17-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՄԵՆԱՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ՝ ՌԱՄՊՐԱՆՏ ՎԱՆ ՌԷՅՆ

«Առանց մթնոլորտի նկարչութիւնը ոչինչ է»:
Ռամպրանտ վան Ռէյն

Շուրջ 350 տարի առաջ, հոկտեմբերի 4-ին, իր տառապալից կեանքին հրաժեշտ տուաւ 17-րդ դարու ամենատաղանդաւոր գեղանկարիչներէն մէկը՝ Ռամպրանտ վան Ռէյն:

Այս բազմաժանր նկարիչը կը ներկայացնէ մարդկանց զգացումները, վերապրումներն ու հոգեկան աշխարհը: Ան առաւելաբար դիմանկարներ, աստուածաշնչային եւ դիցաբանական թեմաներով պատկերներ կը ստեղծէ, որոնք անոր վրձինի զօրութեամբ կը դառնան մարդկային զգացումներն ու յարաբերութիւնները հոգեբանօրէն բացայայտող պատումներ։

Ռամպրանտի ստեղծագործական շրջանը կը համընկնի հոլանտական ոսկեայ դարուն, երբ ազգային արուեստը՝ յատկապէս գեղանկարչութիւնը, իր ծաղկումը կ՚ապրէր:

Ռամպրանտի կենսագրութիւնը, կարելի է ըսել, նահատակի մը կենսագրութիւն է: Ժամանակակիցները չէին ընդունիր անոր՝ իր նկարները չէին գնահատեր, աշակերտները դաւաճանեցին անոր ամենադժուար պահուն: Զայն չէին շրջապատեր երկրպագուները, ոչ իսկ կը հրաւիրէին պաշտօնական տօնակատարութիւններուն մասնակցելու: Սակայն ան այնքան մեծահոգի էր, որ չզայրացաւ ոչ մէկ բանէ: Հաւանաբար ատիկա տաղանդին արտացոլումն էր: Նկարիչի կեանքը լեցուն էր հարազատներու կորուստներով ու հիասթափութիւններով, եւ միայն արուեստին լիովին նուիրուած ըլլալը փրկեց զայն յուսահատութենէ: Անոր շրջանակն էին խանութները, պարզ քաղաքացիները, գիւղացիները եւ արհեստաւորները: Հասարակ եւ անկեղծ մարդիկ չափազանց մօտ էին անոր սիրտին:

Ռամպրանտի կենսագրութիւնը կարճ կարելի է նկարագրել՝ շարունակական աշխատանք եւ ստեղծագործական որոնումներ բառերով:

Սակայն նկարիչը կեանքի սկզբնական շրջանին երջանկութեան տարիներ նոյնպէս ունեցած է:

Հոլանտայի հարաւը ապրող, ջրաղացի սեփականատէր, հարուստ Հարմեն Հերրիթսզոն վան Ռէյնի բազմազաւակ ընտանիքին մէջ, 1606 թուականին (որոշ աղբիւրներու մէջ 1607թ.), յուլիսի 15-ին լոյս աշխարհ կու գայ 6-րդ երեխան՝ Ռամպրանտ Հարմենսզոն վան Ռէյնը: Ռամպրանտի ծնողքը նիւթական միջոցներու պակաս չունէր. ապագայ նկարիչին հայրը հարուստ ըլլալէ զատ, նաեւ անչափ հոգատար էր կնոջ եւ երեխաներու նկատմամբ: Ռամպրանտի կաթոլիկ մայրը հացթուխի աղջիկ էր եւ մեծ կարեւորութիւն կու տար համեղ սնունդին: Երեկոները ընտանիքը կը հաւաքուէր սեղանին շուրջ եւ «Աստուածաշունչ»ը կ՚ընթերցէր: Հայրը Ռեն գետի ափին ունէր հացատուն մը, որ փոքրիկ վան Ռէյնի ամենասիրելի վայրն էր: Ան ժամեր շարունակ կը հետեւէր հացատունէն բացուող գեղեցիկ տեսարանին, ինչ որ կը նպաստէր պզտիկ Ռամպրանտի ճաշակի ձեւաւորումին: Ան բնաւ անտարբեր չէր մնար որեւէ գեղեցիկ բանի հանդէպ:

