ԱՆԻԻՆ ՀԵՏ
Ծանր են քայլերս: Կը յառաջանա՞մ: Չեմ գիտեր, ի՞նչ կ՚ընեմ, բայց պէտք է յառաջանամ, ուժերս հաւաքեմ ու քալեմ դէպի հոն, բայց ո՞ւր է «հոն»ը. չե՞ս գիտեր, հո՛ն, հո՛ն, ուր տեսնելու փափաք մը ունէիր անհատնում, փափաք մը, որ կու գայ մանկութենէդ, անունէդ իսկ, զոր կը կրես ծնունդէդ ի վեր: Անունդ, զոր կը սիրես ու բախտաւորութիւն կը սեպես զայն կրելդ: Այո, բախտաւոր եմ կոչուած անունովս, բայց այս անունը իսկական կրողին ճակատագրով բախտաւոր չէ ազգս:
8-11-րդ դարերուն ծաղկեցուցած է ան, շողշողուն արեւու մը նման սփռած է իր հմայքն ու զարգացումը արար աշխարհին, օրինակ ծառայած է արեւելքին ու արեւմուտքին...: Ընդամէնը բլրակ մըն է, մի քանի քայլ, բայց շատ հեռու կը թուի, յոգնած ալ չեմ, ինչո՞ւ այսպէս կը դժուարանամ: Զարմանալի՜: Արդեօք արեւուն ջերմութի՞ւնն է պատճառը, որ կը կիզէ, կ՚այրէ ամրան այս օրերուն, կամ երկու ժամուան սահմանի սպասո՞ւմն է միթէ, որ անհանգստացուց զիս, կամ ալ Երերոյքի տաճարի աւերակոյտե՞րը, որոնք ճնշիչ էին, ուր մէկ կողմը կիզուած խաչ մը կար փլատակ խորանին մէկ անկիւնը. հի՜ն, շատ հին էին քարերը, որոնց մեծամասնութեան վրայ ձեռագիր յիշատակութիւններ կային, անընթեռնելի, բայց ինչպէ՞ս ըլլան անոնք ընթեռնելի, չէ՞ որ անոնք պէտք ունին հոգածութեան, մաքրութեան, ինչպէս մարմինն անհատի, որ ամէն օր կը մաքրուի ու կը լուացուի: Չէ՛, չի բաւեր պատմաբանի մը պատմական վկայութիւններու թելադրութիւնը, պէտք են մարդկային ձեռքեր, անոնց մաքրութեան լեզուէն հասկցող ձեռքեր, անոնց վրայէն դարերու կեղտը թափող ձեռքեր:
«Եկո՛ւր», կ՚ըսէ ձայն մը, «մի՛ տատամսիր, եկո՛ւր, ես եմ, որուն տեսքին մարմաջն ունիս, ես եմ անիկա, որուն անունովը հայրդ կոչեց քեզ սխրագործութիւններս կարդալով: Եկո՛ւր, մի սոսկար քայլերէդ, եկո՛ւր, մօտեցի՛ր: Ճիշդ է, որ ես հիմա չեմ այն գիրքին մէջի սխրանքներու դարուն պսպղացողը, շա՜տ փոխուած եմ, շա՜տ, բայց կը ճանչնաս զիս, հաւատա՛, ու հաստատուն քայլերով մօտեցիր»:
Առանձին եմ ես կարծես. ոչ, ոչ, ես եւ ինք ենք միայն, ուրիշը գոյութիւն չունի շուրջս, թէեւ աղօտ ստուերներ կ՚երեւին, մարդիկ աջ ու ձախ կ՚երթեւեկեն կարծես չորս դիս, հազիւ լսելի հնչիւններ ալ կը մրմնջեն անոնք երբեմն, բայց հզօր Շիրակի դաշտին այս լքուած հատուծին ձայնն է միայն լսելի, բարձր ձայնը, կանչը թերեւս, հոն դիմացի բլրակին վրայէն հասնող արձագանգը աւերակներուն, կոչը, որ սահմանի մէկ ափէն միւսը կը հասնի շատ սուր շեշտով մը:
Պատմաբանը կը գովերգէ անոր ատենին ձեռք ձգած նուաճումները, հազարումէկ եկեղեցիներն ու վանքերը, որոնք հիմնովին կործանած են, աւերուած, կողոպտուած, ու տակաւին..., աւերակներուն հնչիւններն է, որ կը կրկնէ պատմաբանը կարծես, կը վերծանէ ու կը հաղորդէ: Ահա արաբական հագուստ-կապուստով սելճուք մը կ՚անցնի ու իր բարձրաղաղակ կոչով կ՚աւերէ կտոր մը, անդին ուրիշ մը, քիչ ետք նորէն կը հարուածեն, կը քանդեն ու ահա մզկիթի մը մինարէն կը ցցուի եկեղեցիներուն մէջ, ալլահն ու Աստուածը, այլեւ աստուածները կողք-կողքի կանգնեցնելով:
... Ու դարեր, դարեր կործանարար յաջորդեցին իրարու: Հիմա աւերակոյտերուն մէջէն յամառօրէն գլուխ կը ցցեն մի քանի կառոյցներ, որոնք որպէս կոթող կը մնան կիսաքանդ, որոնցմէ ձայներ կ՚արձակուին, ձայներ դիւային, ձայներ անգերեզման զոհերու, ձայներ պահանջկոտ, աղերսագին, ձայներ, որոնք կը լռեցնեն ամէն ինչ, կը սրդողեն հոն, դէմի բլուրին վրայ յստակօրէն զիրենք լսողը, լսելի են անոնք, հովուն ու զեփիւռին հետ սուլոց-սուլոց կու գան ու կը մխրճուին էութեանդ մէջ, կը տագնապեն, կը տանջեն, հովն ու զեփիւռը մէջդ կը վերածուին պտուտահողմի, կը պտտին մարմնիդ բոլոր անդամներուն մէջ, կը մտնեն արեանդ մէջ ալ ու կը խեղդեն քեզ, մինչ դուն հարազատի մը տապանաքարին դէմ կանգնածի մը պէս կը սկսիս արտասուել, ներսդ պտտող հողմը կաթիլ-կաթիլ դուրս թափելով:
Լսելի կ՚ըլլայ ահա «Տէր Ողորմեա»ն, որ կը կապէ զիս ներկաներուն հետ ու կը կանչէ դէպի իրականութիւնը, դէպի՝ հիման: Ահա աչքերս վեր բարձրացնելով, քիչ անդին, կը տեսնեմ մեր ուղեկիցներէն կիպրահայ երիտասարդուհին, որ հայերէն ոչ մէկ հնչիւն գիտէ, բայց գլուխը ծածկած, ձեռքերը միացած կ՚աղօթէ դէմի աւերուած տաճարներն ու վանքերը դիտելով, ան պայուսակէն կը հանէ թաշկինակը ու կը տանի արտասուալից աչքերուն: Երիտասարդուհին ալ կարծես լսած է ձայնն աւերակներուն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