ԵՐԱԶ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ցան­կու­թիւն­նե­րը պա­հանջ­քի մը ար­դիւնքն են։ Կ՚աշ­խա­տինք ու­նե­նալ։ Առ այդ կը մտա­ծենք, կը ծրագ­րենք եւ կ՚աշ­խա­տինք ու նա­յած նիւ­թին կը սպա­սենք ի­րա­գոր­ծու­մին:

«Տուր Աշ­խար­հիս Խա­ղա­ղու­թիւն, Ազ­գիս Հա­յոց Սէր Միու­թիւն»... այ­լեւս կը հնչէ զե­փիւ­ռի նման, կու գայ ու կ՚անց­նի վայր­կեանա­կան ու այդ­քան։ Ոչ ոք կը լսէ։ Դա­րե­րու հարց է եւ այդ խընդ-րան­քին գի­տա­կից չենք տա­կա­ւին, թէ որ­մէ՞, ի՞նչ կը խնդրենք... կամ ի՞նչ պէտք է խնդրենք... բան մը որ մեր ներ­սի­դին է ու բո­լո­րո­վին եւ ամ­բող­ջովին կա­խեալ է մեզ­մէ: Ե­թէ Աս­տուծ­մէ կը խնդրենք, պէտք է շատ լաւ սեր­տենք ա­նոր գոր­ծե­լա­կերպն ու խոր­հուրդ­նե­րը, երբ գրուած է «Եր­կին­քի Թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը Ձեր Ներ­սի­դին Է»... հաս­ցէն մենք իսկ ենք, մե­զի պարտք կ՚իյ­նայ խա­ղա­ղու­թիւ­նը, սէրն ու միու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու, ա­պա՝ հաս­տա­տե­լու: Ոչ խաղա­ղու­թիւն, ոչ սէրն ու միու­թիւ­նը ինք­նեկ չեն - ա­նոնք ա­չալր­ջու­թեան, աշ­խա­տան­քի ու ժա­մա­նա­կի կա­րօտ են, մա­նա­ւանդ խնդի­րը երբ մարդկա­ռոյ­ցին կը վե­րա­բե­րի, ու ակն­յայտ է, որ այս ոճ­րա­յին մարդ ա­րա­րա­ծը ան­հան­դարտ է իր ներ­քին կիր­քե­րով, ո­րոնք կը բաշ­խեն այ­լոց ու փո­թո­րի­կը կը պայ­թի, ինչ որ պայ­թած է մար­դու պատ­մու­թեան ա­րե­ւա­ծա­գէն, ու ծո­վու ա­լիք­նե­րու նման ան­հան­դարտ են, իսկ եր­բեմն կը լեռ­նա­նայ ու կեան­քի շարժ­ման մէջ, նոր բա­ռով՝ ցու­նա­մի կը կո­չուի:

Մե­ծա­ծա­ւալ նիւ­թե­րու կող­քին ու­նինք նաեւ մեր ա­ռօ­րեա­յի հետ կա­պուած ցան­կու­թիւն­ներ։ Նո­րա­ծի­նին՝ կաթ, մա­նու­կին՝ խաղ եւ ըն­կեր, իսկ պա­տա­նիին՝ ի­րեն յա­տուկ ցան­կու­թիւն­ներ... ե­րի­տա­սար­դին ալ՝ «ե­րազ­նե­րու պեր­ճու­հին» (Մ. Մե­ծա­րենց) եւ ա­մէն անձ ըլ­լա­լով յա­տուկ միա­ւոր, ու­նի ան­շուշտ իր սե­փա­կա­նը, տես­լա­կա­նը, ե­րա­զը. «Ես ե­րազ մ՚ու­նիմ եւ այդ ե­րա­զին ա­կուն­քը հին է։ Նա­յիլ ա­րե­ւուն, ներշն­չուիլ ա­նով, այ­րի՛լ լու­սա­շող»... այս ալ իմ ե­րազս էր յա­նուն մարդ­կայ­նա­կա­նու­թեան... ճշմա­րիտ սէ­րը վա­խը կը վա­նէ, փոխյա­րա­բե­րու­թեան թէ ռազ­մա­դաշ­տի մէջ...։­

Ի՞նչ է ե­րա­զը, կայ ու չկայ ի­րա­կա­նու­թիւն։ Կ՚անց­նի, կ՚ան­հե­տի ու դա՛ր­ձեալ չի մոռ­նար այ­ցե­լել, որ կը վե­րա­ծ-ւի եր­բեմն ար­ցուն­քի, մխի­թա­րանք իբ­րեւ գէթ:

Եւ կը ժպտանք, գոհ կը ժպտանք աշ­խար­հին

«Որ ե­րա­զում ե­րա­զե­ցինք ու ան­ցանք»։ (Ե. Չա­րենց)

Ու դեռ՝ հա­ւա­տա­րիմ մենք մե­զի, խա­ղա­ղու­թիւն կը ցան­կանք, կը ցան­կանք քա­նի որ չու­նինք, եւ ոչ միայն չու­նինք, այլ դա­րե­րու են­թար­կուա­ծու­թիւ­նը մեր իսկ հո­ղին վրայ մե­զի ը­րած է հա­յու տե­սակ մը, որ հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րի կա­րօ­տը ու­նի։ Հա­յաս­տան ը­սե­լով ի՞նչ կը պատ­կե­րաց­նենք... ի՞նչ է բա­ղադ­րու­թիւ­նը ա­նոր, ու հա­յու ինք­նու­թիւ­նը ո՞ւր եւ ի՞նչ­պէս կը կեր­տուի (ի մի­ջի այ­լոց, «ի՞նչ է հո­գին, հա­յու հո­գին»... Վ. Թէ­քէեան) երբ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­ցի ենք ե­ղած մեծ մա­սով ու ափ մը հո­ղի վրայ հիւ­ծող հա­յու­թիւն, ան­կա­խու­թիւն հռչա­կած հո­ղին վրայ, ուր ներ­քին հար­ցե­րը եր­բեմն կը բոր­բո­քին ու ան­ցան­կա­լի ի­րա­կա­նու­թեան տե­ղի կու տան։ Փաս­տը՝ վեր­ջին օ­րե­րու եւ տա­կա­ւին շա­րու­նա­կուող շփոթ վի­ճակն է, խլրտում­ներն են: Հոս տե­ղին է յի­շել, թէ ի՜նչ բազ­մա­թիւ, բազ­մա­տե­սակ դժգո­հու­թիւն­ներ ու բար­դու­թիւն­ներ վերագ­րուած էին խորհր­դա­յին կար­գե­րու իբ­րեւ ար­դիւնք, մա­նա­ւանդ ա­զա­տու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէ։ Մինչ­դեռ մարդ ա­րա­րա­ծի հնարքնե­րը ան­թիւ են տե­սու­թիւն մը խե­ղա­թիւ­րե­լու եւ այլ բազ­մա­թիւ բա­նե­րու:

Գա­լով՝ ո՛չ խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ո՛չ ալ դրախ­տը երկ­րա­յին չեն ե­ղած, չեն կրնար ըլ­լալ ու պի­տի չըլ­լան... կեան­քը իր հու­նով կը շա­րու­նա­կուի ու ան­կախ Հայ­րե­նի­քիդ մէջ իսկ կաշ­կան­դուած կրնաս զգալ: Եւ սա­կայն՝

«Ինչ­քան էլ որ սուր սիրտս խո­ցեն ա­րիւ­նա­քամ վէր­քե­րը մեր

Է­լի ես որբ ու ար­նա­վառ իմ Հա­յաս­տան եա՜րն եմ սի­րում»: (Ե. Չա­րենց)

Յ.Գ. Երկ­տաս­նա­մեակ մը ա­ռաջ ա­ռի­թով մը հա­ւաք տե­ղի ու­նե­ցաւ (դժբախ­տա­բար օ­րա­գիր բռնե­լու դրու­թիւ­նը չու­նիմ), ուր երբ ներ­կա­նե­րէն բժիշկ մը Խորհր­դա­յին Միու­թեան մա­սին խօ­սե­լով «բռնա­տի­րու­թիւն» բա­ռը գոր­ծա­ծեց, գրող Հրանդ Մա­տթէո­սեան ը­սաւ. «Ես ոչ մի բռնա­տի­րու­թիւն չեմ զգա­ցել»:

ՍԱՐ­ԳԻՍ ­ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016