Ի՞ՆՉ ՍՊԱՍԵԼ ԻՐԱՆ-ԱՄՆ ԼԱՐՈՒՄԷՆ ԵՏՔ. ՀԱՐՑՆԵՆՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓԻՆ
Այս տարիին սկսանք բաւական անսպասելի ամերիկեան քայլով մը, որ բացայայտ էր, թէ կը միտէր ուժերու նոր հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր պատկերին վրայ։ Սակայն բացայայտ էր նաեւ, թէ 3 յունուարին Պաղտատի վրայ կատարուած գրոհին յաջորդող իրանեան հակադարձութենէն ետք ստեղծուած «լուռ» իրավիճակը կը մատնէր մէկ բան, որ կը խօսէր երկու կողմերու ընդհանուր «բաւարարուածութեան» մասին։
Ամեարիկայի Միացեալ Նահագները, որ կը կարողանար շատ ուժգին հարուած մը տալ Իրանին եւ իրանցիներուն՝ սպաննելով յայտնի զօրավար Քասըմ Սիւլէյմանին, կարծես կը հասկնար, թէ հարցերը աւելի լարումի տանիլը, ընդհուպ մինչեւ նոր կործանարար պատերազմի մը սկսիլը իրեն ձեռնտու չէ։
Ուաշինկթընի սեղմ օղակներուն մօտ կար նաեւ վարկած, ըստ որուն ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ արդէն իսկ բաւարարուած էր եղածով ու յառաջիկայ փուլին համար ան եւ իր վարչակազմի պատասխանատուները պիտի ընէին ամէն ինչ՝ «ապրող միաւորներ» կորզելու իրանցի յայտնի զօրավարի սպանութեան փաստով։ Անշուշտ անոնք պահ մը կը մոռնային, թէ Սիւլէյմանին Պին Լատէնը, կամ Ալ Պաղտատին չէ, հետեւաբար անոր սպաննութեան դէպքը նոյն ամերիկացիները «միաւորող» ազդեցութիւնը պիտի չունենայ, սակայն կար մօտեցում, որ Ամերիկայի կողմէ իրականացուածը եւ մէկ քայլ առաջ երթալը պիտի ստեղծէր որոշ մթնոլորտ մը, որուն մէջ ամերիկացիք պիտի համոզուէին, թէ Իրանը չունի ամերիիկացիներուն մահացու հարուածներ տալու քաղաքական մեծ կամք։
Ճիշդ է, որ Իրանի մէջ, եւ յատկապէս ներքին սպառման համար առկայ դիտարկումները, կրօնական գործիչներու խօսքերը կամ Ամերիկան ատելու եւ Ամերիկայի մահը ցանկալու մօտեցումները տակաւին կը շարուանկուին, բայց այնուամենայիւ յստակ է, որ այս փուլին ո՛չ Թեհրան, ո՛չ ալ անոր սերտ դաշնակից-ընկերակիցները պատրաստ են «ցաւ» պատճառել Ամերիկային։
Ու այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, երբ նախագահ Թրամփ ստիպուած է ներքին պայքար տանիլ իր պաշտօնանկութիւնը պահանջող կողմերուն դէմ, պարտաւոր է նոր խաղաքարտերու դիմել։ Այդ քարտերուն ամենէն ուշագրաւին մասին մենք առաջին անգամ լսեցինք օրեր առաջ, երբ նոյնինքն Թրամփ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար պատրաստուած նոր ծրագրի մը մասին։ Անշուշտ տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ հիմքեր ունի եւ ինչքանով ազդեցիկ կամ գործնական է այդ ծրագիրը, սակայն յայտնի է, որ այդ ծրագիրը հեռու պիտի ըլլայ ռազմական ընտրանքներէն։
Այս բոլորի կողքին աւելի քան պարզ է, որ Թրամփ, ինչպէս վերը նշեցի, պարտաւոր է բոլորովին նոր դէմքով հանդէս գալ։
Շատեր կը հաւատան, որ զօրավար Սիւլէյմանիի սպանութիւնը մեծ պատերազմ մը, մեծ ընդհարում մը կանխելու լաւագոյն միջոց է։ Լաւագոյն միջոց է, որ բոլոր խաղացողները գիտակցին, թէ ինչ վտանգաւոր փուլի մէջ է շրջանը, հասկնան իրենց դերը ու գիտակցին, թէ այս ընթացքով որեւէ յաւելեալ լարում կամ հակահարուածի փորձ կործանարար պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Իրանին, այլ նաեւ՝ ամբողջ շրջանին համար։
ՏԵՍԱԿԷՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ
Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան պատկերին վրայ ուշագրաւ գրառումով մը հանդէս եկաւ ամերիկահայ ազգային-հասարակական գործիչ Տքթ. Վիգէն Յովսէփեան։ Յովսէփեան, որ կարեւոր դիտարկումներ կատարեց եղելութիւններուն վերաբերեալ, նաեւ դիտարկեց, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սպասուած բոլոր զարգացումները, մօտիկ անցեալին եղած լարումները ու յատկապէս մօտիկ ապագային սպասուած դէպքերը փոխառընչուած են ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութեանց հետ։
Ստորեւ, իր շահեկանութեան համար, կը ներկայացնեմ Յովսէփեանի գրառումը ամբողջութեամբ։
ԱՄՆ-ի կողմէ Քասըմ Սիւլէյմանիի ահաբեկութեան շուրջ եղան եւ կը շարունակուին հրամցուիլ բազմապիսի քննարկումներ, նախատեսութիւններ: Ըստ իս, այս վերջին քայլը պէտք է դիտել մէկ ընդհանուր պարունակի մէջ, որուն արմատները պէտք է փնտռել նաեւ Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքական բեմի իրադարձութիւններուն մէջ: Հոն շատ անակնկալներ չկան:
Բացայայտ իրականութիւն է, թէ Իրանը՝ իր տարածքաշրջանի դաշնակիցներով, գլխաւոր մտահոգութիւն է Իսրայէլի համար: Միւս կողմէ, վերջին մէկ-երկու տարիներու ընքացքին իր ստացած ներ-քաղաքական գրոհներուն պատճառով, Թրամփի վարչակարգը իսրայէլամէտ լոպպիի անմիջական եւ ամբողջական զօրակցութեան կարիքը ունի, այս վերջինը (որ մինչեւ 10-15 տարի առաջ առաւելաբար Դեմոկրատ թեքում ունէր) իրեն մօտիկ պահելու համար: Առանց այս վերջինի զօրակցութեան, այս հանգրուանին Թրամփի վերընտրութիւնը վտանգուած է: Իսկ իսրայէլամէտ ուժերը արդէն հասկցած են, թէ վիրաւոր Թրամփը գանձ է իրենց համար, ու առաւելագոյնս օգտուելու առիթ: Ուստի, մէկ կողմէն իրենց Դեմոկրատ բարեկամներուն ճամբով կը տկարացնեն Թրամփը եւ զինք խոցելի կը դարձնեն, իսկ միւս կողմէն կը շահարկեն այս վերջինի տկարացումը: Մէկ խօսքով՝ շատ խելացի եւ ազդեցիկ ռազմավարութիւն:
Եւ այսպէս, Երուսաղէմը Իսրայէլի «մայրաքաղաք» ճանչնալէն մինչեւ Կոլանի բարձունքներու Իսրայէլի ներկայութեան ԱՄՆ-ի նուիրականացումը, իսրայէլամէտ լոպին քաղեց Թրամփէն աւելի քան երբեւէ կրնար երեւակայել: Եւ այսօր հերթը հասած է Իրանին, որպէսզի այս վերջինը տնտեսապէս յոգնած` վերջնականապէս տեղի տայ: Ամերիկացիք այս օրուան համար հետեւողականօրէն կը պատրաստուէին վերջին երկու տարիներուն ընթացքին:
Ուստի, եթէ կ՚ուզէք հասկնալ, թէ ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւններուն ի՞նչ կը սպասէ յաջորդ ամիսներուն, պէտք է հասկնալ, թէ մինչեւ նախագահական ընտրութիւններ, Թրամփի վարչակարգը պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի իրանեան «սպառնալիք»ը անհետանայ, եւ որպէսզի Իրանը անկարող ըլլայ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալել, ու նաեւ «Հիզպուլլահ»ին տարատեսակ օժանդակութիւն հասցնել: Իրանի վրայ ճնշումը նուազագոյն չափով պակսեցնելու պարագային, Թրամփը կը կորսնցնէ իսրայէլամէտ զօրակցութիւնը, բան մը, որ կրնայ շատ սուղ արժել Թրամփի վերընտրական նկրտումներուն համար:
Այս բոլորը կը նշանակէ, թէ յաջորդ մէկ տարուան ընթացքին՝ կ՛ամ Իրանը կատարեալապէս պէտք է տեղի տայ, կամ կատարեալապէս պէտք է խաբէ ու ժամանակ շահի, յուսալով, թէ ԱՄՆ-ի մէջ նախագահ կը փոխուի, եւ կամ ալ Իրանի դէմ մնայուն եւ մագլցող հարուածներն ու ճնշումները յաւելեալ թափ պիտի ստանան: Իսրայէլը հասկցած է, թէ իր ձեռքը ինչպիսի պատեհութիւն անցած է ու զայն վստահաբար ու բնականաբար պիտի օգտագործէ մինչեւ հոն, ուր կարելի է:
ԻՐԱՆԻ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԲԵՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Իրան-ԱՄՆ մեծ լարումի պատկերին վրայ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն հետեւողներուն շատ-շատերը (որոնց կարգին այս տողերը գրողը) կը հաւատային, թէ Թեհրանի կողմէ հիմնական հակայարաձկումէն բացի, իրանցիք գործի պիտի մղեն իրենց կարեւոր գործակիցները. սկսեալ Եմէնէն, անցնելով Իրաքին ու հասնելով մինչեւ Պէյրութ։ Սակայն այդպէս չեղաւ։ Անշուշտ այդ օրերուն էր նաեւ, որ շիի աշխարհը կ՚եռար եւ Իրանի համար հաւատարիմ երկու կարեւոր գործիչներ հանդէս եկան «թէժ» համարուած յայտարարութիւններով՝ հաւաստելով, իր իրենք պատրաստ են արագ եւ կտրուկ քայլերու անցնելով «լաւ դաս մը տալ» Միացեալ Նահանգներուն։ Խօսքը անշուշտ Եմէնի Հուսի շարժումի ղեկավար Ապտէլ Մալէք ալ Հուսիի, նաեւ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի մասին է։ Այս գործիչները քայլերու չդիմեցին, ոչ անոր համար, որ անոնք բաւարար ներուժ չունէին, այլ պարզ անոր համար, որ Թեհրան չուզեց կրակին վրայ «իւղ թափել»։
Ինչո՞ւ. որովհետեւ Իրան կը գիտակցէր ու տակաւին ալ կը գիտակցի, թէ ռազմական-զինուորական որեւէ քայլ աքոսի պիտի տանի ամբողջ շրջանը եւ այդ վիճակը ձեռնտու չէր իրենց համար։
Այսօր ալ նոյն իրավիճակն է, որ կը շարունակուի ու աւելի քան յստակ է, թէ Թեհրանի կողմէ Իրաքի դաշտին ընտրութիւնը եւ այնտեղ պատրաստուող քաղաքական իրավիճակը մեծագոյն ընտրանքն է իրանցիներուն համար։ Փուլ մը, որ բաւականին պայթիւնավտանգ է եւ փուլ մը, որ շատերու կարծիքով նախասկիզբն է ակնկալուած բանակցութիւններու նոր հանգրուանին։
Երկու ազդեցիկ երկիրները շրջանին մէջ՝ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը այլընտրանք չունին ու վստահաբար, ինչ որ ձեւաչափով եւ ինչ որ մօտեցումներով այս երկու ուժերը նոյն սեղանին պիտի նստին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան