ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ ԵՐԿՈՒ ԲԵՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՎԵՐԼՈՒԾՈՂԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Անցեալ փետրուարին ընթացք առած Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակուի։ Ոչ առաջուան «խտութեամբ», բայց եւ այնպէս, տարբեր ձեւաչափերով եւ տարբեր տարածքներու վրայ։

Այս առումով ալ կը շարունակեն լսելի դառնալ ամենատարբեր վարկածներ ու տեսակէտներ։

Ուշագրաւը այն է, որ վերջին օրերուն անընդհատ շրջան կ՚ընեն խօսակցութիւններ, ըստ որոնց պատերազմէն խաղաղ ելք մը ապահովելու համար առաջնային կը մնայ այն, որ պաշտօնական Քիեւ ի վերջոյ ընդունի զիջողական դիրքեր։

Այս առումով հանրայայտ վերլուծբան, արմատներով բրիտանացի Փիթըր Քէօնիկ, որ Համաշխարհային դրամատան եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) նախկին աւագ տնտեսագէտ մըն է օրերս ստորագրած է փայլուն յօդուած մը։

Վերլուծաբանը Ուքրայնայի պատերազմի հիմնական երեսակները ներկայացնելէ բացի, խօսած է հաւանական լուծումներու երթալու կարելիութեան մասին, պայմանաւ, որ Արեւմտեան պլոքը իրապէս հասկնայ ստեղծուած իրադրութեան ծանրութիւնը։

Ստորեւ կարգ մը յապաւումներով կը ներկայացնենք այն յօդուածը, որուն բնագիրը լոյս տեսած է «Global Research» պարբերականին մէջ։

Հենրի Քիսինճըր իրաւացի էր, երբ վերջերս Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին զարմացուց աշխարհը իր յայտարարութեամբ, ուր ան կոչ ըրաւ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքիին, որոշակի զիջումներու երթալու յանուն խաղաղութեան:

«Գործնական քաղաքականութեան» վարպետը, Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր է եւ չմոռնանք՝ աշխարհի ամենէն յայտնի պատերազմական յանցագործներէն մէկը, զարմացուց աշխարհը. բայց անոր հեռատեսութիւնը անհերքելի է։ Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ Ուքրայնայի մէջ խաղաղութիւն չ՚ըլլար առանց Զելենսքիի զիջումներուն:

Ուքրայնայի հետ կապուած ծանր խնդիրներ կան՝ յանցագործութիւն եւ կաշառակերութիւն՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, ՆԱԹՕ-ի «անտեսանելի», անմիջական միջամտութիւնը հիմնական լրատուամիջոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ֆինանսաւորուող կենսաբանական տարրալուծարանները ամբողջ երկրի տարածքին։ Այս բոլորին Ռուսաստան անտարբեր չի կրնար մնալ։ Պատերազմը կա՛մ կը վերածուի մաշման անվերջ պայքարի (ինչպէս եղաւ Աֆղանիստանի մէջ), կա՛մ կը վերածուի Երրորդ համաշխարհային պատերազմի, կորիզային զէնքի բեմագրութիւնով:

Աւելի զարմանալին այն է, որ ընդամէնը քանի մը օր անց, ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն մօտաւորապէս նոյնը ըսաւ Զելենսքիին՝ բազմամիլիառնոց դրամական եւ ռազմական օգնութեան անվերջ խնդրանքներուն մասին: Ըստ էութեան, անոր խօսքերը կը նշանակէին, որ «Ուքրայնան պէտք է որոշ զիջումներու երթայ՝ յանուն խաղաղութեան»։

Այսօր բոլորը գիտեն, որ Ուքրայնայի մէջ չկան պատրաստուած զինուորականներ, որոնք ունակ են վարելու ԱՄՆ-էն եւ ՆԱԹՕ-ի երկիրներէն եկող ժամանակակից զէնքերը։ Այս թանկարժէք զինատեսակներուն մեծ մասը կրնան յայտնուիլ տեղական ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքը։ Արեւմուտքը այդ մէկը գիտէ, բայց, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ գանձատրել Ռուսաստանի դէմ ռազմական գործողութիւնները։ Միջոցներու հոսքին կ՚ուղեկցի «Ուքրայնայի յաղթանակի» մասին բուռն քարոզչութիւնը։

