ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԿՈՐԾԱՆԻՉՆԵՐ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱ. Ի՞ՆՉ Է ՊԱՏԳԱՄԸ

Հոկ­տեմ­բե­րին, երբ Սու­րիոյ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեա­ն տնօ­րէն զօ­րա­վար Ա­լի Մեմ­լուք կը ժա­մա­նէր Գա­հի­րէ, ոչ ոք կրնար են­թադ­րել, որ այդ հան­դի­պու­մը պի­տի դառ­նար եր­կու եր­կիր­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­հու­նա­ւո­րող այ­ցե­լու­թիւն մը:

Ճիշդ է, որ Մեմ­լու­քի նման ա­պա­հո­վա­կան բարձր պա­տաս­խաս­նա­տուու­թիւն­ներ ստանձ­նած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու այ­ցե­րը լրա­տուա­կան դաշ­տին մէջ յա­ւե­լեալ լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րու չեն ար­ժա­նա­նար։ Բայց եւ այն­պէս, այ­սօր յստակ է, որ Սու­րիոյ նա­խա­գա­հին հրա­մա­նով այս կա­րե­ւոր պա­տուի­րա­կին Գա­հի­րէ կա­տա­րած այ­ցը սկսած է իր ա­ռա­ջին ար­դիւնք­նե­րը տալ:

Տե­ղին է նշել, որ նոյն զօ­րա­վա­րը, նախ­քան Գա­հի­րէ մեկ­նի­լը, նմա­նա­տիպ այց մը կա­տա­րած էր նաեւ դէ­պի Ռիատ։ Սա­կայն օ­րին Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը մեր­ժէին երկ­խօ­սու­թեան ո­րե­ւէ ա­ռիթ ստեղ­ծել ի­րենց հա­մար բա­ւա­կան եր­կար ա­տե­նէ ի վեր «Փեր­սո­նա նոն կրա­թա» հա­մա­րուող Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ:

Այս բո­լո­րը մէկ կողմ, սա­կայն սոյն յօդուա­ծին տուն տուող հիմ­նա­կան դրդա­պատ­ճա­ռը ե­գիպ­տա­կան բա­նա­կին պատ­կա­նող կոր­ծա­նիչ­նե­րու ե­րե­ւումն է՝ Սու­րիոյ հիւ­սի­սի գլխա­ւոր քա­ղաք հա­մա­րուող Հա­մա­յի ռազ­մա­կան օ­դա­կա­յա­նին մէջ:

Ճիշդ է, որ ցարդ յստակ չէ, թէ ի՛նչ նպա­տա­կով ե­գիպ­տա­կան բա­նա­կի օ­դա­յին ստո­րա­բա­ժան­ման այդ զօր­քե­րը յայտ­նուած են Հա­մա­յի մէջ, բայց ակ­նե­րեւ է, որ նման «պատ­գա­մ» մը, ի մաս­նա­ւո­րի Գա­հի­րէի կող­մէ, զի­նուո­րա­կան բնոյթ ու­նե­նա­լէ ա­ւե­լի ու­նի քա­ղա­քա­կան կուռ կե­ցուածք մը ըլ­լա­լու բո­լոր լրա­ցու­ցիչ հան­գա­մանք­նե­րը:

Ըստ պա­տե­րա­զա­մա­կան լրագ­րող Մու­համ­մէտ Պալ­լու­թի, Հա­մա­յի մէջ ծա­ռա­յու­թեան ան­ցած են տաս­նութ օ­դա­չու­ներ: Լրագ­րո­ղը, որ նոյն­պէս յստակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չի տար կոր­ծա­նիչ­նե­րուն ի՛նչ տի­պի ըլ­լա­լուն մա­սին, նաեւ յայտ­նած է, որ չի բա­ցա­ռո­ւիր, թէ Ե­գիպ­տո­սի Սու­րիա ու­ղար­կած օ­դա­յին հա­մա­կար­գը ըլ­լայ ռու­սա­կան:

Ե­գիպ­տո­սի կա­տա­րած այս քայ­լը ան­շուշտ են­թադ­րել կու տայ, որ ան կը վա­յե­լէ ան­մի­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ռու­սաս­տա­նի, որ ան­պայ­մա­նօ­րէն կա­րե­ւոր դեր վեր­ցու­ցած է Գա­հի­րէ-Դա­մաս­կոս այս հանգ­րուա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ա­ռըն­թեր:

Քա­ղա­քա­կան հար­թա­կի վրայ Գա­հի­րէի զի­նուո­րա­կան այս քայ­լը կը մեկ­նա­բա­նուէր Ե­գիպ­տո­սի Նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ապ­տըլ Ֆաթ­թահ Ալ Սի­սիի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեամբ: Սի­սի, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պին ա­մե­նա­թէժ փու­լե­րուն իսկ խու­սա­փած էր ուղ­ղա­կիօ­րէն քննա­դա­տե­լէ Պե­շար Է­սա­տը, այ­սօր ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նար նոր ձե­ւա­չա­փե­րով: Ան բա­ռա­ցիօ­րէն կը յայ­տա­րա­րէր, որ թէ՛ Ի­րա­քի, թէ՛ Լի­պիոյ եւ թէ յատ­կա­պէս Սու­րիոյ մէջ առ­կայ բո­լոր հար­ցե­րուն կար­գա­ւո­րու­մը պէտք է ըլ­լայ մէկ ճա­նա­պար­հով, որն է՝ երկ­րի բա­նա­կին հզօ­րա­ցու­մը:

Ան խօ­սե­լով պուլ­կա­րա­կան RTP կա­յա­նին՝ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է «ազ­գա­յին բա­նակ­նե­րու­ն», ո­րոնց շար­քին նաեւ սու­րիա­կան բա­նա­կին, հա­կա­սե­լով Ե­գիպ­տո­սի ա­ջա­կից Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ կե­ցուած­քին: Նա­խա­գահ Սի­սի շեշ­տած է, թէ նա­խընտ­րե­լի է, որ եր­կիր­նե­րու «ազ­գա­յին բա­նակ­նե­րը» ա­պա­հո­վեն անվ­տա­գու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի այս պար­տա­կա­նու­թեամբ այլ ու­ժե­րու գետ­նի վրայ գո­յու­թիւ­նը զգայ­նու­թիւն­ներ չստեղ­ծէ:

Նշենք, որ Ե­գիպ­տո­սի Նաւ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը Հոկ­տեմ­բե­րին յայտ­նած էր, թէ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա կա­սե­ցու­ցած է նաւ­թա­յին մա­տա­կա­րա­րում­նե­րը դէ­պի Ե­գիպ­տոս, վեր­ջի­նին ՄԱԿ-ի նիս­տին Ռու­սաս­տան-Սու­րիա ո­րոշ­ման կողմ քուէար­կու­թեան պատ­ճա­ռով:

Սի­սի շեշ­տած է Սու­րիոյ մէջ «քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­ր» գտնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ լա­ւա­տե­սու­թիւն յայտ­նած՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի նկատ­մամբ։ Ան հա­ւա­նու­թիւն տա­լով Թրամ­փի այն ար­շա­ւին, ո­րուն նպա­տակ­նե­րէն է՝ փաս­տա­կէ­տեր կազ­մել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ գտնուող իս­լամ­նե­րու մա­սին. «Իւ­րա­քան­չիւր եր­կիր կը փոր­ձէ անվ­տան­գու­թիւն եւ կա­յու­նու­թիւն ա­պա­հո­վել իր երկ­րին եւ բնա­կիչ­նե­րուն հա­մա­ր» ձե­ւա­չա­փով:

Պէտք չէ մոռ­նալ, որ Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գա­հը իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ու­ղե­ծի­րը լայն բա­նա­լով այ­ցե­լած էր Մոս­կուա ու ա­պա Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նը ըն­դու­նած՝ Գա­հի­րէի մէջ:

Հա­կա­ռակ սիւն­նի տէ­րու­թիւն­նե­րուն հետ իր ու­նե­ցած «թե­թեւ բայց ե­րե­ւե­լի» տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, Սի­սի այդ­պէ­սով իր իշ­խա­նու­թեան հա­մար կ՚ա­պա­հո­վէր կա­րե­ւո­րա­գոյն նե­ցու­կը: Հա­կա­ռակ Ան­գա­րա­յի հետ ու­նե­ցած ե­րե­ւե­լի լա­րուա­ծու­թեան, ան միշտ վստա­հե­լով շրջա­նին մէջ նոր բարձ­րա­ցող ռու­սա­կան ա­լի­քին, ա­մէն ճիգ ի գործ կը դնէր նոր նշան­ներ ու­ղար­կե­լով իր հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րուն: Այդ նշան­նե­րէն էր ան­շուշտ Գա­հի­րէի բա­ւա­կան անս­պա­սե­լի հա­մա­րուած կե­ցուած­քը, երբ նոյն Սի­սին կը մեր­ժէր մաս կազ­մել 2015 թուա­կա­նին Ռիա­տի կող­մէ Եէ­մէ­նի հա­մար կազ­մուած զի­նուո­րա­կան դա­շին­քին:

Հե­տաքրք­րա­կան էր նաեւ, որ Գա­հի­րէի ա­ռաջ­նոր­դը այդ մա­սին յա­ւե­լեալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ չէր ը­ներ, ան­շուշտ փոր­ձե­լով հե­ռու պա­հել սիւն­նի աշ­խար­հի իր իշ­խա­նու­թեան դէմ վա­նո­ղա­կան կե­ցուածք­նե­րը:

Ապա Ռիատ կ­­՚անց­նէր գործ­նա­կան քայ­լե­րու եւ «Ա­րամ­քօ» նաւ­թա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը անս­պա­սե­լի հա­մա­րուած քայ­լով մը կը խզէր իր պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւ­նը Գա­հի­րէի հետ:

Այս բո­լո­րը կը կա­տա­րուէին շատ կարճ եւ ա­րագ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը ըն­թաց­քին եւ հա­կա­ռակ տե­ղի ու­նե­ցած անս­պա­սե­լի սրա­ցու­մին, Գա­հի­րէ կը շա­րու­նա­կէր զուսպ եւ սառն հա­յեաց­քով ըն­կա­լել ու ա­պա «մար­սե­լ» դէպ­քե­րը:

Այ­սօր նոր ի­րա­վի­ճակ մը կայ: Գա­հի­րէի Սու­րիոյ մէջ զի­նուո­րա­կան խա­րիսխ մը հիմ­նե­լու դրուա­գը կը ստա­նար նոր դա­շինք­նե­րու ձե­ւա­ւո­րում: Դա­շինք մը, որ ան­պայ­ման ուղ­ղուած չէ սիւն­նի աշ­խար­հի միւս տէ­րու­թեանց, բայց նաեւ ա­ռանցք մըն է, որ միշտ Մոս­կուա­յի հո­վա­նիով պի­տի փոր­ձէ իր շուրջ հա­ւա­քել բո­լոր այն ու­ժե­րը, ո­րոնք հա­մա­ձայն են Քրեմ­լի­նի կող­մէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ խմո­րուող ընդ­հա­նուր ըն­թացք­նե­րուն:

Ի­րա­վի­ճա­կը կը յի­շեց­նէ 60-ա­կան­նե­րու ա­րա­բա­կան զար­թօն­քի ընդ­հա­նուր դրու­թիւ­նը ու Սի­սի իբ­րեւ զի­նուո­րա­կան գոր­ծիչ իր ա­րարք­նե­րով եւ հա­մո­զում­նե­րով կու գայ փաս­տագ­րել, որ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի բո­լոր հար­ցե­րը պէտք է կար­գա­ւո­րուին նախ եւ ա­ռաջ ու­նե­նա­լով հզօր բա­նակ­ներ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016