ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԹԷԺ ՕՐԱԿԱՐԳ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ. ՊԱՅԹՈՒՄԻ ՆԻՒԹԸ «ՄՈՌՑՈՒԵՑԱ՞Ւ»

Պէյրութը աղէտահար դարձուցած պայթումէն անցած են ամիսներ։ Ճիշդ է, քաղաքացիներ կը փորձեն իրենց վէրքերը սպիացնել, սակայն ամէնօրեայ կերպով Լիբանանի լրահոսին հետեւողներուս համար աւելի քան պարզ է, որ չարաղէտ պայթումին պատճառով ամուսին, եղբայր, քոյր, մայր կամ հայր հողին տուած քաղաքացիներուն մօտ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ տխուր եւ տարերային։

Իբր այդ, եթէ դիտարանը ուղղենք Լիբանանի քաղաքական դրութեան վրայ, պիտի նկատենք, որ մասնաւորապէս վերջին տասն օրերուն մեծ ճիգեր գործադրուեցան, որպէսզի երկրի երկու գլխաւոր գործիչները՝ նախագահ Միշէլ Աունն ու վարչապետ Սաատ Հարիրին ի մի գան եւ ի վերջոյ «արձակեն» նոր կառավարութեան կազմութեան աւետիսը...։

Ինչպէս վերը նշեցինք, վերջին օրերուն իրավիճակը այնպիսին էր, որ Սաատ Հարիրի ընդամէնը ժամերու ընթացքին պիտի յայտարարէր նոր կառավարութեան կազմը, սակայն ցարդ անհասկնալի պատճառներով (որոնք մեծ հաւանականութեամբ պայմանաւորուած են տարածքաշրջանի յաճախ արիւնալի գործընթացներով կամ լարուածութիւններով) կառավարութեան կազմութիւնը դարձեալ «յօդս ցնդեցաւ»։ Այս եղելութեան լոյսին տակ, քաղաքացիներ մինչ ոգի ի բռին կը սպասէին կառավարութեան կազմութեան «բարի լուր»ին, անգամ մը եւս յուսակտուր դարձան եւ մտան սպասումներու անորոշ փուլի մէջ։

Այս բոլորին զուգահեռ, երկրին մէջ առկայ տնտեսական տագնապը ցաւալիօրէն աճեցաւ եւ ամերիկեան տոլարին սակը առաջին անգամ ըլլալով հատեց 15 հազար լիբանանեան լիրայի սահմանը։ Աւելի վերջ դարձեալ տատանեցաւ ամերիկեան տոլարին սակը, սակայն ընդհանուր առմամբ բոլոր ոլորտներու վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցող «ելեւմտական շոք»ը շարունակեց մնալ մտահոգիչ եւ «ցաւցնող»։ Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Լիբանան մեծ պայքար կը տանի քորոնաժահրի համավարակին դէմ եւ մինչեւ այս պահը ամէնօրեայ դրութեամբ վարակակիրներու թիւը կը շարունակէ հատել 3 հազարի շեմը երկրին մէջ, որ ունի շուրջ 5 միլիոն բնակչութիւն։

Միւս կողմէ, լիբանանահայութիւնը եւս կ՚անցնի դժուարին ժամանակներէ։ Ճիշդ է, որ պայթումին հետեւանքով մեծ վնասներ կրած հայկական թաղամասերը մասամբ կարողացած են ուշքի գալ, սակայն ընդհանուր առմամբ իրավիճակը շատ հեռու է բնականոն հունէն։

Լիբանանի ու լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակին աւելի մօտէն ծանօթանալու համար, վերջերս հեռավար զրոյց մը ունեցանք լիբանանահայ հասարակական գործիչ, մանկաբոյժ տքթ. Ճորճ Կիւլէսէրեանին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցի սղագրութիւնը։

*

-Գրեթէ եօթ ամիս անցած է Պէյրութի աղէտալի պայթումէն, ո՞ւր հասաւ դատական գործընթացը, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք եւ ընդհանրապէս հասարակութիւնը ի՞նչ կը խօսի դատական գործընթացին մասին:

-Ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, Լիբանանի մէջ պատահած բոլոր դէպքերու պարագային, որոնք ահաբեկչական բնոյթ ունին, դատական գործընթացները, գոնէ 1958-էն ի վեր, ապարդիւն մնացած են: Այս հիման վրայ ես ոչ մէկ յոյս ունիմ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերեալ դատական գործընթացը արդիւնքի մը հասնի: Նաեւ չեմ կարծեր, որ այս հարցով միջազգային դատաքննութիւն տեղի կ՚ունենայ: Նոյնիսկ եթէ ուզեն վճռական արդիւնքի մը հասնիլ, բնականաբար, աւելի ցած մակարդակի պատասխանատուները պատիժ պիտի կրեն, բանտարկուին, իսկ «մեծ գլուխներ»ը, ինչպէս միշտ, ազատ պիտի մնան:

-Պայթումէն վեց ամիս ետք, ինչպիսի՞ն է տուժած շրջաններուն վիճակը, մասնաւորապէս հայկական թաղամասերու մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ:

-Աղէտեալ շրջաններու վերանորոգման աշխատանքին առընչութեամբ, ես իմ անձնական փորձառութեամբ պատմեմ, որովհետեւ իմ տունս ալ Ժէհթաուի շրջանը գտնուելով, բաւական մեծ վնաս կրած է: Հայկական կազմակերպութիւնները ամէն ձեւով օգնութեան հասան, շինարարական աշխատանքներ ստանձնեցին եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին: Հայկական միութիւնները, եկեղեցական, ազգային կառոյցները բոլորն ալ իրենց կամաւորական խումբերով գործի վրայ էին, հայ աղէտեալ, կարօտեալ ընտանիքներուն օգնութեան հասնելով։ Այս բոլորը շատ բարձր պէտք է գնահատել՝ իրենց թերութիւններով հանդերձ: Նոյնը կարելի չէ ըսել պետութեան աշխատանքներուն մասին: Պետութեան կողմէ ոչինչ կը տեսնենք: Ինչպէս գիտէք, Լիբանանի պետութիւնը փտած կմախք մը դարձած է, միայն այցելեցին, քննեցին, վնասները արձանագրեցին եւ խոստումներ տուին, բայց դեռ բան մը չեն վերականգնած, ոչինչով օգնած են ժողովուրդին:

Լուրջ աշխատանքներ կը տանին նաեւ հասարակական, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները (NGO), Միջազգային Կարմիր խաչը, ԻՒՆԻՍԷՖ-ը, որոնք բազմաթիւ ընտանիքներու նիւթականով օժանդակեցին, անոնց ալ գործը բարձր կը գնահատենք: Բնականաբար դեռ շատ աշխատանք կայ ըլլալիք, վնասները դեռ շատ են, յատկապէս Մար Մըխայէլ, Ժըմմայզէ կամ Քարանթինա շրջաններուն մէջ, ուր շէնքերը լքուած են եւ որոնց նորոգութիւնը մեծ ծախսի եւ ժամանակի կը կարօտի: Ես կը ճանչնամ հայ ընտանիքներ, որոնք իրենց տուներէն հեռացած են, որովհետեւ անբնակելի դարձած են, անոնք կառավարութենէն բան մը չեն կրնար ակնկալել, որովհետեւ կառավարութիւնը սնանկացած է, փտած պետութիւն մը ունինք: Ահաւոր է կորուստները, լիբանանահայութիւնը մեծ վնաս կրեց, բայց պիտի վերականգնինք, ուրիշ ճար չունինք:

-Ինչպիսի՞ն է քաղաքական վիճակը Լիբանանի մէջ: Գիտենք, որ վերջերս սպանութիւն եղաւ, կառավարութեան կազմութեան դժուարութիւններ կան: Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Լիբանանը:

-Ես բացարձակապէս լաւատես չեմ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական վիճակով՝ գոնէ մօտիկ ապագային: Ապագան մշուշոտ է, քաղաքական գետնի վրայ փտած եւ սառած վիճակ մը կայ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Հաւանաբար, Ամերիկայի տարածքաշրջանային քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի՝ պայմանաւորուած նորընտիր նախագահով։ Ուստի հիմա «սպասէ եւ տե՛ս» կացութեան մէջ ենք, ամէն ինչ սառած է։ Չեմ կարծեր, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւն կը կազմուի Լիբանանի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս քաղաքական մրցակցութեան, փոխադարձ ամբաստանութիւններու ընթացք մը ծայր առաւ, թէ ո՞վ է այն պատասխանատուն, որ երկիրը հասցուց այս վիճակին։ Մինչ այդ, անշուշտ, տնտեսական վիճակն ալ օրէ օր կը վատթարանայ: Իմ կարծիքով՝ լուծումը պիտի ըլլայ ստեղծել միջազգային վեհաժողով մը կամ կարգ մը մեծ պետութիւններու հսկողութեան տակ մարմին մը, որ անուղղակիօրէն պիտի հսկէ Լիբանանի իրավիճակը (ֆրանսերէն՝ մանտայի պէս բան մը)։ Անոր մէջ դեր պիտի ունենան կարգ մը արաբական երկիրներ եւ Եւրոպան, ի մասնաւորի Ֆրանսան, անշուշտ նաեւ Ամերիկան եւ Ռուսաստանը: Եթէ նման լուծում մը ապահովուի, ինծի նման շատեր համամիտ պիտի ըլլան, որովհետեւ Լիբանանի քաղաքական ազդեցիկ ուժերէն ժողովուրդը ակնկալիք մը չունի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021