաս, բայց այդ քու կեանքիդ վերջակէտը եւ վերջնաժամկէտը պէտք չէ ըլլայ։ Քու կեանքդ ո՛չ ընկերներովդ սկսած է, ո՛չ անոնցմով պայմանաւորուած է եւ ոչ ալ անոնցմով կը վերջանայ։ Իմաստուն մը ըսած է. «Աւելի դիւրին է մեռնիլ ընկերոջ համար, քան գտնել այնպիսի ընկեր, որուն համար կ՚արժէ մեռնիլ»։ Գիտցիր, թէ ո՞վ է ընկերդ եւ ո՞վ՝ թշնամիդ, որովհետեւ այս կեանքը բումերանգ է եւ մշտապէս դիմակաւոր ընկեր-փերեզակներու պիտի հանդիպիս։ 

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017