Քիչ Մը Պատմութիւն, Քիչ Մը Յանձնառութիւն, Քիչ Մը Լեզու
27 Մարտը հռչակուած է Թատրոնի միջազգային օր:
Ի՞նչ է թատրոնը, ի՞նչ է անոր դերը, ի՞նչ է անոր կոչումը:
Թատերագէտներ ու թատերագիրներ, գրողներ ու գրաքննադատներ սովորաբար տարբեր սահմանումներ կու տան թատրոնի կամ տարբեր մօտեցումներ կրնան ունենալ թատրոնի մասին:
Հո՛ն՝ Հայաստանի մէջ՝ տարբեր, հո՛ս՝ սփիւռքի մէջ՝ տարբեր: Իւրաքանչիւրը կ՚ապրի ու կը զարգանայ իր պայմաններով:
Թատրոնը, իբրեւ արուեստ, սիրելի է մեզի համար: Ասիկա մէկ մօտեցում է:
Յանձնառու թատրոնը այլ մարզ է, որ կը հետապնդէ, արուեստի կողքին, այլ նպատակներ:
Մենք կը կեդրոնանանք յանձնառու թատրոնին վրայ եւ մեր միտքին մէջ ունինք 19-րդ դարու արեւմտահայ զարթօնքի սերունդի փորձառութիւնը:
Արեւմտահայ զարթօնքի սերունդը (Պոլիս եւ Զմիւռնիա) աճապարանքի մէջ էր ժողովուրդը իր թմբիրէն արթնցնելու: Դպրոց, մամուլ, գրականութիւն, թարգմանութիւն՝ մէկը միւսին ետեւէն: Այդ բոլորին մէջ թատրերգութիւնը ունէր կարեւոր դերակատարութիւն:
Զարթօնքի սերունդին այն տղաքը, որոնք իրենց ուսումը առած էին Վենետիկի Մխիթարեաններուն քով, վարժութիւնը ունէին թատրոնին աշակերտական գրասեղաններէն իսկ: Թատրոնասէր էին: Վենետիկի մէջ թատերական շարժումը սկսած էր ԺԸ. դարու կիսուն: Այդ շարժումը յանձնառու էր, ազգային էր: Այդ ներկայացումներուն ներկայ կ՚ըլլար Իտալիոյ հայ գաղութը, որ այդ թուականներուն աննշան չէր, կը գրէ Հայր Մ. Ճանաշեան իր «Հայ գրականութեան նոր շրջանի համառօտ պատմութիւն» գործին մէջ: Այնտեղ ներկայացուած ողբերգութիւններուն ու կատակերգութիւններուն նիւթերը առնուած կ՚ըլլային հայ ժողովուրդի պատմութեան հին ու նոր կեանքէն, այսինքն հայրենասիրական էին:
Մխիթարեաններուն մօտ ուսանած երիտասարդները թատրոնը փոխադրեցին Պոլիս: Միջանկեալ յայտնենք, թէ նոյն ատեն հեռաւոր Հնդկաստանի գաղութին մէջ 19-րդ դարու առաջին քառորդին կը ներկայացուէին ազգային կեանքէ առնուած ողբերգութիւններ ու կատակերգութիւններ: Ըստ երեւոյթին, դարու պահանջն էր ատիկա:
Նոյնը պատահեցաւ Պոլսոյ մէջ: Զարթօնքի սերունդի ջանքերուն շնորհիւ, թատրոնը իբրեւ միջոց գործածելով, կը ստեղծուէր մթնոլորտ մը, ուր «ժողովուրդը իր նախահայրերը աչքերուն առջեւը տեսնելու ըղձանքով բորբոքուած էր», կը գրէ Արփիար Արփիարեան իր «Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան» գործին մէջ եւ կը շարունակէ. «Ժողովուրդը թատրերգութիւն մը պարզապէս իր ազգային զգացումովը կը դատէր»: «Վարդանանք»ի մը ներկայացման մէջ Վասակի դերը ստանձնողը եթէ նոյնիսկ Ադամեան մը եղած ըլլար, ժողովուրդէն պիտի ստանար «մռլտուք եւ հայհոյութիւն»: Մինչդեռ Վարդանի դերին մէջ եղող դերասանը, նոյնիսկ եթէ տկար կերպար մը ըլլար, պիտի խլէր ծափահարութիւններու ամբողջութիւնը: «Ժողովուրդը իր աչքին առջեւ գաղափար մը կ՚ուզէր տեսնել, իր սրտին խօսող գաղափար մը: Անոր կը ծափէր: […] Ծնաւ Հայաստանի գաղափար մը, որ շատ չանցած, իբրեւ կեդրոնաձիգ զօրութիւն մը, իրեն պիտի քաշէր ամբողջ հայութիւնը՝ ստեղծելու համար ազգային նոր կեանք մը»: (Արփիարեան):
Եւ այս Հայաստանի գաղափարը այնքան զարգացաւ, որ 1880-ական թուականներուն հայերէն թատերական ներկայացումները արգիլւեցան Բարձրագոյն դրան կողմէ, որովհետեւ իշխանութիւնները տեսան, որ հայերուն մէջ կ՚արթննար ազատութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումները:
Թատրոնի երկրորդ օգուտը արեւմտահայ զարթօնքի սերունդին մէջ եղաւ ձգտումը մաքուր հայերէնի գործածութեան եւ նոր բառերու ներմուծման: Շատ դասականացած է Նահապետ Ռուսինեանի յօրինած բառերուն մէջ «տիար» բառին ժողովրդականացումը, որ եղաւ թատրոնի ճամբով: Այսպէս, Պալեան ամիրան կը թելադրէր դերասանի մը գործածելու «տիար» բառը իր ստանձնած դերին մէջ. ասոր փոխարէն՝ ան նիւթապէս կը վարձատրէր դերասանը «տիար» բառի գործածութեան թիւով: Պալեան ամիրան նոյնիսկ հաշուապահ մը կը ղրկէր ներկայացմանը, որպէսզի հաշուէ, թէ քանի՛ անգամ «տիար» բառը գործածուեցաւ դերասանին կողմէ՝ համապատասխան վճարում կատարելու համար…: Այո՛, թատրոնի ճամբով, այլ բաներու կարգին, արեւմտահայերէնը կարճ ժամանակի մէջ մեծ նուաճումներ արձանագրեց:
Արեւմտահայ զարթօնքի սերունդէն մենք ժառանգած ենք բազմաթիւ թատրերգութիւններ, որոնք ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն այսօր: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Թովմաս Թերզեանի, Խորէն Արք. Նարպէյի, Պետրոս Դուրեանի եւ այլոց թատրերգութիւնները, ատենին, իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցած են մեր ժողովուրդին վրայ այն պատճառներով, որ թուեցինք, առաւել՝ անոնք կը նպատակադրէին վարժեցնել ժողովուրդը թատերասրահ յաճախելու:
Այն տպաւորութիւնը չենք ուզեր ձգել, որ միայն յանձնառու թատրերգութիւններն էին, որ բեմ կը հանուէին: Եղած են նաեւ ոմանք, որ եւրոպական գրականութենէն թարգմանուած են օտար բարքեր ներկայացնող թատերախաղեր ալ ներկայացուցած են: Աւելի՛ն. թրքերէն թատրերգութիւններ նաեւ բեմ հանուած են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ժողովուրդին մէջ սկսած էր զարգանալ գրական ու գեղարուեստական ճաշակ մը:
***
Յանձնառու թատրոնի դերակատարութիւնը ներկայացնելու մեր առաջադրանքին մէջ անմիջապէս հաստատենք, որ փոխուած են պայմանները, եւ պատմութիւնը ինքզինք չի կրկներ:
Չենք առաջարկեր, որ դասականացած «Վարդանանք» մը կամ «Արշակ Բ. եւ Դրաստամատ» մը բեմականացուի: Սակայն շատ մեծ ու դժուար առաջադրա՞նք է, երբ բեմին վրայ կ՚ուզենք տեսնել Արցախը, Հայաստանէն արտագաղթը, Հայաստանի փտածութիւնը եւ սփիւռքահայութեան հոգեկան այլասերումը: Այո՛, թատրոնէն ստացուած տպաւորութիւնը (խօսք, խաղարկութիւն, երաժշտութիւն, բեմադրութիւն) մեր մէջ կրնան մնալ երկար ժամանակ այնքա՛ն մը, որ հազար ճառախօսութիւն արժէ: Եւ ո՞վ ըսաւ, թէ թատրոնը ուղեղի եւ հոգիի քանդակագործութիւն չէ:
«Յանձնառու թատրոնի մը տեսակէտը պաշտպանողներուն համար,- կը գրէ Բաբգէն Փափազեան իր «Թատերագրութեան արուեստը» գործին մէջ (1977),- թատրոնին կոչումը ընկերային պայմանները փոխելուն նպաստելն է: Թատերագիրին պարտականութիւնն ալ մարդուն համար աւելի լաւ ընկերային պայմաններ առաջացնելն է: Թատերագիրը, որ պատասխանատու է ճշմարտութեան, ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ նաեւ արդարութեան համար. ան պէտք չէ գոհանայ միայն աշխարհը նկարագրելով, այլ պէտք է նաեւ օգնէ՝ զայն բարեփոխելու»:
***
Բոլոր երկիրներու եւ ժողովուրդներու մէջ կան գեղարուեստական մակարդակով բարձր բեմադրութիւններ եւ անոնց կողքին՝ խեղկատակութիւններ, իմա՛ զեւզեկութիւններ: Եւ ուրեմն, պատճառ չկայ, կ՚առարկուի, որ մեր մօտ ալ չըլլան նմանօրինակ մօտեցումներ:
Կ՚ըսուի. «Լուրջ թատերախաղերը բաւականաչափ հանդիսատես չեն ապահովեր: Գործէն յոգնած՝ մարդիկ թեթեւ բաներ կ՚ուզեն դիտել»:
Ամբո՞ղջ ժողովուրդը. ո՞վ կ՚ըսէ:
Ասիկա հնամենի եւ դասականացած պատճառաբանութիւն է, պատրուակ է զեւզեկութիւններ ներկայացնելու:
Իբր թէ ժողովուրդը կ՚ուզէ:
Ո՞վ է, որ ժողովուրդի անունով կը խօսի:
Այդպիսի ներկայացումներ (զեւզեկութիւն) կազմակերպո՛ղն է, որ այդպիսի բան կը պահանջէ: Դրամ շահելու մարմա՛ջն է, որ այդպիսի բաներ կ՚ուզուին,
որովհետեւ՝
Կարելի է ամբոխավարութիւնը իբրեւ արուեստ ներկայացնել ժողովուրդին, իսկ ժողովուրդը չ՚անդրադառնար ատոր: Կարելի է շատ անարժէք բան տալ ժողովուրդին, որ չի գիտակցիր եղածին: Կը նշանակէ, որ թատրոնի «չարչի»ները կը շահագործեն ժողովուրդը, ժողովուրդին անգիտակից տարրը:
Զեւզեկութիւններ ներկայացնողները, հերոս «պաթալ»ները կը մոռնան, որ թատրոնը մեզի համար կրնայ դաստիարակիչ դեր ունենալ նաեւ: «Պաթալ»ներէն կը շահի կազմակերպողը, բեմադրիչը, դերասանները: Միւս կողմէ, կը վնասէ հաւաքականութիւնը, կը տժգունի պատմութիւնը ու «կը պաթթալուի» թատրոնը: Ինչ որ տարիներով կը սորվեցուի դպրոցներուն մէջ, կը խաթարուի այս տիպի ներկայացումներէն:
***
Ի՞նչ կը փնտռէ հանդիսատեսը, հարց կու տայ Բաբգէն Փափազեան, թատրոն գացած ատեն:
«Ի՞նչ է թատրոնին կոչումը հանդիսատեսին ակնոցով:
«Ոչ ոք թատրոն կ՚երթայ բարոյագիտական ճառ մը լսելու, վարդապետական յայտարարութիւններ ունկնդրելու, ընկերային օրէնքներուն դէմ բողոքելու, քաղաքական աքթ մը իրականացնելու կամ արուեստի ուսումնասիրութիւն մը կատարելու համար»:
Ապա Բաբգէն Փափազեան կը մէջբերէ Պերթոլտ Պրեխթի հետեւեալ բացատրութիւնը թատրոն երթալու մասին. «Մարդիկ թատրոն կ՚երթան, որպէսզի հմայուին, տպաւորուին, խանդավառուին, ցնցուին, սարսափին, գրաւուին, ազատագրուին, հոգերէ թեթեւնան, հանդարտին, առօրեայէն դուրս գան, պատրանքներով հարստանան: Այս բոլորը ինքնին այնքան հասկնալի է, որ արուեստը կը սահմանուի իբրեւ գրաւող, բարձրացնող, ազատագրող: Արուեստ չի կրնար ըլլալ, եթէ այդ բոլորը չկարենայ իրականացնել»:
***
Մենք կրնանք նոյնիսկ համաձայն գտնուիլ բոլոր զեւզեկութիւններուն ալ եթէ ատոնք ըլլային մաքուր հայերէնով: Բենիամին Թաշեան կը հաստատէ. «Հայ լեզուն մեզի համար տեսակ մը ազգային «կտակարան» է, տեսակ մը՝ «Սուրբ գիրք»: […] Ճիշդ է, որ լեզուն կը ստեղծուի ազգին կողմէ, բայց եւ լեզուն է, որ կը ստեղծէ ազգը: […] Լեզուն է, որ «կը դաստիարակէ» ազգը, ինչպէս ազգն է, որ «կը դաստիարակէ» լեզուն»:
Վերոգրեալ հաստատումները կատարուած են 1948-ին (եօթանասուն տարի առաջ)՝ «Լեզուական Բաբելոն» խորագրեալ յօդուածին մէջ: Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըսէր Բենիամին Թաշեան, եթէ ապրած ըլլար մինչեւ հիմա եւ տեսնէր մեր լեզուին այսօրուան իրապէս անմխիթար վիճակը:
Թատրոնը իր յստակ դերը ունի լեզուի մաքրութեան եւ նորաստեղծ հայերէն բառերու ժողովըր-դականացման մէջ, ինչպէս եղած է անցեալին:
Թատրոնով բոլոր զբաղողները ընելիք ունին այս մարզին մէջ, որովհետեւ, առանց յոռետես, ըլլալու, արեւմտահայերէնը կը գտնուի իր վատագոյն օրերուն մէջ:
Բոլորս, հաւաքաբար, հայ լեզուին համար:
Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան