ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ. Ե՞ՐԲ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆ ՈՒԶԵՐ ՀԱՍԿՆԱԼ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ ԽՕՍՔԸ

Կը պատահին պահեր, երբ լրագրութիւնը եւ արձակ գրութիւնը իրարու կը խառնուին։ Գրուածքը այն ատեն այլ մարմին կը ստանայ, կը դառնայ աւելի ձիգ եւ սլացիկ։ Այդ սլացիկութեան հետ միատեղ կը բացուին նոր արահետներ, որոնք քեզ կը դնեն նոր տեսակի հարկադրանքներու առջեւ։ Արդեօք ճի՞շդ էր գրածս, արդեօք անկե՞ղծ էի գրութեանս մէջ, արդեօք ազդուեցա՞յ շուրջս տեղի ունեցող դէպքերէն կամ առկայ մթնոլորտէն։ Կամ աւելի խոր հայեացք մը նետելու փորձ ընելով՝ արդեօք որո՞ւ հետ խօսեցայ ստեղնաշարիս հետ խօսիլ սկսելէ առաջ։

Ճիշդ է, որ կատարեալ ոչինչ կայ ու ճիշդ է նաեւ, որ լրագրողն ալ ամբողջական իրաւունքը ունի սխալած ըլլալ իր վերլուծութեան կամ մեկնաբանութեան մէջ։

Սխալիլը այլ բան, սխալ գործելը այլ բան է։ Տակաւին սխալիլը յանցանք ալ չէ, եթէ պահ մը ընդունինք, որ ինքը՝ յանձինս պարոն լրագրութիւնը փորձարկումներու, քննութեան, հանրագումարներու, լուծումներու եւ տարբեր տեսակի վիճակներու մեծ տարրալուծարանն է, որուն դիմաց նստած ես դուն քու անձիդ հետ, քու անունիդ, քու վերաբերմունքիդ, քու ունեցած տեղեկութիւններուդ եւ հաւաքագրած տուեալներուդ հետ։

Անշուշտ այս բոլորը կան, կայ նաեւ գրուած ու վերջին վերջակէտով իր լրումին հասած գրութեան հեռահար եւ սլացիկ ճամբորդութիւնը, որ սկիզբ կ՚առնէ, երբ համակարգիչին ստեղնաշարը պահ մը լռէ, մարի համակարգիչին լոյսը եւ վառի, բոցավառի «խնձոր»ին (նկատի ունիմ Apple համակարգիչս) լիցքաւորման կարմիր լոյսը։ Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան տարբեր մակարդակներու եւ տարբեր տարողութեամբ։

Անշուշտ նախքան գը-րութեան հրապարակ գալը՝ զայն կը ղրկեմ «ոխերիմ բարեկամ»իս, որմէ ալ կը սպասեմ առաջին արձագանգը։

Յատկապէս վերջին տարիներուն ան՝ Ա.Ե.-ը դարձած է առաջին ընթերցողս։ Կար ժամանակ մը, երբ այդ «պատիւ»ը տուած է Ա.Թ.-ին, բայց պայմաններու ու ժամանակի առումով կնոջս անհանգստութիւն չպատճառելու համար՝ գիրս կ՚ուղարկեմ վերը նշուած «ոխերիմ բարեկամ»իս։

Անշուշտ պատրաստ պիտի ըլլամ լսել որեւէ քննադատութիւն ու յաճախ անձնական վիրաւորանքի նմանող արտայայտութիւններ, սակայն համոզուած եմ, որ գիտէ, լաւապէս կ՚ընկալէ ու լաւապէս կը յարգէ գիրս, եթէ նոյնիսկ փորձէ հատել «էթիքա»ի բոլոր կանոնները, ան է՛ եւ կը շարունակէ մնալ առաջին ու մանաւանդ հաւատարիմ ընթերցողս։

Այս նախաբանը ըրի, ներքեւը տրուած գրութեանս մասին հաւատարիմ ընթերցողիս ունեցած կարծիքը լոյսին տալու համար։ Ու գիտէք ինչ, ամենա-տըխուրն այն էր, որ ընթերցողս մէկդի դնելով տրամաբանութեան, իրավիճակը լաւ ըմբռնելու ու ներքեւի տողերուն հեղինակը լաւ ճանչնալու իր ունակութիւնը առանց հիմնաւորումներու կը սկսէր կրակ բանալ վրաս։