Այս բոլոր միլիառները կը կուտակուին պարտքերու տեսքով եւ անոնք երբեք չեն վերադարձուիր։ Պէտք է յիշել, որ արեւմտեան դրամավարկային համակարգը հսկայական պարտքի բուրգ է։

Հնարաւոր է, որ այդ գումարները նոյնիսկ դուրս չեն գար ԱՄՆ-ի պետական գանձարանէն եւ ՆԱԹՕ-ի երկիրներէն, այլ ուղղակիօրէն կ՚երթան Ատլանտեան ովկիանոսի երկու կողմերը գտնուող ռազմարդիւնաբերական կառոյցներու յատուկ հաշիւներէն։

Ընդամէնը քանի մը օր առաջ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ ըսաւ, որ ՆԱԹՕ-ն կը ձգտի ամրապնդել Ուքրայնայի դիրքերը, բայց միեւնոյն ժամանակ աւելցուց, թէ որեւէ խաղաղութեան համաձայնագիր կ՚ենթադրէ փոխզիջումներ, ներառելով տարածքային ենթադաշտը։ Արդեօք Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հանդիպման ժամանակ Քիսինճըրի դիտողութիւնը ստիպե՞ց Պայտընին եւ Սթոլթենպերկին արթննալու եւ Զելենսքիին յիշեցնելու խաղաղութեան գինը, թէ՞ հակառակը։ Արդեօք Քիսինճըր իբրեւ սուրհանդա՞կ ուղարկուած է։ Այս պարագային ամէն ինչ նման է ծրագրի մը, որ կը տեղաւորուի մեծ վերադասաւորման մէջ: Պատերազմ, որ կը խլէ տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքը, կ՚ոչնչացնէ երկրի հսկայական ենթակառուցուածքը եւ, ի վերջոյ, մարդոց կեանքով եւ դրամով խաղաղութիւն կը հատուցանէ:

Անկախ անկէ, որ թէ՛ Քիսինճըր, թէ՛ Պայտընի ու Սթոլթընպըրկի բազէները խաղադրոյք կը կատարեն, Ռուսաստանը ոչ միայն կարողութիւնը ունի վերահսկելու Տոնպասի տարածքը, այլեւ փաստացիօրէն նաեւ կտրելու Ուքրայնան Սեւ ծովէն եւ վերահսկողութեան տակ առնելու Տնէփր քաղաքը։

Մոսկուան արդէն յայտարարած է, որ պիտի ականազերծէ Սեւ ծովը՝ Մերձաւոր Արեւելք, Ափրիկէ եւ Եւրոպա Ուքրայնայի ցորենի արտահանման համար միջանցք ունենալու համար։ Թերեւս այդ ընդհանրապէս այն չէ, ինչ որ Արեւմուտքը կ՚ուզէ, քանի որ ծրագիրը մեծ չափերով սով ստեղծելն էր։ Ցաւօք, ասիկա «Մեծ վերադասաւորման» եւ ՄԱԿ-ի 2030-ի օրակարգի մէկ մասն է՝ բնակչութեան թիւը նուազեցնելու եւ համաշխարհային կարգ մը հաստատելու համար: Բազմաթիւ մարդիկ կրնան մահանալ։ Փրկուածները տարբեր աստիճանի սով կրնան կրել։ Անոնք սովի հետ կապուած հիւանդութիւններով կրնան տկարանալ ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլեւ՝ մտքով եւ հոգիով: Անոնք չեն ունենար դիմադրելու ուժ, այդպիսով խոցելի եւ կառավարելի կը դառնան «Dark Cult»ի (Մութ աղանդ) կամ «Deep State»ի (Խորքային պետութիւն) կողմէ։

Եթէ Քիսինճըր իրօք միայն սուրհանդակ էր, ապա այդ կը նշանակէ, որ Ուքրայնայի պատերազմը, ՆԱԹՕ-ի սադրանքը, որ Ռուսաստանին ստիպեց անցնիլ կարմիր գիծը, ընդամէնը գործիք էր.

