ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ
ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԶԱՏԻԿԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Զատկուան սեղանը զարդարուած է. չոր ճիւղին վրայ տեղաւորուած արհեստական վարդագոյն փնջիկները գարնանային գեղեցկութեամբ մը օժտած են սենեակը, ուր նաեւ թռչուններու մանր հաւկիթներով զարդարուն կեղծ բոյները գարնան ծնունդի խորհրդանշանին կ՚ակնարկեն: Անդին Զատկուան կարկանդակներու համաչափ շարուածքը ու մանաւանդ արեւելեան համեմներուն բոյրը զգլխիչ է, հայկական գինիի շիշն ու գունաւոր հաւկիթներու կողովը ամբողջացուցած են կարծես այս գեղեցկութիւնը…, բայց ո՛չ, հոն ափսէի մը պարունակութեամբ հայկական խմորեղէնը՝ Զատկի կուլիչը, քաղցր հիւսուած հացը աչք կը քթթեն. նախկինին վրայ նոր սովորութիւն մը աւելցուած, նորին ընտելացում մը ըլլայ կարծես այս տեսարանով հաղորդուածը:
-Պա՛պ, այսօր մէկը պիտի չգա՞յ մեզի, որո՞ւ հետ հաւկթախաղ պիտի ընենք,- հնգամեայ մանչուկը Զատկուան սովորութիւնը կը յիշէ:
Հայրը, որ համացանցային շնորհաւորանքներով զբաղած է եւ իրեն համար եւս այս տարուան առանձնութեան խորթութիւնը հեռակայ հաղորդակցութեամբ կ՚ուզէ յագեցնել, կ՚անդրադառնայ յանկարծ մանչուկին ըսածին, ու՝
-Եկուր իմ հետս խաղայ եւ ընկերներէդ մէկուն անունը տուր ինծի:
-Շատ լաւ, պա՛պ, Նարեկը կ՚ըլլաս, որ անցեալ տարի յաղթած էր ինծի,- ու այնպիսի ամուր հարուածով մը հօրը ձեռքի կարմիր հաւկիթին գլուխը կը ճզմէ, եւ,- հէ՜յ, յաղթեցի Նարեկին. մա՛մ, եկուր տես, յաղթեցի Նարեկին,- կը բացագանչէ:
-Ի՞նչ Նարեկ, Նարեկը ո՞վ է,- կը պատասխանէ մայրը, բայց տեսնելով ձագուկին երջանկութիւնը կը շրջանցէ հարցը,- հատէ ե՛լ պատրաստուէ՛, վաղը մանկապարտէզ պիտի երթաս:
-Բայց մա՛մ, վաղը Մեռելոց չէ՞, դպրոցները, մանկապարտէզները պէտք չէ՞ որ գոց ըլլան, Պէյրութ այդպէս չէ՞ր:
-Տղաս տուն մնաս, ի՞նչ պիտի ընես, գոնէ հոն ընկերներով ժամանակ կ՚անցընես,- պատասխան չգտնելով մայրը այսպէս կը համոզէ ձագուկը:
-Լաւ մամ, վաղը կ՚երթամ, բայց չըսես որ Ապրիլ 24-ին ալ մանկապարտէզ կայ. աս ծաղիկները,- ցոյց տալով սեղանին վրայի մեխակներու փունջը,- ես ձեռքովս պիտի տեղաւորեմ Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ. հասակէս բարձր ծաղիկներուն տեսնեմ պիտի հասնի՞մ:
Կը վճռէ ձագուկը ու հեռատեսիլէն տեսածին ականատեսը ըլլալ կ՚ուզէ:
ՀԱՑԱՏԱՆ ՄԷՋ
Ճրագալոյց է. հացատունը խճողուած, լաւաշ հացի կարգը դրան սեմին հասած է: Խմորեղէնի անուշ ու թարմ բոյրը ախորժակ կը սրէ: Յաճախորդները իրարու հետ կը զրուցեն.
-Աշխարհի ամենահամով լաւաշը էս հացատանն է, ինչքան էլ սպասեմ, չեմ փուշմանի,- կ՚ըսէ մէկը:
-Հա, իրօք, ախպերս. մենք էլ շատ ենք սիրում էս հացատան լաւաշը եւ առհասարակ բոլոր թխուածքները,- կը հաստատէ միւսը:
Կարգը կը հասնի նոյն շրջանը բնակող հայրենադարձին, որ հետաքրքրուած այսօրուան խճողուած վիճակին, կը հարցնէ ծախողին՝
-Կ՚երեւի վաղը գոց է փուռը, չէք աշխատիր:
-Չէ, քուրօ ճան, չենք փակում, մենք Զատիկ չգիտենք. մենակ պետական հաստատութիւններն են փակում, մենք իսկ Ապրիլ 24-ին էլ ենք աշխատում,- դժգոհելով թարմ լաւաշներու ծրարը կը փոխանցէ հայրենադարձին:
Այ քեզ բա՜ն...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