ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԱՏԸ
Պաղեստինի դատը աշխարհի ամենահանրածանօթ եւ բարդ դատերէն մին է, որու մէջ ներգրաւուած են ո՛չ միայն պաղեստինցի եւ հրեայ ժողովուրդները, այլեւ՝ արաբական շարք մը երկիրներ եւ գրեթէ բոլոր իսլամական աշխարհը: Անոր ծալքերը շատ են եւ կը մարմաւորուին շատ մը մակերեսներու մէջ:
Միջազգային օրէնքի, քաղաքականութեան եւ յարաբերութիւններուն մէջ որքան ալ գերակայ ըլլան շահերն ու հաշիւները, ձեւով մը իրաւականութիւնը եւ անկէ բխած վտիտ ու տկար արդարութիւնը տեղ ունին: Եթէ որեւէ հարց վերածուի դատի, ուրեմն իրաւական հենք մը ունի կամ շահած է այդ իրաւականութիւնը:
Իւրաքանչիւր հարց անպայման կը պարունակէ բարդութիւններ. Պաղեստինի հարցը անկախ պետութիւն ստեղծելն է, ինչ որ շատ մը փուլերէ ետք ինքնավար մարզի (այսօր Յորդանանի Արեւմտեան ափի եւ Կազզէի մէջ) տարազով մը դրսեւորուեցաւ: Այդ տարազի մէջ Իսրայէլ-Պաղեստին բախումները չդադրեցան, ի տարբերութիւն խաղաղ համարուած ճակատներուն (Իսրայէլ-Լիբանան եւ Իսրայէլ-Սուրիա): Ներկայիս Կազզէի մէջ ծագած մեծ պատերազմը աննախադէպ է տեղական մակարդակով եւ նոր էջ մը կը բանայ ընդհանուր արաբ-իսրայէլեան եւ յատկապէս Իսրայէլ-Պաղեստին ճակատումներուն մէջ:
Պաղեստին անունով միջազգային պայմանագրով ստեղծուած եւ հաստատագրուած երկիր մը չկայ:
- Պաղեստինի դատը որքան ալ կարգ մը կողմերու միջոցաւ կամայ թէ ակամայ փորձուի միայն ազատագրական պայքարի հանգանակով ներկայացուիլ, անխուսափելի է անոր կրօնական բովանդակութիւնը:
Վստահաբար Պաղեստինի հարցը մարդու իրաւանց բնոյթ ունի. ինչպէս՝ Արցախը եւ հայկական հարցը տարբեր աշխարհաքաղաքականութիւններով եւ դասաւորմամբ եւ քաղաքակիրթ աշխարհ կերտելու մղումներու մեծ փորձաքարերէն է՝ յատկապէս աշխարհի հրատապ կեդրոններէն համարուած Միջին Արեւելքի մէջ:
Իսրայէլ՝ որպէս Արեւմուտքի ամենամեծ դաշնակից եւ տեսակ մը Արեւմուտքի մաս եւ որպէս արեւմտեան ձեւաչափով ներքին ժողովրդավարութիւն կերտած երկիր, միաժամանակ կը համարուի Արեւմուտքի ամենամեծ փորձանիշը ու փորձութեան աղբիւրը՝ նոյնինքն մարդկային իրաւունքներու գործադրման ու իրագործան մէջ: Հոս Արեւմուտքի չափանիշներու իրագործման մեղմացումը ձեւով մը կ՚արդարացուի Պաղեստինի դատի կրօնականացումով եւ մահմետականութեան դէմ պայքարով:
Եւ մահմետականութեան հետ քաղաքակրթական, մշակութային եւ նոյնիսկ ընկերային, քօղարկուած արեւմտեան եւ ընդհանուր միջազգային օրէնքի բախումը առաւելութիւններ կ՚ընծայէ Իսրայէլին:
Այստեղ վառ օրինակներէն կամ արդարացումներէն մի քանին Սէուտական Արաբիայի, Իրանի եւ շատ մը իսլամական երկիրներու համաշխարհային մարդու իրաւանց հռչակագրի չվաւերացումն է եւ շատ մը մահմետական երկիրներու բախումը Արեւմուտքի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան