ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԸ (1820-2020)

Այս տարի, 2020-ին, հայ ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, արժանավայել շուքով եւ արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, քաղաքական-հասարակական ականաւոր գործիչներէն՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 200-ամեակը։ Հայ ժողովուրդին համար, քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ի վեր, հոգեւոր եւ ազգային փոքրաթիւ գործիչներ ունեցած է, որոնք իրենց հիասքանչ գործերով մեր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի լուսաշող աստղերը եղած են։ Անոնց անունները ոսկէ տառերով գրուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ։

Անոնցմէ մին է Ամենայն Հայոց շնորհազարդ, կորովի կաթողիկոս՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկը։ Ան իր ծաւալած վիթխարի ծառայութիւններով, մեր ժողովուրդի վերջին երկու դարերուն յաւերժութեան ճամբան բացաւ, իսկ իր օրինակելի կեանքով՝ ջահաւորեց մեր ողջ հայութեան կեանքը։ Խրիմեան Հայրիկ եղած է ուսուցիչ, հրապարակագիր, վարդապետ, եպիսկոպոս Վանի Վարագայ վանքի եւ Տարօնի Ս. Կարապետ վանքի վանահայր, եղած է Պոլսոյ Պատրիարք, ծառայած է Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռէն ներս, եւ ի վերջոյ Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետ։ Խրիմեան Հայրիկ ծնած է Վանի Այգեստան քաղաքը 4 ապրիլ 1820-ին։ Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ իր հայրը։ Մեծցած է իր հօրեղբօր խնամքին տակ։

27 տարեկան հասակին, երբ ամուսնացած էր Մարիամ Սիվիքեանի հետ եւ մէկ զաւակ ունէր, Վանէն անցած էր Պոլիս, Եւրոպա մեկնելու եւ բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար։ Նիւթական պատճառներով չկրցաւ այս երազը իրականացնել եւ Պոլսոյ մէջ գործեց որպէս ուսուցիչ։ Պոլիս կը գտնուէր, երբ կը կորսնցնէր իր մայրը, կինը եւ մէկ հատիկ աղջիկ զաւակը։ Խրիմեան Հայրիկի վրայ շատ ծանր կը ճնշէին այս կորուստները։ 1853-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Վան եւ կ՚որոշէ վանական դառնալ։ Աղթամարի վանքին մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ վարդապետ։

Խրիմեան Վարդապետ շատ արթուն եւ պայծառ մտքի տէր էր, խանդավառ, ուսումնատենչ եւ սրախօս հոգեւորական էր։

1854-ին, հոգեւորական իր լայնածաւալ աշխատանքի կողքին, կը սկսի գրական եւ հասարակական գործունէութեան։

1855-ին Վանի մէջ կը ձեռնարկէ «Արծուի Վասպուրականի» ամսաթերթը, որ գաւառի հայութեան համար նորութիւն մըն էր իր բովանդակութեամբ եւ հայկական ոգիի դրսեւորումով։ Թերթը շատ սիրուեցաւ ժողովուրդին կողմէ։

1862-ին կ՚ընտրուի վանահայր Տարօնի Ս. Կարապետ վանքի։ Այդ տարիներուն թերթին անունը կը փոխէ՝ «Արծուիկ Տարօնոյ»։ Թէ՛ Վարագայ եւ թէ՛ Ս. Կարապետ վանքերու վանահայրութեան շրջանին, բազմաթիւ դպրոցներ բացաւ, եկեղեցիներ կառուցեց եւ գիրքեր հրատարակեց։

1869-ին կ՚ընտրուի Պոլսոյ Պատրիարք։ Հոն եղած շրջանին, իր մշտատեւ քննադատութիւններուն, յանդուգն եւ կորովի գործելակերպին պատճառաւ, տեղւոյն իշխանութիւնները զինք կ՚աքսորեն Երուսաղէմ։

1878-ին Պոլսոյ Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կարգադրութեամբ, Խրիմեան Հայրիկ, Մինաս Չերազի եւ Նարպէյի ընկերակցութեամբ կը մեկնի Պերլին, իբրեւ հայկական պատուիրակութեան նախագահ։

Այդ պատուիրակութեան նպատակն էր Պերլին երթալ, հոն տեղի ունեցած մեծ տէրութեանց ժողովին ներկայանալ եւ անոնցմէ խնդրել, որ գործադրութեան դրուի հայկական նահանգներու բարեկարգութիւնները՝ Սան Ստեֆանոյի մեծ տէրութեանց ժողովի 16-րդ յօդուածով առնուած որոշումին գործադրութիւնը։ Բայց հայկական պատուիրակութիւնը, ինչպէս յայտնի է համայն հայութեան, մեծ պետութիւններ քաղաքական մութ հաշիւներով եւ Ռուսաստանի դէմ քայլ մը առնելով Պերլինի մէջ 16-րդ յօդուածը փոխարինեցին 61-րդ յօդուածով, որուն հիման վրայ եւրոպական վեց պետութիւններ պիտի հսկէին հայկական գաւառներու բարենորոգման աշխատանքները, փոխան Ռուսաստանի։

Վերադարձին Խրիմեան Հայրիկ ժողովուրդին կը պատմէ ժողովին մանրամասնութիւնները, պատահած խեղկատակերգութիւնը եւ «Երկաթեայ շերեփ»ի հանրածանօթ կոչը։ Մէկ կողմէ, Խրիմեան Հայրիկ կը յայտնէ այդ ժողովէն իր կրած յուսախաբութիւնը, միւս կողմէ հայ ժողովուրդին կը յորդորէ, որ հոգեփոխուի եւ գիտնայ արժէքը ուժին եւ ինքնապաշտպանութեան։ Խրիմեան Հայրիկի անձին, հոգեւորականին, հայրենասէրին եւ ազգասէրին մասին հիացմունքով արտայայտուած են իրեն ժամանակակից մտաւորականները եւ գործիչները, մանաւանդ ժողովուրդը պաշտամունքի հասնող սէր եւ յարգանք ունէր «Հայրիկին» հանդէպ։

Այսպէս, Աւետիս Ահարոնեան կը գրէ. «Խրիմեան այս օրինական հոգեւորականը մէն մինակ մի խորունկ խորհուրդ է։ Անոր կեանքը, նիստ ու կացը, հագուելու եղանակը, նրա կերակուրները անգամ (հռչակաւոր թանի ապուրը) անսահման սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր ժողովուրդին մօտ։ Նրա ամէն մի խօսքը անքննադատելի եւ վսեմ պատգամ է»։ 26 սեպտեմբեր 1893-ին Էջմիածնի մէջ ձայներու միաձայնութեամբ զինք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կ՚ընտրեն։

Իսկ հայ ազատագրական շարժման ձեւաւորման եւ գաւառի հայութեան զարթօնքի գործին մէջ իր անփոխարինելի դերը կատարած է Խրիմեան Հայրիկը, որուն որպէս հետեւանք Վանի մէջ ծնունդ առաւ «Սեւ Խաչ», «Պաշտպան Հայրենեաց» եւ «Արմենական Կուսակցութիւն» ինքնապաշտպանական ջոկատները։ Կարելի չէ գրել հոգելոյս Խրիմեան Հայրիկ Կաթողիկոսին մասին, առանց յիշելու, թէ Ան հակառակ իր արտակարգօրէն զբաղ վիճակին, բազմաթիւ գրութիւններ եւ հատորներ ունի, որոնց մէջ կ՚անդրադառնայ հողին սիրոյն, հայ ընտանիքի գաղափարին, հայկական աւանդութութիւններու պահպանման, հօր եւ զաւակի յարաբերութեան եւ հոգեւոր խորհուրդներու։

Խրիմեան Հայրիկ կը հաւատար, թէ «Աշխարհի մեծագոյն մարգրիտը Աւետարանն է», «Առանց Աւետարանի առաջնորդութեան ուրիշ ուղիղ ճանապարհ չկայ»։

Ունի նաեւ «Հայ գոյժ» եւ «Վան գոյժ» երկու նշանաւոր գործերը, որոնք կը պատկերացնեն թրքահայ եւ Վանի հայութեան աղէտները։

Խրիմեան Հայրիկի գլուխ գործոցը կը նկատուի «Պապիկ եւ թոռնիկ» գործը, ուր պապիկը իր թոռնիկին կը փոխանցէ հայոց հողին սէրը, ընտանեկան սրբութիւններուն եւ աւանդութեանց պաշտամունքը։

***

1929-ին Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուած է հսկայածաւալ հատոր մը, որ կը պարունակէ Խրիմեան Հայրիկի գրական ամբողջական գործերը։ Խրիմեան Հայրիկի ժամանակակիցները կը վկայեն, թէ Ան ինքզինք հոգեւորականի չափ բանաստեղծ կը համարէր։ Խրիմեան աննման Հայրիկ արտաքինով ոտքէն գլուխը փարթամ հասակով առնական գեղեցկութիւն ունէր։ «Ոչ մէկ նկարով կարելի չէր պատկերացնել Խրիմեան Հայրիկին դէմքը, մանաւանդ անոր խոշոր կապոյտ աչքերը», կը վկայեն զինք մօտէն ճանչցողները։

Խրիմեան Հայրիկ սրամիտ էր։ Նոյնիսկ լուրջ եւ ամենահանդիսաւոր պահերուն չէր մոռնար իր բնածին հիւմորը։

Էջմիածնի մէջ, Խրիմեան Հայրիկին կը ներկայանար բանաստեղծ մը իր փոքրամարմին տիկնոջ հետ. Խրիմեան կը նայի տիկնոջ, ապա հարց կու տայ բանաստեղծին.

-Տիկինդ է, որ քեզ կը ներշնչէ եւ կ՚ոգեւորէ բանաստեղծութիւն գրելո՞ւ։ - Այո, պատասխանեց բանաստեղծը։ - Զաւակս, աղէկ ըրած ես, չարիքներուն փոքրագոյնը ընտրած ես։ Սրախօսութեան հսկայ ժառանգ մը ձգած է Խրիմեան Հայրիկ, որ հատորներ կարելի է լեցնել։ Վեհափառ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի բազմաբեղուն կեանքի վերջին կոնդակն ալ իր տեսակին մէջ հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան փայլուն օրինակ մըն էր իր կեանքին եւ իր խօսքին։

«Այժմ իմ հայրապետական կոնդակով, տարաբախտ ազգիս վշտալի հայրապետս, որ հասել եմ իմ կեանքի մայրամուտին, յորդորս եմ կարդում ձեզ, մեր բոլորի սիրելիներին, որ ի սպառ թօթափեն սրտերից ատելութիւնը, մեծամտութիւնը եւ լինեն ընդմիշտ մի սիրտ եւ մի հոգի. համերաշխ եւ եղբայրական սիրով գործեն այնպիսի խոհեմութեամբ, իմաստութեամբ, որ իրենց գործունէութեան արգասիքները վնաս չբերեն մեր ազգին, այլ օգուտ ու զարգացում»։

Ամենայն Հայոց Հայրիկի կեանքը վերջ գտաւ 20 հոկտեմբեր 1907-ին. ծովածաւալ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ թաղման արարողութեան ու թաղուեցաւ նախորդ կաթողիկոսներուն կողքին՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Բիւր յարգանք անոր յաւերժալոյս եւ անմահ յիշատակին։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020