Թատրոնի Ծնունդն Ու Ընթացքը

27 Մարտ: Թատ­րո­նի Մի­ջազ­գա­յին օր:

Մի­ջազ­գա­յի՞ն, թէ՞…

***

Հիմ­նուե­լով պատ­մագ­րու­թեան վրայ՝ «Թատ­րոն»ը ծնունդ ա­ռած պէտք է ըլ­լայ Քրիս­տո­սէ ե­րեք հա­զա­րա­մեակ­ներ ա­ռաջ, կռա­պաշ­տա­կան ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ո­րոնց­մէ ներշն­չուած ա­շուղ­նե­րը եր­գեր յօ­րի­նած են եւ գրող­նե­րը՝ բա­նա­հիւ­սու­թիւն­ներ, ներ­կա­յաց­նե­լով ու բեմ բարձ­րաց­նե­լով ա­ռաս­պել­ներ, դի­ցա­բա­նու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ ի­րենց ապ­րած ա­ռօ­րեայ կեան­քին զա­նա­զան ե­րես­նե­րը:

Նոյ­նը պա­տա­հած է Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին: «Թատ­րոն»ը ձե­ւա­ւորուե­լով՝ հա­սած է Ե­րուան­դու­նի­նե­րու եւ Ար­տա­շի­սեան հարս­տու­թեան շրջան­նե­րը: Մենք ու­նե­ցած ենք մեր ա­ռա­ջին թատ­րո­նի շէն­քը Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ, Քրիս­տո­սէ ա­ռաջ 69 թուա­կա­նին: Իսկ, Ք­.Ա. 53 թուա­կա­նին մայ­րա­քա­ղաք Ար­տա­շա­տի մէջ կա­ռու­ցուած է հել­լէ­նա­կան ո­ճով թատ­րոն, ուր ներ­կա­յացուած է Եւ­րի­պի­թէ­սի «Բա­գո­սու­հի­նե­րը» ող­բեր­գու­թիւ­նը:

Ճշգրտու­թեան սի­րոյն, «Թատ­րոն»ի փո­խա­րէն՝ պէտք էր ը­սէինք՝ «երբ ծնաւ ԲԵ­ՄԸ», ո­րով­հե­տեւ Թատ­րոնն ու Բե­մը կը տար­բե­րին ի­րար­մէ:

Բե­մը շօ­շա­փե­լի եւ տե­սա­նե­լի է. իսկ թատ­րո­նը մտա­ծո­ղու­թիւն է, եւ ա­պա՝ գրա­կա­նու­թիւն:

Երբ թա­տե­րա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը կը ստա­նայ կա­ռոյց ու կը վե­րա­ծուի թատ­րեր­գու­թեան, կը բարձ­րա­նայ բեմ եւ կը դառ­նայ բե­մա­կան ա­րուեստ:

***

Արդ, ե՞րբ ծնաւ թատ­րո­նը:

Իր ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով, թատ­րո­նը ծնաւ ճիշդ այն պա­հուն, երբ իր բնազ­դով ապ­րող ան­գի­տա­կից մսա­կոյ­տին մէջ արթն­ցաւ Գի­տակ­ցու­թիւ­նը (հա­մա­ձայն ըլ­լա­լու հա­մար վե­րի եր­կու տո­ղե­րուն, ըն­թեր­ցո­ղը պէտք է հա­մո­զուած ըլ­լայ, թէ մար­դուն մէջ գի­տակ­ցու­թիւ­նը սկսած չէ Ա­դա­մով եւ Ե­ւա­յով):

Թատ­րո­նը, իր զա­նա­զան ե­րես­նե­րով, շնչա­ւո­րին գի­տակ­ցու­թեան ու նաեւ ա­նոր ապ­րած կեան­քին կրկնե­րե­ւոյթն է:

Կրկնե­րե­ւոյթ­ներ՝ դրա­կան եւ ժխտա­կան:

***

Հար­ցա­կա­նը դա­տա­ւո­րի մը նման կը կանգ­նի դրա­կան­նե­րուն եւ ժխտա­կան­նե­րուն մի­ջեւ: Կող­մե­րու բա­խու­մէն կը ծնին շար­ժո՛ւ­մը, դէ՛պ­քը, վեր­լու­ծո՛ւ­մը, ո­րոնք շու­տով կ՚ըլ­լան կե­ցուածք, որ­մէ կը ծնի նիւ­թը, եւ ա­պա՝ թատ­րո­նը:

Յա­ճախ շա­տեր, «ստեղ­ծա­գործ» թէ հան­դի­սա­տես, չեն նշմա­րեր ժխտա­կա­նի ու դրա­կա­նի բա­խում­նե­րը եւ ա­նոնց­մէ յա­ռա­ջա­ցած յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Ա­նոնց միտ­քը, ա­ւա՜ղ, սա­ռած է նոյն ժա­մա­նա­կին եւ նոյն նիւ­թին վրայ: Ա­նոնք նման են ի­րենց վար­նա­մա­սի ծան­րու­թեամբ աջ ու ձախ ա­նընդ­հատ ճօ­ճուող փայ­տէ պուպ­րիկ­նե­րու եւ կամ զսպա­նա­կա­ւոր ինք­նա­գործ (automate) խօ­սուն մե­քե­նա­նե­րու, ո­րոնք սահ­մա­նա­փա­կուած են կրկնուող նոյն աղ­քատ բա­ռե­րով:

***

Բա­ցուիլ նո՛ր հո­րի­զոն­նե­րու:

Թատ­րո­նը իր ժա­մա­նա­կին հա­րա­զատ պատ­կերն է եւ կո­չուած է անց­նե­լու իր ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ: Ինչ­պէս Նի­քո­լա Պուա­լօ 1674-ին ը­սած է, որ՝ «Ե­թէ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը բեմ չել­լէ իր ծնուն­դէն քսան տա­րի ետք, մե­ռած է ան»: Սա­կայն կա­րե­լի է, մեր ներ­կա­յի ի­րա­կա­նու­թեան հա­մար, մեր կող­մէ ա­ւելց­նել՝ «եւ կամ մե­ռած է ան, երբ մե­ռած է գրա­սէր եւ թա­տե­րա­սէր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը»:

***

Թռիչ­քը կ՚անց­նի իր ապ­րած պահն ու ժա­մա­նա­կը եւ իբ­րեւ ճիշդ նա­խա­տե­սու­թիւն՝ կը ստեղ­ծէ նո­րա­րա­րու­թիւ­նը:

Այդ­պէս էր, երբ ան­ցեա­լին ի­րա­րու յա­ջոր­դե­ցին գրա­կան եւ թա­տե­րա­կան բազ­մա­թիւ ո­ճե­րը, եւ ա­պա՝ ժա­մա­նա­կավ­րէ­պու­թեան պատ­ճա­ռով ա­նոնք ի­րենց տե­ղե­րը զի­ջե­ցան յա­ջորդ ո­ճին, յա­ջորդ դպրո­ցին: Ան­կաս­կած, պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը «գե­րի­րա­պաշ­տու­թիւնն» էր (sur-réalism = գերի­րա­պաշ­տու­թիւն), յա­ւի­տե­նա­պէս ծնող, մեռ­նող եւ վե­րած­նող, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, բազ­մա­թիւ պա­րա­գա­նե­րու, կորսն­ցուց իր «գեր» նա­խա­մաս­նի­կը՝ դառ­նա­լով ի­րա­պաշ­տու­թիւն (réalism) եւ իր տե­ղը զի­ջե­լով… նոր գե­րի­րա­պաշ­տու­թիւն­նե­րու…

***

Թատ­րո­նը ան­ցաւ ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ եւ «բա­ցա­յայ­տեց» ան­հե­թե­թը, որ ծնած էր մարդ-ա­րա­րա­ծի ծնուն­դէն ա­ռաջ:

Մար­դիկ փնտռե­ցին զայն: Մխրճուե­ցան պրպտում­նե­րու մէջ: ԱՆ­ՀԵ­ԹԵ­ԹԻ շնոր­հիւ՝ գտան շատ բա­ներ (ընդ­հան­րա­պէս՝ ժխտա­կան), բայց չգտան զինք՝ ԱՆ­ՀԵ­ԹԵ­ԹԸ…:

***

Այ­սօր, շնոր­հիւ գի­տու­թեան, տիե­զեր­քը բա­ցած է իր փակ դռնե­րը:

Գա­նա­տա­յի հիւ­սի­սա­յին Քե­պեք նա­հան­գի մէջ գտնուած է բջիջ մը, որ կու գայ մե­զի բա­ցա­յայ­տե­լու, թէ ինք ապ­րած է 3.770.000.000 (ե­րեք մի­լիառ եօ­թա­նա­սուն եօթ մի­լիոն) տա­րի­ներ ա­ռաջ…

Արդ, այն ա­տեն աշ­խար­հի վրայ կեանք կար:

Վեր­ջերս գտնուե­ցան բազ­մա­թիւ մո­լո­րակ­ներ, ուր կայ ջուր եւ բու­սա­կա­նու­թիւն… եւ հա­ւա­նա­բար կայ կեանք… եւ կամ կար կեանք:

Կը կար­ծուի, թէ մեր տիե­զեր­քէն զատ՝ գո­յու­թիւն ու­նին նաեւ ու­րիշ տիե­զերք­ներ:

Սա­կայն այս գի­տա­կան նուա­ճում­նե­րէն զատ՝ տիե­զեր­քը ու­նի նաեւ ա՛յլ ա­ռեղ­ծուած­ներ՝ ուղ­ղա­կիօ­րէն կա­պուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան դի­պուա­ծին եւ ան­ծա­նօ­թին, ո­րոնց­մէ ի յայտ պի­տի գան նոր մտա­ծո­ղու­թիւն­ներ եւ նոր գրա­կա­նու­թիւն:

