ՅԱՐԵԱ՜Ւ

Մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայցնենք Գէորգ Արքեպիսկոպոս Արսլանեանի մէկ գրութիւնը, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշաթառ Յարութեան մասին՝ «ՅԱՐԵԱ՜Ւ» վերնագիրով, որ լոյս տեսած է «Հայ Խօսնակ»ի, Բ. տարի, թիւ 7, ապրիլ, 1926-ի մէջ, էջ՝ 147-149: Յօդուածը ընթերցողներուն կը ներկայացնենք նոյնութեամբ:

«Յարեաւ Քրիստոս ի մեռելոց, Ալէլուիա,
Եկայք ժողովուրդք երգեցէք Տեառն, Ալէլուիա,
Յարուցելոյն ի մեռելոց. Ալէլուիա,
Որ զաշխարհս լուսաւորեաց, Ալէլուիա»

Տօներու մեծագոյնը՝ Զատիկ, յիշատակներու վսեմագոյնը՝ Յարութիւն, յաղթանակի յաւիտենականութիւնը՝ անմահութիւն, ու բառին սքանչելիութիւնը, կենդանութիւնը՝ Քրիստոս Յարեա՜ւ։

Եւ ի՞նչ շքեղ, ի՞նչ ահեղ ու հնչեղ, նորոգիչ, կենդանացուցիչ, զօրացուցիչ. եւ այս կը յաջորդէ անմիջապէս ձմրան սարսռեցուցիչ, տառապեցուցիչ ու մահացուցիչ օրերուն, ու կու գայ պատկերել կեանքն ու կենդանութիւնը, միշտ վերընձիւղ, մի՛շտ վերկենցաղ, մի՛շտ վերածնող ու վերացնող, տեսարաններով հիացիկ՝ սլացիկ, այնչափ զմայլելի որչափ սքանչելի, գեղերփն ու բներգն։

Բնութիւնն համակ յարուցեալ վեհաշուք ու գեղաշուք, զարթօնք գարնան վերացուցիչ, ապշեցուցիչ, երկինք ողջոյն արեւով վարդկէս, արօտն ու նարօտն անոր հրակէզ, դաշտ դուրանք փառ ի փառ զմրուխտ ակներով ընդելոյզ. կենսայոյզ, հովտաց շուշանք ծաղկեվառ մշկափառ, Սարօնի սարեր գեղավառ, ու լեռնավառ երգն ունին Յարութեան ու Յարուցեալին:

Պատուական այս մեծ Տօնին, մեծահրաշ այս իրողութեան վրայ դարեր անցեր են ու պիտի անցնին, եւ սակայն չէ դադրած ու չպիտի դադրի այս իրողութիւնը հրաշք ըլլալէ: Քրիստոսի Յարութեան մեծ տօնը հոգեւոր ցնծութեան եւ հանդիսաւոր խրախճանքի մեծ հանգրուանն է եղած բովանդակ Քրիստոնէութեան համար, այլախօս եւ այլացեղ ժողովուրդներու, ազգերու մէջ, եւ Ան դեռ հրաշք մըն է կենսատու ու յուսատու, եւ որուն շուրջը բոլորուած են միլիոնաւոր հաւատացեալներ, որոնց երկիւղածութիւնը այնչափ բարեպաշտ է եւ երկրպագութիւնը հոգեպաշտ։

Քրիստոս Յարեա՜ւ մեռելներէն:

Մտիկ դրէք ու եկէք. ժողովուրդներ, հաւատացեալներ, երգեցէք երգը հաւատացեալներուն, երգիծանքը թերահաւատներուն, տարակոյսը կասկածոտներուն եւ ուրացումը անհաւատներուն թէ՝ «ի՞նչ, միթէ մեռածը կ՚ողջննա՞յ, եւ Քրիստոս իրապէս սպաննուած, խաչի վրայ գամուած, տէգով խոցուած, պատանքուած, թաղուած՝ նման այլ մեռելներու, կրնա՞յ կենդանացած ըլլալ»:

Եւ ահա նոյնինքն Սանետրիոնի նախագահը, տարւոյն քահանայապետը, մոլեռանդ թշնամին Քրիստոսի, բողոքող, բորբոքող, ամբոխավարող Կայեափան, զայն բանտէ բանտ քաշել տուողը, նախատողը, կատաղի ամբոխով վրան խուժողը, վերջապէս մահուան դատապարտողը, խաչին վրայ անարգողն ու ա՛լ մեռաւ Այն՝ որ երէկ ինքզինք Աստուածորդի կը կոչէր, տաճարը երեք օրէն քակող եւ շինող կը հռչակէր, ահա այսօր գերեզմանին մէջ դրուած ու ծանր քարն ալ վրան գլորած է, վերջնական յաղթանակը տարուած է կ՚ըսէր, ա՛լ մեռաւ, ո՛չ եւս է թշնամին, ու ամէնը իրենց պատերազմէն պարտուած... Ահա՛ պահապանք կը զարհուրին, յաղթեալը յաղթական, մեռածը ողջ, երկնորդիներ երկրորդիներու՝ «ի՜նչ, ողջը մեռելներու մէ՞ջ կը փնտռէք, կ՚ըսէին, հոս չէ՛, յարեա՜ւ»։

Ու կը կրկնէ նոյնը Քահանայապետը.

«Ի զուր պահապաններ դրինք, եւ խոշոր քար մը, ի զուր մատանեաւս ալ կնքեցի եւ սակայն յարեա՜ւ»։

Ահա՛ կեանքին յաղթանակը մահուան վրայ, ինչպէս յաղթանակը գարնան՝ ամէն ձմրան ու անոր թմբիր մեռելութեան վրայ։

Մարդուն միտքը եթէ չի կրնար ըմբռնել Յարութեան իսկութիւնը՝ հոգեկանով, թող իր աչերը իր շուրջը յառէ ամէն րոպէ, եւ պիտի գտնէ բիւրաւոր իրեր, տեսարաններ, պատկերներ անշունչ ու շնչաւորներ, որոնք պիտի գան ամէն պահու ու վայրկեանի համար փաստել, ապացուցանել Յարութեան իսկութիւնը։

Կոյր հաւատք չէ որ կը պահանջուի, վասնզի այս կրօնական կալուածի վրայ եւ հոգեխօսական երեւոյթներու բացատրութեան մէջ իսկապէս արժէք մը չպիտի ցոյց տար, այլ այս իսկ պատճառաւ պէտք է որ քրիստոնեայ մարդը գիտակցութիւնը ունենայ իր հաւատքի առարկային վրայ, ունենալու համար սրտի եւ մտքի անդորրութիւն մը։ Տերտուղիանոս կատարելապէս ողջմիտ թելադրութիւն մը կ՚ընէր՝ ըսելով. «Պէտք է որ մենք Քրիստոսի, ինչպէս եւ Աստուծոյ վրայ քիչ խօսինք»։ Եւ ճշմարտապէս շահը քիչ խօսք՝ լծորդուած ողջմիտ դիտողութեան ու դատոողութեան մը, բաւական են լուսաւորելու համար Քրիստոսի Գերեզմանին վրայ շփոթած մտքերը։ Շաղփաղփանքը չի համոզեր, հաւատք չի գոյացներ, այլ քիչ խօսքը ա՛լ աւելի ազդու է եւ ա՛լ աւելի համոզիչ:

Երգեցէ՛ք, ո՜վ ժողովուրդներ Տիրոջը, Անոր՝ որ իր Յարութիւնով կեանքեր փրկեց, կեանքեր նորոգեց, կեանքեր իր պատուական սո՜ւրբ արիւնովը գնեց ու սրբեց: Նայեցէք չորս դիերնիդ շուռ տուէք աչուընիդ մինչեւ ուր որ կը հասնին ձեր տեսողութիւնը, ու պիտի խոստովանիք ձեր անզօրութիւնը. մի՛ տատամսիր, մի՛ տարակուսիր: Տեսէ՛ք. ո՞ր կողմերնիդ կեանք չկայ, եւ ի՞նչ թաղուածներ այսօր յարութիւն չեն առեր։ Եւ Յարուցեալը չէ՞ր որ Եդեմի դռները փակուած քու առջեւդ ու աչքիդ, կռնակի վրայ բացաւ, եւ բացուած խրամատին վրայ ոսկեսանդուխն երկարեց որ քու նախկին փառաւոր կեանքիդ տիրանաս:

Ան չէ՞ր որ քեզ առաջնորդեց Հօրդ, որուն ամբողջ հարստութիւնը փճացուցած, սպառած եւ խոզերու եղջիւրին զիջած էիր ու ան իսկ քեզի կը զլացուէր, պանդխտութեան տխուր ու տրտում օրերուդ, հեռի հօրենական օճախէն, անոր ճոխ սեղաններէն ու հարստութիւններէն ինքնակամ զրկուած, միայն ցոփ ու շուայտ կեանքին մէջ որոնելով ամբողջ վայելքդ ու երջանկութիւնդ, ու քեզ շրջապատէին սովն ու մահ, ու անարգուած լքուած ամէն կողմէ եւ երէկուան բարեկամներէդ ու շաղակրատողներէդ։ Ան չէ՞ր որ քեզ Հօրը առաջնորդեց ու Հայրը քեզ գրկեց, համբուրեց ու առջի կեանք քեզի շնորհեց:

Ան չէ՞ր որ քեզ, անիրաւ տնտեսդ գովեց երբ իմաստութիւնով վարուեցար վերջին պահուն՝ բարեկամներ շահելու, դուն որ չարաչար վատնեցիր Տիրոջդ հարստութիւնը, որ բոլորովին քեզի վստահած, ամէնուն տէրն ու տիրականը ըրած էր քեզ, եւ երբ դուն Անոր վստահութիւնը չարաչար գործածեցիր ու ամբաստանուած օրդ շփոթեցար, շուարեցար, ու ա՛լ աւելի չարաշահ ոգիով մր վարուեցար, անգամ մը եւս վնասելու, խորհելու Տիրոջդ հարստութիւնը, լոկ անոր համար որ ուրիշներ շահէիր, վասնզի գործել չէիր կարող եւ մուրալու կ՚ամաչէիր եւ ահա բարեկամ շահելու պէտքը՝ ապրելու համար, քեզ իմաստուն ըրաւ, եւ ահա Ան քեզ գովեց. ուրեմն, երբ տնտեսութեանդ մէջ չարաչար վարուեցար, գոնէ բարեկամներ շահէ ամէն գնով, եւ դուն կեանք պիտի ստանաս Անկէ՝ Յարուցեալէն։

Ան չէ՞ր որ լսեց աղաչանքդ, պաղատանքդ երկար օրերու ու տարիներու, երբ դուն քու ոսոխէդ դատ կը պահանջէիր, երբ հոգիդ զրկուած մըն էր ու քու մարմինդ ոսոխ մը, որ քու իրաւունքներդ չէր ճանչնար, ու չէր գար քեզի հետ հաշտուելու, հոգիիդ իրաւունքը ճանչնալու։ Ո՞վ էր որ լսեց, դատ ըրաւ ու հաշտարարն եղաւ երկու ուժերուն ու պահանջներուն մէջ, ու Ան լսեց փութով ու իր արիւնովը վճարեց սխալին տուգանքին բաժինը, որով կեանքդ գնած է, նորոգուած ու կենդանացած։

Եկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր, երգենք Տէրոջը, ու մեր երգն ըլլայ մաքուր աշխատանքի, ուղիղ մտածումի, սուրբ շրթներու, ուղղախօս լեզուի, օրինակելի կենցաղի Տաճար մը եղող սրտին, ու երգը Յարուցելոյն որ աշխարհը լուսաւորեց։ Երգենք նոր երգը. «Զարթիք նոր ժողովուրդք նոր երգս առեալ նորոգողին, Ալէլուիա»: Մեծ Տօնին յիշատակովը զգայացունց ու հիացունց, այո կեանքով մը արի ու բարի, կեանքով մը աղաչողի ու ապաշխարողի, հեռի աղտելի խորհուրդներէ, ախտարոյր մտածումներէ, ստող, սրող լեզուէ, անիծող հայհոյող շրթներէ, թունալից պղծալից սրտէ, անառակ ըմբոստ վիճակէ, անիրաւութիւն գործող ձեռքերէ, անօրէնութեան քալող ոտքերէ, որ այսպիսիներ չխղճացին ստեղծիչ մը իսկ ապտակելէ, հայհոյելէ, անարգելէ, բայց ո՜ մեծիդ ողորմութեան եւ գթութեան, եւ ո՜ հայրական սիրոյդ ու գորովոյդ, երբ այդ ձեռներուն ու ոտներուն համար ըսիր. «Հա՜յր, թո՛ղ, ոչինչ գիտեն զինչ գործեն»։ Երգեցէք «Յարուցելոյն ի մեռելոց որ զաշխարհս լուսաւորեաց», ուրեմն ապահով, անայլայլ, աներկմիտ քալեցէք խաչին ու յաղթողին, միշտ յոյսով, միշտ հաւատով Անոր կեանքին, ծնրադրեցէք կեանքէն կեանք, խաչէն փրկանք եւ յարութենէն յաւիտենականութիւն ստանալու, փութացէք կեանքին որ իսկ է Յարութիւնը, զոր ամէն տարի ու ամէն կիրակի կը տօնեն:

Երգեցէ՛ք մէկզմէկ ողջագուրելու երգը, իրար աւետելու ու յաղթապանծ ըսելու. «Յարեաւ Քրիստոս ի մեռելոց»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022