ԱՆՅԱՅՏ ԳԻՒՂԸ

«Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղ»ին կամ «Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղ»ին մասին լսած էք վստահ։ Մուսա լերան Վաքըֆգիւղի մասին այդպէս կ՚ըսեն. Թուրքիոյ մէջ ուսումնական կեցութեանս ընթացքին առիթը ունեցած եմ նաեւ այցելել այնտեղ, ու թերեւս օր մը գրեմ նաեւ այդ մասին։

Այս անգամ, սակայն, պիտի գրեմ այլ հայկական գիւղի մը մասին, որ նաեւ կ՚ապրի Թուրքիոյ մէջ։ Մուսալեռցիները թող ներեն ինծի, եթէ այսպէսով իրենցմէ խլած կ՚ըլլամ «վերջին»ի կամ «միակ»ի պատիւը. թէեւ, ի՞նչ պատիւ. կասկած չունիմ, որ ատոր համար իրենք ալ կը ցաւին։

Գիւղը, որուն մասին կը խօսիմ, կը գտնուի Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն մէկուն մէջ։ Անունը պիտի չկարենամ տալ, յարգելով տեղացիներու հասկնալի եւ արդարացուած զգուշաւորութիւնը։ Գիտցողները գիտեն. բացայայտում մը կամ գիւտ մը չէ, որ կ՚ընեմ։

Անտեղեակներուն պատմեմ։

Տուեալ գիւղի բնակիչները մէկ մեծ ընտանիքի կը պատկանին, սերած նշանաւոր Պ. Աղայէն, որ Օսմանեան տարիներուն շրջանի մեծահարուստներէն էր։ Աղային կալուածներն ու հողերը բռնագրաւուած էին 1915-ին ու այդ բոլորէն մնացած էր ընդամէնը այն հողակտորը, ուր Աղայի ժառանգորդները կ՚ապրին այսօր։

Ընտանիքին մեծ մասը քրիստոնեայ է, փոքր մասը մահմետական. բայց հայ են բոլորն ալ։ Տասն-տասնհինգ տարի առաջ, բոլորն ալ մահմետական էին պաշտօնապէս. թէեւ իրենցմէ ոմանք, ծերունիները յատկապէս, որոշ քրիստոնէական հաւատք ու սովորութիւններ պահած էին, անուշտ տան պատերու ետին միայն։ Յետոյ, 2000-ականներու ժողովրդավարացման փաստօրէն խափուսիկ ու ժամանակաւոր շրջանի ընթացքին ընտանիքի անդամները քիչ-քիչ քրիստոնէացած էին։ Աւելի՛ն. կամաց-կամաց կապ հաստատած էին Պոլիս բնակող հայերու հետ, եւ նոյնիսկ իրենց զաւակներէն ոմանք սկսած էին ուղարկել այնտեղի հայկական վարժարաններ, որպէսզի հայերէն սորվին ու տեղւոյն հայ համայնքին ընտելանան։

Գիւղ որ կ՚ըսեմ, փոքր բան մըն է։ Կողք-կողքի ու գրեթէ փակած մի քանի տուն ընդամէնը։ Եղբայրներ, իրենց կիներով ու զաւակներով, իրենց մէջ կը բաժնեն տուները, լաւագոյն պարագային տարբեր յարկեր զբաղեցնելով. կարծես այն նահապետական սովորութիւններու համաձայն, որոնց կարելի է հանդիպիլ Րաֆֆիի վէպերուն մէջ։

Ամառ էր, երբ այցելեցի գիւղ։ Երեք հոգի էինք. Պոլսէն հայ բարեկամ առաջնորդս, որ յաճախ այցելած էր այդ գիւղ, իր տեղացի քիւրտ բարեկամը եւ ես։ Գիւղի մուտքին մեզ զննեց հողագործական ինքնաշարժին նստած երիտասարդ մը, եւ երբ տեսաւ մեր առաջնորդը ու ճանչցաւ զինք, ժպտաց ու ճամբայ տուաւ։ Հասանք տուներուն մօտ, իջանք ինքնաշարժէն։ Քիչ մը անդին, պարտէզի ծառերուն տակէն փայտեր հաւաքող մարդ մը, մօտաւորապէս յիսուն տարեկան, կէս ձգեց գործը եւ մօտեցաւ մեզի։ Փայտերու խուրձը դրաւ գետնին ու պեխերուն տակէն լայն ժպտալով գրկեց մեր առաջնորդը, համբուրեց այտերը, եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլորիս։

Անցանք մօտակայ ծածկին տակ, որպէսզի նստինք շուքին։ Քիչ-քիչ սկսան մօտենալ ուրիշներ, բոլորն ալ տղամարդիկ ու իրար այնքան նման, որ չիմացողն ալ կը հասկնար, թէ եղբայրներ ու հօրեղբօրորդիներ էին։ Նեղ ու կարճ գաւաթներէն թէյը վեր քաշելով, աչքերու տակէն կը զննէին զիս, այդ օտար հիւրը, որ «սփիւռքի հայ» էր։

Իսկ ժամանակը կը սահէր... գիտէի, որ դարձեալ առիթ պիտի չունենայի այցելելու այդ գիւղ։ Կէս ժամ ունէինք, ըսած էր առաջանորդը. ինչքա՞ն կարելի էր զրուցել այդ կարճ ժամանակահատուածին մէջ, ի՞նչ կարելի էր հասկնալ այդ մարդոց մասին։ «Ձեր եղբօր Ս.-ին հանդիպած եմ Պոլսոյ մէջ», ըսի մեր մէջ եղած սառոյցը կոտրելու յոյսով։ Բայց սառոյցը հարիւր տարեկան էր. շատ չհալեցաւ։ Ձախիս նստած երիտասարդ գիւղացիին հետ քիչ-քիչ զրոյցի անցանք, եւ ըսաւ, որ քրիստոնեայ են արդէն։ Քիչ ետք սակայն, միջին տարիքի մարդ մը խօսքի մէջ մահմետական ըլլալու մասին արտայայտուեցաւ, քիչ մը ցուցադրաբար ըսելով՝ «Մենք հայ ենք, բայց մահմետական։ Չըլլա՞ր…»։

Երբ ջերմ հրաժեշտներէ վերջ սկսած էինք հեռանալ գիւղէն, մեր առաջնորդին հարցուցի, թէ այդ չորս-հինգ եղբայրները, որոնց հետ նստած էինք, քրիստոնեա՞յ էին, թէ՞ մահմետական։ Քրիստոնեայ էին, ըստ առաջնորդիս ինքնավստահ պատասխանին։

Յաջորդ առաւօտ, երբ ես ու առաջնորդս քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կը նախաճաշէինք, պատահաբար ներս մտաւ նոյն այն գիւղացին, որ մահմետական ըլլալու մասին յայտարարած էր։ Աչք-աչքի եկանք։ Անմիջապէս մօտեցաւ ու նստաւ մեր հետ, ու ջերմ ժպիտով նայեցաւ ինծի։

«Գիտե՞ս, ես երէկ հետդ անկեղծ չեղայ։ Մահմետական չենք։ Բոլորս ալ, ես ալ, մկրտուած քրիստոնեաներ ենք արդէն... բայց երբ կը խօսէինք, տեղացի քիւրտ մըն ալ կար ձեզի հետ, ու չէի ճանչնար զինք։ Մեր հայ ըլլալը չէի կրնար պահել արդէն, բայց գոնէ քրիստոնեայ ըլլալը գաղտնի պահել ուզեցի, կը ներես... ուրախ եմ, որ նորէն տեսայ քեզ։ Մենք շատ սիրեցինք քեզ, եւ իսկապէս կ՚ուզենք, որ օր մը մեր գիւղ նորէն գաս ու մնաս երկար...»։

Կ՚երթա՞մ դարձեալ…

Սառցալերան գագաթը տեսած էի միայն…

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019