ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Է.

ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆ

Տնային կենդանիներուն կաթը եւ գործածելու ձեւը: Կաթին ախտահանումը. Ստերիլիզացիա1 եւ պաստերիզացիա2: Ի՛նչպիսի ամանի մէջ պէտք է պահել կաթը: Պտուկը կամ ծծիկը: Ուրիշ նիւթերով սնուցումը: Խմորեղէն կերակուրներ:

Ինչպիսի՞ ամանի մէջ պէտք է պահել կաթը. մենք ըսինք, որ օրական խմելու կաթը անհրաժեշտ է փոքր սրուակներու մէջ լեցնել եւ բերանները փակել ու իւրաքանչիւր կերակրումի ժամանակ՝ սրուակ մը բանալ: Այս շիշերը եւ սրուակները ապակեայ պէտք է ըլլան. կաթը կաւէ ամանի մէջ պէտք չէ պահել, քանի որ շուտ կը փճանայ: Կարելի է ֆարֆորի ամաններ գործածել. ամէն անգամ կաթ լեցուցած ատեն սրուեակները պէտք է եռացած ջուրով (աւելի լաւ սոտայի ջուրով) լաւ մը լուալ:

Պտուկը կամ ծծիկը ձեւակերտէ կ՚ըլլայ, բայց ամենէն լաւը ապակեայ ծծիկն է, որու ծայրին միայն ձեւակերտէ պտուկ մը կը հագցուի (տե՛ս նկարը):

Ծծիկը երկու մասէ բաղկացած է. խողովակ եւ իսկական ծծիկ կամ պտուկ: Խողովակը ապակեայ պէտք է ըլլայ եւ այնքան երկար, որպէսզի մինչեւ ամանին տակը հասնի. ան ամանին խցանին ծակով կը մտնէ, իսկ ծայրը ձեւակերտէ պտուկը կը հագցնեն, որ մանուկին բերանը կը դրուի: Կաթին ամանը կամ շիշը պէտք է ապակեայ ըլլայ3 (տե՛ս նկարը): Ծծիկը միշտ ջուրի, կամ աւելի լաւ, սոտայի խառնուրդի մէջ պահել, որպէսզի վրան կաթ չմնայ եւ չթթուի: Ընդհանրապէս, ծծիկը եւ սրուակը պէտք է մաքուր պահուին, որովհետեւ անոնց անմաքրութենէն ստամոքսի եւ աղիքներու զանազան խանգարումներ կը յառաջանան, որոնք կրնան մատաղ երեխային համար կորստաբեր ըլլալ:

Երեխային տրուելիք կաթը տաք պէտք է ըլլայ, ծիծի կաթի տաքութիւն ունենայ 370, ամէն պարագայի ո՛չ պակաս քան 300: Ծծիկով կերակրելը պէտք է նոյն չափով ըլլայ, ինչ որ բնական կերպով ծիծ տալը, այսինքն՝ այնքան անգամ ծծիկ պէտք է տալ, ինչքան որ ծիծ կու տան:

Ուրիշ նիւթերով սնուցումը. մինչեւ վեց ամսական հասակը, երեխան միմիայն կաթով պէտք է սնուցուի: Այս հասակին անոր միայն կարելի է կերակուրները սորվեցնել, սկսելով պուլիոնէն (ճուտի եւ յետոյ կովի միսի) եւ կամաց-կամաց օսլային կերակուրներու անցնելով, այսինքն՝ հացեղէնի: Երեխային համար զանազան տեսակի արգանակներ (ապուրներ) կը պատրաստեն:

1. Ալիւրով ապուր. ջուր խառնած կաթին շաքար, աղ եւ քիչ մը ալիւր կ՚աւելցնեն եւ 1/4 ժամ կ՚եռացնեն: Ցորենի ալիւրի փոխարէն կարելի է արօրուտ, բրինձի ալիւր գործածել: Եթէ երեխան կապութիւն ունի, լաւ է գետնախնձորով ապուր տալ:

2. Հացապուր. հացի կտորները կաթի կամ ջուրի մէջ կ՚եռացնեն՝ մինչեւ երկու ժամ շարունակ եւ քիչ մը շաքար կ՚աւելցնեն:

3. Հացի ապուր. հացը եռման ջուրի կամ կաթի մէջ կը դնեն՝ առանց եռացնելու, եւ դարձեալ շաքար կ՚աւելցնեն: Այս ապուրները կարելի է զանազան թանձրութեան ընել:

4. Հաճարի կամ վարսակի ապուր. երկու թէյի դգալի չափ հաճարի ալիւր կը բանան քիչ մը ջուրի մէջ (եթէ ջուրը շատ ըլլայ՝ գունդեր կը գոյանան եւ տրորելը դժուար կ՚ըլլայ), ու յետոյ, այս խառնուրդը եռման կաթի մէջ կը լեցնեն, շաքար ու աղ աւելցնելով եւ մէկ-երկու վայրկեան կ՚եռացնեն, մինչեւ որ թանձրանայ եւ ժէօլէ (շիլա) դառնայ: Նոյն նպատակով արօրուտը կը գործածուի:

Մանուկները կերակրելու համար դեղատուները պատրաստի զանազան չոր կերակուրներ կը ծախուին: Ասոնցմէ յայտնիներն են՝ լիպիխի ապուրը եւ նեսթլէի ալիւրը: Լիպիխի ապուրը մենք ուղղակի ընդհանրապէս խորհուրդ չենք տար գործածել: Աւելի լաւ է նեսթլէի ալիւրը, բայց այդ ալ աւելորդ բան է: Ընդհանրապէս խորհուրդ կու տանք այսպիսի դեղատնական ուտելիքներէն խուսափիլ: Իւրաքանչիւր խնամքով մայր կրնայ իր երեխային համար աւելի թարմ կերակուրներ պատրաստել: Ի՞նչ հասակին երեխային կարելի է խմորեղէն (օսլային) կերակուրներ տալ: Մենք ըսած ենք, որ մինչեւ 6-7 ամսական հասակը կարելի չէ օսլային նիւթեր տալ: Ատոր պատճառը բացատրենք:

Օսլան (խմորի գլխաւոր մասը) թուքի եւ ուրիշ մարսողական հեղուկներու ազդեցութեան տակ տեսակ մը շաքարի կը փոխուի եւ միայն այդ ձեւով կը մարսուի: Հետեւեաբար, օսլան մարսելու համար թուքի ներկայութիւնը անհրաժեշտ է: Արդարեւ, գիտութիւնը մեզի կ՚ուսուցանէ, թէ երեխային թուքը մինչեւ 6-7, նոյնիսկ 8 ամսական հասակը շատ տկար ազդեցութիւն ունի օսլային կերակուրներու վրայ, որովհետեւ թուքի գեղձերը դեռ բաւական հասունցած չեն, որպէսզի կարենան զօրաւոր թուք արտադրել: Այս կարեւոր հանգամանքը մայրերը պէտք չէ՛ անտեսեն, լաւ հասկնան, որպէսզի մինչեւ 8-րդ ամիսը երեխան չի՛ կրնար հացեղէնը լաւ մարսել: Երեխային աւելի շուտ օսլային կերակուրներ տալով, պատճառ կը դառնան, որ ան լոյծ ունենայ: Աւելցնենք, որ քանի մը բժիշկներու կարծիքով՝ գարին կը կապէ, իսկ հաճարը՝ լոյծ ունենալու պատճառ կ՚ըլլայ: Հետեւաբար, կապութիւն ունեցող երեխային պէտք է հաճար տալ, իսկ փորլուծութիւն ոււնեցողներուն՝ գարիէ պատրաստուած կերակուրներ:

Համառօտենք մեր ըսածները երեխայի սննդառութեան մասին.

1. Մինչեւ վեց ամսական հասակը երեխան մի միայն պէտք է ծիծով կերակրել:

2. Եօթներորդ ամիսէն ետք, շարունակելով ծիծ տալ, կարելի է երբեմն ալ ծծի փոխարէն կովի, ձիու, էծի եւ այծի կաթ տալ: Կովի կաթին՝ սկիզբը պէտք է 2-3 անգամ ջուր խառնել, յետոյ կէս ջուր ընել եւ այսպէս կամաց-կամաց զուտ կաթի հասնիլ: Այս հասակին կարելի է նաեւ ճուտի, յետոյ կովի միսէ պուլիոն կիսախորոված հաւկիթ տալ:

3. Եօթ-ութ ամիսէն սկսեալ միայն կարելի է, եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ է երեխային օսլային (խմորեղէն) ուտելիքներու վարժեցնել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 17

Վաղարշապատ


1 Ստերջացում, ամլացում:

2 Կենսամթերքներու վարակազերծում մինչեւ 100 տաքացնելու միջոցով, պաստերացում:

3 Դեղատուներէն ներս առանձին կաթի ապակեայ շիշեր կը ծախուին՝ իրենց պտուկներով: 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023