Ակնարկ
Մարդ արարածը ամբողջութիւն մըն է՝ շունչի, յոյզի եւ միտքի:
Չարենցի մէկ երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը (76 տող) «ԽՈՀ» խորագրի տակ, կը սկսի այսպէս.- «Ես մարդ եմ, պոէտ ու քաղաքացի»: Ապրելակերպ մը, իր վերիվայրումներով, զգացումներու զեղումներով, ցանկութիւններու ջերմութեամբ, խոհերով, սէրերով տրուած է հակիրճ ու սեղմ, ինչպէս նաեւ իր յարաբերութիւնները շրջապատի պարտականութիւններով, պայքարներով, կապուածութեամբ իր ժամանակաշրջանի պահանջներուն գիտակից ընթացքով. «Ես ամէն տանջանք տարել եմ սիրով»: Սակայն ոչ մէկ բան կայուն է այս յարափոփոխ աշխարհի մէջ ու.- «Ես դարիս ահեղ փորձութեան պահին /Ոչ միայն հատու երգեր եմ կռել, /Այլ մարտ եմ մղել կեանքի ու մահու, /Որպէս մի զինուոր:» Դարուն մէկ ստիպողականութիւնը, ուր բանաստեղծ մը անկիւն մը ծուարելով ներաշխարհին հետ սիրաբանութեան անձնատուր չէ եղած, այլ՝ իբրեւ մարդ նաեւ որ կարող է զէնք գործածել յանուն պահանջի, արդար դատի.- «Ես կապուած եմ իմ վիթխարի դարին»: Առանց մոռնալու թէ սիրտ մը կը տրոփէ իր կուրծքին տակ յոյզերով բազում թէ՝ «Մրգեր կան հասուն մարգեր կան կանաչ»: Վերջապէս ռազմի դաշտի զինուորը մարդ ըլլալէ դադրած չէ, սակայն առաջնահերթութիւնը կը պատկանի պայքարին, յանուն կեանքի, երբ կայ թշնամի ու արիւնոտ պայքար, ուստի, զգացմունքները յաղթահարելով, որոնք չեն կրնար կորսուիլ, ընդհակառակը՝ կը բորբոքին լռելեայն. Եւ հո՛ն է մարտիկի հերոսութիւնը, երբ ունի միայն մէկ թիրախ այդ ալ՝ պարտականութիւնը արժանավայել իրականացնելու մէջ փակելով բանաստեղծութեան Մուսային բերանը, ապագայի տեսլականով, երբ աւարտի ռազմը, ու քաղաքացին իբրեւ այդ, մէկ անդամը ընկերութեան ունենայ հանգիստ ապրելու իրաւունք:
Կեանք է սա բազմաթիւ ելեւէջներով, որուն ընթացքին՝ «Ընկել եմ յաճախ, բարձրացել էլի՛ /Եւ բազմապիսի երգեր եմ գրել /Խոհով, պայքարով ու կրքերով լի՛»։
Ընկել եմ յաճախ… որքան բնական այս աշխարհի խաղին մէջ: Այլ քերթուածով մը՝ սլաքը կ՚ուղղուի «ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԻՍ» ուր՝ «Ես ա՛յլ եմ հիմա, այլեւս այն չեմ-» ու ոլորապտոյտ ճամբու ընթացքին ալ ա՛յլ տեղ կ՚ոգեկոչէ (ինչպէս կ՚ըսեն խեղթուողը օձին կը փարի,) «ՀԴԱՀՅՈՒՆ»ը…
Մարդ արարածը ամբողջութիւն մըն է շունչի, յոյզի եւ միտքի: Պարագաներու եւ գուցէ եւ այլ տուեալներու առիթով կը դրսեւորուի բանաստեղծը կամ գուցէ մարտիկը, գիտնականը կամ քաղաքագէտը ըստ անհատի եւ առիթներու: Վերջին հաշուով կեանքի հոսանքը հողմամրրիկէ մըն ալ աւելին է երբեմն: Երանի ճակատագրի հաւատացողներուն:
Երանի ատենի նշանառուին:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՕՇՈՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան