9 տարի... ետք ընտրութիւններ
2018 թուականը Լիբանանի համար «վճռական» տարի մը պիտի ըլլայ: Այն իմաստով, որ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք լիբանանցիք պիտի ընտրեն նոր խորհրդարան մը, որուն երեսփոխաններուն թիւն է՝ 128:
Երկիր մը, որուն քաղաքական կեանքի կայունութեան հիմնական յենարանները պայմանաւորուած են արտաքին ազդեցութիւններով, ունի կարեւոր խնդիր մը. պահպանել ներքին կայունութիւնը եւ քաղաքական հասարակարգին մէջ ստեղծել այնպիսի հաւասարակշռութիւններ, որոնք բաւարար ուժը պիտի ունենան ապահովելու բոլոր կողմերու քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը եւ «ճիշդ» դերաբաշխումը: Այս տուեալները հասկնալէ ետք է միայն, որ ընթերցողին համար պարզ ու յստակ պիտի դառնայ, թէ վերջին ինն տարիներուն ինչո՛ւ լիբանանցիք չկրցան ընտրել իրենց նոր խորհրդարանը:
Բաց աստի, տարի մը առաջ վաւերացուած եւ հրապարակ հանուած ընտրական նոր օրինագիծը ունի այնպիսի բարդ դրոյթներ, որոնք «վստահութիւն» չեն ներշնչեր քաղաքական կեանքի գլխաւոր խաղացողներուն: Ամէն պարագայի վերջին երկու ամիսներուն երկրին մէջ ծայր առած է քաղաքական նոր պայքար մը, որուն ծալքերը հասկնալու համար պէտք է յետադարձ ակնարկ մը նետել երկրի վերջին երեսուն տարիներու ընհանուր իրավիճակին: Վերջին երկու ամիսներուն լիբանանցիք ականատես դարձան քաղաքական նոր տագնապի մը, որուն հետեւանքով ալ երկրին մէջ որոշ լարուած մթնոլորտ ձեւաւորուեցաւ:
Խօսքը կը վերաբերի երկրի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի եւ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի միջեւ ծագած տարակարծութեան, որ «ուռճացաւ» Աունի 1994 թուականի սպայական տարեշրջանի շրջանաւարտներուն յատուկ կարգավիճակ մը տալու օրինագծով, որուն պատճառով ալ Պըրրի ընդդիմացաւ, նախագահին առած քայլը համարելով անօրինական եւ պահանջելով, որ երկրի ելեւմուտքի նախարարը՝ Ալի Հասան Խալիլ (շիի համայնքի անդամ) ստորագրէ այդ օրինագծին տակ: Այս տարակարծութիւնը եւ մօտեցումներու տարբերութիւնը բնականաբար ունի իր քաղաքական կողմերը, սակայն երկրի երկու առաջնորդներն ալ այդպէսով եւ ցայսօր ալ կը փորձեն «շօշափել» իրարու բազկերակը եւ «չափել»՝ իրենց ունեցած «տոկունութիւն»ը: Մինչ Աունի շրջանակին մէջ եղող ազդեցիկ քատրեր կը հաւաստիացնեն, որ նախագահը իր այդ կարգադրութեամբ եւ 1994 թուականին Սպայական գոլէճը աւարտած սպաներուն յաւելեալ հատուցումներ եւ կարգավիճակ տալու օրինագծով՝ կը փորձէր «տուրք» տալ իր քրիստոնեայ շրջապատին ու զինակիցներուն, անդին Նեպիհ Պըրրի, որ երկրի երկրորդ գլխաւոր դէմքն է, այդ օրինագծին դէմ դնելով՝ կը փորձէր հաշուի առնել իր համայնքակիցներուն իրաւունքներն ու շահերը:
Ընթերցողներուս ըսեմ, որ համայնքային դրութեամբ կառավարուող երկրին մէջ շիի համայնքը կարեւոր իրաւասութիւններ ունի, ու երկրի գլխաւոր՝ մարոնի եւ սիւննի համայնքներէն ետք շիիները ունեցան ու կը շարունակեն ունենալ որոշիչ դեր մը: Համայնքներուն համար վստահուած դերերու վերաբաշխումը կատարուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ուր 1989 թուականին եւ մասնաւորապէս Թաէֆ քաղաքին մէջ կայացած ժողով-համաձայնութեան աւարտին վերատեսութեան ենթարկուեցաւ սիւննի եւ շիի համայնքներուն դերն ու իրաւասութիւնները: Մինչ այդ, Լիբանանէ ներս գլխաւորագոյն դերը վստահուած էր նախագահական աթոռին, որ մասնաւորապէս 1943 թուականէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտը կը հանդիսանար երկրի ամենազօրեղ քաղաքական «հաստատութիւն»ը: Այլ խօսք, որ այդ կառոյցը եւ անոր ամողջ գործունէութիւնը կը տարուէր երկրի հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Մէկ խօսքով, մինչեւ 1989 թուականը՝ քաղաքացիական պատերազմի աւարտը, Լիբանան կը համարուէր նախագահական համակարգով կառավարուող երկիր մը, որուն հիմնական եւ գլխաւորագոյն «տէր»ը երկրի նախագահն էր, որ շատ յաճախ ալ Պաապտայի նախագահական պալատ կը հասնէր բանակէն: Ու քիչ չեն այն օրինակները, որոնք վարելէ ետք երկրի բանակի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնը՝ կ՚ընտրուէին ու կը դառնային նախագահներ: Արագօրէն յիշեցնենմ, որ Լիբանանի վերջին երեք նախագահներն ալ եղած են բանակի ընդհանուր հրամանատարներ: Այսպէս գործող նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն, անկէ առաջ գործած նախագահներ՝ զօրավար Միշէլ Սըլայմանն ու զօրավար Էմիլ Լահուտը եղած են զինուորական կառոյցի առաջին դէմքերը:
Թաէֆի համաձայնութիւնը սակայն եկաւ «բարեփոխել» այս իրավիճակը: Այդ առումով ալ յատուկ իրաւասութիւններ տրուեցան երկրի սիւննի համայնքի գլխաւոր պաշտօնին՝ վարչապետութեան, ինչպէս նաեւ շիի համայնքի գլխաւոր պաշտօնին՝ խորհրդարանի նախագահութեան:
Ու այդ «բարեփոխում»էն ետք ալ երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր երեք կառավարիչները, այսինքն՝ նախագահը, վարչապետը եւ խորհրդարանի նախագահը ունեցան հաւասարազօր իրաւասութիւններ։ Բան մը, որ բացի երկրի բոլոր համայնքներուն (յատկապէս գլխաւոր երեք համայնքներուն) հաւասարութեան զգացում առթելէ, իր հետ բերաւ մրցակցութեան նոր դրութիւն մը, որ ամէն պարագայի առիթ կը հանդիսանար վիճայարոյց դրոյթներու: Այդ պատճառով ալ յատկապէս յետթաէֆեան շրջանի Լիբանանը հաւասարապէս կառավարուեցաւ շնորհիւ երեք առաջնորդներուն ու ատոր համար ալ այդ շրջանի երեք ղեկավարներու գործունէութեան տրուեցաւ յատուկ անուանում մը՝ «Թրոյքա» կոչումով, որուն դէմ եղողներն ու դժգոհները զայն կու տային, որոշ հեգնական ոճով մը:
Դժգոհողները կը բողոքէին համահարթեցման ընդհանուր դրութեան դէմ, նաեւ ձայն կը բարձրացնէին, որ երկրի երեք առաջնորդները ամէն ինչ իրարու միջեւ «կը կիսէին» ու կը կատարէին որոշ կասկածելի գործարքներ: Այդ տարիներուն Լիբանան համեմատաբար կ՚ապրէր «խաղաղ» եւ «կայուն» քաղաքական կեանք, որուն հիմնական «հովանաւոր»ն ալ Սուրիան էր, որուն զօրքերն ու գաղտնի սպասարկութեան մարմինները կը դիւրացնէին այդ «համահարթեցման» ընդհանուր գործընթացները ու որեւէ նիւթ եւ օրակարգ նախ եւ առաջ կը վճռուէր Լիբանան հաստատուած Սուրիոյ ներկայացուցիչին կողմէ, որ սովորական գործիչ մը ըլլալէ աւելի ունէր քաղաքական-ապահովական գլխաւոր համակարգողի բաւական ազդեցիկ դեր ու դերակատարութիւն:
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐ
Անկախ անկէ, որ Լիբանանի քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարութիւնը մինչեւ այս պահը տակաւին լիարժէք կերպով չէ ծանօթացած յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար պատրաստուած ընտրական օրէնքի մեթոտներուն, սակայն յստակ սկսած է դառնալ, որ երկրի գործող կառավարութիւնը եթէ նախանձախնդիր է ընտրութիւնները կայացնելու, ապա պարտաւոր է յարգել որոշ սահմանադրական ժամկէտներ, որոնց կարեւոր մէկ մասը կը թուարկեմ ստորեւ.
- Կառավարութեան կողմէ ընտրական յանձնաժողովները պէտք է յատուկ հրամանագրով մը ընտրութիւն կատարելու հրաւիրուին եւ այդ հրամանագրին վերջին ժամկէտն էր 19 Յունուարը: Սոյն հրամանագիրը պէտք է հրապարակուի պետական օրէնքներու՝ «Ալ Ժարիտա ալ Ռասմիա»ին (օրինագիծներու պետական թերթ) մէջ:
- Լիբանանեան սփիւռքի անդամ քաղաքացիներուն ընտրութիւն կայացնելու օրը ճշդուած է. յառաջիկայ 22 եւ 27 Ապրիլ 2018-ին:
- Լիբանանի մէջ ընտրութեան օր յայտարարուած է Կիրակի, 6 Մայիս 2018-ը:
- Երեսփոխանական ընտրութեանց թեկնածուներու արձանագրութիւնը սկիզբ առած է 22 Յունուարին եւ կ՚աւարտի Փետրուարի 22-ին:
- Ընտրական դաշինքներու ձեւաւորման համար քաղաքական կողմերը իրաւասութիւն ունին դաշինքներ կազմել ընտրութիւններէն առաջ. մինչեւ 12 Մարտ 2018-ը:
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ՋՆՋՈՒԵԼՈՒ ՌԻՍՔԸ
Ինչպէս վերը նշեցինք, Լիբանանի պէս «նուրբ» կառուցուածք (ուրիշ բառ չօգտագործելու համար) ունեցող երկրի մը մէջ ինն տարուան դադարէ ետք ընտրութիւններ կայացնելու հարցը միայն տեղական բնոյթ չունի. անոր մէջ կան արտաքին կարեւոր ազդակներ ու գործօններ: Այս նիւթին շուրջ կարեւոր հաստատում մը ըրած է լիբանանցի լրագրող Նաուֆալ Տաու, որուն կարծիքով՝ «Այսօրուան ընդհանուր վիճակին մէջ, ոչ թէ ընտրութիւնները, այլ երկրի քաղաքական կեանքն է, որ վտանգուած է եւ կացութիւնը կրնայ փրկուիլ եթէ հովանաւոր կողմ մը կամ կողմեր համաձայնին, որ այս ընտրութիւնները կենսական ու անյետաձգելի են, այլապէս յառաջիկայ ընտրութիւններն ալ ջուրը կ՚իյնան»:
Այլ խօսքով՝ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները միայն համայնքներու, կուսակցութիւններու, դէմքերու եւ ընտանեկան-յարանուանական պայքարներու արդիւնքով ճամբայ ելած ու ապա քաղաքական սուր պայքարով բիւրեղացած գործընթացներու պսակում մը չեն, այլ կապ ունին Սուրիոյ, Իրան-Սէուտական Արաբիա, Եմէն եւ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ կատարուող գործընթացներուն հետ։ Իբր այդ ալ, գէթ մինչեւ այս պահը, ոչ ոք կրնայ հաստատել, թէ այդ «սպասուած» ընտրութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ Մայիսի 6-ին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան