ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ
Ամէն տարի Մարտի 27-ին կը նշուի Թատրոնի միջազգային օրը (World Theater Day), որ հռչակուած է 1961 թուականին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Թատրոնի միջազգային կաճառի 9-րդ վեհաժողովին կողմէ եւ կը նշուի ամէն տարի: Նպատակը «ազգերու միջեւ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ամրապնդման, աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներու համագործակցութեան» նպաստած է: Թատրոնի միջազգային օրուան առթիւ առաջին ուղերձը գրած է 1962 թուականին ֆրանսացի գրող եւ նկարիչ Ժան Քոքտօ (1889-1963):
«Թատրոնի օր»ը թատրոնի բոլոր աշխատակիցներու օրն է՝ դերասաններու, բեմադիրներու, բեմագիրներու, ձայնային աշխատակիցներու եւ այլոց:
Ան կը նշուի գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ իսկական տօն է թատերասէրներու համար: Այդ օրը կը կազմակերպուին բազմաթիւ թատերական փառատօններ, կը բեմադրուին ներկայացումներ, շարք մը թատրոններու մէջ տեղի կ՚ունենան առաջնային ներկայացումներ:
Թատրոնը խոր արմատներ ունի, բառը ստեղծուած է հին յունական theatron-էն, որ կը նշանակէ «վայր, ուր կը դիտեն»: Ան ստեղծուած է հին Յունաստանի մէջ Տիոնիսոսին նուիրուած ծիսակատարութիւններէն: Կային երկու ժանր՝ ողբերգութիւն եւ կատակերգութիւն: Երկուքն ալ ունէին դիցաբանական կամ պատմական բովանդակութիւն: Բոլոր դերերը կը խաղային տղամարդիկ:
Անդրադառնալով հայկական թատրոնի արմատներուն՝ նշենք, որ ան ստեղծուած է Ն.Ք. Առաջին հազարամեակին Գիսանէ եւ Անահիտ աստուածուհիներուն նուիրուած ծիսակատարութիւններէն:
Յոյն պատմաբան Պղուտարքոսի վկայութեամբ Ն.Ք. 69 թուականին Տիգրան Մեծ (Տիգրան Բ. Մեծ) արքան պատմական Հայաստանի հարաւային մայրաքաղաքին, Տիգրանակերտի մէջ կառուցած է Սուրիոյ հելլէնական ամփիթատրոններու նման շինութիւն մը, ուր ներկայացումներ կը բեմադրուէին։ Յայտնի է նաեւ, որ Տիգրանի որդին՝ Արտաւազդ երկրորդն (Ն.Ք. 56-34 թուականներուն, ողբերգութիւններ կը գրէր Հայաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքը՝ Արտաշատի մէջ) ալ ստեղծած է հելլէնական ոճի թատրոն։ Պատմական աղբիւրներու համաձայն, այստեղ ելոյթ ունեցած է ողբերգակ-կատակերգակ Եասոնի գլխաւորութեամբ թատերախումբ մը: Իսկ Ն.Ք. 53 թուականին բեմադ-րըւած է Եւրիպիթէսի «Բագոսուհիներ» ողբերգութիւնը: Սկսած Ն.Ք. առաջին դարէն բազմաթիւ պատմական փաստեր կը վկայեն հայկական բազմաժանր եւ բազմատեսակ արհեստավարժ թատրոնի գոյութեան մասին։ Օրինակ՝ Արմաւիրի՝ հայկական հնագոյն մայրաքաղաքին մէջ, գտած են յոյն հեղինակներու կամ Արտաւազդ Բ.-ի ողբերգութիւններէն հատուածներ՝ գրուած յունարէնով:
Միւս կողմէ, ամէն տարի Մարտի 27-ին Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութիւնը կը կազմակերպէ «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխութիւնը, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ գնահատել թատրարուեստի գործիչներու նախորդ տարուայ ձեռքբերումները: