ԱՅՍՕՐ ՍԿՍԱՒ ՄԵԾ ՊԱՀ­ՔԸ

Բուն բա­րե­կեն­դա­նէն եւ փա­կեալ խո­րա­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք ըն­թացք կ՚առ­նէ Մեծ պահ­քը կամ Քա­ռաս­նոր­դա­կան պա­հոց շրջա­նը։

Ար­դա­րեւ, Մեծ պա­հոց շրջա­նը կը կոչուի Մեծ պա­հոց օա­ռաս­նոր­դա­կան պա­հե­ցո­ղու­թեան շրջան եւ կամ ժո­ղովր­դա­յին բա­ցատ­րու­թեամբ Աղ ու հա­ցի շրջան, այն ի­մաս­տով, որ մեր նա­խա­հայ­րե­րը քա­ռա­սուն օ­րե­րու այս շրջա­նը աղ ու հա­ցով կ՚ան­ցը­նէին եւ կամ աղ ու հա­ցով ծո­մը կը լու­ծէին։ Ծոմ պա­հել կը նշա­նա­կէ բնաւ բան չու­տել, բե­րա­նը բան չդնել։

Ի՞ՆՉ Է ՄԵԾ ՊԱՀ­ՔԸ ԵՒ ԻՆ­ՉՈ՞Ւ ՔԱ­ՌԱՍ­ՆՈՐ­ԴԱ­ԿԱՆ ԿԸ ԿՈ­ՉՈՒԻ

Նախ ը­սենք, որ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ մը մեծ տօ­նե­րու Շա­բաթ օ­րը, որ Ու­տիք է, այ­սինքն ու­տե­լու օր է, կը կո­չուի նաեւ Բա­րե­կեն­դան, ո­րոնց մէջ ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կա­նը Մեծ պա­հոց նա­խըն­թաց Կի­րա­կի օրն է, որ կը կո­չուի Մեծ բա­րե­կեն­դան կամ Բուն բա­րե­կեն­դան։

Բուն բա­րե­կեն­դա­նէն օր մը ա­ռաջ, այ­սինքն Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թե­նէն ետք ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քով խո­րա­նի վա­րա­գոյ­րը սե­ւով կը ծած­կուի ու խո­րա­նը կը փա­կուի մին­չեւ Մեծ պա­հոց ա­ւար­տը եւ ոչ թէ փա­կեալ խո­րա­նէն յե­տոյ կը փա­կուի վա­րա­գոյ­րը, ինչ որ մեր ժո­ղո­վուր­դը կը կար­ծէ։ Բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­նե­րու միայն կը բա­ցուի, Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի եւ ա­պա կրկին կը փա­կուի։

Մեծ պա­հոց շրջա­նին պա­տա­րա­գը գոց վա­րա­գոյ­րի ե­տին կը մա­տու­ցուի։

Այս ա­ռի­թով ը­սենք, որ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Պա­տա­րա­գը ե­թէ բնա­կան կշռոյ­թով եր­գուի մէ­կու­կէս ժամ կը տե­ւէ։ Մեծ պա­հոց շրջա­նին այդ տե­ւո­ղու­թիւ­նը կը նուա­զի, տրուած ըլ­լա­լով որ Ս. Պա­տա­րա­գի մուտ­քի եւ ա­ւար­տի բա­ժին­նե­րը զեղ­չուած են, հե­տե­ւա­բար պա­տա­րա­գի­չը գոց վա­րա­գոյ­րի ե­տին կը զգես­տա­ւո­րուի ու Ս. Պա­տա­րա­գը սկիզբ կ՚առ­նէ գրե­թէ Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մով ու կը փա­կուի «Ի Սուրբ, ի Սուրբ»էն ետք, որ­մէ յե­տոյ պա­տա­րա­գի­չը փի­լո­նով կ՚իջ­նէ դաս, կա­նո­նա­կան քա­նի մը ա­ղօթք­նե­րը կը կար­դայ ու ժո­ղո­վուր­դը կ՚ար­ձա­կէ։ Իսկ հո­գե­հան­գիս­տի պա­րա­գա­յին, հո­գե­հան­գիս­տը կը կա­տա­րէ, Ա­ւե­տա­րա­նը կը կար­դայ ու ա­պա միայն կ՚ար­ձա­կէ ժո­ղո­վուր­դը։

Հե­տե­ւա­բար, մեր ժո­ղո­վուր­դը պէտք է նկա­տի ու­նե­նայ այս պա­րա­գան, որ Մեծ պա­հոց բո­լոր կի­րա­կի­նե­րուն, մեր պա­տա­րագ­նե­րը ոչ թէ կա­նուխ կը սկսին, այլ զեղ­չուած բա­ժին­նե­րով բնա­կան ժա­մէն ա­ւե­լի կա­նուխ կը վեր­ջա­նան։

Արդ, Բուն բա­րե­կեն­դա­նի Կի­րա­կիէն սկսեալ մին­չեւ Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նը եր­կա­րող եօթ եօթ­նեակ­նե­րը -48 օր-, ո­րոնք հո­գեգ­րաւ խոր­հուր­դով մը Մեծ պահ­քը կը հիւ­սեն, կը փա­կուին Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան հրա­շա­լի խոր­հուր­դով։ 24-րդ օ­րը Մի­ջինք է, որ կը նշա­նա­կէ, թէ Մեծ պահ­քը հա­սած է իր կէ­սին։

Այս քա­ռա­սուն օ­րե­րու ըն­թաց­քին ար­գի­լուած է պսակ կա­տա­րել եւ մա­տաղ օրհ­նել։ Կ՚ար­տօ­նուի միայն մկրտու­թիւն, նշա­նա­խօ­սու­թիւն եւ բնա­կա­նա­բար թա­ղում կա­տա­րել։

Պահ­քը կրօ­նա­կան հիմք ու­նի, որ բուն ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ զգու­շա­նալ, ինք­զինք բա­նէ մը զրկել, հե­ռու մնալ, այլ խօս­քով հրա­ժա­րիլ ո­րոշ կե­րա­կուր­նե­րէ եւ նուի­րուիլ ինք­նաքն­նու­թեան եւ ա­պաշ­խա­րու­թեան, կա­րե­նալ ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար ճշմա­րիտ մար­դու իր կո­չու­մը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­նե­րու հա­մա­ձայն, Չո­րեք­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ օ­րե­րը պահ­քի օ­րեր են։ Ինչ որ է «ռե­ժիմ»ը -սննդա­կա­նոն- բժշկու­թեան մէջ, որ բժըշ-կա­կան պահք է, նոյնն է պահ­քը կրօ­նա­կան դրու­թեան մէջ։

Քա­ռա­սուն օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող այս պահ­քը կը կո­չուի նաեւ Քա­ռաս­նոր­դա­կան կամ Մեծ պահք, այն ի­մաս­տով, որ ինչ­պէս Քրիս­տոս քա­ռա­սուն օ­րեր ա­նա­պատ քա­շուե­ցաւ ու ա­ղօթ­քով, ծո­մա­պա­հու­թեամբ եւ ա­պաշ­խա­րու­թեամբ ինք­զինք պատ­րաս­տեց աս­տուա­ծա­յին իր ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար, այն­պէս ալ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րա­պետ­նե­րը Քրիս­տո­սի օ­րի­նա­կով այս պահ­քը հաս­տա­տած են հա­ւա­տա­ցեա­լին քա­ռա­սուն օ­րեր ա­ռիթ տա­լու խո­կու­մի ա­ղօթ­քի եւ ինք­նաքն­նու­թեան։

Մեծ պա­հոց ա­մէն մէկ Կի­րա­կի նուի­ր-ւած է կարգ մը յի­շա­տակ­նե­րու եւ այդ ա­նու­նով կո­չուած է Կի­րա­կին. այս­պէս ա­ռա­ջին Կի­րա­կին, այ­սինքն Բուն բա­րե­կեն­դա­նը նուի­րուած է դրախ­տի յի­շա­տա­կին, երկ­րոր­դը՝ Ա­դա­մի եւ Ե­ւա­յի դրախ­տէն ար­տաքս­ման, եր­րոր­դը՝ Ա­նա­ռակ որ­դիի վե­րա­դար­ձին, չոր­րոր­դը՝ Տնտե­սին, հին­գե­րոր­դը՝ Դա­տա­ւո­րին, վե­ցե­րոր­դը՝ Փրկչի Գալս­տեան եւ եօթ­նե­րոր­դը՝ Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քին, որ կը կո­չուի Ծաղ­կա­զար­դ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2017