***

Ան­հե­թե­թի գրա­կա­նու­թիւ­նը նոր հար­ցա­կա­նի մը դի­մացն է (բա­րե­բախ­տա­բա՛ր): Թե­րեւս դէ­պի տիե­զերք մար­դու մտա­ծո­ղու­թեան մխրճու­մը շու­տով մե­զի պար­զա­բա­նէ (եւ կամ հարց տայ), թէ՝ «ին­չո՞ւ ան­հե­թե­թը»: Ին­չո՞ւ այ­սօր ա­նոր մէջ կը գտնենք յո­ռե­տե­սու­թիւն: Ար­դեօք ա­նոր մէջ չկա՞յ լա­ւա­տե­սու­թիւն: Ար­դեօք նոր յայտ­նա­բե­րում­նե­րու մի­ջո­ցով չե՞նք կրնար ի յայտ բե­րել ան­հե­թե­թի դրա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն­նե­րը: Եւ վեր­ջա­պէս, ե­րե­ւա­կա­յա­ծի­նի (fiction) եւ տիե­զեր­քի նոր բա­ցա­յայ­տում­նե­րու շնոր­հիւ՝ պի­տի հան­դի­պի՞նք յե­ղաշր­ջող ա­նակն­կալ­նե­րու:

Ներ­կա­յիս ե­րե­ւա­կա­յա­ծին գրա­կա­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջին փորձն է աշ­խար­հին վրայ՝ պրպտե­լու ան­ծա­նօ­թը: Ան հար­ցա­կան մըն է, թէ այժմ ի՞նչ է տիե­զեր­քէն մե­զի ե­կո­ղը:

Գրա­կա­նու­թիւնն ու Թատ­րո­նը ի­րենց մտա­ծում­նե­րու ան­ծայ­րա­ծիր թռիչք­նե­րով այժմ կանգ­նած են նո­րա­բաց տիե­զեր­քի հրա­ւէ­րին դի­մաց:

Իսկ մենք կանգ­նած ենք ե­րե­ւա­կա­յա­ծին գրա­կա­նու­թեան սե­մին եւ կը նա­յինք հե­ռուն… դէ­պի ներ­կա­յի ա­նո­րո­շը…

***

Այ­լա­բա­նու­թիւ­նը (allégorie) նմա­ն է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան: Այ­լա­բա­նու­թիւնն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ո՛չ մէկ ո­ճի եւ ոչ մէկ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան կը պատ­կա­նին: Ո՛չ ծայ­րա­յեղ աջ եւ ո՛չ ալ ծայ­րա­յեղ ձախ, այլ՝ չա­փա­ւո­րա­կա­նու­թիւն: Այ­լա­բա­նու­թիւ­նը ընդ­միշտ ըն­թա­ցած է բո­լոր ազ­նիւ ո­ճե­րուն հետ, Քրիս­տո­սէ ա­ռաջ, ա­պա հա­սած՝ Ա­բիւ­լէի «Ոս­կեայ է­շը» վէ­պի (Ք­.Ե. 2-րդ դա­րուն) այ­լա­բա­նու­թեան զե­նի­թին եւ մին­չեւ մեր օ­րե­րը:

***

Այս­պէս, կը կրկնեմ, մի­լիո­նա­ւոր տա­րի­ներ ա­ռաջ թատ­րո­նը ծնած է բնազ­դով ապ­րող ան­գի­տա­կից մսա-­կոյ­տին մէջ՝ ա­ռա­ջին ան­գամ զարթ-­նած Գի­տակ­ցու­թեամբ:

Ան ան­մա՛հ է, այն­քան ա­տեն որ կ՚ապ­րի Գի­տակ­ցու­թիւ­նը:

Գի­տակ­ցու­թիւնն ու իր կրկնե­րե­ւոյթ­նե­րը ստեղ­ծե­ցին հար­ցա­կա­նը, ա­պա՝ ինք­նապրպ­տու­մը, ինք­նա­զար­գա­ցու­մը, ժա­մա­նա­կավ­րէ­պու­թեան մեր­ժու­մը եւ այս­պի­սով ստեղ­ծե­ցին ի­րե­րա­յա­ջորդ նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը:

Եւ շատ հա­ւա­նա­բար ժա­մա­նակ մը ետք նաեւ հաս­նինք ան­հե­թե­թի ժխտու­մին…

***

Վստա­հա­բար պա­րապ մը պի­տի չստեղ­ծուի:

Շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը կը մեր­ժէ պա­րա­պու­թիւն եւ ան­մի­ջա­պէս կը լեց­նէ զայն:

***

Նո՛ր հո­րի­զոն մը՝ ան­կաս­կա՛ծ:

***

Թատ­րո­նի Մի­ջազ­գա­յին օ­րը շու­տով կրնայ ըլ­լալ՝
Տիե­զե­րա­կան կեան­քի օր:

Ա­ՐԱ ԱՐԾ­ՐՈՒ­ՆԻ

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017