Շուտով Ռամպրանտ կը սկսի լատինական դպրոց յաճախել, սակայն գիտութիւնը զայն բնաւ չէր յուզեր. անոր միակ հետաքրքրութիւնը նկարչութիւնն էր։ Ծնողները 13-ամեայ Ռամպրանտը կրթուելու կու տան՝ հոլանտացի շատ տաղանդաւոր, կաթոլիկ պատմական գեղանկարիչ Եաքոպ Սուանէնպիւրխի քով: Հետազօտողները չեն կրցած այդ շրջանի Ռամպրանտի կտաւներէն գտնել, որու պատճառով յայտնի չէ՝ նկարիչի ստեղծարար իւրայատկութեան վրայ Սուանէնպիւրխէն ստացած ազդեցութեան հարցը: Իսկ 1623-ին, տղան կը տեղափոխուի մայրաքաղաք, ուր կրթութիւն կը ստանայ երկրորդ ուսուցիչէն՝ Փիթըր Լասթմանէն, որմէ Ռամպրանտ կը սորվի ճիշդ նկարելու արուեստը, գոյներու կարեւորութիւնը, ստուերի եւ լոյսի խաղը:

Տարիներ անց՝ 1627-ին նկարիչը Ամսթերտամէն իր հարազատ քաղաքը կը վերադառնայ, եւ իր ուժերուն վստահելով, ընկերոջ՝ Եան Լիվենսին հետ գեղանկարչութեան դպրոց կը հիմնէ ու աշակերտներ կը հաւաքէ: Քանի մը տարուան ընթացքին ան մեծ ճանաչում կ՚ունենայ։ Քսանէ աւելի տարիներ Ռամպրանտ ապագայի խոշոր նկարիչներէն շատերուն իր հմտութիւնները կը սորվեցնէ։

Նկարիչի յաջողութեան մէջ մեծ էր Կոնստանդին Հէյկենսի դերը, որ արքայազն Օրանացիի քարտուղարն էր, եւ այդ ժամանակ՝ յայտնի բանաստեղծ եւ մեկենաս: Ան շուտով կը նկատէ Ռամպրանտը եւ կ՚օգնէ անոր կապ հաստատել հարուստ պատուիրատուներու հետ եւ ինք անձամբ արքայազն Օրանացիի համար կրօնական թեմայով քանի մը նկարներ կը պատուիրէ: 1631-ին Ռամպրանտ դարձեալ կը հաստատուի Ամսթերտամ, ուր պատուիրատուներու ստուար խումբ մը ձեռք կը ձգէ. հոս ան կանանց եւ տղամարդկանց գլուխներու բազմաթիւ վարժութիւններ կը ստեղծէ։ Մասնաւորապէս դիմանկարչութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ անոր ամսթերտամցի հարուստ պատուիրատուներ գրաւել եւ յաջողութեան հասնիլ։ Ամսթերտամեան առաջին տարիներուն Ռամպրանտի ստեղծագործութիւններու մէջ զգալի տեղ կը գրաւեն ինքնադիմանկարները, որոնց շարքը կը ձեւաւորէ անոր եզակի, անձնական կեանքին պատկերը, ուր նկարիչը ինքզինքը կը պատկերէ բացառապէս անկեղծ, առանց աւելորդ ինքնահաւանութեան։

ՌԱՄՊՐԱՆՏԸ 23 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ

Նկարիչի յետագայ կեանքին եւ գործունէութեան վրայ նկատելի հետք կը ձգէ ամուսնութիւնը հարուստ Սասկիա վան Էյլենպիւրխի (1632 թ.) հետ, որմէ ետք իր բոլոր կտաւներու մէջ ան Սասկիան կը նկարէ: Սասկիան կը դառնայ վարպետի հիմնական «թանգարանը»:

Այդ տարիները նկարիչի ամենաերջանիկ ժամանակներն էին՝ ան յաջողակ էր, յայտնի եւ երջանիկ, ունէր փոխադարձ կրքոտ սէր, նիւթական բարեկեցութիւն: Այդ շրջանի գործերը լի են հարուստ գոյներով եւ ջերմ շունչով կը շնչեն: Նկարիչը կը ստեղծէ կրօնական գործեր, բազմաթիւ դիմանկարներ եւ ինքնատիպ դիմանկարներ սիրելի կնոջը հետ:

1641-ին՝ կը ծնի անոնց որդին՝ Թիթոսը, անսահման ուրախութիւն պարգեւելով ծնողքին, քանի որ ատկէ առաջ երեք երեխաները մեռած էին վաղ տարիքին։ Սասկիայի հայրը Լէուվարտենի քաղաքագլուխն էր, որու շնորհիւ շատ կարեւոր դռներ կը բացուին Ռամպրանտի առջեւ, եւ անիկա 50-էն աւելի դիմապատկերներու պատուէր կը ստանայ: Այդ շրջանի առաւել արժէքաւոր դիմանկարներէն են Սասկիայի գլուխգործոցներ համարուող պատկերներու շարքը՝ տունը, անկողինին մէջ պառկած, յաճախ հարուստ հանդերձանքով կամ թատերական կերպարով՝ «Սասկիան Ֆլորայի կերպարով», «Սասնային ինքնապատկերը Սասկիան» եւ այլն։

1630-ականներուն Ռամպրանտ կը ստեղծէ իր առաջին բնանկարները՝ «Քարէ կամուրջով բնանկար», ինչպէս նաեւ առաջին մեծարժէք փորագրութիւնները՝ «Անառակ որդւոյն վերադարձը», «Պերետով ինքնադիմանկար»ը։

Նիւթական պայմանները Ռամպրանտին հնարաւորութիւն կու տան առանձնատուն մը գնել (այժմ Ռամպրանտի տուն-թանգարանը), որուն մէջ ան կը հաւաքէ արուեստի հնաոճ՝ հնադարեան գործեր: Հոն կը պահուէին Ռաֆայէլի, Տիւրէրի եւ Մանտեկնայի աշխատանքները:

Ռամպրանտի յաջողութիւնը կը կրկնապատկուի՝ 1632-ին «Բժիշկ Թիւլփի անդամազննութեան դասը» կտաւի ստեղծումով. ընդունուած կարգին հակառակ՝ դիմանկարի հերոսներու դէմքերը հանդիսատեսին չեն նայիր, այլ՝ կէտի մը, որ հոգեպէս կը համախմբէ կերպարները:

Ռամպրանտին առընչուող հետաքրքական փաստերը կը սկսին այն պահէն, երբ պարզ կը դառնայ, թէ 14 տարեկանին ան ուսանած է Լէյտենի համալսարանի բժշկական բաժինը (ուսանողական մատեաններու մէջ այդ մասին առկայ է 1620-ի մայիս 20-ի լատիներէն գրանցումը): Աւարտա՞ծ է նկարիչը այդ համալսարանը, թէ՞ ոչ, պատմաբաններուն անյայտ է, սակայն բազմաթիւ վկայութիւններ կան, թէ ան, առնուազն, մէկ տարի արուեստ եւ բժշկութիւն ուսանած է:

Եւրոպայի մէջ առաջիններէն էր Լէյտենի համալսարանը, ուր հիմնուեցաւ մարդազննական թատրոնը (anatomical theatre). բժիշկները կենդանիներու եւ մարդոց ցուցադրական դիահերձումներ կը կատարէին: Այն որ Ռամպրանտ յաճախած է այդ դիահերձումներուն, կը փաստեն ճշգրտօրէն պատկերուած այն բժշկագիտական մանրամասնութիւնները, որոնք առկայ են իր «Մարդազննական դասեր» կտաւներու շարքին մէջ:

Յաջորդ յաջողութիւնը 1635-ին «Ապրահամի զոհաբերութիւնը» նկարած կտաւը կը բերէ:

Ռամպրանտի նկարներու գրաւչութիւնը այն է, որ նկարիչը ուշադրութիւն կը դարձնէ իւրաքանչիւր մանրուքի վրայ, ինչ որ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, թէ անոր հերոսները ողջ են՝ կը շնչեն:

Ռամպրանտ բազում կտաւներ կը ստեղծէ կրօնական նիւթերով. «Սուրբ ընտանիք», «Քրիստոսը Գալիլեան փոթորիկի ժամանակ», «Անխելք հարուստի առակը», «Սիմէոնն Ու Աննան տաճարի մէջ», «Քրիստոսը Էմաուսի մէջ», «Խաչ բարձրացնելը», «Խաչէն իջեցնելը», «Յակոբը կ՚օրհնէ Յովսէփի որդիները», «Ասուրը, Ամանը եւ Եսթերը», «Պետրոս առաքեալի հրաժարումը» եւ այլ կտաւներ:

Ռամպրանտ Աստուածաշնչեան տեսարանները կը պատկերէ՝ հիմնուելով Սուրբ Գիրքի բովանդակութեան իմացութեան վրայ: 1640-ական թուականները անոր համար կ՚ըլլան հանգիստ, Աստուածաշնչային մութ դարաշրջան, երբ նկարիչը աւելի ու աւելի խորաթափանցօրէն կը բացայայտէ կերպարներու հոգեւոր փորձառութիւններու երանգները: Ան կը նկարէ սիրելիներու, սովորական մարդոց եւ ծերերու դիմանկարներ: Մասնաւորապէս արժէքաւոր են ծերունիներու դիմանկարները, ուր խտացուած են երկար տարիներ վիշտ ու զրկանքներ տեսած մարդոց ներքին գեղեցկութիւնն ու իմաստութիւնը:

ՌԱՄՊՐԱՆՏԻ ԾԵՐՈՒՆԻՆԵՐԸ

Սակայն, յաջողութիւնը կտրուկ երես կը թեքէ ստեղծումով՝ 1642-ին պատուէրով «Գիշերային պահակախումբ» հրաշալի աշխատանքի, որ Ամսթերտամի հրացանակիրներու նոր շէնքին համար էր եւ անոր անդամներու խմբային դիմանկարն էր: Ատիկա նկարիչի ամենամեծ կտաւն էր՝ 4 մեթր, որ սակայն կը մերժուի պատուիրատուներու կողմէ, եւ սուր քննադատութեան կ՚ենթարկուի, քանի որ՝ ըստ անոնց կարծիքի, նկարիչը շեղած էր ընդունուած որոշ կանոններէն: Այդ մերժումը արուեստագէտի կեանքին առաջին ողբերգական դէպքն էր, որ շատ պատուիրատուները հեռու կը վանէ տաղանդաւոր նկարիչէն: Գիտնականներու կարծիքով՝ այս նկարով պայմանաւորուած էր Ռամպրանտի անյաջողութիւնները: Հոգեկան ծանր վիճակը կ՚անդրադառնայ անոր այդ շրջանի կտաւներուն վրայ՝ մէկ կէտի վրայ միայն լոյս ձգելով, մնացեալ նկարը ամբողջովին ստուերի մէջ է:

1642-ին, յաջորդ դժբախտութիւնը կը թակէ Ռամպրանտին դուռը. կեանքին հրաժեշտ կու տայ իր սիրելի Սասկիան, նկարիչը ձգելով իրենց մէկ տարեկան որդւոյն՝ Թիթոսին հետ միայնակ: Շուտով նկարիչը կը կորսնցնէ նաեւ իր մայրը եւ քոյրերը: Այսպէսով կը խաթարուի անոր կեանքը, որ պիտի տեւէր մինչեւ իր ապրած օրերուն աւարտը: Այդ ընթացքին ան կը ստեղծէ իր ընտանիքի անդամներու բազմաթիւ դիմանկարները՝ մայր, հայր, քոյր եւ ինքնատիպ դիմանկար: Որոշ ժամանակ անց Ռամպրանտ կը միաւորուի իր երիտասարդ աղախին Հենտրիքէ Ստոֆելսի հետ, որուն կերպարը առկայ է նկարիչի այդ ժամանակուան բազմաթիւ աշխատանքներու մէջ՝ «Ֆլորա», «Լողացող կինը», «Հենտրիքէն պատուհանի մօտ»:

Թիթոսը եւ իր խորթ մայրը՝ Հենտրիքէն, արուեստի եւ հնաոճ իրերու խանութ կը բանան նկարչին համար, բայց անոնց ջանքերը չեն փարատեր վիշտը: Եկեղեցին կը դատապարտէ նկարիչի ապրելակերպը, երկրորդ կինը կը պարսաւէ մեղսաւոր կենակցութեան համար, իսկ 1654-ին ծնած անոնց աղջիկը անօրինական կը համարէ: Սակայն, Ռամպրանտ, որու կենսագրութիւնը շատ տխուր փաստեր կը պարունակէ, մէկ բանէն գոհ էր. հասկցած էր ճշմարիտ սէրը: Իսկ Հենտրիքէն ոչ միայն հոգատար եւ սիրող կին էր, այլեւ առանձնայատուկ, արտառոց բարութեամբ կրցաւ փոխարինել Թիթոսի վաղամեռիկ մայրը: Բայց շուտով նկարիչի վիճակը աւելի կը վատթարանայ, երբ 1660-ի սկիզբը կը մահանայ Հենտրիքէն:

Չնայած այս ամէն դժբախտութիւններուն, նկարիչը կը շարունակէ աշխատիլ: Այդ դժուարին տարիներուն ան կը ստեղծէ շարք մը նշանաւոր գործեր՝ «Սինտիքի» եւ ուրիշներ:

Աւելի ուշ, Ռամպրանտ կը սիրահարուի Թիթոսի դայեակ, երիտասարդ եւ գեղեցիկ Կերտիէ Տիրքսին: Անոնց սիրավէպէն լոյս աշխարհ կու գայ Քառնելիան, սակայն Ռամպրանտ երջանիկ չէր... Սասկիայի հայրը դէմ կը կենայ այդ միութեան. ան չէր հաշտուիր այն միտքին հետ, թէ ուրիշ կին մը պիտի վայելէր իր մահացած դստեր ունեցուածքը: (Սասկիայի կամքին համաձայն ալ, ամուսինը երկրորդ անգամ չէր կրնար ամուսնանալ): Այսպէսով անոնց ամուսնութիւնը կը ձախողի: Տիրքս դատ կը բանայ Ռամպրանտին դէմ՝ մեղադրելով անոր խոստումը չկատարելու եւ իր հետ չամուսնանալու համար: Այս միջադէպը հարթելու համար նկարիչը զգալի գումար կը ծախսէ: Հետզհետէ կը կուտակուին չմարած պարտքերը. 1656-ին նկարիչը իր սնանկութեան մասին կը յայտարարէ: 1657-1658 թուականներուն անոր ամբողջ ունեցուածքը աճուրդի կը դրուի: Սակայն որոշ պարտատէրեր, բաւարարուած չըլլալով այդքանէն, դատարանէն որոշում ձեռք կը բերեն, ըստ որու յետագային նկարիչի ստեղծած բոլոր գործերը պէտք է վաճառուէին մնացած պարտքերը մարելու համար: Կտաւներու երբեմնի վառ գոյները կը փոխարինուին մռայլ եւ թախծոտ երանգներով... Տան եւ ունեցուածքի վաճառքէն յետոյ, աղքատ եւ մերժուած նկարիչը ստիպուած կը տեղափոխուի Ամսթերտամի ամենաաղքատ՝ հրէական թաղամասը եւ իր կեանքի մնացած մասը կ՚անցընէ նեղութեան մէջ: Այդ տարիներուն նկարիչին միակ մօտ մարդը Թիթոսը կը մնայ:

1668-ին, Հենտրիքէի մահէն հինգ տարի անց, իր մահկանացուն կը կնքէ նաեւ Թիթոսը, ձգելով հայրը ծայրայեղ յուսահատութեան մէջ: Ռամպրանտ բացարձակապէս չի համակերպիր Թիթոսի կորուստին հետ, եւ ծանր հոգեկան ապրումներու արդիւնքին, ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, 1669-ի հոկտեմբեր 4-ին կը հեռանայ կեանքէն, իր դստեր ձեռքերու մէջ աւանդելով հոգին:

Ռամպրանտի նկարները լի են առեղծուածներով: Օրինակ, 1636-ին ստեղծած «Տանայա» նկարին մէջ, որու վրայ նկարիչը աշխատած է աւելի քան տասնմէկ տարի, սկիզբը կը կարծէին, թէ հին աստուածուհիներէն մէկը պատկերուած է: Գիտնականները չէին հասկնար, թէ ինչո՞ւ նկարի կինը նման չէ Սասկիային. չէ՞ որ ան խենթի պէս կը սիրէր եւ իւրաքանչիւր կտաւի հերոսուհին կը դարձնէր զայն: Յետագայ ուսումնասիրութիւնները, սակայն, կը ցրուեն «մշուշը», կը փարատուին գիտնականներու կասկածները. կը բացայայտուի, որ Ռամպրանտ քանի մը անգամ փոխած է կտաւի հերոսուհիին դիմագիծերը:

Ռամպրանտ շատ կը սիրէր իր ամենալաւ նկարը՝ «Տանայա»ն, քանի որ այն ոչ թէ սովորական պատուէր մըն էր, այլ իր կնոջ՝ Սասկիայի կերպարը: Սակայն անոր մահէն վերջ, Ռամպրանտի նոր սիրուհին՝ Կերտիէ Տիրքս, հաւանաբար, խանդելով պնդած եւ հասած է այն բանին, որ նկարիչը որոշ ժամանակ անց «Տանայա»ն վերանկարելով՝ Սասկիայի դէմքին վրայ կը նկարէ Կերտիէի դէմքը: Արդիւնքին, կտաւի հերոսուհիին դէմքը կը դառնայ նախկին կնոջ եւ նոր սիրուհիին դիմագիծերու համադրութիւնը: Սասկիայի իրական պատկերը միայն ճառագայթային շողարձակումներու շնորհիւ տեսանելի է:

Կտաւը նուիրուած է յաւերժական սիրոյ նիւթին: Պատմութիւնը թագաւորի դուստր՝ Աքրիսիուս Տանայայի առասպելն է: Նկարիչը պատկերած է այն պահը, երբ Տանայան երջանկօրէն Զեւսին կը սպասէ:

Վերջին տարիներուն Ռամպրանտ յաճախ կը գծէ ինքնատիպ դիմանկարներ, որոնց մէջ կարծէք թէ արուեստագէտը կը փորձէր ներկայացնել սեփական կեանքը, ձգտելով իմանալ իր ապագայ ճակատագիրը եւ Աստուծոյ ծրագիրը: Այդ դիմանկարներու մէջ առկայ է ոգեշնչուած դէմքով մարդը, որ հերոսաբար կը դիմանայ կեանքի դժուար փորձութիւններուն եւ կը յաղթահարէ կորուստի դառնութիւնը: Ռամպրանտի եւ անոր նկարներու կենսագրութիւնը՝ կարծէք, թէ կապ չունին իրարու հետ՝ կտաւներու կերպարները այնքան խաղաղ են, որ չեն համադրուիր հեղինակի բարդ ողբերգական ճակատագիրին հետ: Անոր վերջին ստեղծագործութիւնները գեղարուեստի պատմութեան մէջ եզակի երեւոյթ են։ Անոր կպչուն, կարծէք թէ կտաւի վրայէն սահող ներկերու գաղտնիքը մինչեւ այսօր չէ բացայայտուած: Չնայած տեսողութեան վատթարացման, Ռամպրանտ կը շարունակէ նկարել: Իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ 1668-1669 թուականներուն տաղանդաւոր հոլանտացին կեանք կու տայ իր վերջին, ամենայայտնի կտաւներէն մէկուն՝ «Անառակ որդւոյն վերադարձը»: Ոչ ոք գիտէ, թէ որոնք են նկարին բնորդները, սակայն պարզ է այն, որ կերպարները ամենահասարակ մարդոցմէ ստեղծուած են: Ասիկա խոր հոգեբանական ողբերգութիւն է՝ ուր զօրաւոր կերպով ընդգծուած է ծնողական սիրոյ գեղեցկութիւնը: Նկարիչի վերջին ստեղծագործութիւնը նուիրուած է մարդու հոգւոյն մէջ չարին հետ բախուելու խնդրին: Ասիկա գլուխգործոց մըն է. ծունկի եկած ապաշխարող որդին կ՚արտայայտէ մարդու կեանքի ամբողջ ողբերգութիւնը: Հօր պատկերին մէջ շատ բնական եւ ճշմարտապէս՝ խտացուած է ծնողական սէրն ու անսահման ներողամտութիւնը: Իսկ մօտիկ կանգնած, անտարբեր արտայայտութիւնով դիտորդները՝ հասարակութեան անդամներն են, որոնք կը դատապարտէին անառակ որդին, բայց հայրական սէրը կը յաղթէ այդ անտարբերութիւնն ու թշնամանքը:

Ռամպրանտ կը ստեղծէ միայն մէկ ծովային բնապատկեր, որ 1990-ին կը գողցուի Իզապելա Սթիւարթ Կարտների թանգարանէն եւ մինչ այժմ փնտռման մէջ է:

Անոր գծանկարները չեն զիջիր իր գեղանկարչական աշխատանքներուն. առաւելաբար կը գնահատուին վերջին շրջանին եղէգնեայ գրիչով աշխատած գծանկարները:

Մարդկանց հոգեվիճակը հասկնալու եւ ճշտօրէն պատկերելու համար Ռամպրանտը անուանած են «քաղաքակրթութեան մեծագոյն մարգարէներէն մէկը»:

Ֆրանսացի հռչակաւոր քանդակագործ Օկիւսթ Ռոտէն ըսած է. «Համեմատել զիս Ռամպրանտին հե՞տ: Ինչպիսի՛ սրբապղծութիւն։ Ռամպրանտի՝ արուեստի սիւնին հե՞տ։ Մենք պէտք է խոնարհինք Ռամպրանտի առջեւ եւ երբեք ոչ մէկը համեմատենք անոր հետ»։ Վինսենթ վան Կոկ գրած է. «Ռամպրանտ այնքան խորը ընկղմած է խորհրդաւորութեան մէջ, այնպիսի բաներ կ՚ըսէ, որոնց համար բառեր չկան ոչ մի լեզուով բացատրելու զանոնք: Ճիշդ է, անոնք Ռամպրանտը կը կոչեն հրաշագործ. ասիկա դիւրին գործ չէ»։ Տպաւորապաշտ նկարիչ Մաքս Լիպերման ըսած է. «Ամէն անգամ, երբ ես կը տեսնեմ Հալսի նկարները՝ կ՚ուզեմ նկարել, երբ կը տեսնեմ Ռամպրանտի նկարները՝ յանձնուիլ կ՚ուզեմ»: Իսկ Քարլ Մարքս ըսած է, թէ անոր նկարներու մէջ նոյնիսկ Մատոննան պատկերուած է հասարակ գիւղացի աղջկայ տեսքով:

Հսկայական է Ռամպրանտի ձգած ժառանգութիւնը՝ 350 կտաւ, 300 փորագրութիւններ եւ հազարաւոր այլ նկարներ, որոնք միայն անոր մահէն վերջ կը գնահատուին:

Ռամպրանտ կը մնայ խորհրդաւոր եւ անգերազանցելի: Համաշխարհային արուեստի պատմութեան մէջ անոր գլուխգործոցներու նման ուրիշ գործեր չկան:

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020