ՀԱՅ ԵՄ ԵՒ ՏԷՐ-ՏԷՐԻ ԱԼ ԹՈՌ…

Տարիներ առաջ էր ու այս օրերուն դարձեալ յիշեցի:

Այսպէս, տարեվերջի շաբթուան ամենէն խճողուած օրերէն մէկուն, մեր տան մէջ ներքին նոր հարցի մը ստեղծումէն եւ յատկապէս անիմաստ վէճէ մը խուսափելու համար, վերջապէս որոշեցի կնոջս հետ, Կլենտէյլի «կալերիա» երթալ, կիներու մասին բաւական ծուռ ու շիտակ «բաներ» մտքէս շարելէ ետք: Անկեղծօրէն ըսելով, մօրս, կնոջս ու նոյնիսկ չունեցած քրոջս հետ «շուկայ երթալ» եւ մանաւանդ ու յատկապէս իրենց համար «շուկայ ընել»ը, ոչ միայն չեմ սիրած՝ այլ ատած եմ:

Երբեմն կը մտածեմ, որ թերեւս ասոր համար է, որ Աստուած, ծանօթ ըլլալով կանանց այդ բոլոր գաղտնիքներուն, չուզեց իր կողքին կին մը ունենալ, այլ ընդհակառակը՝ այդ Եւան «շնորհեց» Ադամին: Ահա, քեզի փառաւոր լուծում:

Բայց… այդ օր, միայն Աստուած գիտէ, թէ մտքէս ուրիշ ի՜նչ «գունաւոր» բառեր շարելով, երկուքով մտանք այդ «կալերիա» կոչուած ամէնօրեայ պազարը, երբ յանկարծ, չես գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, այդ խճողումին մէջ, կինս իր ձեռքի տոպրակը ինծի յանձնելով, թելադրեց, որ երթամ շուտով կիներու հագուստներու բաժինը, եւ «լայն»ին մէջ մտնեմ ու տակաւին երկու օր առաջ իր գնած հագուստը՝ վերադարձնեմ: Անակնկալի եկայ:

-Ժամանակ շահելու համա՛ր է, ըսաւ, զիս համոզել փորձելով, չէ՞ որ կ՚ուզես արագ մը վերջացնենք, ես ուրիշ խանութ պէտք է երթամ.- արդարացուց ինքզինք եւ աւելցուց.- «չմոռնա՛ս, ըսէ՛ որ դո՛ւն, այս հագուստին գոյնը չես հաւնած…» ու անհետացաւ բազմութեան մէջ: Ուրիշ միջոց չկար, ուրիշ ճար չունէի: Հնազանդեցայ:

Ու խելօք մը հետեւելով կնոջս տուած ցուցմունքին, գացի ու պատուիրուած «լայն»ին, այդ անիծեալ շարքին մէջ կեցայ: Հիմա ինծի համար հարցը այդ գիծին երկարութիւնը կամ լայնութիւնը չէր, այլ՝ ինձմէ զատ ուրիշ այր մարդ չըլլալն էր: Անոր համար, նախ ամչցայ: Բայց...: Աչքիս ծայրովը կամաց մը համրեցի: Ես շարքին մէջ եօթներորդն էի: Բայց այս մէկը բան չէր նշանակեր: Ահա հինգ-տասը վայրկեանէ ի վեր նոյն շարքին մէջն էի եւ տակաւին առաջին յաճախորդուհին իր տեղը կեցած էր՝ անշարժ, կարծես գամած ըլլային զինք: Ինքզինքս զբաղած պահելու համար սկսայ չորս կողմս նայիլ:

Հոն, մեզմէ քիչ մը անդին, իր մօրը փէշերէն կախուած, լացով խառն աղմուկով մը, քիթն ու բերանը աղտոտած, մեքսիքացի չարաճճի աղջնակ մը, մայրը դէպի վաճառատունէն դուրս, խաղալիքներու խանութը տանիլ կը փորձէր: Աւելի հեռուն՝ երկու ֆիլիփինցի կիներ, իրենց այդ անհասկնալի բարբառով, բարձրաձայն եւ անհոգ կը շաղատրէին: Իսկ հոս, մեր շարքին մէջ, բոլորը ինծի նման անխօս՝ մէկ կամ քանի մը հագուստներ շալկած կարգի կը սպասէին՝ անտրտունջ: Այնպէս կ՚երեւէր, որ միակ դժգոհը ես էի:

Կարծես Գալիֆորնիան Ամերիկայի մաս չէր կազմեր, կ՚եզրակացնէի: Քառորդ ժամ ետք՝ արդէն վեցերորդն էի: Ինքզինքիս, միշտ համբերութիւն կը թելադրէի: Հետաքրքրութեան համար մէյ մը տոպրակս բացի: Բաց կապոյտի վրայ կնոջական հագուստ մըն էր մէջինը: Բայց, չէ՞, որ բաց կապոյտը իմ նախընտրած գոյնս էր… ես այս գոյնը ոչ միայն կը սիրէի, այլ՝ կը պաշտէի: Արդեօք կինս խե՞լքը կորսնցուցած էր: Հա՜, հասկցանք, վաճառատան մարդոց պիտի խաբէ, բայց ինչու՞ զիս…:

 -Ինչ որ է.- ըսի ես ինծի, հագուստը իմս չէ. իրն է. ինք չէ սիրած, իր հարցն է, ու գլուխս շարժելով թեթեւ շունչ մը քաշեցի: Ապա անմիջապէս գնման ստացագիրը ստուգեցի: Մէջն էր: Փառք քեզ Տէր մը շշնչացի ու դարձեալ մեծ եւ երկար շունչ մը քաշեցի: Որովհետեւ պատահած էր, որ շատ յաճախ կինս զիս, առանց այդ թուղթի կտորին, կանանց ճերմակեղէններու շարքին մէջ «նետած էր»: Ու միայն ես գիտեմ, թէ այդ վայրկեանին ինչերէ՜ անցած էի: Հոս գոյնի հարց չկար: Երկա՜ր պատմութիւն…:

Ուրեմն այլեւս մտահոգուելու բան մը չունէի: Պարզ պատճառաբանութեամբ մը պիտի վերադարձնէի ու այս «սրբազան» պարտականութիւնս պիտի ամբողջացնէի: Էհ՜, ինչ ընենք, կիները այդպէս են.- կը մխիթարէի ես զիս, գնած ատեննին կը հաւնին, իրենց ուրախութենէն կը խենթանան եւ յանկարծ չես գիտեր ինչպէ՞ս, միտքերնին կը փոխեն եւ իրենց այդ նոր գնածը՝ յաջորդ օրն իսկ, կը վերադարձնեն:

Միտքս, դարձեալ տարբեր ուղղութեամբ սկսած էր գործել: Նման խենթ ու հեթանոս գաղափարներու արագ արշաւանքը, կրկին անգամ զիս նոր մտմտուքի մը մէջ նետած էր: Մենք այրերս, պարզապէս միամիտներ ենք, տակաւին մէկը ներսէս ծածուկ կը շարունակէր իր վտանգաւոր վերլուծումը:

-«Հայ»..., «հէլլօ...»- լսեցի յանկարծ:

Սթափեցայ: Կարգս հասած էր: Հիմա, շարքին ամենէն առջեւը կեցած էի, բարակ նիհար, ակռաները դուրս ինկած, սանկ յիսունին «բարեւ» տուող կին պաշտօնեայի մը դիմացը: Իր ձայնը, զիս կտրուկ կերպով զգաստութեան հրաւիրած էր: Վայրկեանին կիներու նկատմամբ յոռի եւ ժխտական բոլոր մտածումներս չքացան: Անզգալաբար ես ալ «հայ» մը ըսի ու պատրաստուեցայ տոպրակէն դուրս հանել հագուստը ու միեւնոյն ատեն միտքս պարզել: Ու հանդարտօրէն սկսայ բացատրել, միշտ բարեացակամ խնդրանքի ոճ մըն ալ կցելով ձայնիս:

Պաշտօնուհին, որուն տիկին կամ օրիորդ ըլլալը չկրցայ հասկնալ. կ՚երեւի ըսածէս բան չէր հասկցած, որովհետեւ ապուշի նման զիս կը դիտէր: Իր աչքերէն կրնայի հետեւցնել, թէ ես իրեն համար ծանօթ մը ըլլալու էի: Զիս տեղ մը տեսած ըլլալու խաբկանքով, խոր մտմտուքի մէջ ինկողի մը երեւոյթը ունէր: Յայտնի էր, թէ իր կեդրոնացումը խօսակցութեանս վրայ չէր, այլ՝…: Յանկարծ բացատրութիւնս դադրեցուցի: Արագ մը նայեցայ իր կուրծքը զարդարող այդ «թէակ»ին, ուր անունը գրուած կ՚ըլլար: Անուն չկար: Հոգ չէ, ըսի մտովի ու սպասեցի, որ ինք ինծի հարցնէ: Անանուն պաշտօնուհին նախ երկար բարակ զիս չափեց, ու առանց տոպրակէն հանած հագուստիս նայելու, գլուխը շարժեց: Յայտնի էր, որ կրկին անգամ պէտք էր, որ բացատրէի: Մարդ ես կը պատահի: Ետեւ դարձայ: Մեր շարքը բաւական երկարած էր: Բայց ինչ որ ալ ըլլար, այդ շարք ըսուածը. հիմա իմ կարգս էր եւ ես իմ իրաւունքիս մէջն էի:

-«Ե ՜ ՜ս»- լսեցի յանկարծ:

Կռահածս ճիշդ էր: Խօսածէս ոչ մէկ բան հասկը-ցած էր ու հիմա նորէն պէտք էր, որ միտքս պարզէի: Արագ մը մտովի ես ինծի հարց տուի, թէ արդեօք խօսած անգլերէնս այդքան անհասկնալի՞ էր, որ ինք զիս չհասկցաւ: Եղածը ինչ էր, որ քանի մը բառ…, ահա… կը վերադարձնեմ…, գոյնին պատճառով…, ստացականը հետն է…: Եւ վերջ:

Այսքան պարզ…: Իմ կարծիքով, ինք ուրիշ բան մը չունէր ընելիք: Միայն առնել հագուստը, ստուգել անոր գինը, անոր մաքուր պահուած ըլլալը եւ հասկնալ վերադարձնելուս պատճառը ու դրամս տալ: Այս մէկը առաջին անգամս չէր: Ալ գոց սորված էի: «Նման բաներ», կնոջս հարցուցէ՛ք: Կ՚երեւի, իմ բախտէս, այդ օր, սա պարզ եւ յստակ փոխանակման գործողութիւնը բարդ պէտք էր, որ ընթանար:

Թերեւս անգլերէնս չհասկցաւ, ինքզինքս համոզել փորձեցի: Մարդ ես, կը պատահի: Քիչ մը մտածեցի ու որոշեցի վերադառնալ բացատրութիւններուս, երբ այդ չքնաղ «գեղեցկուհին», յանկարծ զիս կանխելով, վերջապէս խօսեցաւ.

-«Վի՛չ, լանկվի՛չ, եո՛ւ, թօ՛ք»:

Միայն այսքան լսեցի: Չորս բառերով կազմուած նախադասութեան մը պէս բան մը միայն: Պարզուեցաւ, որ մենք իսկապէս զիրար չէինք հասկցած: Մենք երկուքս: Ես ու այս «Եւան»: Իր ձայնը յանկարծակի հարուածի մը ազդեցութիւնը ձգած էր վրաս: Գուլխէս վար տաք ջուր թափելու պէս բան մը: Սա դիմացինս, ո՛չ մեքսիքացի էր եւ ո՛չ ալ ֆիլիփինցի. հայ ըլլալու էր, անպայմանօրէն հայ. կը շարունակէր ուղեղս զիս չարչարել: Աստուած վկայ, հայ էր.- մազերը շատ տգեղ կարմիրով ներկած, անգլերէնի ծանր «աէքսէնթ»ով, գիտցած հայերէս մէկն էր.- զիս համոզել կը փորձէր տրամաբանութիւնս: Իր խօսակցութեան ոճէն, անգլերէն տառերու կոշտ հնչիւնէն եւ արտայայտութենէն, հարիւր առ հարիւր ենթադրութիւնս զիս չէր խաբեր: Ու ճիշդ այդ վայրկեանին էր, որ Աստուած, կին, հագուստ, կենցաղ մոռնալով հաստատօրէն ըսի.

-«Չայնի՜զ»…:

Ու հաւատացէ՛ք, ես ալ չգիտցայ, թէ այդ բառը ինչպէ՞ս բերնէս դուրս փախաւ:

Յանկարծ ամէն բան սառեցաւ: Նախ ապշած, մէյ մը երեսիս նայեցաւ եւ ապա աչքերը խոշոր խոշոր բանալով ձեռքը նետեց հեռաձայնին: Մարդիկ ապուշ կրնան ըլլալ, բայց այսքան ապուշութիւն…մեղք գործած կ՚ըլլան մարդկութեան հաշւոյն:

-Ծօ՛, անճաշակ.- կ՚ըսէի մտովի, չե՛ս տեսներ դէմքս, հայկական քիթս, կզակս, ծօ գոնէ աչքերս…յիմաաա՜ր…, տե՛ս… լաւ նայի՛ր… , դուն ո՞վ ես, որ ելեր ես, իմ ո՞վ ըլլալս, կամ ի՞նչ ազգի պատկանիլս կասկածի տակ կ՚առնես, անամօ՜թ:

Սիրտս վայրկեանին պիտի պայթէր:

-Հա՜յ, Լիտա, արի, մի րոպէ,… փըլիզ, իմանում ես… մենք չայնիզ թարգման ունե՜նք…:

Ջղայնութենէս, տեղւոյն վրայ պիտի մարէի եւ յետոյ, եթէ ձեռքէս գար, արագ մը վրան յարձակելով, կոկորդէն կը սեղմէի ու զինք խեղդելու հաճոյքը կը վայելէի: Ճիշդ էր, որ շատ յաճախ ոմանք զիս մեքսիքացիի, իտալացիի եւ նոյնիսկ Կալկաթայի հնդիկներուն նմանցուցած էին, ասոնցմէ ոչ մէկը ինծի համար հաճելի էր… բայց չինացիի՞: Երբե՛ք: Մեղայ: Մեծ մայրս, եթէ ողջ ըլլար, տեղւոյն վրայ, զինք «քէօր» դանակով մորթած էր:

Այլեւս չհետեւեցայ հեռաձայնային իր խօսակցութեան: Միտքս սկսած էր կրկին անգամ հեթանոս բաներով զբաղուիլ եւ անձայն արտայայտուիլ: Դէմքս կարմրած էր ու արիւնս գլուխս խուժած: Բարկութիւնս հասած էր իր գագաթնակէտին: Կը զգայի, որ ձեռքերս ալ սկսած էին թողալ: Բայց ի՜նչ օգուտ: Յանցաւորը՝ ես էի, որ առիթ տուի: Չեմ գիտեր, թերեւս յանցաւորը վաճառատունն էր, որ նման «խելացիներ» կը պահէր:

Բարեբախտաբար երկու վայրկեան ետք «մէնէճըր» կոչուածը վրայ հասաւ: Իր խօսակից Լիտան էր: Կուրծքին վրայ անունը մեծ գիրերով գրած ու զարդարած էր «մէնէճըր» բառի կողքին: Ու հիմա երկուքը սկսած էին ցած ձայնով խօսիլ: Ինծի համար, հիւանդանոցին մէջ, գործողութեան սեղանին շուրջ կեցած, իրարմէ խորհուրդ հարցնող կամ ուզող երկու բժիշկներու կը նմանէին ու մէյ մը ինծի կը նայէին եւ մէյ մըն ալ ձեռքս բռնած այդ անիծեալ բաց կապոյտ հագուստին եւ ապա դարձեալ կը շարունակէին իրենց խօսակցութիւնը:

-Սօրի, ըսաւ վերջապէս Լիտան, շատ քաղաքավար ձեւով ու իր պաշտօնին գիտակցութեամբը լեցուն յարգանքով: Նախ ժպտաց եւ ապա գլուխով նշան մը ընելով զիս շարքէն բաժնեց ու քիչ մը անդին տանելով ցած ձայնով եւ անգլերէնով հարցուց, թէ ի՞նչ էր «փրապլըմը»:

Ինքզինքիս հանդարտութիւն պարտադրելէ ետք, հարցս պարզեցի շատ քաղաքավար ձեւով: Ու այս անգամ Լիտան էր, որ հազար ներողութիւն խնդրել սկսաւ, ու երկու վայրկեանէն դրամս վերադարձուց, կամաց մը հայերէնով ըսելով.

-Պարոն, պիտի ներէ՛ք, Էմմայի առաջին օրն է ու իմանում էք… այսօր որքա՜ն «պիզի» ենք… պիտի ներէ՛ք, խնդրում եմ… շնորհակալութիւն: Ու Լիտան զիս անուշ ժպիտով մը ճամբու դրաւ: Քանի մը քայլ առի ու յանկարծ կեցայ: Նախ դրամը գրպանս դրի ու ձեռքի հեռախօսս վերցուցի, կինս փնտռելու համար: Անզգալաբար նայեցայ Էմմային: Խեղճը ինձմէ աւելի կարմրած, շուարած եւ իրար անցած՝ կը շարունակէր իր աշխատանքը, սակայն այս անգամ Լիտային հսկողութեամբ:

Մօտեցայ սեղանին ու հայերէնով ըսի.

-Ներողութի՛ւն Էմմա ջան, ես հա՛յ եմ, տէր-տէրի ալ թոռ, իսկ եթէ չինացի մը կայ ան ալ դո՛ւն ես…, ըսի, ու դաշտէն փախուստ տուողներու նման, արագ մը կորսուեցայ բազմութեան մէջ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022