ՍՓԻՒՌ­ՔԱ­ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ ՊԱՐ­ՏԱ­ՒՈ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ

Ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի­ներ ան­ցած են Մեծ ե­ղեռ­նի դժխեմ տա­րի­նե­րէն, ո­րոնց յի­շա­տա­կը տա­կա­ւին սպիա­ցած վէր­քի նման է հայ ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն սրտին մէջ, ա­ռանց կա­րե­նալ մոռ­նա­լու այն զար­հու­րե­լի օ­րե­րը, ո­րոնք ար­մա­տա­խիլ ը­րին հայ ժո­ղո­վուր­դը իր հայ­րե­նի­քէն, դարձ­նե­լով զինք թա­փա­ռա­կան հայ։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք ցնցո­տի­նե­րու մէջ փա­թա­թուած, ո­տա­բո­պիկ, ա­նօ­թի, ծա­րաւ, հիւ­ծած հա­յոր­դի­ներ, ո­րոնք բախ­տա­ւոր ե­ղան փրկուե­լու Ե­ղեռ­նի ճի­րան­նե­րէն, հա­սան սու­րիա­կան, ի­րա­քեան եւ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու ա­նա­պատ­նե­րը, ար­մա­ւով մը, բա­րե­սիրտ ա­րաբ հիւ­րըն­կա­լին կամ այն «պէ­տէուիին» սե­ղա­նի փշրանք­նե­րուն ա­ւել­ցուք­նե­րով սնե­լու հա­մար, որ­պէս­զի կա­րե­նան ապ­րիլ եւ գո­յա­տե­ւել։ Դժբախ­տա­բար այ­սօր՝ հա­մայն աշ­խար­հի աչ­քե­րուն ա­ռաջ, նոյն բա­նը կը կրկնուի Սու­րիոյ մէջ։

Այ­սօր, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը ար­դէն հա­մես­տօ­րէն տե­ղա­ւո­րուած է աշ­խար­հի տա­րած­քին, ե­թէ ոչ բո­լո­րը հա­րուստ, բայց գո­նէ բա­րե­կե­ցիկ կար­գա­վի­ճա­կի մէջ։ Հա­յու յա­րա­տե­ւու­թեան եւ կամ­քի հզօ­րու­թեան շնոր­հիւ հայ ան­հա­տը բարձ­րա­ցաւ իր տան ա­ւե­րակ­նե­րէն կեր­տե­լու հա­մար փայ­լուն ա­պա­գայ, ո­րով­հե­տեւ հա­յուն պար­տա­ւո­րու­թիւնն էր ապ­րիլ եւ ապ­րեց­նել իր ազգն ու ըն­տա­նի­քը. ա­սի­կա հա­յուն նկա­րա­գիրն է, ուր որ ալ գտնուի ան։

Սփիւռ­քա­հա­յը իր մոր­թին վրայ կրեց ա­նար­գանք, ստրկու­թիւն, հա­լա­ծանք եւ տա­ռա­պանք, ո­րով­հե­տեւ աշ­խար­հը ոե­ւէ մէ­կուն ձրի «բան» չէր եւ չի տար մին­չեւ այ­սօր։ Հա­յը գոր­ծի դրաւ իր հմտու­թիւ­նը, ձիրքն ու հնար­քը ստեղ­ծե­լու եւ հնա­րե­լու հա­մար իր ապ­րուս­տը քա­րէն ու հո­ղէն։ Հա­յը իր ան­հա­տա­կան աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քով է որ տեղ հա­սաւ սփիւռ­քի ա­նո­ղոք կեան­քին մէջ, պատ­րաս­տուե­լով եւ ու­նե­նա­լով գիտ­նա­կան­ներ, գիւ­տա­րար­ներ, զի­նուո­րա­կան­ներ, քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր եւ ա­ռեւտ­րա­կան աս­պա­րէ­զի տի­տան­ներ։ Այդ բո­լո­րը տե­ղի ու­նե­ցան ա­րեան գնով, սուղ փո­խար­ժէ­քով եւ ան­հա­տա­կան կարծր փոր­ձա­ռու­թեամբ։ Բարձ­րա­ցաւ սփիւռ­քա­հա­յը եւ հա­սաւ գա­գաթ­նե­րու, սա­կայն ա­ւա՜ղ օ­տար գա­գաթ­նե­րու, ա­ռանց վա­յե­լե­լու հայ­րե­նի­քի հո­ղին բոյրն ու հա­մը։ Սփիւռ­քա­հա­յը ա­կա­մայ ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ դէ­պի օ­տա­րը, փա­րե­ցաւ օ­տա­րի բար­քին ու սո­վո­րու­թեան, ա­նոնց հեշտ ձեռք­բե­րում­նե­րուն մէջ գտնե­լով աս­պա­րէ­զա­յին եւ կեան­քի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ տա­կաւ առ տա­կաւ հե­ռա­նա­լով իր պա­պե­նա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն, լե­զուէն եւ կեան­քէն։ Այդ­պէ­սով սփիւռ­քա­հա­յը ընդ­հա­նուր կամ մաս­նա­կի տա­րո­ղու­թեան ըն­կա­լու­մով ըն­տե­լա­ցուց զա­նոնք իր հայ­կա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Տար­բեր էին պա­րա­գա­նե­րը ա­մէն մէկ ան­հա­տի հա­մար, որ սոր­վե­ցաւ ապ­րիլ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, բայց ինք­զինք մխի­թա­րե­լով որ­պէս հայ­րե­նա­սէր, ա­ռանց կա­րե­նալ գործ­նա­կան օգ­նու­թեան մը նպաս­տը հասց­նե­լու իր հայ­րե­նի­քին։ Այդ­պէս ծնաւ եւ այդ­պէս վար­ժուե­ցաւ ան իր շրջա­պա­տին մէջ, գե­րա­դա­սե­լով նախ՝ ինք­զին­քը ա­պա­հո­վե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։ Շա­տեր այ­պա­նուե­ցան ի­րենց այդ­պի­սի մտա­ծե­լա­կեր­պին հա­մար, բայց ա­նոնց հա­մար այդ էր ի­րենց վրայ պար­տադ­րուած կեան­քին ու­ղին։ Յոյ­սեր­նին կտրած Հայ­րե­նի­քի վե­րա­դար­ձի ե­րազ­նե­րով, գա­ղութ­նե­րու մէջ հաս­տա­տուե­ցան եւ կո­չե­ցին զայն երկ­րորդ հայ­րե­նիք, ի­րենք զի­րենք ճանչ­նա­լով որ­պէս սու­րիա­հայ, լի­բա­նա­նա­հայ, ի­րա­քա­հայ, ա­մե­րի­կա­հայ կամ այլք։ Այդ­պէս ալ մնաց սփիւռ­քա­հա­յը ան­ցեա­լի տա­րի­նե­րուն, կառ­չե­լով իր ապ­րուս­տի ճա­նա­պար­հին, սոր­վե­լով կեն­ցա­ղա­յին ան­հա­տա­կան եւ ըն­տա­նե­կան պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւն եւ յա­րա­տե­ւու­թիւն, միա­տեղ՝ ջա­նա­լով պա­հել ու պահ­պա­նել կո­րուս­տի եզ­րին հա­սած իր հայ լե­զուն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը, իր կա­րե­լի եւ սահ­մա­նա­փակ (տնտե­սա­կան կամ քա­ղա­քա­կան) մի­ջոց­նե­րով։

Վեր­ջին հինգ տաս­նա­մեակ­նե­րուն հա­յա­պահ­պան­ման յոյ­սե­րը կտրած ա­մե­րի­կա­հա­յուն, գա­նա­տա­հա­յուն կամ «օ­տա­րա­հա­յուն» սահ­ման­նե­րուն մէջ, վե­րա­կանգ­նե­ցաւ հայ լե­զուն ու մշա­կոյ­թը շնոր­հիւ հայ ժո­ղո­վուր­դին նոր գաղ­թե­րուն։ Այդ տե­ղա­փո­խու­թեան հո­սան­քը, մէկ գաղ­թօ­ճա­խէ դէ­պի միւսը, զար­գա­ցաւ ա­նոնց կան­խազ­գաց ո­գիով, սթա­փե­ցու­մով եւ հե­ռա­տե­սու­թեամբ ի­րենց շուրջ կա­տա­րուած հա­կա­հայ կամ այլ տե­սա­կի հա­լա­ծանք­նե­րէն, ի­րենց ապ­րած եր­կիր­նե­րուն զա­նա­զան քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, ո­րոնք թար­մա­ցու­ցին հայ ազ­գի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը եւ գո­յա­տե­ւու­մը այդ գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն մէջ, մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժի կամ ան­կա­խու­թեան զան­գակ­նե­րու ղօ­ղան­ջի հնչիւ­նը ի­րենց ա­կանջ­նե­րուն մէջ։

Սփիւռ­քա­հա­յը կար­ծես նոր զար­թօնք ու­նե­ցաւ այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ։

Սփիւռ­քա­հա­յու­թեան մայ­րա­կան զգա­ցու­մը հան­դէպ հայ­րե­նի­քին կար­ծէք արթն­ցած էր, պէտք էր հո­գալ եւ գու­գու­րալ այն նո­րա­ծին ե­րա­խա­յին, որ կը կո­չուէր հայ­րե­նիք։ Օգ­նու­թեան ձեռ­քեր բազ­միցս մեկ­նե­ցան ա­նոր բա­րե­կարգ­ման եւ բար­գա­ւաճ­ման հա­մար, որ­պէս­զի ան դառ­նար հա­յուն հպարտ հայ­րե­նի­քը, ինք­նա­բաւ եւ ա­մե­նա­կա­րող, այ­սօր դառ­նա­լու հա­մար հայ ազ­գի 25 տա­րե­կան ան­կախ Հայ­րե­նի­քը։

Ան այ­սօր նման է այն ե­րի­տա­սար­դին, որ նոր կը թե­ւա­կո­խէ կեան­քի աս­պա­րէզ, թօ­թա­փե­լով Խորհր­դա­յին Միու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը։ Նո­րա­հաս սե­րուն­դը այն­տեղ ար­դէն ըն­տե­լա­ցած է երկ­րին քա­ղա­քա­կան եւ տնտսա­կան նո­րա­նոր կեր­տում­նե­րուն եւ հաս­տա­տա­քայլ յա­ռաջ կ՚եր­թայ դէ­պի նոր ա­պա­գայ, թօ­թա­փե­լով ի­րենց ծնող­նե­րուն հնա­մե­նի սո­վո­րու­թիւն­ներն ու բար­քե­րը։ Եւ այդ ե­րի­տա­սար­դը այժմ՝ պատ­րաստ է իր ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տե­լու գոր­ծի աս­պա­րէզ… ե­թէ ա­ռի­թը, պա­րա­գան կամ գոր­ծը ներ­կա­յա­նայ ի­րեն։

Հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը մի­թէ՞ ան­կա­րող է հայ­թայ­թե­լու այդ իր նո­րա­հաս սե­րուն­դին. կամ՝ հայ­րե­նի­քի մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը։

Իսկ ին­չո՞ւ սփիւռ­քա­հա­յե­րուն մեծ մա­սը կը վա­րա­նի, կը զգու­շա­նայ կամ կը մեր­ժէ ո­րե­ւէ նուի­րա­տուու­թիւն, օգ­նու­թիւն կամ նպաստ ցու­ցա­բե­րե­լու, եւ կամ հաս­տա­տուե­լու հա­մար հայ­րե­նի­քին մէջ, հա­կա­ռակ ա­նոր որ կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ ի­րենց ապ­րած վայ­րե­րը ար­դէն ան­տա­նե­լի դար­ձած են որ­պէս բնա­կու­թեան վայ­րեր։

