ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Զ.

Կիները եկեղեցիէն սգաւորներուն տուն վերադառնալէն ետք, այնտեղ թող ուտեն պատրաստուած ուտելիքները, որ թեթեւ կ՚ըլլայ ինչպէս նախաճաշիկը, այսինքն՝ կողմնակի ուտեստներ, եւ իւրաքանչիւրը թող իրենց տուները երթան. եւ ասկէ ետք կիներու բազմութիւնը ննջեցեալին տունը ցերեկ եւ գիշեր թող չի՛ նստին՝ ազգականներուն եւ յատուկ բարեկամներուն մօտ. եւ անոնք բոլորը միասին չգան, այլ իրարու միջեւ համաձայնութեամբ կարգով մէկը միւսին ետեւէն, իւրաքանչիւրը երկու-երկու կամ երեք-երեք օր: Այլ թէ, քրիստոնէական ջերմեռանդութեամբ յօժար ըլլան երբեմն երթալ մխիթարութեան համար՝ մէկ-մէկ կամ երկու-երկու, ո՛չ թէ առաւօտէն ըստ հին սովորութեան, այլ՝ կէսօրէ ետք՝ պատշաճ ժամանակի: Իսկ իրենց երթալով բնաւ պէտք չէ՛ լալով տրտմութեան պատճառ տան սգաւորներուն կամ տրտմական բաներ խօսելով, այլ՝ ճշմարիտ բարեկամութեան վայելուչ կերպով բոլորն ալ ըստ իրենց կարողութեան մխիթարական բաներ խօսելով, ջանան փարատել անոնց սիրտէն սուգն ու տրտմութիւնը:

Է.

Կիներուն հաւաքուիլը սգաւոր կիները եկեղեցի տանելու համար, կամ գերեզման տանելու համար՝ ամբողջութեամբ խափանուի. այլ՝ երրորդ օրը եկեղեցի տանելու համար՝ ծխատէր քահանան երթայ եւ զանոնք հրաւիրէ երթալ այն եկեղեցին, որ իրենց տունին մօտիկ կը գտնուի, եւ կամ այն եկեղեցին, ուր սգաւորները կամենան. իսկ ինք՝ քահանան, իրենցմէ առաջ նոյն եկեղեցին երթայ՝ ուր զանոնք կը հրաւիրէր. իսկ արարողութենէն ետք տուն երթայ, այնտեղ ըսէ Հոգւոցը եւ ելլէ ու իր գործին երթայ: Իսկ կիներուն բազմութիւնը գերեզման տանիլը ամբողջովին վերջ գտնէ. այլ՝ սգաւոր կիները երբ որ ցանկանան գերեզման երթալ՝ իրենց տան քահանային հետ միայն երթան, եւ գերեզմանը օրհնել տալով՝ վերադառնան:

Ը.

Ննջեցեալին տունէն Սեւ բաժնելը ազգակիցներուն եւ բարեկամներուն՝ ամբողջութեամբ թող արգիլուի, որով ձգեցէ՛ք այն, որ օտար է համազգային սովորութիւններէն մեր հայրենի ազգէն. մեծ անվայելչութիւն եւս կը վերաբերի ընդդէմ ճշմարիտ բարեկամութեան եւ ստոյգ սիրելութեան՝ երբ բարեկամներն ու սիրելիները սեւը հագնին որպէս բարեկամ եւ սիրելի, բայց ո՛չ իրենց ծախսերով, այլ՝ վախճանած բարեկամին ծախսերով, որ ամենեւին գործ է անարժան ճշմարիտ բարեկամութեան եւ ստոյգ սիրելութեան, եւ բոլոր լսողներուն առջեւ բարեկամութեան մեծագոյն նախատինք եւ ագահութեան յայտնի նշանակ:

Թ.

Յանուն ննջեցեալին արգիլուա՛ծ ըլլայ քէլէխ, որ է՝ կերակուր բաժնելը բարեկամներուն, ընտանեաց, սիրելիներուն եւ դրացիներուն տուները, եւ կամ հակառակ Տիրոջ աւետարանութեան հրաւիրել բարեկամներն ու դրացիները յանուն ննջեցեալին պատրաստուած հացկերոյթին, ինչպիսիքն են եօթնօրէքը, կամ Սուրբ Սեղան ըսուածը, եւ կամ այլ անունով եւ այլ ժամանակի:

Այլ՝ հացկերոյթին համար որ մէկը կամենայ պատրաստել ննջեցեալի յիշատակին համար, միայն աղքատները, խեղանդամները, կաղերը, կոյրերն ու նաեւ օտարականները, աղքատներն ու հարուստենրը հրաւիրէ, համաձայն մեր Աստուծոյ Քրիստոսի պաշտելի սուրբ աւետարանութեան. նաեւ հոգեւորականները, որոնց ամբողջ ապրուստը միշտ նուիրաբերութիւններով է յանուն ննջեցեալներուն եւ կենդանիներուն, ըստ Աստուծոյ հրամանին: Իսկ հարսանիքը՝ մկրտութիւնը եւ խրախճանքը, ինչպէս որ մէկը կամենայ՝ իր գիտնալիքն է հրաւիրել ոեւէ մէկը, որ արժանի կը համարէ, ազգականները, սիրելիները, բարեկամներն ու դրացիները:

Ժ.

Կը տնօրինենք, որ ինչպէս վայել է հարազատ բարեկամութեան եւ մանաւանդ քրիստոնէական բարեկարգութեան. այնպիսի բարեկամներ որոնց կիները պարտաւոր համարուին մօտիկ ազգակցութեան կամ յատուկ բարեկամութեան համար նստիլ սգաւորներուն մօտ՝ ննջեցեալին տունը, անոնք սգաւորներուն համար մէկ-մէկ ժամ իրենք իրենց տուներէն ներս պատրաստեն միայն երկու կերակուր՝ բացի պանիրէն եւ կանաչեղէններէն, եւ բերելով կերակրեն սգաւորները մինչեւ եօթներորդ օրը. իսկ եօթներորդ օրը լրանալուն, իւրաքանչիւրը իրենց տուները երթան: Եւ ահաւասիկ այս իսկ հարազատ բարեկամութեան եւ քրիստոնէական բարեկարգութեան վայելուչ գործ համարուի՝ գովուի Աստուծոյ առջեւ եւ բոլոր մարդոց առջեւ:

ԺԱ.

Հասարակութեան օգուտին համար՝ որպէսզի բազմութիւնը ժամանակ չկորսնցնէ օգտակար աշխատութիւններէ. ննջեցեալին Այգ կատարելու կարգը՝ բազմութիւնը կատարէ այն եկեղեցւոյ մէջ՝ ուրկէ են ննջեցեալին ժողովուրդը. գերեզման միայն տան քահանան երթայ եւ այնտեղ՝ գերեզմանին վրայ ի՛նք յատկապէս կատարէ:

ԺԲ.

Կը յանձնարարենք քահանայական դասուն, որպէսզի անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կողմէ դաստիարակներ են ժողովուրդին՝ որ իրենց յանձնուած է, ջանան հայրօրէն խնամակալութեամբ եւ բարեջան հոգունակութեամբ իւրաքանչիւր քահանայ իր ժողովուրդի սգաւորները խրատել, ուսուցանել եւ հնազանդեցնել այս տասը գլուխներով նշանակուած քրիստոնէավայելուչ եւ հասարակաօգուտ բարեկարգութիւններուն եւ ջանալ, որպէսզի անհոգութեամբ կամ իրենց թոյլատրութեամբ պակասութեան պատճառներ գտնեն հոգեւորական վայելչութիւններու քահանայական հովութեանց, եւ սնուցիչներ իրենց յանձնուած ժողովուրդին անցած անվայելչութիւններուն Երկնաւոր Քահանայապետէն՝ հաւատացեալ, թէ ան պիտի պահանջէ իւրաքանչիւրէն իրենց քանքարներուն հաշիւը եւ հատուցել վարձքը ըստ վաստակոց համաձայն Առաքելական վկայութեան, թէ՝ երէցները կրկին պատուի արժանի պիտի ըլլան, մանաւնդ՝ որոնք խօսքով եւ վարդապետութեամբ կ՚աշխատին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022