ՀԱԼԷՊԻ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Իր կար­գին, հա­լէ­պա­հայ լրագ­րող եւ Բե­րիոյ Թե­մի «Գան­ձա­սա­ր» պաշ­տօ­նա­թեր­թի նախ­կին խմբա­գիր Մա­րի Մերտ­խա­նեան Հա­լէ­պի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին  դի­մա­տետ­րի իր է­ջին գրա­ռում մը կա­տա­րե­լով գրած է.

«Քա­նի օր է՝ կը հե­տե­ւինք սու­րիա­կան բա­նա­կին եւ ա­նոր դաշ­նա­կից­նե­րուն ա­րագ յա­ռա­ջըն­թա­ցին, ո­րուն ար­դիւն­քով Հա­լէպ գրե­թէ ամ­բող­ջո­վին ա­զա­տագ­րուե­ցաւ եւ շու­տով «ա­պա­հով քա­ղա­ք» դառ­նա­լու կը պատ­րաս­տուի:

«Ա­զա­տագ­րուած եւ ար­դէն ա­պա­հով շրջան­նե­րէն հա­սած լու­սան­կար­նե­րը ա­ւե­րի միայն մէկ մա­սը կը փո­խան­ցեն: Փլած ա­մէն մէկ շէնք քա­նի՜ ըն­տա­նիք­նե­րու ող­բեր­գու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ… Ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք Աս­տուած գի­տէ այ­սօր ինչ ճա­կա­տագ­րով կ՚ապ­րին:

«Այդ լու­սան­կար­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ լու­սա­ւոր պատ­կեր­ներ ալ կան: Ու­շադ­րու­թիւն ը­րի՞ք, թէ ա­զա­տագ­րուած եւ ա­պա­հով շրջան­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու ինչ­պի­սի՜ ա­րագ աշ­խա­տանք կը տա­րուի:

«Նոր Գիւ­ղէն մին­չեւ Սիւ­լէյ­մա­նիէ, մին­չեւ Մե­սէ­քէն Հա­նա­նու եւ այ­լուր… փո­ղոց­ներ կը մաք­րուին, աղ­բեր եւ քա­րա­կոյ­տեր կը հե­ռա­ցուին, կպ­­րա­պա­տում եւ ծա­ռատն­կում կը կա­տա­րուի…

«Այս բո­լո­րը յոյս կը ներշն­չէ։ Կը հաս­տա­տէ, որ այս շրջան­նե­րը այ­լեւս սա­կար­կու­թեան ա­ռար­կայ չեն:

«Ես լա­ւա­տես եմ։ Կը հա­ւա­տամ, որ Հա­լէ­պը շու­տով կը վե­րա­կանգ­նի եւ կ՚աշ­խու­ժա­նայ, իսկ գրա­ւը քա­նի մը տուեա­լի վրայ կա­րե­լի է դնել.

«1- Ժո­ղո­վուր­դը։ Հա­լէպ­ցին աշ­խա­տա­սէր է: Ճակ­տի քրտին­քով ոտ­քի կանգ­նե­լու հա­մար ա­մէն ճիգ կը թա­փէ: Լու­րե­րուն հե­տե­ւող մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն, որ այս քա­ղա­քէն հե­ռա­ցած­նե­րու մէկ մա­սը պի­տի վե­րա­դառ­նայ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ հոն ապ­րիլ: Ան­շուշտ խօսքս հա­յե­րու մա­սին չէ: Հա­լէպ չորս մի­լիո­նէն ա­ւե­լի բնա­կիչ ու­նէր։

«2- Սու­րիան տնտե­սու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լու փորձ ու­նի: 1980-ա­կան­նե­րուն, երբ եր­կի­րը Ա­րեւմ­տեան շրջա­փակ­ման (ամ­պար­կօ) են­թա­կայ էր, խիստ պայ­ման­նե­րու մէջ, կրցաւ պայ­քա­րիլ դուր­սէն գաղտ­նի եւ ա­նօ­րէն մի­ջոց­նե­րով ապ­րանք բե­րե­լու փոր­ձե­րուն եւ յա­ջորդ տաս­նա­մեա­կին կրցաւ տե­ղա­կան ար­տադ­րու­թեան (նոյ­նի՛սկ ար­տա­ծու­մի) մեծ շու­կայ ստեղ­ծել: Ե­րա­նի Հա­յաս­տանն ալ կա­րե­նայ այդ խի­զախ քայ­լին դի­մել: Հա­լէ­պի գոր­ծա­րան­նե­րը թա­լա­նող եւ փո­խադ­րող­նե­րը գի­տէին, թէ ի՛նչ կ՚ը­նեն։

«3- Իշ­խա­նու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ իր բազ­մա­թիւ թե­րու­թիւն­նե­րուն, աս­կէ ա­ռաջ կրցած էր ար­տադ­րու­թեան եւ աշ­խա­տան­քի յար­մար պայ­ման­ներ ստեղ­ծել: Թէեւ պա­տե­րազ­մը ա­ւե­լի շատ թե­րու­թիւն­ներ ծնաւ, բայց նոյ­նի՛սկ այս պայ­ման­նե­րուն մէջ կրնայ նոյ­նը ը­նե­լ»:

Մերտ­խա­նեան իր կար­գին բա­ւա­կան տե­ղին դի­տար­կում­ներ կա­տա­րած է: Ան վեր ա­ռած է Հա­լէպ քա­ղա­քի ոչ միայն ռազ­մա­վա­րա­կան դիր­քը, այլ շրջա­նին մէջ տնտե­սա­կան կա­րե­ւոր կեդ­րո­նա­տե­ղի մը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը:

ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Քիչ մը ետ եր­թա­լով հարկ է ը­սել, որ 2010 թուա­կա­նին երբ «Ա­րա­բա­կան գար­նա­ն» խոր­շակ­նե­րը սկսան դէ­պի Սու­րիա փչել, Հա­լէ­պը մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան չա­փա­նիշ­նե­րով տնտե­սա­կան կա­րե­ւոր եւ «ո­րո­շի­չ» կեդ­րո­նի վե­րա­ծուած էր: Կեդ­րոն, ոչ միայն Սու­րիոյ հա­րե­ւան ա­րա­բա­կան տէ­րու­թեանց հա­մար, այլ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հը դէ­պի Եւ­րո­պա «բա­նա­լու» ճամ­բուն վրայ:

Ան­շուշտ այլ պատ­ճառ­նե­րու կող­քին այս մէ­կը եւս Հա­լէ­պը կը զա­տո­րո­շէր այլ շրջան­նե­րէ ու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մար ալ (մա­նա­ւանդ Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան դէմ ե­ղող­նե­րուն հա­մար) Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն Հա­լէ­պի մէջ պար­տու­թիւ­նը պի­տի նշա­նա­կէր ոչ միայն քա­ղա­քի, այլ ամ­բողջ վար­չա­կար­գի պար­տու­թիւ­նը:

Այս տուեալ­նե­րէն մեկ­նե­լով Հա­լէ­պի պա­տե­րազ­մին հա­մար ի­րենց ամ­բող­ջա­կան ճի­գե­րը ներդ­րե­ցին ոչ միայն Է­սա­տին զօ­րա­վիգ կանգ­նող ու­ժե­րը (ի­րա­նեան ու­ժեր եւ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լա­հ»), այլ մա­նա­ւանդ ռու­սա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնց օ­դու­ժին վրայ գրաւ դնե­լով սու­րիա­կան բա­նա­կը սկսաւ դան­դաղ, բայց հաս­տատ քայ­լե­րով յա­ռա­ջա­նալ, մին­չեւ ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մը:

Այս ընդ­հա­նուր զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ բնա­կա­նա­բար կա­րե­ւոր բաց­թո­ղում ե­ղաւ Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րը, ի­րենց հիմ­նա­կան թաքս­տոց սիւն­նի զի­նեալ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք հո­վա­նա­ւո­րող բո­լոր կող­մե­րը ի­րենց «ձեռ­քե­րը լուա­ցի­ն» եւ «ա­ռանց յայ­տա­րա­րե­լու»՝ ե­րեք հա­զար զի­նե­լա­նե­րէն եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րէն պա­հան­ջե­ցին հե­ռա­նալ… դէ­պի Իտ­լիպ:

Այս ընդ­հա­նուր շփո­թին մէջ ա­րեւմը­տ-եան կե­ցուած­քին վրայ ալ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցաւ Տա­նըլտ Թրամ­փի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ընտ­րուի­լը: Ու մինչ այդ, երբ բո­լոր կող­մե­րը այս Դեկ­տեմ­բե­րին հա­մար թէ­ժա­գոյն մար­տեր կը նա­խա­տե­սէին, Դեկ­տեմ­բե­րի 10-էն սկսեալ սկիզբ ա­ռաւ նոր գոր­ծըն­թաց մը, ո­րուն իբ­րեւ ա­ւարտ Հա­լէ­պը ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րա­դար­ձաւ Սու­րիոյ օ­րի­նա­կան բա­նա­կին ձեռ­քը:

Հասկ­նա­լի է նաեւ, որ բա­ցի հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծուի ընտ­րու­թե­նէն ե­ղան բա­ւա­կան ազ­դե­ցիկ, կողմ­նա­կի, սա­կայն ա­ռան­ցա­քին դէպ­քեր, ո­րոնց ա­մե­նէն ու­շագ­րա­ւը՝ Ան­գա­րա-Մոս­կուա մեր­ձե­ցումն էր: Ճիշդ է, որ պատ­մու­թիւ­նը «Ե­ԹԷ»ներ չի սի­րեր, սա­կայն յստակ է նաեւ, որ ե­թէ այ­սօ­րուան քա­ղա­քա­կան վի­ճա­կը չըլ­լար, Հա­լէպ պի­տի դառ­նար ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան նոր գե­տին մը, ո­րուն հե­տա­գայ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը ան­կա­րե­լի էր կան­խա­տե­սել:

Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Հա­լէ­պը յայտ-նըւած է նոր ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ: Երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար «պատ­մա­կան յաղ­թա­նա­կ» հա­մա­րուած այս փու­լը նոյն­պէս յղի է կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու: Ճիշդ է, որ Հա­լէ­պի մէջ այ­լեւս ար­մա­տա­կան զի­նեալ­ներ չկան, բայց յստակ է նաեւ, որ սիւն­նի աշ­խար­հի ջա­հա­կիր­նե­րուն հա­մար քա­ղա­քին մէջ այս ընկր­կու­մը ան­մար­սե­լի է:

Այլ հարց, թէ ա­նոնք պի­տի փոր­ձեն, կամ պի­տի կա­րո­ղա­նան հա­կազ­դել, սա­կայն յստակ է, որ սիւն­նի-շիի ճա­կա­տում­նե­րու այս փու­լին Հա­լէ­պի մէջ ստեղ­ծուած ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը մեծ հար­ցադ­րում­նե­րու փու­լի մը սկիզբն է:

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՎԱՐ­ՉԱ­ՊԵՏ ԿԱ­ՐԷՆ ԿԱ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԵԱՆ. «ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՊԱՏ­ՐԱՍՏ Է Օ­ԺԱՆ­ԴԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ ՑՈՒ­ՑԱ­ԲԵ­ՐԵ­ԼՈՒ ՍՈՒ­ՐԻԱ­ՀԱՅ ԳՈՐ­ԾԱ­ՐԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒ­Ն»

