ՀՈԳԻՆ ԹԷ ՏԱՌԸ
Ինչ լաւ եղաւ, երբ Սփիւռքի հայութիւնը արհեստական արբանեակներու միջոցով սկսաւ վայլել Հայրենիքի հեռուստակայանները: Սփիւռքաբնակ հայու բառապաշարը հարստացաւ, նախադասութիւններու շարահիւսութիւնն ու արտայայտութիւններու դարձուածքները առաւել կոկիկ դարձան: Արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն, եւ կամ թէ այս երկուքէն որու ուղղագրութիւն եւ քերականութիւնը հարազատ է գրաբարին, մեր այս յօդուածի նպատակը չեն, այլ խօսակցութեան ոճն է:
Հայ մամուլը մեծ դեր ունի հայ միտքը դաստիարակելու մէջ: Վստահ եմ, որ շատեր առանց նախնական ուսում իսկ ունենալու, միայն մամուլ կարդալով սորված եւ կատարելագործած են իրենց մայրենի լեզուն (ի զուր չէ, որ մեր գրողներուն կարեւոր մէկ մասը լրագրողներ եղած են): Նոյնիսկ հայկական մշակութային կազմակերպութիւններու անդամները, առանց գիրք կարդալու, միայն հայ մամուլէն ստացած զարգացումով, կարողացած են ձեռք ձգել այնպիսի ունակութիւն, որով կարող են ճառեր արտասանել եւ յօդուածներ գրել: Հայ մամուլն ու տեսալսողական կայանները մեծ դեր ունին հայ անհատի միտքը կազմելու եւ բառապաշարը հարըս-տացնելու մէջ: Ճառերն ու դասախօսութիւններն ալ դեր ունին այս իմաստով: Երջանկայիշատակ Զարեհ Եպսկ. Ազնաւուրեանի դասախօսութիւնները մտիկ ընելով միայն, կարելի էր միտք զարգացնել եւ բառապաշարը հարստացնել: Սակայն եւ այնպէս ճառախօսութեան այլ երեւոյթ մը եւս կայ: Ձեռնարկի մը ընթացքին ճառ մը կը լսես 20 վայրկեան տեւողութեամբ, որ քով-քովի դրուած գեղեցիկ բառերէ հիւսուած կ՚ըլլայ, բայց անհասկանալի: Երբ փորձես ճառին միտք բանին հասկնալ, կը նկատես, որ կարելի էր ճառը աւելի կարճ եւ նպատակասլաց ըլլար: Բայց անհնար է դիրքի տէր անձնաւորութիւն մը, պարզ բառերով կարճ ճառ մը արտասանէ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ իր ունեցած բառապաշարի միջոցով պէտք է իր պաշտօնը կամ դիրքը արժեւորէ: Հայոց լեզուն հարուստ է բառապաշարով, որուն մեծ մասը չի գործածուիր: Պէտք է առիթներ գտնել, անգործածելի բառերը իրար յիշեցնելու: Գիրք, մամուլ, լսատեսողական միջոցներ եւ դասախօսութիւններ, բոլորն ալ առիթներ են նման յիշեցում մը կատարելու. բայց այդ մէկը պէտք է ըլլայ առանց բառերու ճոխութեան մէջի միտք բանին կորսնցնելու: Որքան լաւ կ՚ըլլար, եթէ մեր ճառերը եւ յօդուածները ըլլային պարզ ու հասանալի: Իսկ եթէ չգործածուած բառեր ուզենք գործածել, անոր կցենք բացատրութիւն մը: Սուրիացի գրող Մամտուհ Համատա, որ արաբերէն լեզուի դասախօս է, միշտ իր գրութիւններու մէջ կը գործածէ չգործածուած բառեր եւ անմիջապէս անոնց կը կցէ բացատրութիւնը: Այդ ձեւով խօսքը ընկալող անհատի միտքին մէջ աւելի դիւրաւ կը տպաւորուի: Իսկ մեր մօտ բառը աւելի կարեւոր է քան խօսքի խորքը՝ հոգին: Շատ յաճախ անտեղի բառեր կը գործածենք անհասկանալի միտք մը արտայայտելու համար: Ուրիշ ատեն անհասկանալի բառերով անմիտ (առանց խորքի) խօսքեր կ՚արտասանենք: Հրաւիրուած էի մեծարանքի երեկոյի մը, ուր համալսարանի անգլիացի դասախօս մը պիտի պատուէին: Անոր գործին եւ անձին մասին խօսքեր ներկայացուելէ ետք, կարգը եկաւ պատուաւոր հիւրին: Երեք վայրկեան տեւողութեամբ, յստակ, կարճ եւ իմաստալից խօսք մը արտասանեց, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իր տեղը վերադարձաւ: Ձեռնարկէն բոլոր դուրս եկողները այնքան տպաւորուած էին այս մեծ մարդու խօսքերէն, որ հիւրասիրութեան ընթացքին միայն այդ մասին կը խօսէին:
Բառերը կարեւոր են, բայց հոգին աւելի: Հոգին կեանք կու տայ, իսկ բառը չունի այդ կարողութիւնը: Եթէ ճիշդ բառը շաղախուած ըլլայ կենսատու միտքով կամ հոգիով, կեանքեր կը փոխէ: Իսկ եթէ միայն բառեր քով-քովի դրուին առանց իմաստի, անոր ճոռոմաբանութիւն կ՚ըսեն: Եղա՞ծ էք ձեռնարկի մը, ուր գեղեցիկ հնչող բառեր լսելէ ետք, առանց որեւէ բան հասկնալու վերադարձած էք: Եւ կամ «ութիւն»ներ եւ նորաստեղծ բարդ բառեր արտասանուին, որոնք ոչ միայն անհասկնալի, այլ եւ հոգիի վրայ ճնշիչ իրավիճակ մը ստեղծեն:
Ի վերջոյ Հայրենիքէն դուրս պիտի շարունակուի այս երեւոյթը, որովհետեւ արտասահմանի հայը իր բնակած երկիրին լեզուն եւ մտածելակերպը իւրացուցած է: Միայն լսենք ռատիոկայաններ, այնքան քիչ են դիրքի վրայ եղող այն հայերը, որոնք կրնան «մաքուր» հայերէն խօսիլ: Իսկ երբ այս մարդոց գրէ ըսէք, պիտի գործածեն բառեր (բառարաններու օգնութեամբ), սակայն առանց խորքի՝ հոգիի:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