ՂՈՒԿԱՍՈՒ Ա­ՒԵ­ՏԱ­ՐԱ­Ն (Բ .)

Գ) Ե՞ՐԲ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԳՐՈՒԱԾ Է ԱՅՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ

Ղուկասի աւետարանի գրութեան թուականը ճշդելու համար, զանազան տարակարծութիւններ կան։ Կան ոմանք, որոնք կ՚ուզեն հեռացնել ու անջատել անոր գրութիւնը իր բուն հեղինակէն՝ Ղուկասէն, եւ կը դնեն զայն 80 եւ 90 թուականներուն միջեւ, ուրիշներ՝ 75 եւ 85 թուականներուն, իսկ ոմանք ալ՝ 70 թուականէն առաջ։ Օրինակ, Երանոս կ՚ըսէ, թէ Ղուկաս իր գիրքը գրած է Պօղոս առաքեալի մահէն առաջ, այսինքն՝ շուրջ 63-67 թուականներու միջոցին։

Քննադատներէն ոմանք, կ՚ըսեն թէ այս Աւետարանին մէջ Յիսուս կատարած է կանխագուշակութիւններ Երուսաղէմի տաճարի կործանման մասին (Հմմտ. Ղկ 21.5-36, 23.28-31)։ Հետեւաբար, անոնք այս ճշմարտութեանց վրայ հիմնուելով կ՚ըսեն, թէ այս Աւետարանը գրուած է Երուսաղէմի տաճարի կործանումէն վերջ, հաւանաբար 70-75 թուականներու միջոցին կամ աւելի ուշ։ Երկրորդ, այս քննադատները կը պատճառաբանեն ըսելով, թէ Ղուկաս Մարկոսի աւետարանը գործածած է որպէս աղբիւր։ Հետեւաբար, անկարելի է ըսել, թէ Ղուկաս կրնայ գրած ըլլալ 70 թուականէն առաջ, տրուած ըլլալով որ Մարկոսի աւետարանը գրուած է 65-67 թուականներուն։

Անոնք, որոնք Ղուկասի աւետարանին գրութիւնը 70 թուականէն առաջ կը դնեն, կը հերքեն վերոյիշեալ երկու փաստերը. անոնք կ՚ըսեն, թէ Յիսուս Ղուկասի աւետարանին մէջ ներկայացուած է որպէս առաջնորդ, վարդապետ եւ մարգարէ իր իսկ յայտարարութեամբ (Հմմտ. Ղկ 4.16-30, 13.31-35) եւ միեւնոյն ժամանակ ժողովուրդին կողմէ ընդունուած էր որպէս մարգարէ (Հմմտ Ղկ 7.39, 9.18, 19, 24.19)։ Շատ բնական է, որ Քրիստոս՝ որպէս մարգարէ իր պատգամին մէջ նաեւ նախաձայնութիւններ ընէր մօտալուտ կործանումին մասին։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Ղուկասի Մարկոսի աւետարանը օգտագործած ըլլալու հարցին մասին, անոնք կ՚ըսեն, թէ Ղուկաս եւ Մարկոս մէկ աղբիւրէ օգտուած են։ Այս իմաստով թուականի տեսանկիւնէն՝ անոնք երկու իրարմէ անկախ գրութիւններ են, ու հարկ չէ դնել Ղուկասի գրութիւնը Մարկոսի աւետարանին գրութենէն ետք։

Նշենք, թէ այսօր Նոր կտակարանի մասնագէտներուն ու ուսումնասէրներուն մեծ մասը Ղուկասի գրութեան թուականը կ՚ընդունի 70-էն առաջ, այսինքն 63-67 թուականներու միջեւ, յարգելով եկեղեցական հայրապետներուն կարծիքը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի իր գրութեան վայրին։ Ղուկաս աւետարանիչ կը կարծուի իր պատմական պրպտումները կատարած է Կեսարիոյ, Անտիոքի ու Պաղեստինի շրջաններուն մէջ, ուրկէ հաւաքած է իր գրելիք աւետարանի աղբիւրները։ Բայց եւ այնպէս ուսումնասէրներ կ՚ըսեն, թէ Ղուկաս իր աւետարանը վերջնականապէս գրած է Հռոմի մէջ։

Դ) ԳՐՔԻ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ղուկասի Աւետարանին հեղինակը առաջին օրէն իսկ նկատուած է Ղուկաս։

Բազմաթիւ վկայութիւններ կան հայրերու (Եւսեբիոս, Իգնատիոս, Պողիկարպոս, Տատիանոս, Տերտուղիանոս, Որոգինէս, Յուստինոս Վկայ, Կղեմէս Աղեքսանդրացի) կողմէ, որոնք կը հաւաստեն, թէ Ղուկասն է երրորդ Աւետարանին հեղինակը եւ կ՚ընդունին զայն որպէս Աստուծոյ ներշնչեալ խօսք։

Բ. դարու հերետիկոսներէն (140 թուին) Մարկիոն իր կանոնին մէջ ընդունած է այս աւետարանը, սակայն հեղինակը չի յիշեր։ Մուրատորիի կանոնը այս աւետարանին մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Երրորդ գիրքը Ղուկասի աւետարանն է։ Ղուկաս բժիշկն է, որ Պօղոս իր հետ առաւ որպէս իր ճամբորդութեան ընկերը։ Ան գրի առաւ այս աւետարանը իր իսկ նախաձեռնութեամբ, հիմնուած իր ստացած տեղեկութեանց վրայ»։ Իսկ Երանոս կ՚ըսէ. «Ղուկաս որպէս ընկեր Պօղոսի, իր աւետարանը գրեց Պօղոսի քարոզութեանց հիման վրայ»։ Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, Ղուկաս հինէն ի վեր Պօղոսի գործակից եւ աշակերտ նկատուած է. ասոր համար Պօղոսի գաղափարի ազդեցութեան հետքերը կը գտնենք իր երկու գործերուն մէջ։ Այս պատճառով Ղուկասու աւետարանը նաեւ կոչուած է «Պօղոսի աւետարան»։

Ղուկաս նաեւ հեղինակն է Գործք առաքելոց գրքին։ Երկու գիրքերն ալ գրուած են յունարէնով եւ ունին նոյն ոճը եւ նոյնանման են իրենց արտայայտչաձեւերովն ու դարձուածքներովը։ Իւրաքանչիւր հատորին նախաբանին մէջ յիշուած է նոյն անունը՝ Թէոփիլոս, որուն ուղղուած կը թուի ըլլալ գրութիւնը։ Երկու գիրքերուն մէջ ալ բժշկական բառերու բացատրութիւններ իրենց շիտակ իմաստով գործածուած են, եւ ցոյց կու տան, թէ երկուքն ալ ուսեալ բժիշկի մը կողմէ խմբագրուած են։ Այստեղ աւելցնենք, որ այս երկու գիրքերուն բովանդակութեանց տարբերութիւնները երբեք հակասական չեն. ընդհակառակը՝ անոնք կը թուին ըլլալ իրարու լրացուցիչ։ Գործք առաքելոցը կ՚ամբողջացնէ Ղուկասի աւետարանը, ճիշդ ինչպէս հեղինակը ինք կ՚ուզէ յայտնել, երբ ան կը գրէ. «Առաջին պատմութիւնը ըրի, ով Թէոփիլոս…» (Գրծ 1.1)։

Վերջապէս, երբ Եկեղեցւոյ հայրեր 4-րդ դարու վերջերը սկսան վերջնական ձեւի մէջ դնել Նոր կտակարանի կանոնը, Ղուկասի աւետարանը արդէն հաստատուած էր որպէս Աստուածաշունչ մատեանին մէկ մասը բոլոր եկեղեցիներէն ներս։

Ե) ՂՈՒԿԱՍԻ ԼԵԶՈՒՆ ՈՒ ՄԵԹՈՏԸ   

Ղուկաս իր աւետարանը գրած է յունարէն լեզուով, որ ժամանակի գործածական լեզուն էր։ Ան տիրապետած էր յունարէն լեզուին ու անոր դարձուածքներուն։ Բոլոր ուսումնասէրները կը հաստատեն՝ ըսելով, թէ Ղուկասու աւետարանը աւետարաններուն մէջէն ամենահարուստ ու յղկուած լեզուով գրուած միակ աւետարանն է։ Ան խուսափած է լատինական դարձուածքներ գործածելէ։ Օրինակ. «Ամէն»ի փոխարէն գործածած է «Ճշմարիտ», «Ճշմարտապէս» բառերը։ «Րաբբի»ի փոխարէն՝ «Ուսուցիչ», «Վարդապետ» բառերը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր մեթոտին։

1) Ղուկասի մեթոտը պատմական է։ Ղուկասի նպատակն էր ճշգրիտ եւ հեղինակաւոր աղբիւրներու հիման վրայ գրել, այն ինչ որ իրապէս տեղի ունեցած էր Քրիստոսի ժամանակաշրջանին։ Աշխարհագրական վայրերը յիշած է ճշգրիտ ձեւով եւ մանրամասնօրէն։ Որպէս պատմիչ, ան դէպքերը տեղադրած է յաջորդական եւ տրամաբանական շրջանակի մէջ։

