ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ - «ԴԷՊԻ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵՐԹՈՒԴԱՐՁԻ ՆՕԹԵՐ»
2021-ին Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի թիւ 6-րդը՝ Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»: Գիրքը թղթակազմ է, բաղկացած 398 էջերէ:
1945-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ գումարուած Եկեղեցական համագումարը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրեց Գէորգ Զ. Չէօրէքճեանը: Աշխարհի չորս կողմերէն հայ պատուիրակութիւններ եկած էին Էջմիածին, մասնակցելու այս պատմական իրադարձութեան: Պոլսահայութիւնը, որպէս մէկ անբաժան մասնիկը ամբողջական հայութեան, անմասն չէ մնացած այս պատմական իրադարձութենէն:
Թորոս Ազատեան, որ այդ տարիներուն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետը եղած է եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակից, մաս կազմած է Պոլսոյ պատուիրակութեան, եւ Պոլիս վերադարձին իր տպաւորութիւնները գրի առնելով հրապարակած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ 21 յուլիս-28 նոյեմբեր 1945-ի միջոցին, իսկ վերջերս Սեւան Տէյիրմենճեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթէն հաւաքելով այդ գրութիւնները կազմած ու խմբագրած է զանոնք, անոնց կցելով նաեւ 28 յուլիս 1945-ին «Նոր Օր»ի մէջ լոյս տեսած Ազատեանի՝ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանին հետ ունեցած զրոյցը՝ Սովետական Հայաստանի արդի բանաստեղծութեան մասին:
Պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Պատրիարքական տեղապահ՝ Գէորգ Արք. Արսլանեանը, իսկ միւս անդամները եղած են Տէր Պսակ Քահանայ Ստեփանեան, Թորոս Ազատեան, Միքայէլ Թուղլաճեան, Երուանդ Ինճէեան, Լողոֆէթ Պաթմազեան եւ Վարուժան Արսլանեան:
Առաջին իսկ գլուխէն յայտնի կ՚ըլլայ, թէ պոլսահայութեան բոլոր շերտերը համաձայն չեն եղած այս պատուիրակութեան: Ազատեան կը գրէ. «Անցեալին մէջ, գրեթէ միշտ, անպակաս եղած էին տարակարծութիւններ ու պայքարներ կաթողիկոսական ընտրութեանց առթիւ: Նոյնիսկ գոյութիւն ունեցած էին պինդ գլուխներ, որոնք պատուիրակներուն ետեւէն մինչեւ Էջմիածին գացած էին, ձախողցնելու պաշտօնական առաքելութիւնը եւ իրենց ընտրելին յաջողցնելու: Նման հաւանականութեան մը փոխարէն, դժուար չէր նախատեսել կամ գուշակել, որ ժխտական տարրեր այս անգամ ալ գործի պիտի լծուէին, բոլոր ասելի կամ անասելի միջոցներով պատուար քաշելու պատուիրակութեան առջեւ. նոյն ատեն, պիտի չխղճահարէին խռովութեան սերմեր ցանելու համայնքին մէջ:
Բայց կարաւանը կը քալէ» (էջ 27-28):
Գէորգ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան իր մասնակցութիւնը բերած է այն օրերու գահակալ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս: Ազատեան առիթը օգտագործելով կը հետաքրքրուի Անթիլիասի Կաթողիկոսութեամբ: Կը գրէ. «Անթիլիասի վեհափառը, որ հակառակ իր առաջացած տարիքին աշխոյժ է եւ կենսունակ, ոտքի կ՚ելլէ ու դէպի սենեակին կեդրոնը կու գայ: Առիթէն կ՚օգտուիմ, կը մօտենամ իրեն եւ տեղեկութիւններ կ՚ուզեմ Անթիլիասի մասին:
-Կարելի չէ պրծիլ գրողների ձեռքից: Ու ժպտալով կը պատասխանէ իմ հարցումներուս.