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յե­րը կա­րե­ւոր նե­րուժ են Հա­յաս­տա­նի հա­մար: Ան­կախ բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րէն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը լա­ւա­պէս կ­­՚ըմբռ­նեն, որ բո­լոր դիւ­րու­թիւն­նե­րը պէտք է տրա­մադ­րուին, որ­պէս­զի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ոչ միայն Հա­յաս­տա­նէն չհե­ռա­նան, այլ ի­րենց ու­նե­ցած դրա­մագ­լուխ­նե­րը ծա­ռա­յեց­նեն երկ­րին մէջ տնտե­սա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու: Ճիշդ է, որ Հա­լէ­պի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րէն ետք պի­տի յայտ­նուին շա­տեր, ո­րոնք ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս կամ ի­րենց կա­լուած­նե­րու հար­ցե­րը լու­ծե­լու նպա­տա­կով Հա­լէպ մեկ­նին ու այս ա­ռու­մով է նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նը ան­պաշ­տօն եւ ա­չա­լուրջ կեր­պով ճի­գեր ի­րա­կանց­նէ, որ­պէս­զի ի­րենց կա­լուած­նե­րու հար­ցե­րը «լու­ծա­ծ» հա­լէ­պա­հա­յե­րը, ի­րենց ծննդա­վայ­րը ընդմ­շիտ լքե­լու պա­րա­գա­յին ոչ թէ Գա­նա­տա կամ Շուէտ մեկ­նին, այլ վերջ­նա­կա­նա­պէս ապ­րին Հա­յաս­տա­նի մէջ:Այս ա­ռու­մով յու­սադ­րիչ յայ­տա­տա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րեց Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։ Ան Դեկ­տեմ­բե­րի 15-ին ըն­դու­նե­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ տար­բեր ո­լորտ­ներ ներ­կա­յաց­նող խումբ մը սու­րիա­հայ գոր­ծա­րար­ներ՝ ը­սած է. «Մենք ա­մէն ին­չով պի­տի ա­ջակ­ցինք բո­լոր այն ծրա­գիր­նե­րուն, ո­րոնք ուղ­ղուած պի­տի ըլ­լան սու­րիա­հա­յե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ մնա­լուն: Դուք մշա­կոյթ փո­խած էք Ե­րե­ւա­նի մէջ, գոր­ծա­ռոյ­թի, ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մար­զե­րուն մէջ, եւ ձեր կա­յա­ցու­մը մե­զի հա­մար չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է»:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ա­ւար­տե­լու հա­մար յօ­դուա­ծը պէտք է ան­պայ­ման շեշ­տադ­րել, որ Հա­լէ­պի մէջ ստեղ­ծուած դրու­թիւ­նը (ան­շուշտ ե­թէ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը շա­րու­նա­կուի) դրա­կան նոր աշ­խու­ժու­թիւն մը պի­տի ստեղ­ծէ Սու­րիոյ մէջ: Ճիշդ է, որ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը տա­կա­ւին չէ ա­ւար­տած ու յստակ է, թէ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար տա­կա­ւին կան կա­րե­ւոր փու­լեր:

Հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր է գի­տակ­ցիլ, որ Հա­լէ­պը իր նախ­կին դե­րը պի­տի չու­նե­նայ։ Այն Հա­լէ­պը, որ կար 2011 թուա­կա­նէն ա­ռաջ, այ­լեւս չկայ ու պի­տի չըլ­լայ։ Ու ե­րազ է, որ ա­ւե­րա­կուած Հա­լէ­պը կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պի­տի կա­րո­ղա­նայ դար­ձեալ ոտ­քի կանգ­նիլ ու վե­րա­դառ­նալ իր «փառ­քի օ­րե­րը»:

Այս եզ­րա­կա­ցու­թեան մէջ պէտք չէ չա­րա­կա­մու­թիւն փնտռել, այլ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու դէպ­քե­րը ցոյց կու տան, որ պա­տե­րազմ­նե­րու են­թար­կուած եր­կիր­նե­րը դժուար թէ դուրս գան ի­րենց տագ­նապ­նե­րէն, ալ ուր մնաց Հա­լէ­պի պա­րա­գան, ուր Սու­րիան շրջա­պա­տող ամ­բողջ սիւն­նի աշ­խար­հը եւ ա­նոնց ծրագ­րա­յին մօ­տե­ցում­նե­րը լախ­տի ծանր հա­րուած մը ստա­ցան:

Հա­լէ­պի մէջ ար­մա­տա­կան­ներն ու ա­նոնց ծրա­գի­րը պար­տու­թիւն կրե­ցին: Ճիշդ է, բայց վտան­գա­ւորն ու մտա­հո­գի­չը այս դրու­թե­նէն ետք է, որ սկիզբ կրնայ առ­նել կամ շօ­շա­փե­լի դառ­նալ:

Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը, ու­րեմն պէտք է իր քայ­լե­րը ի­րա­կա­նաց­նէ հա­շուի առ­նե­լով այս բո­լոր տուեալ­նե­րը եւ յատ­կա­պէս շրջա­նին մէջ ծայր ա­ռած սիւն­նի-շիի հա­կա­մար­տու­թեան ա­մե­նա­փոքր ու ան­տե­սուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ու ա­պա­գա­յի հնա­րա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

•շար. 2 եւ վերջ

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016