ԿԱ­ՐԵ­ԼԻ ՉԷ ԿԵԱՆ­ՔԻ ՃՇՄԱՐ­ՏՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ԹԱՔՑ­ՆԵԼ

22 Մարտ 2017. Ո­ւի­թըն­պերկ՝ այս­պէս ը­սած նախ­կին ա­րե­ւե­լեան Գեր­մա­նիոյ գե­ղե­ցիկ քա­ղաք­նե­րէն մէ­կը: Հոն, ուր Մար­թին Լու­տեր ապ­րե­ցաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց, հի­մը դնե­լով նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ու ընդ­հան­րա­կան կեան­քի բա­րե­կար­գու­մի գոր­ծըն­թա­ցին: Այս տա­րի կը զու­գա­դի­պի այս բա­րե­կար­գու­մի շար­ժու­մին 500-ա­մեա­կին: Գեր­մա­նիան եւ շարք մը այլ եր­կիր­ներ մեծ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով պի­տի յի­շա­տա­կեն այս տա­րե­դար­ձը: Գեր­մա­նիան այս ի­մաս­տով ծրագ­րած է ձեռ­նարկ­նե­րու շարք մը՝ ո­գե­կո­չե­լու հա­մար այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը:

Քա­ղա­քին տար­բեր շրջան­նե­րը ու տա­կա­ւին պատ­մա­կան հիմք ու­նե­ցող ա­մէն կո­թող ու թան­գա­րան այ­ցե­լե­լով կա­րե­լի էր տես­նել բա­րե­կար­գու­մի շար­ժու­մին բե­րած հո­գե­ւոր մեծ նպաս­տը՝ ե­կե­ղե­ցա­կան, կրթա­կան ու ըն­կե­րա­յին շատ մը ո­լորտ­նե­րու մէջ: Բա­րե­կար­գու­մի շար­ժու­մը սկսաւ գլխա­ւո­րա­բար Աս­տուա­ծա­շուն­չի թարգ­մա­նու­թեամբ եւ զայն ժո­ղո­վուր­դին տրա­մադ­րե­լի դարձ­նե­լու մի­տու­մով: Ան նաեւ կրթա­կան-ա­կա­դե­մա­կան մեծ վե­րելք մը ստեղ­ծեց՝ վե­րա­ծուե­լով ներշն­չու­մի եւ մարդ­կա­յին, ըն­կե­րա­յին ու հա­ւա­քա­կան կեան­քե­րուն տուաւ մեծ սլացք: Այս սլացքն էր, որ շատ յստակ կեր­պով սկսայ տես­նել երբ կը շրջագա­յէի պատ­մա­կան այս քա­ղա­քին մէջ:

Բայց այս քա­ղա­քին ու բա­րե­կար­գու­մի «լու­սա­ւո­ր» կեան­քին մէջ կար «տխու­ր» եւ «խա­ւա­ր» ե­րես մը: Ո­ւի­թըն­պերկ քա­ղա­քին կեդ­րո­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն պա­տին վրայ զե­տե­ղուած էր մի­ջին դա­րե­րէն մնա­ցած «խո­զի» նկար մը ու հրեայ պզտիկ­ներ, ո­րոնք նոյն խո­զին կա­թէն կը խմէին: Նկա­րը տես­նո­ղը կը հասկ­նար, թէ պզտիկ­նե­րը դա­սուած էին հա­մա­հա­ւա­սար սե­րունդ եւ պատ­կա­նե­լիու­թիւն՝ նոյ­նինքն խո­զին:

Հա­կա­սե­մա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, բայց նաեւ ա­տե­լու­թիւ­նը ու ա­նոր մթնո­լոր­տը Գեր­մա­նիոյ հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ տի­րա­կան դար­ձած են մի­ջին դա­րե­րէն սկսեալ, եւ ըստ ե­րե­ւոյ­թին բա­րե­կար­գու­մի շար­ժումն ալ ո­րե­ւէ ձե­ւով չէ կրցած «բա­րե­կար­գե­լ» այս մթնո­լոր­տը: Իսկ պատ­մու­թեան տուեալ­նե­րը ա­ւե­լիով կ՚ա­պա­ցու­ցէին, թէ բա­րե­կարգ­ման շար­ժու­մը նաեւ «հրահ­րա­ծ» է այս զգա­ցում­նե­րը, հաս­նե­լով մին­չեւ քսա­նե­րորդ դա­րու ող­ջա­կի­զու­մին:

Նոյն ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնուող յու­շա­կո­թող մը գրա­ւեց ու­շադ­րու­թիւնս: Երբ գեր­մա­նա­կան պե­տու­թիւ­նը ըն­դու­նած է իր գոր­ծած քստմնե­լի ո­ճիր­նե­րը՝ ա­ռա­ջար­կուած է ա­նոր ե­կե­ղե­ցիի ճա­կա­տէն վերց­նել այդ նկա­րը: Տեղ­ւոյն հրեայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը մեր­ժած է այդ ա­ռա­ջար­կը եւ ո­րո­շած է այդ նոյն նկա­րին կող­քին զե­տե­ղել այլ յու­շար­ձան մը՝ նոյն ե­կե­ղե­ցիին կից, բայց գե­տի­նը: Այս պա­րա­գա­յին գե­տի­նը ու­նի խորհր­դան­շա­կան իր պատ­գա­մը: Կո­թո­ղը կը ներ­կա­յաց­նէր՝ խորհր­դան­շա­կան ձե­ւով՝ կի­սով բա­ցուած գե­տի­նը՝ եւ կար­ծես գերբ­նա­կան ու­ժով մը կը փոր­ձէր դուրս ժայթ­քեց­նել ճշմար­տու­թիւ­նը: Կո­թո­ղին միտք բա­նիին մէջ չեն մոռ­ցած յի­շա­տա­կե­լու թէ՝ «կա­րե­լի չէ կեան­քի ճշմար­տու­թիւ­նը թաքց­նե­լ»:

Մարդ­կա­յին կեան­քին ու ա­նոր պատ­մու­թեան մէջ գոր­ծադ­րուած քստմնե­լի մէկ ո­ճի­րին ու ող­ջա­կի­զու­մի ի­րա­կա­նու­թիւնն էր, ո­րուն դէմ յան­դի­ման կանգ­նած էի: Կանգ­նած էի յու­զու­մով եւ յու­սա­խա­բու­թեամբ: Հարց կու տա­յի, թէ ինչ­պէ՞ս մարդ­կա­յին միտքն ու բա­նա­կա­նու­թիւ­նը կրնան այս­քան ո­ճիր հան­դուր­ժել: Այս եր­կու կո­թող­նե­րուն մօտ՝ նաեւ ցա­նած էին Մայ­րիի ծառ մը: Անզ­գա­լա­բար ան­ցայ Մայ­րիի ծա­ռին տա­կը, ո­րով­հե­տեւ զգա­ցի հա­րա­զատ. վեր­ջա­պէս իմս էր՝ լի­բա­նա­նեա­նը: Ո­ւի­թըն­պեր­կի մէջ Մայ­րիի ծա­ռը իր կար­գին ու­նէր խորհր­դան­շա­կան այլ պատ­գամ: Կեան­քին պատ­գամն էր այդ. ա­նի­կա կեան­քին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան հա­ւա­տա­լու եւ ա­նոր վե­րապ­րե­լու ի­րա­կա­նու­թեան ա­մուր կառ­չե­լու գրա­ւա­կանն էր: Իբ­րեւ լի­բա­նա­նա­հայ ապ­րած էի կեան­քին ու ա­նոր շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ հա­ւատ­քը, ո­րով­հե­տեւ Լի­բա­նա­նի եր­կար տա­րի­նե­րու պա­տե­րազ­մին ար­հա­ւիրքն ու ա­նոր դժուար փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը առ­կայ էին, ինչ­պէս որ այդ դժուար փոր­ձա­ռու­թեան մէջ վե­րապ­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նը ինք­զինք կը փաս­տէր:

Ճիշդ է, որ Մայ­րիի ծա­ռին տակ հան­գիստ զգա­ցի եւ ա­պա­հով՝ բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն սկսայ ապ­րիլ իմ՝ հա­յուն ցա­ւը: Հա­յոց ե­ղեռ­նի ցա­ւը ու այդ ա­հա­ւոր ա­տե­լու­թիւ­նը (ի­մա՝ խո­զի կեր­պա­րը), որ գոր­ծադ­րուե­ցաւ հա­յուն դէմ: Մէկ կող­մէ հա­յուն նա­հա­տա­կու­թիւնն ու տե­ղա­հա­նու­մը, իսկ միւս կող­մէ՝ հա­յոց լե­զուին, մշա­կոյ­թին եւ հա­ւատ­քին դէմ գոր­ծուած չա­րիքն ու ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը ար­մա­տա­խիլ ըլ­լա­լը՝ իր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն…:

 

7 Ապ­րիլ 2017. Նի­կո­սիոյ խորհր­դա­րան: Կիպ­րա­հայ պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան՝ կը խօ­սի Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նին եւ Հա­յոց ե­ղեռ­նի յի­շա­տա­կին մա­սին: Մինչ կը լսէի Վարդ­գէ­սը, մտքիս մէջ կը փոր­ձէի Նի­կո­սիոյ մէջ ու­նե­ցած այս իր ե­լոյ­թը կամր­ջել այն պա­հուն, որ ապ­րե­ցայ Ո­ւի­թըն­պեր­կի մէջ: Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան խօ­սե­ցաւ քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին ար­հա­ւիր­քին հա­մար. ան անդ­րա­դար­ձաւ հա­յուն նա­հա­տա­կու­թեան, չար­չա­րան­քին, հա­յոց ինչ­քե­րուն եւ կա­լուած­նե­րուն կո­ղո­պու­տին, ա­նոր են­թարկուած թա­լա­նին, կրած ա­հա­ւոր տան­ջան­քին եւ տե­ղա­հան դառ­նա­լուն: Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քը յայտ­նեց նաեւ կիպ­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան, որ աշ­խար­հի երկ­րորդ եր­կիրն էր՝ հա­յուն այս «կեան­քի ճշմար­տու­թիւ­նը» ճանչ­ցող, ինչ­պէս նաեւ ե­ղեռ­նի ժխտու­մը իբ­րեւ քրէա­կան օ­րէնք հաս­տա­տող պե­տու­թիւն:

Վարդ­գէս Մահ­տե­սեա­նի ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քին ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դեց եզ­րա­փա­կիչ խօսք մը, որ ա­նոր սրտին ու մտքին ար­տա­յայ­տու­թիւնն էր: Ինչ­պէս ա­մէն հայ Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան եւս սոր­ված էր կեան­քին պատ­մու­թիւ­նը կամր­ջել սրտով ու մտքով:

Ճիշդ է, որ Հա­յոց ե­ղեռ­նէն մէկ դար ան­ցած է, սա­կայն հա­յը կը շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րը՝ հաս­նե­լու հա­մար իր պատ­մու­թեան ճշմար­տու­թեան, կառ­չած մնա­լով իր ի­րա­ւունք­նե­րուն:

Վարդ­գէ­սին խօս­քը ու­նե­ցաւ իր հա­մո­զիչ գրա­ւա­կա­նը, այն ի­մաս­տով, որ հա­յը պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ, ա­ռանց թաքց­նե­լու կեան­քի ճշմար­տու­թիւն­նե­րը:

Ճշմար­տու­թիւնն է, որ պի­տի ճեղ­քէ պատ­մու­թեան բո­լոր հո­լո­վոյթ­նե­րը (ի­մա գե­տին­նե­րը) եւ ճշմար­տու­թեան ու­ժով է, որ պի­տի ժայթ­քեց­նէ իր ար­դար պա­հան­ջը՝ ի­րա­ւուն­քը:

Ո­ւի­թըն­պեր­կէն մին­չեւ Նի­կո­սիա ապ­րե­ցայ ցա­ւը, բայց նաեւ ճշմար­տու­թիւ­նը եւ այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, թէ կեան­քի մէջ ճշմար­տու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ թաքց­նել:

Մին­չեւ օրս հա­յուն պատ­մու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն խե­ղա­թիւ­րել, բայց ա­նոր դի­մաց կայ պատ­մու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը եւ ճշմար­տա­ցիու­թիւ­նը: Հա­յը ու­նի իր այ­սօ­րը եւ այ­սօ­րէն կը նա­յի դէ­պի վա­ղուան:

Հա­յը չէ յու­սա­հա­տած իր ի­րա­ւուն­քը պա­հան­ջե­լէ, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­տա­ցած է ու տա­կա­ւին կը հա­ւա­տայ, թէ «կա­րե­լի չէ կեան­քի ճշմար­տու­թիւ­նը թաքց­նե­լ»: Եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին, հա­յը կը յի­շէ ու կը պա­հան­ջէ. ան պի­տի շա­րու­նա­կէ յի­շել եւ պա­հան­ջել, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­տա­ցած է, թէ իր «կեան­քին ճշմար­տու­թիւ­նը» ան­պայ­ման պի­տի պար­տադ­րուի:

Այս ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րա­ցիու­թեան նկատ­մամբ հա­յուն հա­ւատքն է, որ կը ծա­ռա­յէ պատ­մու­թիւ­նը նեն­գա­փո­խե­լու եւ խե­ղա­թիւ­րե­լու բո­լոր փոր­ձե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լու իբ­րեւ իւ­րա­յա­տուկ ուժ: Այդ հա­ւատ­քը եր­բեք կա­րե­լի չէ հա­րուա­ծել կամ պար­տու­թեան մատ­նել:

Հա­յը պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տալ, թէ այ­սօր կեան­քի ճշմար­տու­թեան ու­ժը պի­տի հաս­տա­տուի, իբ­րեւ ար­դար ու ապ­րող ի­րա­ւունք: Ա­հա այս հա­ւատ­քով է, որ հա­յը պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ՝ կեր­տե­լու հա­մար այս ար­դար ու ապ­րող ի­րա­ւուն­քը:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017