Ա - Թոյլ տալու Ռուսաստանին փրկելու Տոնպասի շրջանի բնակչութիւնը Քիեւի եւ Նացի-Ազովի գումարտակներու վայրագութիւններէն։ 2014 թուականի փետրուարին ԱՄՆ-ի կողմէ հրահրուած Ուքրայնայի «Մէյտան»ի յեղաշրջումէն ի վեր աւելի քան 14 հազար խաղաղ բնակիչներ, որոնց մեծամասնութիւնը կանայք եւ երեխաներ՝ սպաննուած են ուքրանական զօրքերու եւ տխրահռչակ նացիական Ազովի գումարտակներու կողմէ։

Բ - Աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու ԱՄՆ-Ռուսաստան պատերազմի վրայ, որպէսզի ՄԱԿ-ի 2030-ի օրակարգի «Մեծ Վերադասաւորում»ը անխափան ծրագրաւորուի եւ իրագործուի, ռումբերու եւ թնդանօթներու աղմուկին ետին:

Այս ծրագիրին կարեւոր տարր կը կազմէ նաեւ ԱՀԿ-ի վերածումը, համաշխարհային առողջապահական թելադրողի՝ այսպէս կոչուած «Համաճարակի համաձայնագիր»ի միջոցով: Առաջին փորձը ձախողեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ այն պատճառով, որ Ափրիկէի 47 երկիրներու պլոքը դէմ քուէարկեց անոր։

Թէեւ ոչ մէկ պատերազմ կարելի է արդարացնել, սակայն կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչն է որ յանգեցուց Ուքրայնայի մէջ այս զինեալ հակամարտութեան: Փաստը այն է, որ Քիեւ ի սկզբանէ չկատարեց 2015 թուականի փետրուարին՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Ռուսաստանի մասնակցութեամբ ստորագրուած «Մինսք-2» համաձայնագիրը, որ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն կ՚երաշխաւորէր ինքնավար կարգավիճակ, Ուքրայնայի կազմին մէջ։

Բացի այդ, ամիսներ շարունակ սուտերէ եւ հերքումներէ յետոյ, ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջապէս խոստովանեցաւ, որ գանձատրած եւ կառուցած է 46 ռազմական կենսատարրալուծարան Ուքրայնայի մէջ, որոնք կը սպառնան Ռուսաստանի անվտանգութեան:

16 յունիսին՝ Քիեւի մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի, Գերմանիոյ քանցլեր Շոլցի, Իտալիոյ վարչապետ Տրակիի եւ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքիի մասնակցութեամբ հանդիպում տեղի ունեցաւ: Բանակցութիւններուն իսկական բովանդակութիւնը յայտնի չէ։ Սակայն, փորձագէտներու կարծիքով, քննարկումը կրնայ ըլլալ ընթացած է Քիսինճըրի, Պայտընի եւ Սթոլթենպերկի յայտարարութիւններուն ուղղութեամբ. «Խաղաղութիւնը իր գինը ունի» ընդհանուր խորագրին տակ։ Զիջումները, ներառեալ՝ տարածքային, անխուսափելի են։ Հնարաւոր է, որ անոնք նաեւ ուզած են գիտնալ, թէ ո՛ւր գացած են միլիառաւոր տոլար արժող ռազմական օգնութիւնը եւ որուն քով կը գտնուի զէնքը։

«Մութ աղանդ»ի մէջ կան բազմակողմանի ուժեր։ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին ետեւը կանգնածները հիմնականօրէն գանձատրական եւ դրամատնային ոլորտէ ներս են եւ կառչած՝ հին համաշխարհայնացման: Բայց կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ համաշխարհայնացումը կը յանգեցնէ ժողովրդական զանգուածային անկարգութիւններու, որոնք կրնան խաթարել դրամագլուխի վերահսկողութեան վարէն վեր փոխելու իրենց ծրագիրները:

Այսպիսով, անհնար է բացառել հասարակութեան նկատմամբ վերահսկողութեան թուլացումը, թէկուզ կարճաժամկէտ դրուածքի մը վրայ։ Այս հնարաւորութիւն մըն է մարդոց արթննալու եւ ազատութեան, ազգային ինքնավարման եւ մշակութային ինքնիշխանութեան պատասխանատուութիւնը իրենց ձեռքը առնելու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022