ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳ ԴԱՌՆԱԼԷ ՏԱՐԻ ՄԸ ՎԵՐՋ՝ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ԻՇԽԱՆ ԼՈՒՐՋ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

2017 թուականի յունիսին, Մուհամմէտ իշխանը պաշտօնապէս կը դառնար Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ։

Սելման թագաւոր, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը նախապատրաստէր այս «թաւշեայ» քայլը՝ կը հաւատար, որ իր թագաւորական ժամանակաշրջանը ամուր հիմերու վրայ դնելու համար անհարժեշտ են երկու կարեւոր տուեալներ.

ա- Ուժեղ գահաժառանգ

բ- Ուաշինկթընի մօտ «վստահելի» ուժական դեսպան։

Գահաժառանգ Մուհամմէտի իշխանութեան վրայ երեւիլը սպասելի էր այն առումով, որ այդ երկրի ներքին «խլրտումներ»ուն հետեւող վերլուծաբաններ տարբեր առիթներով նկատած էին, թէ Սելման թագաւոր, նախքան թագաւորական գահ բարձրանալը, տարբեր յստակ քայլեր կատարելով իր շրջանակին «յայտնած էր», որ եթէ ինք իշխանութեան գլուխ հասնի, իր որդին՝ Մուհամմէտը պիտի դառնայ երկրի թիւ երկու գործիչը։

Դէպի Եամամա թագաւորական պալատ Մուհամմէտ իշխանի ճանապարհը հեշտ չէր։ Իր առջեւ ցցուած էին բազմաթիւ արգելքներ, որոնք ունէին «ընտանեկան» բարդ դրուածքներ ու պարզ կը սկսէր դառնալ, որ սկիզբ առած պայքարը մէկ կողմէ Սելման թագաւորի թեւին եւ միւս կողմէ ալ՝ Ապտիւլազիզ եւ Ապտուլլահ թագաւորներու «թեւեր»ուն միջեւ ընթացք առած պայքար մըն է։

Մուհամմէտ պին Սելման, որ իր հանրային երեւումով հանդէս կու գար յատկապէս տնտեսական ծրագրով մը, առաջին փուլին կ՚ուզէր «հաւաստիացնել», թէ ինք չէ եկած «վրէժ» լուծելու, կամ թագաւորական մրցավազքէն միւս բոլոր թեկնածուները խաղէն դուրս հանելու ծրագրով։

Պին Սելմանի «պատրաստած» ծրագիրը կը կոչուէր «Սէուատական Արաբիա. Տեսիլք 2030» խորագիրը, որուն մէջ ալ երիտասարդ գահաժառանգը կը շեշտադրէր, թէ թագաւորութիւնը մուտք պիտի գործէ նոր փուլ մը, որուն տնտեսական գլխաւոր «ձեռքբերում»ը պիտի ըլլայ նաւթի տնտեսութիւնը փոխարինել այլ տնտեսական գործառնութիւններով, որոնց ամենէն հիմնականը պիտի ըլլար հզօրացնել նաւթը փոխարինող տնտեսական միջոցները։ Անոնց շարքին անշուշտ հիմնական տեղ պիտի գրաւէր տարբեր արդիւնաբերական ոլորտներու ուժեղացումով եւ այդ արտադրութիւնը միջազգային սակարանի գլխաւոր համաշխարհային սանդղակին վրայ «երեւելի» դարձնելով։

Սելմանի յայտարարած այս տնտեսական ծրագիրը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ լուսանցքի վրայ, նպատակ ունէր նոր ճանապարհներ ցոյց տալ սէուտցի այն գործարարներուն, որոնք խորապէս մտահոգ էին նաւթարդիւնաբերութեան ապագայով, տրուած ըլլալով նաեւ, որ այս շրջանին 19 միլիոն տակառ նաւթ օգտագործող Միացեալ Նահագները յառաջիկայ տարիներուն պիտի դառնար ինքնաբաւ, ինչպէս նաեւ պիտի զբաղեցնէր աշխարհի մէջ նաւթ արտադրող երկիրներու առաջին դիրքը, իր ետին ձգելով Սէուտական Արաբիան եւ Ռուսաստանը։

Այս բոլորը անշուշտ կը նշանակէին, որ սէուտցիներուն համար անհրաժեշտ ու կարեւոր է բանալ տնտեսական նոր ուղիներ. որովհետեւ Միացեալ Նահագներու հետ համագործակցութեան ոլորտները կրնային լուրջ վնասներ կրել վերջիններուն նաւթի հանդէպ հետաքրքրութեան պակասով, ինչ որ բնականաբար «քաղաքական» հիմք չունի, այլ կը տեղադրուի տնտեսական հաշիւներու ու շահերու ընդհանուր ոլորտին մէջ։

Վերադառնալով Մուհամմէտ իշխանին, որուն թագաւորական երկրորդ գահը գրաւելու հանգամանքը շատեր կը նմանցնեն Սէուտական Արաբիոյ հիմնադիր Ապտիւլազիզ պին Սուուտ թագաւորի իշխանութիւնը ստանձնած ժամանակաշրջանին։ Նմանութիւն այն իմաստով, որ Մուհամմէտ Սէուտական թագաւորութեան հիմնադիրին նման՝ պարտաւորուած էր ներքին պայքար մղել եւ իր շուրջը «մաքրել» բոլոր անոնցմէ, որոնք լրջագոյն սպառնալիք կը համարուէին դէպի թագաւորական գահ հասնելու իր ճանապարհին առջեւ։

Գահաժառանգի պաշտօն ստանձնելէն մինչեւ այս տարուան փետրուարը Մուհամմէտ իշխան կը հատէր կարեւոր ճանապարհ մը։ Անցեալ փետրուարին «կ՚իրականացուէր» Ռիատի «Ռիթց պանդոկի գործողութիւն»ը, որ կը համարուէր թագաւորութեան այս ժամանակշրջանի գլխաւոր անկիւնադարձային դէպքը։ Անշուշտ այդ «գործողութեան» շնորհիւ էր, որ թագաւորական մրցապայքարէն դուրս կը ձգուէին տասնեակ իշխաններ, որոնց ամենէն գլխաւորը կը համարուէր Մուհամմէտ պին Նայէֆ իշխանը, որ աւելի վաղ հեռացուած էր գահաժառանգի իր պաշտօնէն։

Մուհամմէտ պին Նայէֆ, որ կը համարուէր թագաւորութեան մէջ կարեւոր դիրք զբաղեցուցած Նայէֆ գահաժառանգ իշխանին որդին, իր վարկով, գործունէութեամբ եւ դիրքով կը համարուէր թագաւոր դառնալու գլխաւոր յաւակնորդը, յատկապէս, որ արեւմտեան շրջանակներուն մօտ ալ մեծ յարգանք կար անոր հանդէպ։ Ամէն պարագայի սակայն, Պին Սելման իր կատարած «յեղափոխական» քայլով՝ կը յաջողէր մէկ հարուածով վերացնել բոլոր այն ներքին վտանգները, որոնք կային իր դէմ, նաեւ կը յաջողէր մտնել թագաւորական սեղմ օղակին մէջ ու բնականաբար պատրաստուիլ յառաջիկայ «մարտեր»ուն։

Թագաւորութեան ներքին զարգացումներուն հետեւող վերլուծաբաններուն համաձայն, Մուհմամմէտ իշխան եթէ թագաւորական գահ հասնի, «յաջողութեամբ» եւ երկար ժամանակով պիտի ղեկավարէ երկիրը։ Սակայն խնդիրը այն է, որ ներքին «պատուար»ներէն անդին անոր դէմ ցցուած պիտի ըլլան արտաքին հարցեր, որոնք կրնան ազդել թագաւորութեան ներքին անդորրին ու ընդհանուր անվտանգութեան վրայ։

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԵՏ «ՍԻՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ»

Սելման թագաւոր լաւ կը հասկնար, որ թագաւորութեան համար ամենէն կարեւոր առանցքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութեան «կայուն» մնալն էր ու այդ առումով ալ ան ամերիկացիներուն «կանաչ լոյս» մը տալու համար Ուաշինկթընի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատէլ ալ Ժուպայրը կը նշանակէր թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար (2015) ու նաեւ իր որդին՝ Խալէտը կը դարձնէր նոր դեսպան։