2) Ղուկասի մեթոտը գրական է։ Ղուկաս իր աւետարանը գրած է ժողովրդային պարզ լեզուով։ Ան իր մտքերը ճիշդ շարադրելու համար համապատասխան բառեր ընտրած է։ Ղուկաս մտադիր էր, որ իր գործը լայնատարած գործածութիւն ունենայ։ Ուստի, իր ժամանակուան գրական կանոնները որդեգրած է։ Ան իր Աւետարանին մէջ նախաբան մը գրած է, որուն մէջ ներկայացուցած է իր ամբողջ գործը։ Նշենք, որ ընդհանրապէս նախաբանի մը մէջ կը գրուէին տուեալ գրքոյկին գրելու պատճառները եւ հեղինակին նպատակը։

3) Ղուկաս իր Աւետարանը գրած է աստուածաշնչական մեթոտաբանութեամբ։ Ուսումնասէրներէն ոմանք Ղուկասը կը դասեն Եկեղեցւոյ առաջին աստուածաբաններու շարքին։ Ան ոչ միայն պատմական դէպքերը գրի առած է, այլեւ փորձած է աստուածաշնչական յայտնութիւնները փաստել, Հին կտակարանի եւ Յիսուսի կեանքի պատահարները իրարու միացնելով եւ ապա զանոնք համեմատելով (Տե՛ս, Ղկ 4.16-21, 24.25-27, 44-47)։

Զ) ՂՈՒԿԱՍԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ

Մարկոս, Մատթէոս եւ Ղուկաս գործածեցին մէկէ աւելի նման արձանագրութիւններ, երբ սկսան գրի առնել իրենց աւետարանները։

Ղուկաս իր ձեռքին տակ ունեցած է Մարկոսի աւետարանը, ինչպէս նաեւ օգտագործած է «Բանք Տեառն» աղբիւրը։ Օգտուած է նաեւ երրորդ աղբիւրէ մը, որ Պաղեստինեան Կեսարիոյ քաղաքի Եկեղեցիին յատուկ էր։

Ըստ աւանդութեան, Ղուկաս իր տեղեկութիւնները հաւաքելու համար օգտուած է Մարիամ Աստուածածինէն եւ Քրիստոսի եղբայր՝ Յակոբոսէն, որ այդ ժամանակուան Երուսաղէմի եպիսկոպոսն էր։

Ուսումնասէրները մեծաւ մասամբ կ՚ընդունին, թէ Ղուկաս իր աւետարանը գրելու ժամանակ իր ձեռքին տակ ունեցած է «Quelle» եւ «L» կոչուած աղբիւրները։ «Quelle» կոչուած աղբիւրը գոյութիւն ունէր Մարկոսի աւետարանին գրութենէն առաջ։ Այս աղբիւրը առաւելաբար իր մէջ կը պարփակէր Յիսուսի խօսքերը, ուսուցումները եւ քարոզները։ Իսկ ինչ կը վերաբերի «L» կոչուած աղբիւրին։ Այստեղ պէտք է բացատրութիւն մը տալ։ Լատիներէն «L» գիրը կամ յունարէն «L»ը, հայերէնի մէջ «Ղ»ով կը տառադարձուի։ Ուրեմն, «Ղուկաս» բառը տառադարձութիւնն է լատիներէն «Lucas», կամ յունարէն «Loukas» բառին։ Որպէս աղբիւր, ան կը նշուի Ղուկաս լատիներէն սկզբնատառով, ու կ՚ակնարկէ երրորդ Աւետարանին այն մասերուն, որոնք կը գտնուին միայն Ղուկասի աւետարանին մէջ։ Այս Աղբիւրը կը գրաւէ Ղուկասի աւետարանին կէսէն աւելին (59%)։

Վերջապէս, Ղուկաս օգտուած է նաեւ գրաւոր կամ բերանացի աղբիւրներէ, առաքեալներուն եւ աշակերտներուն պատմութիւններէն, ականատեսներէն ու ականջալուր եղողներէն, ինչպէս ինք իր աւետարանի նախաբանին մէջ կ՚ըսէ. «Շատեր ձեռնարկեցին պատմելու եւ դասաւորելու այն բոլոր դէպքերը, որոնք տեղի ունեցան եւ որ մեզի աւանդեցին անոնք՝ որոնք սկիզբէն իսկ անոնց ականատես եւ Աստուծոյ խօսքին քարոզիչ եղան» (Ղկ 1.1-2)։

Աշ­խա­տա­սի­րեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018