ԱԿՆԱՐԿ - 38 - ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊՆԱԿԱԼԷԶՈՒԹԻՒՆԸ

Հարցում. Խնդրեմ խօսեցէք ինծի հետաքրքրասիրութեան եւ պնակալէզութեան մասին, որովհետեւ ատոնցմով կը տառապիմ, կը փափաքիմ ձերբազատիլ ատոնցմէ: Կ՚ուզեմ իմանալ ատոնց սխալներն ու հետեւանքները:

Պատասխան. Հետաքրքրասիրութիւնը ուրիշին գաղտնիքներն ու անձնական կեանքի ծալքերը գիտնալու սէրն է, ըլլայ կարդալու, լսելու, խօսելու միջոցաւ, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն:

Հետաքրքրասիրութիւնը սխալ բան մըն է բոլոր առումներով՝ հոգեւոր թէ ընկերային:

Մարդիկ պարտաւոր են յարգել ուրիշներու անձնական կեանքն ու անոնց գաղտնիքները, նոյնիսկ ընտանեկան միջավայրէն ներս: Հայրն ու մայրը, օրինակ, իրաւունք չունին իրենց զաւակին նամակագրութիւնները բանալու, ինչպէս նաեւ ամուսինը կամ կինը իրաւունք չունին մէկը միւսին գրպանը կամ պայուսակը, կամ դարակները խառնելու:

Ոչ ոք իրաւունք ունի լսելու խօսակցութիւն մը, որ պէտք չէ լսէ. այս մէկը ականջներու պոռնկութիւն կը կոչենք: Ինչպէս նաեւ մարդ իրաւունք չունի տեսնելու բան մը՝ որ պէտք չէ տեսնէ: Այս բոլորը ձեւով մը ուրիշները լրտեսելու կերպ մըն է, որ հոգեւոր մարդուն վայել չէ…:

Չնայած, հետաքրքրասիրութիւնը հրապարակայնօրէն կը կատարուի եւ ո՛չ թէ լրտեսութեամբ:

Օրինակ, մէկը ուրիշի մը կը յոգնեցնէ բազմաթիւ հարցումներով, որ վերջինիս անձնական կեանքին կը վերաբերին, որոնց մասին չ՚ուզեր խօսիլ. սակայն, ան կը շարունակէ հարցնել, նոյնիսկ մանրամասնութիւններու հասնելով, որպէսզի անորմէ ամէն ինչ իմանայ:

Հետաքրքրասէրը ինքզինք կ՚արդարացնէ, պատճառաբանելով թէ կ՚ուզէ ապահով ըլլալ, որ դիմացինին մօտ ամէն բան կարգին է:

Սակայն, ուրիշի մասին մտածելը չափ ու սահման ունի, որ պէտք չէ անցնիլ: Նաեւ փափաքը դիմացինի ապահով ըլլալու՝ սահմաններու ունի: Ոեւէ մէկուն մասին լուրեր ստանալը ճնշումով եւ պարտադրանքով չ՚ըլլար: Մեծ տարբերութիւն կայ մարդու մը միջեւ որ կ՚ուզէ ապահով ըլլալ, եւ մարդու մը միջեւ՝ որ կ՚ուզէ իմանալ, եւ իմանալ՝ ամէն ինչ…:

Խրատս քեզի հետեւեալն է. հարցուր, սակայն եթէ տեսնես, թէ որու որ կը հարցնես փափաք չունի պատասխանելու, կամ լիցքաթափուելու տրամադրութիւն չունի՝ մանրամասնութիւններու երթալով, ապա մի՛ նեղացներ զինք բազմաթիւ հարցումներով:

Որովհետեւ հետաքրքասէրին բնաւորութիւնն է անընդհատ հարցնել…

Ընդհանրապէս այդպիսիէն, իր բազամթիւ հարցումներէն ու հետաքրքրասիրութենէն նոյնիսկ իր ընկերներն ու ազգականները կը փախչին: Կրնայ ըլլալ ոեւէ մէկէն նեղուի ու յանդիմանէ, իսկ անոնք կ՚ամչնան ըսելու անոր իր հետաքրքրասիրութեան մասին եւ թէ իրենք չեն փափաքիր բոլոր հարցումներուն պատասխանել:

Ամենէն ծանր պարագան այն է, երբ հետաքրքրասէրը ամչկոտի մը հանդիպի:

Ամչկոտը չի՛ կրնար դիմադրել անոր, ան չի՛ կրնար նաեւ խօսակցութեան նիւթը փոխել՝ որպէսզի կարենայ հետաքրքրասէրին հարցումներէն փախչիլ, այդպիսով ան կ՚ամչնայ: Հետաքրքրասէրը կը նկատէ այս ամչկոտութիւնը, սակայն ուշադրութիւն չի՛ դարձներ, որովհետեւ կ՚ուզէ լուրեր իմանալ, ինչպէս նաեւ կ՚ուզէ այդ ամչկոտութեան պատճառը իմանալ:

Հետաքրքրասէրը չի՛ բաւարարուիր միայն իր դիմացը գտնուողին լուրերը իմանալով, այլ՝ կը ստիպէ անոր որ ուրիշներուն գաղտնիքները եւս ըսէ իրեն:

Իր մասին միայն չի՛ հարցներ անոր, այլ՝ ուրիշներուն մասին եւս…: Ի՞նչ ըսիր անոնց, ի՞նչ ըսին: Ի՞նչ ըրին: Ի՞նչ է անոնց կարծիքը այս ինչ խնդիրին վերաբերեալ, ինչպէ՞ս պիտի վարուին, ի՞նչ է իրենց կարծիքը: Ի՞նչ կապ ունին քեզի հետ: Ի՞նչ լուր ունիս անոնց ընտանիքներուն, ընկերներուն եւ անձնական յարաբերութիւններուն մասին…:

Ան նոյնիսկ ամօթալի կերպով խոստովանութիւններու մէջ կը մտնէ:

Կը նկատէք որ հետաքրքրասէր մարդուն զգայարանները միշտ անհանգիստ վիճակի մէջ են:

Իր նայուածքը կեդրոնացած է, զուսպ չէ, վստահելի չէ, ինչպէս նաեւ շատ յաճախ բացայայտ կ՚ըլլայ՝ որով բոլորը կը նկատեն այդ: Ականջներն ալ, ոտքերն ալ կեդրոնացած չեն ըլլար, այստեղ այնտեղ կը թափառի, կը հարցնէ, կը լսէ, ինքզինք այնպիսի խօսակցութիւններու մէջ կը խառնէ, որ ոչ ոք հրաւիրած է զինք այդտեղ…:

Ան նոյնիսկ ինքզինք յարաբերութիւններու մէջ կը մտցնէ, որ իրաւունք չունի իմանալու:

Թերեւս ընտանեկան յարաբերութիւններ՝ ծայր աստիճանի գաղտնի, թերեւս ամուսինի ու կնոջ յարաբերութիւններ, կամ երկու ընկերուհիներու, կամ երկու ընկերներու յարաբերութիւններ, կամ աշխատանքի մէջ գաղտնիքներ, որ �

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2023