Այս քայլով անշուշտ թագաւորը կ՚ուզէր անգամ մը եւս վերահաստատել, որ Ամերիկայի հետ իրենց յարաբերութիւնը «անփոխարինելի» է ու իրենց համար գերագոյն խնդիր է պահպանել ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր գիծը։

Բաց աստի, Սելման թագաւոր հակառակ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձին շուրջ առկայ հարցականներուն եւ անվստահութեան մթնոլորտին, ոչ միայն կը հիւրընկալէր զայն, այլ նաեւ զինուորական-տնտեսական մեծ գործարք մը կնքելով՝ նոր հարթութեան կը բարձրացնէր Սէուտական Արաբիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները։

Այս բոլորէն ետք Մուհամմէտ գահաժառանգ կը ձեռնարկէր կարեւոր քայլերու ոչ միայն իր հօր «ձեռքբերումներ»ը պահպանելու, այլ նաեւ աշխուժացնելու Ռիատ-Ուաշինկթըն եւ Ռիատ-Մոսկուա կապերը։

«Պապէն աւելի պապական» ըլլալու միտումներով ան «կրակ կը ժայթքէր» Իրանի դէմ՝ «հաւաստիացնել»ով, որ Իրան իրենց համար կը շարունակէ մնալ թագաւորութեան գլխաւոր թշնամին, քիչ մը առաջ երթալով ու յայտարարելով, որ իրենք պատրաստ են Իրանի «ձեռքերը կոտրել»ու։

Խօսքի սահմաններուն մէջ մնացած այս սպառնալիքներէն անդին Մուհամմէտ իր ունեցած զինուորական ամբողջական ներուժը հաւաքելով կը «մտնէր» եմէնեան պատերազմին մէջ, որ թագաւորութեան համար կը վերածուէր իսկական ճահիճի, ուր Իրան իր ողջ երեւելի ու աներեւոյթ լծակները գործի դնելով ցայսօր ալ կը փորձէ «ծունկի բերել» Ռիատը։

Բացի այս բոլորէն, Մուհամմէտ գահաժառանգին համար գոյութիւն ունէր Սուրիոյ տագնապին մէջ թագաւորութեան կրած «նահանջ»ին, նաեւ Լիբանանէ ներս քաղաքական մեծ միաւորներ «տանուլ տալու» հարցը, որ բնականօրէն կը դառնային ծանր հարուածներ երիտասրդ գահաժառանգին համար։

Այս բարդ խնդիրներուն դիմաց Մուհամմէտ իշխանի մեծագոյն սխալը կը դառնար Իսրայէլի հետ «բացայայտ» կերպով յարաբերութիւններ մշակելու մասին անոր հնչեցուցած խօսքերը, որոնք ապագային ալ կրնան լուրջ սպառնալիք դառնալ անոր «համարաբական դիմագծին»։

Ան իր նախորդներուն պէս կը մերժէր Իսրայէլը ճանչնալ թշնամի ու այդ մէկը անշուշտ կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն Սէուտական Արաբիոյ, այլ ամբողջ Արաբական ծոցի երկիրներուն համար, որոնք կը փորձեն հետեւիլ Սէուտական թագաւորութեան արտաքին քաղաքականութեան։

Բացի արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր առջեւ ցցուած հիմնահարցերէն, Մուհամմէտ այսօր կը դիմագրաւէ տնտեսական բարեկարգումներ կատարելու մարտահրաւէր, որովհետեւ նախքան իշխանական գահ բարձրանալը, ան ամենատարբեր առիթներով յայտարարած է, թէ իրեն համար մեծագոյն խնդիրն է աւելի ապահով եւ բարօր դարձնել իր հայրենակիցներուն կեանքը։

Ամէն պարագայի տակ իր գահաժառանգ դառնալէն արդէն տարի մը անց պարզ սկսած է դառնալ, որ գահաժառանգ Մուհամմէտի ճանապարհը այդքան ալ հեշտ չէ ու անոր արտաքին ճակատին վրայ գործած սխալները կրնան սուղ արժել դէպի թագաւորական գահ «վազող» իշխանին վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2018