ԷՐԵԲՈՒՆԻԻ ԴԷՊՔԵՐԸ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ԽՆԴՐԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՓՈՒԼԸ

Վար­դան Օս­կա­նեա­նի կար­ծի­քով՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող դէպ­քե­րը չեն կրնար ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ ար­ցա­խեան շփման գի­ծի ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին վրայ: «Հա­մախմ­բում» կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր՝ Օս­կա­նեան, որ այս­պէս ար­տա­յայ­տուած է «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին՝ նաեւ ը­սած է, որ ե­թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ զի­նուո­րա­կան ո­րե­ւէ վտան­գա­լից զար­գա­ցում ըլ­լայ, ա­պա բո­լո­րը պատ­րաստ պի­տի ըլ­լան ճա­կատ եր­թա­լու:

Օս­կա­նեան օ­ղա­կը կը սեղ­մէ: Ան ա­ռանց նա­խա­բան­նե­րու կը մտնէ բուն նիւ­թին մէջ եւ լռե­լեայն կ՚ու­զէ բա­ցատ­րել, որ Է­րե­բու­նի զի­նուո­րա­կան կեդ­րո­նին շուրջ ե­րե­ւե­լի դար­ձող խմո­րում­նե­րը ան­մի­ջա­կան կապ ու­նին ար­ցա­խեան հիմ­նախնդ­րին հետ:

Ա­նոր մօ­տե­ցու­մին մէջ թոյլ օ­ղակ մըն ալ կայ, ո­րով­հե­տեւ ան կը գե­րա­դա­սէ այն կար­ծի­քը, թէ նման ա­րարք­ներ չեն թու­լաց­ներ Հա­յաս­տա­նի ու ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թեան ներ­քին ճա­կա­տը:

Ի­րօք, ի՛նչ կը կա­տա­րուի Է­րե­բու­նի զօ­րա­կա­յա­նին շուրջ: Կի­րա­կի օ­րուը­նէ սկսեալ ՊՊԾ զօ­րա­կա­յա­նը դար­ձած է «պա­տանդ» եւ յանձ­նուած է խումբ մը զի­նեալ­նե­րու, ո­րոնց գլխա­ւոր պա­հանջն է պէյ­րու­թա­հայ գոր­ծիչ՝ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նին ու միւս բո­լոր քա­ղա­քական բան­տար­կեալ­նե­րուն ա­զատ ար­ձա­կու­մը:

Զի­նեալ­նե­րը, որ հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցած են «Սաս­նայ ծռեր» ա­նու­նով, Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձա­կե­լու պա­հան­ջէն բա­ցի, ու­նին այլ պա­հանջ մը, որն է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին հրա­ժա­րու­մը:

Ա­ռա­ջին օ­րե­րու բուռն քննար­կում­նե­րէն ետք, այ­սօր երկ­րոր­դա­կան թե­մա դար­ձած է զի­նեալ­նե­րու ա­րար­քին ի­րա­կան գնա­հա­տա­կա­նը: Այս ա­ռու­մով նաեւ քիչ չէ այն մար­դոց տե­սա­կէ­տը, ըստ ո­րուն այս խմբա­կը ա­հա­բե­կիչ­նե­րու խմբակ մը չէ, այլ ա­նոնք «գա­ղա­փա­րի մը հա­մար» նա­խա­ձեռ­նած են այս քայ­լին: Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ առ­կայ դժգո­հու­թիւ­նը նո­րու­թիւն մը չէ: Ցարդ պարզ ալ չէ, որ այդ դժգո­հու­թիւ­նը ըն­կե­րա­բա­նա­կան ե­րե­ւոյթ է կամ ոչ, բայց եւ այն­պէս փաս­տա­ցի ե­րե­ւոյթ է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­մէ­նու­րեք ու ա­մէն տեղ իշ­խա­նու­թեան դէմ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին դժգո­հու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի: Բա­ցի ան­կէ, որ նոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը մոռ­նան, թէ այ­սօ­րուան ի­րադ­րու­թիւ­նը՝ ար­տա­գաղթ, ան­գոր­ծու­թիւն, աղ­քա­տու­թիւն եւ այլն պայ­մա­նա­ւո­րուած չեն մէկ ան­ձի մը ո­րո­շում­նե­րէն կամ գոր­ծե­լաո­ճէն, բայց եւ այն­պէս յստա­կօ­րէն կ՚ե­րե­ւի, որ գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան եւ հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դին մի­ջեւ կա­պի խզում մը կայ: Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չեն ու­զեր խօ­սիլ ժո­ղո­վուր­դին հետ: Եւ այս վար­կա­ծը ա­ւե­լիով կը հիմ­նա­ւո­րուի, ո­րե­ւէ դէպ­քի մը պա­րա­գա­յին ժո­ղո­վուր­դի հա­տուած­նե­րուն փո­ղոց իջ­նե­լուն հետ:

Այդ­պէս ե­ղաւ ան­ցեալ տա­րուան Յու­նի­սին, ու այդ­պէս է այ­սօր:

Մտա­հո­գի­չը սա­կայն այդ փո­ղոց իջ­նե­լը չէ, այլ առ­կայ խնդիր­նե­րու շատ յա­ճախ եր­կա­րաձ­գու­մը կամ իշ­խա­նու­թեան կող­մէ յա­ճախ կա­րե­ւոր մի­ջամ­տու­թեան մը ու­շա­ցու­մը:

Մինչ ցայ­սօր իբ­րեւ պա­տանդ կը պա­հուին չորս ոս­տի­կան­ներ, ո­րոնց մէջ գնդա­պետ­ներ Օ­սի­պեանն ու Ե­ղիա­զա­րեա­նը, զօ­րա­նո­ցի տա­րած­քին մօտ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի դէպ­քեր:

Չեմ ը­սեր տրա­մա­թիք դէպ­քեր, ո­րով­հե­տեւ հա­ւաք­նե­րուն մին­չեւ այս տո­ղե­րուն գրուի­լը հան­րու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւը գետ­նի վրայ նոր հար­թու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ու­ժը չու­նի:

Վե­րա­դառ­նա­լով քա­ղա­քա­կան գե­տին, յստակ է նաեւ, որ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մաս­նա­կից հիմ­նա­կան կող­մե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը կը փոր­ձէ իր «տաշ­տը» լեց­նել: Այս­պէս, մին­չեւ հի­մա ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի թուա­ցող Փա­շի­նեան-«Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» ա­մուս­նու­թիւն մը կը գո­յա­նայ, ո­րուն դի­մաց բա­ցա­յայ­տօ­րէն կ­­՚ե­րե­ւի, որ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը (ՀՅԴ), Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեանն (Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէս) ու իշ­խող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՀՀԿ) քա­ղա­քա­կան նոր շրջա­նա­գիծ մը կը կազ­մեն:

Ե­թէ ճիշդ վեր­լու­ծենք, պէտք է ա­մէն պա­րա­գա­յի դրա­կան գնա­հա­տել Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի հա­ւա­քի ժա­մերն ու օ­րա­կար­գը դա­սա­ւո­րե­լու մօ­տե­ցում­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց այդ տի­նա­միզ­մին, յստակ էր, որ Ե­րե­ւա­նի Է­րե­բու­նի շրջա­նին մէջ 21 Յու­լի­սին ոս­տի­կա­նու­թեան եւ բո­ղո­քա­րար­նե­րուն մի­ջեւ ե­ղած բա­խում­նե­րը կրնա­յին տա­րա­ծուիլ ամ­բողջ երկ­րէն ներս:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, Ուր­բաթ գի­շեր Է­րե­բու­նիի շուրջ գո­յա­ցած ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը կը յու­շէ, որ նոր ձե­ւա­ւո­րուող իշ­խա­նու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուի եր­կա­րա­տեւ պայ­քա­րի: Տա­կա­ւին պարզ չէ, որ մին­չեւ այս պա­հը այս դա­շինք­նե­րուն ե­րան­գապ­նա­կին մէջ ի­րենց տե­ղը չգտած (օ­րի­նակ՝ ԲՀԿ-ն) կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի՛նչ պի­տի ը­նեն, սա­կայն յստակ է, որ Փա­շի­նեան-Սէ­ֆի­լեան դա­շին­քը ծրագ­րուած ա­ժան­տա­յով մը հան­դէս պի­տի գայ:

Դէպ­քե­րը կրնան ծանր եւ վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րու անց­նիլ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ուր­բաթ օր իր հրա­ւի­րած խորհր­դակ­ցու­թեան նիս­տին ըն­թաց­քին շեշ­տը դրած է ա­մէն գնով ա­րիւ­նա­հե­ղու­թե­նէ խու­սա­փե­լու մա­սին: Նա­խա­գա­հը, որ ճիշդ դի­տար­կում մը ը­նե­լով հաս­տա­տած է, բռնի ու­ժի օգ­տա­գործ­ման ան­յու­սա­լիու­թեան եւ փա­կու­ղի տա­նե­լու մա­սին, եր­բեք պի­տի չու­զէ կտրուկ քայ­լե­րու դի­մել:

Այ­սօր պա­տանդ-զի­նեալ-ոս­տի­կան օ­ղա­կը սկսած է դառ­նալ երկ­րոր­դա­կան: Ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը, ո­րոնք պի­տի փոր­ձեն ա­մէն գնով յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րը ան­նա­խըն­թաց քա­նա­կու­թեամբ ցու­ցա­րար­նե­րով լեց­նել, պատ­րաստ են ա­մէն պա­րա­գա­յի այդ խա­ղա­քար­տը քա­ղա­քա­կան միա­ւո­րի վե­րա­ծե­լով՝ գետ­նի վրայ նոր ի­րադ­րու­թիւն ստեղ­ծել: Ա­նոնք նոյն­պէս կը խու­սա­փին բռնու­թե­նէ, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս ի­րենց, նոյն­պէս Հա­յաս­տա­նի հան­րու­թեան յի­շո­ղու­թեան մէջ թարմ կը մնայ 1 Մար­տի ա­րիւ­նա­լի բե­մագ­րու­թիւ­նը:

Բա­ցի ատ­կէ, յստակ է նաեւ, որ բռնի ու­ժով, զօ­րա­կա­յան գրա­ւե­լով, պա­տանդ վերց­նե­լով խնդիր ա­ռա­ջադ­րող «Սաս­նայ ծռեր» խում­բի տղա­քը վաղն իսկ ընդ­հան­րու­մի մէջ կրնան մտնել փո­ղո­ցը պա­հել փոր­ձող նոր դա­շին­քի ու­ժե­րուն հետ:

«Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ը, որ բա­ւա­կան ար­մա­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով եւ զի­նեալ պայ­քար տա­նե­լու սկզբուն­քին հա­ւա­տա­ցող ուժ մըն է, անց­նող տա­րի­նե­րուն չյա­ջո­ղե­ցաւ քա­ղա­քա­կան ի­րա­կան ուժ մը դառ­նալ: Ու իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ այդ խմբա­ւոր­ման զէնք ու զի­նամ­թերք ու­նե­նա­լու վե­րա­բե­րեալ վար­կած­ներն ու յա­ճախ տե­սա­նե­լի կամ ոչ-տե­սա­նե­լի ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րը այ­սօր կա­մաց-կա­մաց սկսած են տեղ գտնել:

Ի վեր­ջոյ, ուր­կէ՞ ե­կած է «Սաս­նայ ծռեր» տղոց ու­նե­ցած զէնքն ու զի­նամ­թեր­քը: Կամ այս բո­լո­րին դի­մաց ի՞նչ կար­ծիք ու­նի «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ի հիմ­նա­կան դէմ­քը՝ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նը: Սէ­ֆի­լեան, որ մին­չեւ այս պա­հը լռու­թիւն կը պա­հէ, պի­տի ըն­դու­նի՞, որ իր դա­տին հա­մար ա­րիւն թա­փուի Ե­րե­ւա­նի մէջ: Կամ վա­ղը, երբ այս խնդի­րը հան­գու­ցա­լու­ծուի, իշ­խա­նու­թիւ­նը պի­տի չփոր­ձէ։ Ա­մէն գնով զէնք կրե­լու կան­խա­վար­կա­ծը փուշ դարձ­նել ու մխրճել «Հիմ­նա­կան խորհր­դա­րան»ի մարմ­նին մէջ:

Այս­տեղ պէտք է նաեւ շեշ­տադ­րել Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու կե­ցուածք­նե­րը ե­ղած դէպ­քե­րուն ա­ռըն­թեր ու յատ­կա­պէս Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան բռնի ու­ժի կի­րա­ռու­մը մեր­ժե­լու մա­սին ե­ղած յայ­տարա­րու­թիւն­նե­րը:

Ճիշդ է, որ ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րը շատ տեղ կրնան չու­նե­նալ յա­ռա­ջի­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ, բայց եւ այն­պէս յստա­կօ­րէն կ­­՚ու­րուագ­ծուի, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու «Սաս­նայ ծռեր», հե­տե­ւա­բար՝ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ի հան­դէպ ու­նե­ցած մեր­ժո­ղա­կան կե­ցուած­քը նոյ­նը չէ «Քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գիր» կու­սակ­ցու­թեան եւ ա­նոր գլխա­ւոր ա­ռաջ­նոր­դին՝ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նին հան­դէպ:

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը կա­րե­ւոր են Հա­յաս­տա­նի հա­մար, ու այդ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին է նաեւ, որ յստակ պի­տի դառ­նայ Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թեան ի­րա­կան կե­ցուած­քը քա­ղա­քա­կան այս զար­գա­ցում­նե­րուն առ­ջեւ:

Պի­տի վստա­հի՞ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցին նոր ծնունդ առ­նող այս շար­ժու­մին, կամ հեր­թա­կան ան­գամ պի­տի գո­հա­նայ իր տան հա­մա­կար­գի­չին առ­ջեւ նստե­լով եւ ֆէյս­պու­քեան գրա­ռում­ներ կա­տա­րե­լով:

Այս հար­ցադ­րու­մը կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նը պի­տի ըլ­լայ շատ ա­ւե­լի վճռո­րոշ, ուր շրջա­նա­յին իր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ Հա­յաս­տան պի­տի նստի Ար­ցա­խի հար­ցի հան­գու­ցա­լու­ծու­մը պատ­րաս­տող բա­նակ­ցու­թեանց սե­ղա­նին:

Ու շատ ճիշդ պի­տի ըլ­լար, որ մեր եր­կի­րը այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն եր­թար միա­կամ, կազ­դու­րուած ու պատ­րաստ:

Բայց այդ­պէս չե­ղաւ:

Վե­րա­դառ­նա­լով յօ­դուա­ծին սկիզ­բը ար­ծար­ծուած մտքին, այն մա­սին, որ այս զար­գա­ցում­նե­րը ժխտա­կան անդ­րա­դարձ չեն կրնար ու­նենալ ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցին վրայ, պէտք է յստա­կօ­րէն դի­տար­կել ու ը­սել, որ Է­րե­բու­նիի շուրջ տի­րող մթնո­լոր­տը այ­սօր իսկ իր վատ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը ձգած է Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան ընդ­հա­նուր տրա­մագ­ծին վրայ:

Ճիշդ է, որ վի­ճա­կը ա­նե­լա­նե­լի չէ:

Ճիշդ է նաեւ, որ այս ի­րադ­րու­թեան դար­ման­ման հա­մար, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս պէտք է եր­թան զի­ջում­նե­րու:

Տխուր է սա­կայն, որ պատ­մու­թեան կեն­սա­փոր­ձէն սոր­վիլ չու­զող մեր ժո­ղո­վուր­դը կրնայ ան­գամ մը եւս իյ­նալ պա­ռակ­տու­մի քան­դիչ թա­կար­դին մէջ:

Յու­սանք, որ այդ­պէս չ՚ըլ­լար ու ... սպա­սենք:

Յ.Գ. Մինչ այս յօ­դուա­ծը իր ա­ւար­տին կը հաս­նէր, «ԳԱ­ԼԱ» կայ­քը կը յայտ­նէր Է­րե­բու­նիի խնդրին հան­գու­ցա­լուծ­ման մա­սին ա­ռա­ջին տե­ղե­կու­թիւ­նը: Ար­ցա­խի հե­րոս Վի­թա­լի Բա­լա­սա­նեա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին դրա­կան ա­ւարտ մը պի­տի շնոր­հեն խնդրին: Պա­տանդ­նե­րը ա­զատ պի­տի ար­ձա­կուին ու պի­տի բա­ցուի մա­մու­լի կէտ, ուր «Սաս­նայ ծռեր» խմբա­կը հան­դէս պի­տի գայ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով: Յա­ռա­ջի­կայ զար­գա­ցում­նե­րը խիստ կա­րե­ւոր են, ու ցոյց պի­տի տան, թէ Բա­լա­սա­նեա­նի ճիշդ ժա­մա­նա­կին ե­ղած մի­ջամ­տու­թիւ­նը ինչ­քա­նով դրա­կան է: Բա­ցի այս բո­լո­րէն, խնդրի հան­գու­ցա­լու­ծու­մին հետ կա­րե­ւոր հար­ցադ­րում­ներ կան տրուե­լիք այն քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն, ո­րոնք ա­ճա­պա­րան­քով եւ փութ­կոտ քայ­լե­րով փոր­ձե­ցին բո­լոր քար­տե­րը ի­րա­րու խառ­նել եւ հար­թակ ստեղ­ծե­լու ճիգ ը­նե­լով իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն պա­հան­ջել: Հար­ցու­մը, որ կը դրուի այս պա­հուն՝ ո՞ւր էին ա­նոնք մին­չեւ հի­մա եւ ի՞նչ տրա­մա­բա­նու­թեամբ փոր­ձե­ցին փո­ղո­ցը «գրա­ւել»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016