ՄԵԾ ՑԱՒԻՆ ԱՌՋԵՒ…
Օրեր առաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքը ջուրի երես կը հանէ Հայաստանի հասարակութեան խոցուած ու անմխիթար վիճակը։
Առկայ պատկերը, անշուշտ, հետեւանքն է պատերազմէն ետք ստեղծուած տագնապալի դրութեան, որ կը շարունակուի ցայսօր։ Խօսքը կը վերաբերի Գայիանէ Յակոբեան անունով որդեկորոյս մօր, որ այս օրերուն կը կրէ իր դէմ հրապարակուած ազատազրկման «պատիժ»ը։
Տարբեր առիթներով անդրադարձ եղած է Արցախի պատերազմին ժամանակ իրենց որդիները կորսնցուցած ծնողներուն ու մանաւանդ՝ մայրերուն, որոնք 2020 թուականի վերջին ամիսներէն սկսեալ հանդէս գալ սկսան բողոքի գործողութիւններով՝ ունենալով պահանջներ Հայաստանի իշխանութիւններէն։ Անոնցմէ շատեր կը պահանջէին իրենց գերեվարուած որդիներու տունդարձը, ուրիշներ ցաւոտ վէրք մը մատնանշելով կը փնտռէին իրենց մատղաշ զաւակներուն աճիւնը։ Այս բոլորին ականատես եղանք բոլորս. բողոքի հաւաքներ, ճանապարհներու փակում, ցասում ու պոռթկում։ Այս բոլորին մէջ շեշտակի էր, որ որդի, եղբայր կամ հարազատ կորսնցուցած ծնողներն ու սեւազգեստ մայրերը կը յայտարարէին, որ չունին քաղաքական կողմնորոշում եւ ունին միայն մէկ խնդիր, որն է լուծումը իրենց բարձրացուցած հիմնահարցերուն։
Տարիները անցան եւ ծանր դէպքերու շղթան չկոտրուեցաւ, վէրքերը չսպիացան ու զաւակները հողին պահ տուած ծնողներուն սիրտը չհովացաւ։ Գուցէ այդ բոլորին մէջ կար երեւելի երանգ մը, որ կը պատմէր մեզի այն մասին, թէ Հայաստան կը շարունակէ ապրիլ մեծ խնդիրներու մէջ։ Այդ ըլլար գուցէ պատճառը, որ մայրերուն ցաւը չթեթեւցաւ ու ցաւալի է, որ խնդիրը տարուեցաւ դէպի ներքին քաղաքական բաւականին խառնակ հարթակը։ Այս պատճառով ալ իւրաքանչիւր պատմութեան հետ, ամէն ցաւի հետ Հայաստանի հանրութիւնը դարձեալ ցնցուեցաւ, նորէն պրկուեցաւ, վերստին ահ ապրեցաւ ու կրկին լացաւ…
Այս նախաբանէն վերջ, վերադառնալով այժմու նիւթին՝ հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն հայկական լրահոսին մէջ երեւելի տեղ գտած նահատակ զինուոր Ժորա Մարտիրոսեանի մօր՝ Գայիանէ Յակոբեանի անունը մեզմէ շատ-շատերուն համար անծանօթ էր։ Սա մինչեւ այն օրը, երբ զարմանքով կարդացինք այս անգամ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդւոյն՝ Աշոտ Փաշինեանի առեւանգման մասին։ Գուցէ շատերուն զարմանալի թուի, թէ ինչպէս կրնայ պատահիլ, որ երկրի մը առաջին դէմքի որդին օրը ցերեկով «առեւանգուի» եւ ի վերջոյ ի՛նչ նպատակի կրնայ ծառայել այդ «առեւանգում»ը։ Դարձեալ, ըստ լրատուամիջոցներուն, բանտարկալ Գայիանէ Յակոբեան Աշոտ Փաշինեանին առաջարկած է մտնել իր ինքնաշարժը ու կ՚ըսուի նաեւ, որ որդի Փաշինեանին առաջարկած է ուղեկցիլ իրեն դէպի Եռաբլուր նահատակաց պանթէոնը՝ տեսնելու համար իր որդւոյն շիրիմը։ Մինչ այդ եղած են մամուլին համար ցարդ անյայտ խօսակցութիւններ, որոնցմէ ետք ալ Աշոտ Փաշինեան ինքզինք դուրս նետած է ինքնաշարժէն…
Դէպքին կապակցութեամբ ձեռնարկուած է հետաքննութեան, ձերբակալութիւններ կատարուած են ու ամենակարեւոր դրուագը, անշուշտ, կը հանդիսանայ Գայիանէ Յակոբեանի ձերբակալումը, ինչ որ առիթ կը դառնայ լարուածութեան եւ բողոքի մասնակի ալիքի մը ստեղծման։
Դէպքը կարելի է ծալել ու մէկդի դնել իր մանրամասնութիւններուն մէջ, սակայն, Հայաստանի գերլարուած հասարակութեան համար (անպայման մեծամասնութիւն կրնայ չըլլալ) պատահածի պարագային կան իսկապէս վիրաւորական դրոյթներ։ Անշուշտ, անոնց ամենէն զգայացունցն է՝ պատանի Ժորան դաստիարակած մօր, իր զաւակը բանակին տուած մօր, պատերազմին հազար անգամ մեռած ու ողջնցած մօր, ապա մեծ զաւակի կորուստին հետեւանքով մեծ վիհի մէջ ինկած մօր իրական ցաւն ու մանաւանդ՝ անոր դէմ անարգական վերաբերմունքը։
Իշխանութիւնները, ի վերջոյ, կրնային այլ կերպ լուծել այս խնդիրը, կրնային աչք խփել, նաեւ կերպով մը անտեսել Աշոտ Փաշինեանի կողմէ դէպքին առընչութեամբ տրուած ցուցմունքի ամբողջ բովանդակութիւնը, բայց այդպէս չվարուեցան։ Արդարեւ, Հայաստանի մէջ փոխադարձ վստահութեան պակաս կայ ու ամէն շունչ ու ծպտուն ունի քաղաքականացուած ու քաղաքական ամենայոռի մշակոյթի եզրոյթները։ Իշխանութիւնները կը խորհին, թէ դէպքի ետին կան ընդդիմութեան սեւ ձեռքերը։ Ընդդիմութիւնը, որ առիթ չէ փախցուցած նման դէպքերու ջուրերը իր ջաղացքին հոսեցնելու, անգամ մը եւս կը տապալի իր առաջադրանքներուն մէջ ու որդեկորոյս մօր բանտարկուելուն հետ կը քաշուի հրապարակէն։ Այստեղ է, որ հարց պիտի տանք, թէ ո՞վ է շահողը այս բոլորէն կամ ո՞ր ուժերը իսկապէս միաւորներ հաւաքեցին բոլոր առումներով ամօթալի դիպաշարէն։
Նահատակը Ժորա Մարտիրոսեանն է, որու վշտահար մայրիկը ու մանաւանդ՝ մօր արդարութիւն մը, խաղաղութիւն մը փնտռող ոգին ու ճիգը թաւալումէ թաւալում անցնելով՝ մեզ դարձեալ կ՚իջեցնեն աւելի խորունկ եւ աւելի մութ փոսերու մէջ։ Մահը կայ ամէն առթիւ։ Զինուորի նահատակութիւնն ալ կայ ամէն առթիւ։ Ամէն առիթի ու ամէն պատուհանի առջեւ կայ վառ մոմ մը հերոսներու յիշատակին, սակայն, Հայաստանի որեւէ պատուհանին տակ չկայ միասնական ձեռքերով երկիրը ոտքի հանել փորձող իրական ճիգին լապտերիկը։
Իշխանութիւնները իրենց պատուհաններուն տակ, իսկ ընդդիմութիւնը այդ պատուհանի ստուերին մէջ կը փորձեն յառաջ տանիլ երկիրը… Խորքին մէջ՝ իսկական խօսքը յառաջ տանիլը չէ, որովհետեւ անոնց երկուքն ալ կը խաղան արժէքներու մեծ համակարգին հետ, որ ինչ-ինչ պայմաններով այսօր խարխլուած է։ Մեր ոգին խարխլուած է, մեր տեսակը խարխլուած է, մեր ուղեցոյցը եւ ապագայի մեր տեսլականը։
Ու այս մութ անցումներուն հետ ու անոնց դիմաց գուցէ քանի-քանի Ժորա Մարտիրոսեաններ դարձեալ պիտի նահատակուին, որպէսզի միայն հասկնանք, թէ ինչքան խորն է մեր վէրքը ու մենք հաւաքապէս որքան անբան ու ինչքան դատարկ ենք այդ մեծ ցաւին առջեւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան