ԿԱԽՄԱՆ ԿԷՏՈՎ

Ա­մէն շար­ժում, որ տե­ղա­փո­խու­թիւն կ­­՚են­թադ­րէ ու­նի իր ճամ­բան, ծո­վու ձու­կը, ցա­մա­քա­յին ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, ինչ­պէս ն­­աեւ՝ օ­դա­յի­նը:

Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ճամ­բան ո՞րն է ար­դեօք, մի­թէ մէկ ու միա՞կ է, թէ՝ պէտք է այդ­պէ՛ս ըլ­լայ:

Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ճամ­բան կ՚անց­նի ո­մանց ստա­մոք­սէն, հո­ղի բեր­քէն. բերք, ո­րով կը սնա­նի կեն­դա­նա­կան մար­մի­նը, ինչ­պէս՝ խո­տը կը սնու­ցէ ա­րա­ծող ոչ­խարն ու կո­վը, ու այլ բու­սա­կա­նու­թիւն ու ծա­ռեր, այ­գի... ե­ւ այլն, ըստ հար­կի: Վեր­ջա­պէս կեան­քի ա­պա­հո­վու­թե­նէն. ա­սոր հա­մա­ձայն ե­ղող­ներն ան­շուշտ ի­րենց ա­սոյ­թը ու­նին. «Ո՛ւր հաց հոն՝ կաց»: Վեր­ջա­պէս մար­դը պի­տի ապ­րի, ինչ որ ո­րե­ւէ շնչող կեն­դա­նիի ի­րա­ւունքն է, անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, իսկ թէ ինչ­պէ՞ս կը բա­ցատ­րուի «հո­ղին կան­չը»:

Ի խո­րոց սրտի, հո­ղը իր մէջ կը պար­փա­կէ ոչ միայն ան­ցեալ մը ամ­բողջ, դա­րե­րու եր­կայն­քին ա­րիւ­նով ու քրտին­քով պա­հուած-պահ­պա­նուած տա­րած­քը եւ ներ­կա­յի ի­րա­կա­նու­թեան հաս­նող պատ­մա­կան ճա­նա­պար­հը, այլ՝ ան­կէ ներշն­չուած ու ա­նով ա­ճող ու զօ­րա­ցող սէ­րը, հա­ւատ­քը ու յոյ­սը. նե­տի նման ա­պա­գա­յի սլա­ցող տես­լա­կան. եւ այս զգա­ցում­նե­րուն ու մտա­ծում­նե­րուն ի­րա­ւա­կան տէ­րը ու­րիշ մէ­կը չի կրնար ըլ­լալ ե­թէ ոչ՝ հո­ղին վրայ ապ­րողն ու ա­նոր օ­դը շնչո­ղը եւ կամ՝ իր հո­գիին մէջ ա­ւե­լի ուժ­գին կա­պուա­ծու­թիւն ու­նե­ցո­ղը, քան հո­ղին վրայ ապ­րող ան­տար­բեր մը. ու ե­թէ բա­նաս­տեղծ է, ինչ­պէս Անդ­րա­նիկ Թէր­զեան կը գրէ.

Երբ անձ­րե­ւի օ­րօ­րու­մէն վերջ նո­րէն

Կ՚ա­ճի ար­գան­դը հո­ղին ա­րե­ւա­շող բուր­մուն­քով...

Թէր­զեան հա­լէ­պա­հայ էր եւ սա­կայն՝ իր հո­գիին մէջ ու­նէր Մայր Հա­յաս­տա­նը ու մարդ­կայ­նա­կան յոյսն ու պայ­քա­րը, յա­նուն՝

Դէ­պի բա­ցուող մեծ վա­ղուան:

Ակ­նե­րեւ է ն­­աեւ, երբ եղեռնը նե­տած էր մեզ աշ­խար­հի չորս ծայ­րե­րուն, ե­ղան, ո­րոնք ա­ւե­լի փա­րե­լով ներ­քին հայ­րե­նի­քին, ինչ­պէս ա­ռաձ­գա­կան իր, որ հե­ռա­նա­լով ա­ւե­լի՛ կը մօ­տի՝ թո­ղած տուն-տեղ ու ե­կան իբ­րեւ կա­մա­ւոր՝ հայ­րե­նի­քի սի­րոյն, որ ա­ւե­լի քան ի­րա­կան է հո­գի­նե­րուն մէջ. եւ գու­ցէ կան, ո­րոնք հայ­րե­նի հո­ղին վրայ ըլ­լա­լով հան­դերձ, տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով ան­հա­ղորդ ե­ղած են հայ­րե­նի­քի օ­գու­տի կան­չին, ի­րենց ան­տար­բե­րու­թեամբ եւ կամ ալ լ­­քե­լով...

Ա­մէն ոք ու­նի իր հո­գեապ­րկում­ներն ու հա­յե­ցա­կէ­տե­րը, ո­րոնց հա­մե­մատ ոտ­քե­րը կը շար­ժին ու­ղիի մը հե­ռան­կա­րով:

Ռուբէն Սե­ւակ ա­ռի­թով մը գրած է. «Խիղ­ճը բառ մըն է...» եւ այդ­պէս՝ ո­մանց հա­մար ալ՝ հայ­րե­նի­քը:

(Ի դէպ այս քսան­մէ­կե­րորդ դա­րուն հայ­րե­նի­քի զգա­ցո­ղու­թիւնն ու սահ­մա­նու­մը ա՛յլ է, ինչ որ նախ­կին դա­րե­րու մէջ: Եւ զա­նա­զան շրջան ու­նե­ցած է իր մօ­տե­ցու­մը, երբ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն ը­սուա­ծը նիւթ իսկ չէր Եւ­րո­պա­յի մէջ):

Իսկ այս դա­րուն, գա­ղա­փա­րը տե­ղի տուած է հեշ­տա­մո­լու­թեան, սէ­րը դի­մա­կա­ւոր է, յոյ­սը՝ ջրա­մոյն, իսկ հա­ւատ­քը կը փնտռուի, զգաս­տու­թեան զան­գեր շատ, կո­չեր՝ բազ­մա­ձայն եւ սա­կայն...

Եր­կիր­ներ կան, ո­րոնք ամ­բար­տակ­ներ ու­նին տե­ղա­ցող անձ­րեւ­նե­րը ի­րենց մէջ ըն­դու­նե­լու, պա­հե­լու, որ­պէս­զի հե­տա­գա­յին կա­րե­լի ըլ­լայ օգ­տա­գոր­ծել եւ պա­հան­ջել ի հար­կին:

ՄԵՐ ԱՄ­ԲԱՐ­ՏԱԿ­Ը՝ ՄԵՐ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­Ն­Ը

Սա­կայն անդ­ունդ կայ տե­սա­կան­ը գործ­նա­կան­ին կամրջ­ող: Ո՞վ պիտ­ի կամրջ­է եթ­է ոչ՝ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու- թիւն­ը, հա­մազ­գա­յին, միա­լար­ուած տես­լա­կա­նով ու ծրագ­իր­ով...

Յ.Գ. Պիտ­ի փա­փա­քէի վեր­ջաց­նել... ա­ռանց կախ­ման կ­­էտ­ի:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016