ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Մարդ պէ՞տք է ուշադրութիւն դարձնէ իր քալած ճանապարհին:

Պատասխան. Անշուշտ որ մարդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր քալած ճանապարհին, յատկապէս այս օրերուն, երբ տեղեկատուական աշխարհը՝ համացանցով վահանուած այսպէս կամ այնպէս իր համատարած տիրակալութիւնը պարտադրած է մարդկութեան վրայ: Շատեր, տեղի կու տան եւ առանց դիմադրելու կը յանձնուին, ոմանք կը փորձեն պայքարիլ, սակայն ճանապարհի դժուարութեան պատճառով ի վերջոյ իրենք եւս տեղի կու տան, ուիրշներ մէկ կը պայքարին, մէկ կը յանձնուին, մէկ յոյսով կը զինուին, մէկ կը յուսահատին, եւ այսպէս գաղջ վիճակի մը մէջ են, անդին, խումբ մըն ալ կայ, որ իր ճանապարհին ղեկը յանձնած է Աստուծոյ՝ իր որդեգրած առաքինի ու զգուշաւոր վարք ու բարքով: Այդպիսիները, յաջողած են չարութեան ճամբաներէն հրաժարիլ ու ուղղութեան, ճշմարտութեան ճանապարհը ընտրելով, պայքարէ պայքար, մարտնչումէ մարտնչում կ՚ապրին իրենց կեանքը, իրենց ականջներուն օղ ընելով Առակագիրին հետեւեալ խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Ուղիղներուն մեծ ճամբան չարութենէ հրաժարիլն է: Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ» (Առ 16.17):

Հ. Ինչպէ՞ս պէտք է ըլլալ խոնարհներուն հետ:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը, հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է» (Առ 16.19). ի՜նչ հետաքրքրական համեմատութիւն մը կը կատարէ իմաստունը, երբ խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը շատ աւելին կը դասէ քան հպարտներուն հետ աւար բաժնեկցիլը, այլ խօսքով՝ աւելի լաւ է որ մարդ առաքինիներուն հետ ըլլայ, անոնցմէ ընդօրինակէ անոնց վարքն ու բարքը, քան թէ մեղաւորներուն հետ ըլլալով, անոնց ճամբաներէն ընթանալով ինքզինք կորուստի ու կործանումի մատնէ:

Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ հաւատացեալին դերակատարութիւնը այս կեանքին մէջ բարձրանալն է, ինչպէս աշտարակի մը վրայ կը բարձրանան, որու գագաթը երկինքն է: Երկրէն դէպի երկինք բարձրացող այս աշտարակը, կարիքն ունի հիմքեր փորելու, եւ հողին մէջ շա՜տ խորունկ իջնելու: Ինչքան բարձրանայ շինութիւնը, այդքան աւելի կարիք կայ խորը իջնելու: Արդարեւ, ան որ կ՚ուզէ կառուցել աշտարակ մը, որու գլուխը երկինքին մէջ ըլլայ, կարիքն ունի ա՛լ աւելի խոնարհ ըլլալու: Առանց խոնարհութեան հիմքին, մեր հոգեւոր կեանքին աշտարակը կը կործանի, եւ փոխանակ մեր խոնարհ Տիրոջ հետ երկինք բարձրանալու, մեր հոգիները ամբողջութեամբ կը կործանին:

Հետեւաբար, մարդ կարիքն ունի խոնարհութեան:

Խոնարհութիւն ի՛նչ աստիճանի կամ դիրքի ալ հասած ըլլայ:

Խոնարհութիւն ո՛չ թէ այսօրուան նիւթականացած հասկացողութեամբ խոնարհութեան, որ երեւոյթներու ու մարդոց աչքին երեւնալու համար կը դրսեւորուի, այլ՝ խոնարհութիւն մարդոց աչքէն հեռու, Աստուծոյ աչքին առաջ:

Խոնարհութիւն առանց ակնկալիքի, այլ՝ սրտանց ու անկեղծութեամբ:

Խոնարհութիւն՝ սրտցաւութեամբ, կարեկցութեամբ ու գուրգուրանքով:

Ի վերջոյ խոնարհութիւն՝ Տէր Յիսուսի օրինակով, Ով խոնարհութեան մեծագոյն Ուսուցիչն ու Տիպարն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար:

Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ գրուած փունջ մը մտածումներ խոնարհութեան մասին:

Սուրբ Աթանաս կը գրէ.

- Սիրէ՛ խոնարհութիւնը, ան կը ծածկէ բոլոր մեղքերդ:

Սուրբ Անտոն Մեծ (Անապատական) կը գրէ.

- Ով որ խոնարհութեամբ կը յաղթէ, այդպիսին երկինքին մէջ կ՚ըլլայ՝ աղքատ Ղազարոսին նման: 

- Իմացի՛ր, որ խոնարհութիւնը այն է, որ բոլոր մարդիկը քեզմէ լաւ համարես, բոլոր սիրտովդ վստահ ըլլալով, որ անոնցմէ աւելի մեղաւոր ես եւ գլուխդ խոնարհած ըլլայ, իսկ բերանդ ալ բոլորին ըսէ՝ ներէ՛ ինծի:

- Լեզուիդ սորվեցուր ըսել «ներէ՛ ինծի», եւ կը խոնարհիս։ Այսպիսի խոնարհութիւնը սատանային բոլոր որոգայթները կը քանդէ:

- Սիրէ՛ աշխատանքը, ենթարկուէ բոլորին, շրթներդ փակ պահէ եւ խոնարհութեան կը հասնիս։ Իսկ խոնարհութիւնդ բոլոր մեղքերդ կը մաքրէ:

Սուրբ Բարսեղ Մեծ կը գրէ.

- Խոնարհութիւնը այն գանձն է, որ բոլոր առաքինութիւնները կը պահէ:

Սուրբ Եւագր Պոնտացին կը գրէ.

- Խոնարհութիւնը անպարտելի զէնք է:

- Ապաշխարութիւնն ու խոնարհութիւնը անձը ոտքի կը կանգնեցնեն, իսկ ողորմութիւնը եւ հեզութիւնը կ՚ամրապնդեն զինք:

Յովհաննէս Կարճահասակ կը գրէ.

- Խոնարհութիւնը եւ Աստուծոյ երկիւղը, բոլոր առաքինութիւններէն վեր են:

Յովհաննէս Սանդուխք կը գրէ.

- Շատեր փրկութեան արժանացան առանց մարգարէութեան, առանց նշաններու եւ հրաշքներու, սակայն առանց խոնարհութեան ո՛չ ոք երկնային օթեւանները կը տեսնէ:

Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը գրէ.

- Խոնարհութեան վրայ վստահ, ըսէ՛ անոր. «Այլեւս չեմ խաբուիր, ո՛վ Բանսարկու եւ չեմ հնազանդիր քու մեքենայութիւններուդ, չեմ իյնար քու որոգայթներուդ մէջ, այլ՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդած եմ եւ Քրիստոսի խոնարհութիւնը ընդունած։ Քրիստոսի համար եղած աղքատութիւնը, նեղութիւնները, նախատինքներն ու հալածանքները աւելի լաւ կը համարեմ, քան այս աշխարհի բոլոր հարստութիւններն ու փառքը»։ Եւ սատանան, այսպիսի խօսքեր լսելով չի՛ կրնար դիմադրել ու այս խօսքերը հանդուրժել, այլ` փայլակի նման հեռու կը փախչի:

- Առանց խոնարհութեան թէեւ մինչեւ երկինք հասցնես առաքինութեան շինութիւնը, վերէն վար կը փլի եւ կը կործանի, եթէ խոնարհութիւնը որպէս հիմք չունի:

- Աստուծոյ կամքին համաձայն ճշմարիտ խոնարհը ան է, ով ո՛չ նախատինքէն կը տրտմի ու կը զայրանայ, ոչ ալ գովասանքէն կ՚ուրախանայ եւ կը հպարատանայ, այլ՝ ինքզինք արժանի չի համարեր այդպիսի պատիւի, այլ՝ բազմաթիւ նախատինքներու։ Այսպիսի խոնարհներուն է որ Տէրը շնորհներ կու տայ:

Անանիա Նարեկացին կը գրէ.

- Խոնարհութիւն է, երբ մարդիկ քեզ կը փառաբանեն եւ պարգեւներ կու տան, սակայն դուն քու անձիդ արժանիքներուն չես վերագրեր, այլ՝ զԱստուած կը փառաբանես, Աստուծմէ կը գոհանաս եւ կ՚ըսես, թէ այդ Քու ողորմութենէդ է եւ ոչ ըստ իմ արժանիքներուս, ինչպէս որ Սողոմոնը կ՚ըսէ. «Ինչքան մեծութեան ալ հասնիս, դուն քեզ խոնարհ պահէ եւ շնորհք ու ողորմութիւն կը գտնես Աստուծոյ առջեւ»:

- Արդ, բոլոր առաքինութիւններուն գլուխը խոնարհութիւնն է։ Վարդապետներէն բազմաթիւ վկայութիւններ կան խոնարհութեան մասին, որովհետեւ, ո՛չ ոք Աստուծոյ համար այնքան սիրելի է, ինչպէս ան՝ որ խոնարհ է եւ ինքզինք ամենէն յետինը կը համարէ յանուն Քրիստոսի, որովհետեւ Անոր կը վայելէ փառք եւ իշխանութիւն, այժմ եւ յաւիտեանս։ Ամէն:

Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ.

- Խոնարհը բարի եւ օգտակար գործը վարժուած է ծածուկ կատարել՝ գովութեամբ չհռչակուելու համար, որովհետեւ Տիրոջմէ կ՚ակնկալէ հատուցում ստանալը։ Իսկ հպարտը փոքր բարի գործ մը որ կը կատարէ, կը ցանկայ հրապարակել, որպէսզի մարդոցմէ գովեստներ ստանայ՝ որպէս իր գործերուն վարձքը, եւ հետեւաբար այլեւս Տիրոջմէ վարձք չի ստանար։ Խոնարհը եթէ մէկէ մը իր մասին գովեստ լսէ, կ՚ամչնայ ու կը տրտմի, իսկ հպարտը կը գոռոզանայ ու կ՚ուրախանայ եւ կ՚ուզէ աւելին լսել:

Պաիսիոս Աթոսացին կը գրէ.

- Խոնարհութիւնը կեանքի զարդն է եւ բոլոր առաքինութիւններուն գեղեցկութիւնը: Արդարեւ, ան մարդկային հոգիին համար անձրեւի նման է, որ չոր հողին վրայ կ՚իջնէ: Ցած հարթավայրերը բարեբեր ու բերքառատ են, մինչ բարձր լեռները ընդհանրապէս անջրդի կը մնան: Կանգուն մնացած հասկերը դատարկ կ՚ըլլան, մինչ չոքած հասկերը՝ ցորենի հատիկներով լեցուն կ՚ըլլան: Հետեւաբար, դուք եւս ձեռք ձգեցէք խոնարհ սիրտ մը, որով պիտի պտղաբերիք հոգեւոր պտուղներ, որոնք ձեր փրկութիւնը կ՚ապահովեն:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.

- Խոնարհութիւնը մեր մարդկային կեանքին մէջ ամենէն բարձր առաքինութիւններէն մէկն է։ Յաճախ սխալ հասկացուած է ան։ Շատեր խոնարհութիւնը կը նկատեն պզտիկութիւն, փոքրութիւն, նուաստութիւն։ Ո՛չ. խոնարհութիւնը մեծութի՛ւն է, որովհետեւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութի՛ւն է։ Աստուած Ինքը երբ խոնարհեցաւ, հապա մենք ո՞վ ենք որ ամբարտաւանանանք։ Ո՞վ է մարդը, որ ինքզինք Աստուծոյ տեղ դնէ։ Շունչ մըն է, որ այսօր կայ վաղը չկայ։ Բայց խոնարհութեամբ, ծառայութեամբ, նուիրումով, խաչով, յոյսով, հաւատքով, մշակոյթով, գիրով, ազգով ապրող մարդն է, Աստուծոյ եւ ազգին համար խոնարհիլ գիտցող մարդն է, որ կը բարձրանայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 48

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023