-10 միաբանների հետ 70 աշակերտներ ունիմ, որոնց մէջ խոստմնալից ուժեր կան: Ջանադիր ենք մշակութային կեդրոնի մը վերածել Անթիլիասը ու պատուաւոր տեղ գրաւել յառաջաւոր Ասիայի ազգերի մէջ: Պէտք է հաստատել մասնագիտական ճոխ մատենադարան մը, որուն նախատարերքը կան արդէն:
Ունինք վեհարան ու միաբանական խուցեր եւ պիտի շատցնենք: Անթիլիասը տաք է ամառը: Ամարանոց չունինք, պիտի լրացնենք այդ պակասը, որպէսզի չստիպուինք աշակերտները իրենց տեղերը ղրկել արձակուրդին: Եթէ ամարանոց ըլլայ, հոն կը մնան:
Ինչպէս գիտէք, երկու մեծ բարերարներ ունեցանք. մէկը ընդարձակ հող մը նուիրեց վանքին, իսկ միւսը հոյակապ տաճար մը կառոյց (կը յիշէ ողբ. Սարգիս Գնաճեանի անունը): Նոր բարերարներու պէտք ունինք, գլուխ հանելու համար մեր առաջադրութիւնները:
«Հասկ» պարբերաթերթը լոյս կը տեսնէ:
-Ե՞րբ մտադիր էք վերադառնալ:
-Շուրջ 10 օր Հայաստան պիտի մնամ: Գիտական կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ունիմ, զորս լրացնելու եմ այստեղ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ու հրաժեշտ առնելով ծերունազարդ գիտնական Հայրապետէն, կ՚իջնենք պարտէզ» (էջ 51-52):
Այս տողերը արժէքաւոր են պատմաբաններուն համար, որովհետեւ յստակ նկարագրական մը կու տան Անթիլիասի այդ օրերու վիճակին, երջանկայիշատակ հայրապետին ունեցած տեսլականին՝ որ հիմքը դարձած է այսօրուան Անթիլիասի պայծառութեան: Ամարանոցը Վեհափառի կենդանութեան օրօք իսկ յաջողած են ձեռք բերել Լիբանանի լեռնային շրջանէ մը ներս, Պիքֆայա կոչուող, ուր ներկայիս կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը: Անթիլիասի Մատենադարանը այսօր կարելի է տարածաշրջանի ամենէն ճոխ հայկական մատենադարանը նկատել: «Հասկ»ը մինչեւ այսօր կը շարունակէ հրատարակուիլ որպէս ամսաթերթ:
Աւետիք Իսահակեանի եւ Գարեգին Լեւոնեանի ներկայութիւնը վայելելու մասին, կը գրէ. «Ուշադրութիւնս կը գրաւէ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանը, որ աջակողմի առաջին սեղանն է եւ ոտքի ելած, մէկը կը փնտռէ կարծես:
Շեշտակի կը նայիմ իրեն կը նշմարէ զիս, եւ
-Ազատեան, արի՛ եկ հոս, կը ձայնէ:
Կը մօտենամ իր սեղանին:
-Լեւոնեանը փափաք է յայտնում որ սեղանակից լինիք մեզի:
Կը նստիմ երկուքին մէջտեղը, չկարենալով ծածկել ներքին հրճուանքս:
Ի՜նչ մեծ բախտաւորութիւն, այս պատմական հաւաքոյթին մտերմիկ ներկայութիւնը վայելել ժողովրդական մեծ քերթող Իսահակեանին եւ «Գեղարուեստ»ի խմբագիր ու վաստակաւոր բանասէր Գարեգին Լեւոնեանին, որ իր ալեհեր երեւոյթին տակ խանդավառ հոգի մը կը կրէ» (էջ 73-74):
Ազատեան արձանագրած է նաեւ երջանկայիշատակ Գէորգ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին խօսքը՝ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի մասին. «Մեր սիրելի եղբօր՝ Գարեգին Ա Կաթողիկոսին շատ բան կը պարտիմ: Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրել է ոչ միայն Հայ եկեղեցիին, այլեւ հայ մատենագրութեան: Իր վեղարին վրայ խաչ դնելու կոնդակս պիտի լինի յաջորդը իմ առաջին կոնդակիս:
Անթիլիասի, Երուսաղէմի ու Իսթանպուլի պատմական աթոռները եղել են, պիտի մնան եւ ա՛լ աւելի պիտի զօրանան: Խմենք երեք հոգեւոր պետերուն կենացը» (էջ 77):
Երեւանի Օփերային մասին խօսելով, այսպէս կը գրէ Թորոս Ազատեան. «Անտարակոյս աշխարհի լաւագոյն օփերաներէն մին է Երեւանինը, ոչ թէ միայն իր ճարտարապետական կառուցուածքով, մեծութեամբ ու շքեղութեամբ, այլեւ իր արուեստագէտներով ու արուեստագիտուհիներով, անոնց գերընտիր խաղարկութեամբ, բեմական յարդարանքով, իր նուագախումբով ու բարձր երաժշտութեամբ, վերջապէս բոլոր այն նորութիւններով եւ առաւելութիւններով, որոնք կը բնորոշեն արդիական Արեւելքը» (էջ 227):
Նկարագրելով պոլսահայ պատուիրակութեան հանդիպումը Ամենայն Հայոց նորընտիր Հայրապետին, կը գրէ. «Ժամը 2-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ կ՚ընդունի մեզ ամենայն հայոց հայրապետը:
Տ. Տ. Գէորգ Զ. Կաթողիկոս ծանօթ է նախապէս Տ. Գէորգ Արք. Արսլանեանին: Տասնեակ տարիներ առաջ՝ իրենց առաջին հանդիպումէն վերյիշումներ կ՚ընեն:
Վեհափառ Կաթողիկոսը առոյգ է, արթնամիտ ու լայնախոհ: Հեղինակաւոր շեշտով ու կորովի արտայայտութեամբ կը խօսի: Իր քիչ մը նուաղած ձայնին քաղցրութիւն ու գորովանք խառնուած են եւ երաժշտական բխում մը ունին կարծես: Հայրապետական մականը աջ ձեռքին, իր վեղարին վրայ ադամանդեայ խաչը եւ իր կուրծքին պսպղացող պանակէն ու բարձրագոյն պատուանշանը վեհ պատկառանք մը կու տան իր արտայայտիչ դէմքին:
Հետաքրքիր ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր այն մանրամասնութիւններուն, զորս կու տայ Արսլանեան արքեպիսկոպոս իսթանպուլահայ համայնքին արդի վիճակին ու եկեղեցական խնդիրներու մասին:
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանայ, որ նոր ձեռնադրութիւններով զօրացած է թրքահայ հոգեւորականութիւնը: Ժողովուրդին հաւատքն ու ջերմեռանդութիւնը անհամեմատօրէն բարձր ու գնահատելի են: Երեսունի մօտ եկեղեցիներ իրենց դպրաց դասերն ու երգչախումբերը ունին: Կանոնաւոր ու ներդաշնակ տեղի կ՚ունենան արարողութիւնները եւ տօնական օրերուն մանաւանդ տաճարները լի կ՚ըլլան հաւատացեալներով» (էջ 242-243):
Պոլիս վերադարձի ճամբու սկիզբին՝ Հայաստանէն դէպի Սոֆիա Ազատեան կը գրէ. «Մեր ետին կը մնան զոյգ Մասիսները. մէկը՝ ամպեղէն մանեակով մը շրջանակուած եւ իր երկնամուխ կատարը գերիվեր ամէն խոյանքէ. վարը՝ ցոլացիկ երիզներ են զուգահեռաբար երկարող Զանգուն եւ Քասաղ գետը, հետզհետէ կ՚ամփոփուի ու կը մանրանայ համայնապատկերը քաղաքին, հազիւ կը զանազանուին գմբէթները Էջմիածնի եւ մերձակայ տաճարներուն, մեր գնացքին տակ հետզհետէ խոյս կու տան ծխնելոյզները գործարաններուն, նորաշէն արուարձաններուն եւ աւաններուն, կը յամենանք Արագածոտն գաւառի բնակավայրերուն, հոծ այգեստաններուն եւ արգաւանդ դաշտերուն վրայ ու դէմ առ դէմ կու գանք Արագածի լեռներուն: Քառորդ ժամ յետոյ, արդէն Սեւանայ կապտագեղ ջուրերուն վերեւն ենք: Ահա՛ համանուն կղզին ու վանքը, բարձունքին թառ սրբավայրերը, որոնց մենակեաց սուրբերը մեր այցը ընդունեցին մէկ քանի օր առաջ: Անոնք բարեխօս են մեզի համար, որպէսզի անվտանգ տեղի ունենայ մեր ուղեւորութիւնը…» (էջ 313):
Թորոս Ազատեանի ներկայացումին ոճը պարզ ու յստակ է եւ միաժամանակ շատ հետաքրքրական եւ դիւրընթերցելի: Այս գիրքին մէջ, արդարեւ, ընթերցողը բաւական հետաքրքրական նկարագրութիւններու պիտի հանդիպի Խորհրդային Հայաստանի մասին, ինչպէս նաեւ վերահասու պիտի ըլլայ Ամենայն Հայոց Գէորգ Զ. Չէօրէքճեանի կաթողիկոս ընտրութեան հանգամանքներուն մասին, այդ տարիներուն սփիւռք-Խորհրդային Հայաստան կապերուն մասին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
24 ապրիլ 2023, Վաղարշապատ