Տակաւին զիս կը նստեցնէր դատապարտեալի աթոռին վրայ ու աւելի հեռուները երթալով՝ զիս ձեւով մը կը մեղադրէր Հայաստանի նախկին իշխանութիւններուն «մարդ»ը ըլլալու յանցանքին մէջ։

Կար ժամանակ, երբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն դէմ արտայայտուողները կամ դոյզն ինչ կասկած կամ նոյնիսկ մտավախութիւն ունեցողները կը համարուէին հակայեղափոխական։

Այս սակայն այլ պարագայ է, որովհետեւ, սիրելի ընթեցողս, մէկդի դնելով ամէն ինչ, հակա-յեղափոխութեան «ճամբար»ի բոլոր մեղքերը ուսերուս կը բարդէր, մոռնալով որ լրագրողը նախեւառաջ ազատ խօսքի պաշտպանն է։

Ազատ խօսք, երբ տատանումներ կան։ Ազատ խօսք, երբ արժէքներու ոտնահարում կայ, ազատ խօսք երբ անորոշութիւն կայ ու մանաւանդ ազատ խօսք այսօր, երբ գետնի վրայ դրական մեծ տեղաշարժեր չկան։

Անշուշտ մեր նման լրագրողներուն աշխատանքէն ամենէն առաջ գոհ պէտք է ըլլայ Հայաստանի գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որովհետեւ վերջինիս հասարակական գործունէութեան առաջին դաշտը եղած է լրագրութիւնը։

Աւելի պիտի չերկարեմ ու պիտի առաջարկեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս կարդալ ու թափանցել գրութեանս ծալքերուն մէջ, անշուշտ եւ միշտ ի մտի ունենալով, որ ո՛չ մէկ ատեն ու ոչ մէկ առիթով այս տողերը գրողը ապսպրանքով յօդուածներ կը հրապարակէ ու պատիւ իմ խմբագրիս ու լաւ բարեկամիս՝ Արա Գօչունեանին, որ կարողացաւ այսքան աղմկոտ աշխարհին մէջ ինծի պատառ մը տեղ տալ իր դարաւոր թերթի ճակատին վրայ։

ԵՐԲ ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ

Հայաստանի մէջ առաջին տարին լրացաւ «թաւշեայ յեղափոխութեան։ Երկիր Հայաստանը կ՚ապրի «թաւշեայ յեղափոխութեան» իր առաջին փուլը։

Բացառիկ էին «յեղափոխութեան» օրերը այն իմաստով, որ նոր եռանդ բերին Հայաստանին ու ամենակարեւորը՝ բոլոր դէպքերը եղան սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մը մէջ։

Ճիշդ է, որ մեզմէ շատ-շատերը գիտէին, թէ հայաստանցի ժողովուրդը չի սիրեր իր իշխանաւորները եւ ժխտական տեսակէտ ունի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանին հանդէպ, սակայն մեզմէ ոչ մէկը կը հաւատար, որ այդքան ժողովուրդ մէկ օրուայ մէջ զօրաշարժի պիտի ենթարկուէր եւ պիտի շրջափակէր ու ապա անդամալուծէր ամբողջ Երեւան քաղաքը։

Երեւանի գլխաւոր հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդին պատկերը իրապէս յուզիչ էր, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք նախկին իշխանութիւններուն հանդէպ մեծ ատելութիւն մը չունէին, սակայն կ՚ուզէին, այո՛, շատ կ՚ուզէին, որ մեր երկիրը լաւ երկիր մը դառնայ։

Յուզման ալիքները մեծ էին, ու այդ պահուն դժուար էր մտածել, թէ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցող խմորումները կամ հոն աճող եւ հասունցող տրամադրութիւնները ինչ հունով կրնան զարգանալ։

Ամբողջ ժողովուրդը, համայն հայ ժողովուրդը, կամ եթէ աւելի նրբանկատ ըլլամ, պիտի գրեմ հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածը փողոց իջած էր նախ Սերժ Սարգսեանը մերժելու ու ապա նոր Հայաստանի իր երազին մասին խօսելու։

Երազ մը, որուն շուրջ պէտք է բոլորուէին բոլոր քաղաքական ուժերը, առանց խտիրի, առանց սակարկութեան եւ իրենց սրտերուն մէջ ունենալով աւելի լաւ Հայաստան մը կերտելու ամենավառ երազը։

Ճիշդ է, որ համարեա մէկ տարի անցած է այդ դէպքերէն, սակայն այս պահուն ապերախտ գործ է քննարկել կամ նոյնիսկ գնահատականներ տալ, թէ ո՛ւր հասաւ Հայաստանը յեղափոխութենէն մէկ տարի անց։

Այդ գործը կարելի է ընել այլ առթիւ, իսկ այսօր ամենէն կարեւոր խնդիրն այն է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք ինչ արժէքներ կերտուեցան մեր երկրին մէջ։

Կամ առհասարակ տասը տարուան ժամանակաշրջանի հետեւանքով երկրի իշխանութիւններէն դժգոհ եղող հայ ժողովուրդը այս բոլորին հետ մէկտեղ ուզե՞ց արժէքներ ստեղծել։

Ժողովուրդը շատ փխրուն դրոյթ է, խմորի պէս է, կը շաղես ձեւ կու տաս անոր, աղի կամ շաքարի մէջ կը թաթխես, կը պահես ժամ մը, երկու կամ երեք ժամ, սակայն աւարտին պարտաւոր ես եփել. թխել, «բանալ», շաղել, խմորել, կլորել, փուռը դնել եւ... եփել։

Խմորը ինքնանպատակ չէ, անոր մէջ մեր մեծերուն՝ մօրս, ձեր մայրերուն, ձեր ու իմ նախնիներուն յոյզը կայ, անոնց ձեռքի շարժումներուն եռանդը կայ, աշխատասիրութիւնը եւ սէրը կայ։

Այդ խմորին պէս է ժողովուրդը, որուն մէջ կաթիլ-կաթիլ պահուած ու մանր կարծուած ջղայնութիւններն ու յուզումները յետոյ օր մը ծով պիտի դառնան, պիտի դառնան կամք եւ երազ՝ երանգ տալու համար մեր կեանքին, երանգ տալու համար տաք հացի ու առատ պատառի սպասողներուն։

Ժողովուրդը գինի չէ, որ փրփրի ու ապա հանդարտի ու իր տեղը նստի։

Ժողովուրդը հող է, ցորեն է, հաց է, կամք է։

Ահա այդ ժողովուրդն էր, որ, մոռնալով ամէն ինչ, ուզեց ստեղծել իր նոր երկիրը, երկիր, որուն մէջ մանաւանդ ատելութիւն ու կրակոց, ոխ ու ատելութիւն պիտի չըլլայ։ Երկիր, որ պիտի մտնէր նոր փուլ ու շարունակէր կերտել իր ապագայի տեսիլն ու երազը։

Երկիր, որ պարտուիլ չի գիտեր ու մանաւանդ երկիր, որուն առաւօտներուն մէջ ստեղծագործութեան ու յաղթանակի երգեր կան։

Ստեղծուեցա՞ւ այդ երկիրը, իրար օգնելու պատրաստ ձեռքերը դարձեալ միասին, քով-քովի կերտեցի՞ն ազատութեան բառը ու մանաւանդ խօսեցա՞ն ու ապրեցա՞ն այն արժէքներով, որ մեր նախնիները բերեր ու հասցուցեր են մինչեւ մեր օրերը։

Ճիշդ այդ ժամանակներուն պէս, երբ անոնք խմորը կը շաղէին ու հաց կը թխէին, հացէն փոքր բաժին մը կ՚առնէին եւ ամբողջ գիւղին աղ ու հաց կը դառնային։

Արժէքներու համակարգը, պարոնա՛յք, դպրոցին մէջ տրուող դասապահ չէ, այլ ներսէն բխող զգացում է, որուն կայմերուն վրայ պիտի փայլի այս երկրի մեծ յոյսը։

Յոյսին անունը դուք ընտրեցէք, դրօշա՞կ կ՚ուզէք, դո՛ւք բերեք այդ դրօշակը, միայն թէ մի՛ մոռնաք, որ պէտք չէ պղծել մեր նախնիներուն արժէքները, որոնք դարի՜ւ-դարի՜ւ հոսեցան, երբեմն քրտինքի կաթիլներով ու շատ յաճախ մեր հերոսներու արիւնով։

Արժէքները, պարոնայք, ես այդ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ կը փնտռեմ, արժէքներու Հայաստանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019