ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐ (Բ.)

Կը շարունակեմ ներկայացնել ուսումնասիրութեանս ընթացքին հանդիպած համշէնահայերէս ոմանց, անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ անոնք մէկ տեսակն են միայն համշէնցիներուն։ Անդին կան նաեւ իրենք զիրենք թուրք կամ պարզապէս համշէնցի համարողները։

Իրեմը ծնած է Հոփայի մօտ համշէնեան գիւղերէն մէկուն մէջ, բայց փոքր տարիքին տեղափոխուած՝ Պուրսա քաղաք, ուր հասակ նետած է մինչեւ երիտասարդութիւն։ Համշէնական միջավայրէն կտրուած ու թրքական շրջանակի մէջ ինկած 6-7 տարեկան Իրեմ, ինչպէս ինք կը վերյիշէ, կը զգար, որ թուրք ընկերներէն տարբեր է։ «Տունը մայրս ու հայրս ուրիշ լեզուով մը կը խօսէին, բայց գաղտնի, որպէսզի մենք չսորվէինք։ Մեզի հետ թրքերէն կը խօսէին, որպէսզի դպրոցը դժուարութիւն չունենայինք»։ Սկզբնական այդ տարիներուն Իրեմ անշեղ կը հետեւի իր վարժարանի ուսուցած ընթացքին՝ «Թուրք ըլլալը բարձր բան մըն էր, որուն կը ձգտէի, բայց միշտ ալ քիչ մը ետ կը մնայի… լեզուս այդպէ՛ս ալ տարբեր շեշտ մը ունէր»։ Աւելի՛ն, կը յիշէ այդ օրերուն հակահայ տրամադրութիւններ որդեգրած ըլլալ. «գիտէի, որ մէկուն գէշ բան ըսելու համար հայ կ՚ըսէին»։

Այդ օրերուն, իր հօր արդուինցի ձախակողմեան ընկերներէն մէկը երբ իրենց կ՚այցելէ, իրեն ու քոյրը շոյելով փաղաքշական «սիրե՛մ ձեզ հայեր» կ՚ըսէ եղեր։ Իրեմ անշուշտ չի հասկնար, կը վիրաւորուի, բայց, չի կրնար բացատրել ինչու, ծնողներուն երբեք չի հարցներ, թէ ինչո՞ւ այդ մարդը իրենց հայեր կ՚անուանէ։ «Կարծես գիտէի, որ մէջը իրականութիւն մը կայ, եւ ատոր համար ալ չէի ուզեր հարցնել։ Իրենք ալ բացատրութիւն չէին տար ։ Երբեք  «հայ չենք» ալ չէին ըսեր ժխտելու համար մարդուն ըսածը։ Կարծես գաղտնիութեան փոխադարձ համաձայնութիւն մը ըլլար մեր միջեւ։ «Համշէնցի» էինք։

Ի վերջոյ, օր մը Պուրսայի օտարերկրացիներու շուկային մէջ մօր ու մօրաքրոջ հետ պտըտելու ընթացքին, հայաստանցի կամ Սովետական Միութենէն եկած հայ վաճառականներ իրեմենց համշէնահայերէնը լսելով իրենց կը դիմեն, ու կը հարցնեն, թէ հայե՞ր են։ Ի զարմանս Իրեմի, մայրը առանց տատամսելու «անշուշտ որ հայ ենք» կը պատասխանէ, երեւի օտարերկրացիէն իր արմատները պահելու կարիք չզգալով։ Իրեմի հարցադրումները վերջ կը գտնեն եւ ինքզինք հայ կը սկսի համարել այդ օրէն ի վեր, թէեւ կը զգուշանայ աջ-ձախ յայտարարելէ այդ մասին։

Այսօր կը բնակի Պոլսոյ մէջ։ Հետաքրքրականը այն է, որ ոչ թէ միայն հայ կը համարէ ինքզինք, այլ կ՚ըսէ, թէ «հայ ըլլալու տերտ մը» ունի։ Ըսել կ՚ուզէ, որ հայ ըլլալը իրեն համար դատ մըն է, բարոյական հիմք ունեցող պայքարի տեսակ մը։ Ինչո՞ւ։

Այս հանգամանքը նկատած եմ շարք մը որպէս հայ ներկայացող համշէնցիներու մօտ։ Անոնք կը պնդեն, որ իրենց դէմ պատմականօրէն կիրառուած ճնշումներու եւ ձուլման քաղաքականութեան դիմադրելու ներքին ցանկութիւնն է զիրենք դէպի հայկականութիւն մղողը։ Աւելի՛ն. կ՚ըսեն, թէ հայկական արմատները ժխտելու, հայութեան հետ պատմամշակութային կապերը ուրանալու համշէնցիներու պահուածքը նաեւ վիրաւորական է իրենց համար, եւ նոյն այդ ձուլման պետական քաղաքականութեան յաջողութեան ապացոյցը։

Իրեմ կ՚ըսէ. «Ինքզինքս ամենէն շատ հայ կը զգամ եւ այդ մասին բարձրաձայնել կ՚ուզեմ կա՛մ երբ որ ուրիշ համշէնցիներ վախի պատճառով ժխտեն համշէնցիներու եւ հայերու լեզուական ու մշակութային կապերը, կա՛մ երբ որ մէկը իմ ներկայութեամբ հակահայ խօսք մը ըսէ»։

Վերջապէս, Իրեմ նաեւ կը ներկայացնէ իր ինքնապիտակման ժամանակագրական եղափոխութիւնը։ Սկիզբը, փոքր տարիքին, թուրք անուանած է կարճ ժամանակի մը համար ինքզինք։ Յետոյ, արդէն պատանի տարիքին, սկսած է համշէնցի անուանել ինքզինք, բայց աւելի անդին չանցնիլ։ Աւելի ուշ, երիտասարդութեան, քիչ քիչ սկսած է վստահելի ընկերներու ըսել, որ հայկական արմատներ ունի։ Բայց վերջին տարիներուն, սկսած է խնդրականացնել նոյն այդ «հայկական արմատներ ունիմ» արտայայտութիւնը։ «Երբ այդպէս կ՚ըսենք, կարծես ըսել կ՚ուզենք, որ հայ էինք, բայց այլեւս չենք, եւ այդպէսով մեր ուսերէն վար կը դնենք հայու պիտակը։ Ինչո՞ւ։ Ես պարզապէս հայ եմ»։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019