ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Կայծ Մինասեան համոզուած է, թէ հայութիւնը պէտք է կառուցէ իր տունը եւ վերջ։ «Ճամբայ պէտք է ելլենք բոլորովին նոր գաղափարներով», համոզուած է ան։

Վերջերս առիթն ունեցանք Կայծ Մինասեանի տեսակէտները շօշափելու հայաշխարհի օրակարգի շարք մը առաջնահերթ հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր մօտեցումները։

*

-Ժամանակները կը փոխուին եւ անոնց հետ ալ կը փոխուի գնահատականներու ընդհանուր պատկերը։ 2015-ին, ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման շրջանին մէջտեղ ելած էր «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» լոզունգը, որ հետաքրքրութեան առընթեր ստեղծած էր նաեւ որոշ խանդավառութիւն։ Հապա այսօր ո՞ւր հասած ենք։

-Այսօր պայմանները փոխուած են։ Գիտենք, որ ամէն բան կապուած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան եւ, ինքնաբերաբար, մինչեւ բնականոն յարաբերութիւն չհաստատուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ապա այդ հարցը թէեւ պիտի մնայ օրակարգի վրայ, բայց տարբեր ձեւով։ Ցեղասպանութիւնը ներկայիս ճանչցուած է գլխաւոր պետութիւններու կողմէ, անշուշտ, բացի Թուրքիայէն։ Այսօր նոյն ձեւով չենք կրնար մօտենալ այս հարցին՝ այնպէս, ինչպէս յիսուն տարի առաջ։ Իրավիճակը բոլորովին տարբեր է։ Եթէ մենք շարունակենք 21-րդ դար մտնել հին գաղափարներով, ապա կը նշանակէ, որ չենք ըմբռներ, չենք հասկնար քաղաքական կեանքը եւ չենք հասկնար միջազգային յարաբերութիւններու այսօրուան ընթացքը։

-Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց մէջ յաճախ տարակարծութիւններ կը ծագին։ Աւանդական սփիւռքը միշտ կ՚ուզէ իր օրակարգով առաջնորդուիլ, իսկ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն պէտք է առաջնորդուի պետական շահերով։ Ո՞րն է միջին եզրը։

-Շատ հետաքրքրական եւ բարդ հարց մըն է։ Բայց, կրնանք ըսել, որ առաջին հերթին 1991-ին պետութեան վերականգնումը ռէալիզմի ապտակ մըն էր հայերու դէմքին։ Յետոյ, հայերուն մէջ մեծ սխալ մը կայ, որ նոյն մակարդակի վրայ կը դնեն պետութիւնն ու սփիւռքը։ Չկայ ուրիշ պետութիւն մը, որ ունենայ այդ մօտեցումը։ Մէկ անգամէն, յստակ ձեւով պէտք է ըսենք, որ սփիւռքը պետութիւն չէ, սփիւռքը քաղաքական դատարկ հասկացութիւն մըն է։ Սփիւռքը չի կրնար պետութիւն մը դառնալ։ Այդ մէկը Յակոբ Օշականի գաղափարն էր, բայց այն ատեն կային Սթալինն ու սթալինիզմը եւ ինքնաբերաբար սփիւռքի դերը տարբեր էր։ Կար գոյութեան վտանգը եւ անոր համար ստեղծուեցան այդ պայմանները՝ 1930-ականներէն սկսեալ, մինչեւ Սթալինի մահը։ Բայց, հիմա կացութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Սփիւռքի մէջ երկու մոտել կայ։ Մէկը չ՚ընդունիր, որ պետութիւն մը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի։ Սա աւանդական մօտելն է։ Միւսը կ՚ընդունի, որ պետութիւն մը կայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոտքի վրայ է՝ ինչ որ ալ ըլլայ օրուան դրութիւնը։ Սա աւելի արդիական մօտել մըն է, փոխկապակցուած եւ բաց մոտել մըն է, որ անհատականացուած է։ Այս երկու մոտելները իրարու դէմ կ՚աշխատին։ Աւանդական կառոյցները տակաւին երազի մէջ կ՚ապրին, աւանդական մօտեցումով՝ առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պետութիւն ունենալ։ Անոնք կը շահագործեն պետութիւնը կամ ուղղակիօրէն ըսեմ՝ կ՚ուզեն քանդել պետութիւնը։ Ասիկա ահաւոր ու վտանգաւոր է։ Միւս մօտեցումը աւելի արդիական եւ աւելի պատասխանատու է, բայց տակաւին ծրագիր չունի, որովհետեւ չի գիտեր, թէ ուրկէ՛ պէտք է սկսի եւ ո՛ւր պիտի աւարտէ իր գործը։ Սա սփիւռքի մասին է…

Գալով Հայաստանին, հոն ալ երկու մօտեցում կայ։ Առաջինը կ՚ըսէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ռուսաստանի շարունակութիւնն է։ Այսպէսով ինքնաբերաբար կը սեպէ, թէ Հայաստանի համակարգը գոյութիւն չունի, այլ ռուսերու ձեռքին մէջ համակարգ մըն է, ազգային համակարգ մը չէ եւ ատիկա կ՚օգտագործէ իբրեւ լծակ՝ Ռուսաստանի կայսերապաշտութեան գաղափարի պաշտպանութեան մէջ։ Միւս մօտեցումը, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի, աւելի ազգային է։ Ան կ՚ըսէ, թէ մեր պատմութիւնը աւելի հին է՝ քան Ռուսաստանի ներկայութիւնը Կովկասի մէջ։ Թէեւ այս մօտեցումը ազգային է, սակայն, խնդիր ունի, թէ ինչպէ՛ս կարելի է իրատես ձեւով վերականգնել հայկական համակարգը, քաղաքական համակարգը, ներառելով սփիւռքը իր զարգացումին մէջ։ Ասոնք են երկու տարբերութիւնները թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ։

-Ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ Թուրքիոյ մէջ մօտեցումներու եւ գնահատակններու փոփոխութիւններ յառաջանան հայկական հարցին շուրջ։

-Ես կը կարծեմ, թէ երազէն դուրս պէտք է գանք, իրատես պէտք է ըլլանք։ Ամէն ինչ պէտք է տեղափոխուի Հայաստանի Հանրապետութիւն, ուժ պէտք է տանք Հայաստանին՝ որպէս պետութիւն։ Մեր տունը պէտք է կառուցենք ու վերջ։ Սա յստակ պէտք է ըլլայ թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններուն, թէ՛ հայկական հասարակութեան եւ թէ սփիւռքի կազմակերպութիւններուն համար՝ ըլլան անոնք աւանդական կամ ոչ։ Սփիւռքը բան մը չի կրնար ընել առանց Հայաստանի Հանրապետութեան։ Այս մէկը յստակ պէտք է ըլլայ։

Կը կարծեմ, թէ առիթը փախցուցինք, երբ Էրտողան իշխանութեան գլուխ եկաւ 2002-2003 թուականներուն։ Որեւէ կազմակերպութիւն թրքական հասարակութեան հետ կապի մէջ մտնել չփորձեց. գրասենեակ մը բանալ, նոր մօտեցում մը ունենալ, շփուիլ երիտասարդ սերունդէ թուրքերու հետ, տարածելով ճանաչման գաղափարը, զարգացնելով եւ քաջալերելով ազատութիւնն ու խիզախութիւնը Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ։ Չկայ այդ փորձը եւ չկայ այդ մօտեցումը։ Կ՚ուզենք ամէն ինչ ընել նստելով Փարիզ, Լոս Անճելըս կամ այլուր՝ չտեսնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի եւ ան է, որ պէտք է բանակցի։ Եթէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւն տեղի պիտի ունենայ, ապա կը յուսամ, թէ այդ մէկը ըլլայ պատուիրակութեան մը մակարդակին վրայ ու ո՛չ թէ անհատի մը կամ անհատներու մակարդակով։ Հայկական պատուիրակութեան մէջ թող մտնեն այն սփիւռքահայերը, որոնք խելացի են, պատասխանատու են։ Այս ձեւով կրնանք ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ստեղծուած պատուիրակութիւն մը, որ շեշտը կը դնէ սփիւռքահայութեան պահանջներուն եւ սպասումներուն վրայ։ Իսկ եթէ կը կարծուի, թէ սփիւռքը առանձին պիտի կարենայ լուծել այս հարցը, ապա անիմաստ է։ Իրատես պէտք է ըլլանք։ Սփիւռքը միայն Հայաստանի ճամբով իր աշխատանքը պէտք է տանի։

-Ցեղասպանութեան խնդիրը միջազգային բեմահարթակի վրայ ձեւաւորուած օրակարգ մը ունի՝ եթէ նոյնիսկ յաճախ օգտագործուի հայութեան շահերուն դէմ։ Կարեւոր քայլ մըն էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ առնուածը։ Սա արդեօք հայութեան հասցուած պատգամ մը չունէ՞ր, թէ այսքանը ստացաք, բաւարար է, հիմա ժամանակն է, որ անցնիք առաջ ու նայիք, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարգաւորէք ձեր հարցերը։

-Սա կարեւոր հարց մըն է։ Պէտք է տարանջատենք ցեղասպանութեան ճանաչումը տարածքային պահանջներէն։ Ուղղակի կ՚ըսեմ՝ տարածքներ պահանջելը անիմաստ, վտանգաւոր եւ անիրատես քաղաքականութիւն մըն է։ Ի՞նչ ըսել է տարածքներ պահանջել Թուրքիայէն, երբոր կառոյցդ՝ տունդ հիմնուած չէ տակաւին։ Արցախի մէջ որքան զոհեր տուինք՝ այսօրուան դրութեան հասնելու համար։ Այս բանին թող պատասխանեն անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ գոնէ տարածքներ կրցած ենք պահել քսան տարուան մէջ։ Բայց ի՞նչ արդիւնքի համար։ Բան մը ըրի՞նք, որ Արցախը իսկապէս միանայ Հայաստանին։ Իսկ մարդուժը ո՞ւր էր։ Երեսուն տարուան ընթացքին մէկուկէս միլիոն մարդ Հայաստանէն հեռացաւ։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր տունը կառուցել՝ եթէ մարդուժ չկայ, միջոցներ չունինք։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ մեծ-մեծ կը խօսինք, երազի մէջ կ՚ապրինք, մեր երազը մղձաւանջի մը վերածած ենք։ Պէտք է դուրս ելլենք կործանարար երեւակայութենէն, որ մեր գլխաւոր թշնամին է։ Եթէ կ՚ուզենք մեր տունը կառուցել, մեր տունը շինել, ապա պէտք է ամբողջ միջազգային համայնքին ցոյց տանք, որ մենք կ՚ուզենք միայն ու միայն ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Այն ատեն, եթէ Թուրքիան ըսէ, թէ այդ պայմաններով կարելի է խօսիլ, ապա շատ բան կը փոխուի։

Մինչեւ որ չտարանջատենք ցեղասպանութեան ճանաչումը տարածքային պահանջներէն՝ մենք շատ բան պիտի չստանանք, այլ՝ ընդհակառակն։ Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է մտնէ Հայաստանի պետութեան օրակարգին մէջ եւ ո՛չ թէ մնայ անոր շուրջ կամ անոր քով, որովհետեւ պետութիւնն է ամենէն կարեւորը։ Առանց պետութեան ոչինչ կը ստանաս։ Եթէ նայինք պատմութեան, 1991-ին, երբ Հայաստան անկախացաւ եւ երբ ունեցանք ինքնիշխան պետութիւն, շատ բան փոխուեցաւ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով։ Տարբեր ձեւով պէտք է մօտենանք ցեղասպանութեան հարցին։ Մեր շեշտը պէտք է դնենք մեր տունը կառուցելու վրայ՝ զօրացնելով տնտեսութիւնը, բարելաւելով ընկերային վիճակը, կրթական համակարգը, մշակելով զանազան ծրագիրներ, որպէսզի հայը հանգիստ ապրի Հայաստանի տարածքին վրայ։ Անոնք, որոնք հայ դատի մասին կը խօսին, պէտք է հասկնան, թէ շեշտը միայն հողային պահանջի վրայ դնելով՝ կը դառնանք օտար պետութիւններու գործիքը։ Հայ դատը ունի նաեւ իր ընկերային բաժինը, որով ամէն ջանք պէտք է թափել, որպէսզի ժողովուրդը մնայ հողին վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։

Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն պէտք է ունենայ հիմնական երեք առաջնահերթութիւն. առաջինը՝ երկրի անվտանգութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, երկրորդը՝ կրթութիւնը ու երրորդը՝ ընկերային եւ տնտեսական զարգացումը։ Եւ վերջ. երազի մէջ ապրիլը վտանգաւոր է։ Նորէն կրկնեմ՝ տարածքային իրաւունքի պահանջէն դուրս գալով՝ 21-րդ դար պէտք է մտնենք մարդու իրաւունքի պաշտպանութեամբ զբաղելով։ Ցաւօք սրտի, աւանդական կազմակերպութիւնները, աւանդական կուսակցութիւնները եւ այլն չեն հասկնար, որ այսօրուան առաջնահերթութիւնը պետութիւն կառուցելն է. բայց ո՛չ պետութիւն մը, որ Ռուսաստանի գործիքը ըլլայ։ Այդ մէկը կ՚ըլլայ իշխանութիւն մը՝ ռեժիմ մը, սակայն ո՛չ պետութիւն։ Աւանդական կուսակցութիւնները ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի Հայաստան գործիք դառնայ ռուսերուն ձեռքը ու չըլլայ ազգային համակարգով պետութիւն մը։ Եւ հո՛ս է սխալը, հո՛ս է վտանգը։ 1991-էն ի վեր ա՛յս է վիճակը։ Քաղաքական վերնախաւը պատասխանատուութիւն ունի այս բոլորին համար եւ պատմութիւնը շատ կոշտ պիտի դատէ զայն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023