Ե­թէ… ա­նի­մաստ եւ կոր­ծա­նա­րար կարգ մը ա­րարք­ներ պատ­ճառ դար­ձան շշուկ­նե­րու տա­րա­ձայն­ման, ո­րոնք բազ­մա­պատ­կուած տա­րա­ծուե­ցան սփիւռ­քա­հա­յու­թեան մէջ, 25 տո­լար նուի­րա­տուին կամ­քը նոյ­նիսկ կոտ­րե­լու աս­տի­ճան, ար­դէն ա­նոնք կոր­ծա­նա­րար ա­ռիթ ըն­ծա­յե­ցին կարգ մը դիւ­րազ­գաց սփիւռ­քա­հա­յե­րու մօտ, ո­րոնք ար­դէն իսկ կը տա­տամ­սէին ի­րենց ազ­գա­սի­րու­թեամբ կամ կը տա­ռա­պէին ան­տար­բե­րու­թեամբ եւ «անձ­նա­սի­րու­թեամբ»։­

Որ­քա­նո՞վ, ո՞վ էր յանց­նա­ւոր, ե­թէ ոչ մենք հա­յերս, բո­լորս՝ սփիւռ­քա­հայ կամ հայ­րե­նի։ Ար­դեօք մենք պէտք էր օ­րի­նակ քա­ղէի՞նք յոյ­նե­րէն, ո­րոնց սփիւռ­քի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը 100 տա­րիէն ա­ւե­լի, ա­ռանց տրտուն­ջի կամ գան­գա­տի նպաս­տե­ցին եւ օգ­նե­ցին երկ­րի վե­րա­կանգ­նու­մին, ա­նոր ա­զա­տագ­րու­մէն ետք։ Կամ, որ­քա­նո՞վ չենք հասկ­ցած հրեա­նե­րուն  նուի­րուա­ծու­թիւ­նը ի­րենց հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ, նոյ­նիսկ ան­հա­տա­կան զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու թանկ գնով։ Բայց, ա­նոնք այդ սե­պե­ցին ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն։ Սոր­վե­ցան եւ կի­րար­կե­ցին։

Ե­թէ հասկ­նանք եւ կի­րար­կենք այս բո­լո­րը, ա­հա­ւա­սիկ… այդ ժա­մա­նակ ար­տա­գաղ­թը կը վե­րա­նայ հայ­րե­նի­քէն, գոր­ծեր եւ աշ­խա­տա­տե­ղի­ներ ստեղ­ծուե­լով, ո­րոնք ներ­գաղ­թի ճա­նա­պար­հը կրնան հար­թել դէ­պի հայ­րե­նիք, ե­թէ ոչ բո­լոր հա­յու­թեան՝ ա­պա մեծ մա­սին տեղ ու ապ­րուստ ա­պա­հո­վե­լով, ա­ռանց ո­րե­ւէ մէ­կուն տե­ղը գրա­ւե­լու կամ զինք նե­ղե­լու։

Որ­քան որ դե­գե­րինք այս նիւ­թին շուրջ, որ­քան ալ խօ­սինք ու շա­ղակ­րա­տենք, կա­րե­ւո­րը այն է, որ սփիւռ­քա­հա­յը ազ­գա­յին մտած­մուն­քով եւ գործ­նա­կան ու­ղի­նե­րով պէտք է պատ­րաս­տուի եւ լից­քա­ւո­րուի հայ­րե­նի­քին օգ­նե­լու մտայ­նու­թեամբ ա­ռանց ո­րե­ւէ այ­լե­ւայ­լի, ձեր­բա­զա­տուե­լով այն սին գա­ղա­փա­րէն՝ «ին­ծի մի դպնաք ալ, ինչ կ՚ու­զէք ը­րէք»։

­Բայց միա­տեղ եւ միա­ժա­մա­նակ հայ­րե­նի­քի հա­յը… պար­տի ան­շա­հախնդ­րօ­րէն նա­յիլ սփիւռ­քա­հա­յուն որ­պէս գոր­ծըն­կեր, շա­հի ա­նոր վստա­հու­թիւ­նը, պատ­րաստ ըլ­լայ ան­կեղծ մտադ­րու­թեամբ աշ­խա­տակ­ցե­լու ա­նոր հետ, ա­ռանց ո­րե­ւէ խախ­տու­մի, հա­րա­զատ ու­ղիղ հա­յու հիւ­րա­սի­րու­թեան նման։

Վերջ ի վեր­ջոյ… մէկ ձեռ­քով ծափ չի զար­նուիր։

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Ան­ճե­լըս

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016