ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ՝ ԱՌԱՆՑ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ
Հայապահպանո՞ւմ: Սփիւռքի մէջ ամէն օր, ամէն տեղ կարելի է լսել այս բառը: Զայն բացառապէս կ՚արտասանեն նոյն ինքն հայապահպանները՝ ինքնակամօրէն ստանձնելով բառի վերարտադրութեան պարտականութիւնը:
Սփիւռքեան հայապահպանութիւն նախ եւ առաջ պիտի նշանակէ արեւմտահայերէն լեզու: Եթէ չեմ սխալիր, առանց արեւմտահայերէնի՝ սփիւռքի հայապահպանութիւնը կը դառնայ անիմաստ: Արդարեւ, ղեկավար մարմիններու մէջ կը գտնուի հայապահպաններու հոյլ մը, ուր, առանց խոշորացոյցի օգնութեան, կարելի է գտնել.
1- Իրենց ենթականերու հայապահպանումին համար յուզիչ որոշումներ ընդունող սփիւռքահայ ատենապետներ, փոխ-ատենապետներ, ժողովականներ, հոգաբարձուներ, խորհրդականներ, դիւանապետներ, դպրոցի տնօրէններ՝ որոնք տարբեր աստիճաններով չեն տիրապետեր արեւմտահայերէն լեզուին: Այս աստիճանները կրնան սկսիլ խառնածին արեւմտահայերէն խօսքէ եւ հասնիլ մինչեւ հայերէն տառերու անծանօթութեան:
2- Նոյներ՝ որոնք իրենց զաւակները չեն ղրկեր հայկական դպրոց: Պարզապէս հաճելի է տեսնել պատասխանատուներ՝ որոնք մէկ կողմէն հայկական դպրոցին համար որոշումներ կ՚ընդունին, միւս կողմէն իրենց զաւակները կը ղրկեն ոչ հայկական դպրոց: Անոնք «կը մաքառին» բարեկարգելու հայկական դպրոցը՝ ուրիշի զաւակներուն համար:
3- Նոյներ՝ որոնք իրենց ենթականերուն ուղղուած գրաւոր նկատողութիւնները, դիտողութիւնները, նամակները, բացատրողական գրքոյկները կը յղեն արաբերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուով: Կը պատճառաբանեն՝ թէ հասարակութիւնը հայերէն չի կարդար: Քիչ մը խորանալով դժուար չըլլար փաստել՝ որ նամակը նախաձեռնողներն են որոնք չեն կրնար հայերէն գրել: Անոնք, իրենց անկարողութիւնը քօղարկելու համար յանցանքը կը բարդեն ենթականերուն վրայ: Հայերէն կարդացողները կը դառնան չկարդացողներ, չկարդացողները՝ կարդացողներ:
4- Նոյներ՝ որոնց պարտականութիւններէն մէկն է ձեռնարկներու բացումի խօսքերը արտասանել, բեմերէն կը հնչեցնեն անտանելի արեւմտահայերէն մը՝ չոր, անհրապոյր, սխալ առոգանութեամբ, առիթ տալով ներկայ հասարակութեան չսիրել, նոյնիսկ ատել հայերէն լեզուն: Անոնք կը խօսին հայապահպան ձեռնարկներու ընթացքին, յառաջացնելով հակահայապահպան մթնոլորտ մը:
5- Նոյներ՝ որոնք իրենց նշանաբան ըրած են հայկական մշակոյթը օտարներուն ներկայացնել, կարծէք միաբերան որոշած են չքաջալերել այն նոյն մշակոյթը՝ զոր կ՚ուզեն օտարներուն ներկայացնել: Արեւմտահայ իրական (եւ ոչ միութիւններուն ստրկաբար ծառայող) մշակոյթին հովանաւորութիւնը անհամեմատօրէն աւելի տկար է քան այդ նոյն մշակոյթը օտարներուն ներկայացնելու համար թափուած ջանքերն ու դրամը:
6- Նոյներ՝ որոնք իրենց հայապահպանութիւնը իրենց դիրքային առաւելութեան խնդիր դարձուցած են, կը մոռնան նոյնիսկ հայապահպանութեան գոյութիւնը երբ կը հեռանան դիրքերէ:
7- Նոյներ՝ որոնք փառատօնային շքեղութեամբ յայտարարած են իրենց հիմնարկներուն մշակութայնացումը եւ շեշտած գիրքի կարեւորութիւնը, կը մերժեն մեռնողներու գրադարանները ընդունիլ՝ հակառակ ունեցած տարածութիւններու ընդարձակութեան, կը հրաժարին իրենց ունեցած քանի մը գիրքերու խառնաշփոթ հաւաքածոները տրամադրել ընթերցանութեան, կը զլանան խառնաշփոթութիւնը վերածել դասակարգուած ցուցակներու, երբեմն նոյնիսկ անձայն ու անշշուկ ձերբազատուելով այդ գիրքերէն: Կը ձերբազատուին գիրքերէն, բայց կը յայտարարեն ուրիշներ ունենալու ցանկութիւնը՝ յանուն արեւմտահայերէն գիրքի պահպանումին:
Այս բոլորը սփիւռքի հայապահպանութեան վիճակը աւելի քան բացատրող իրականութիւններ են՝ յարգելով քանի մը սակաւաթիւ բացառութիւններ: Դէպքե՞ր եւ անուննե՞ր…:
ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Ապագայ», Գանատա
28 Մայիս 2018