ՉԱՐԵՆՑԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՒԷՐԸ

Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը պահուող ցուցանմոյշներուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն այն բազմաթիւ իրերը, որոնք բանաստեղծը տարբեր առիթներով նուէր ստացած է իր ընկերներէն եւ մտերիմներէն: Այդ նուէրներու շարքին կայ հատ մը, որ իր մէջ իւրայատուկ խորհուրդ մը ունի: Չինական օճառաքարէ արձանիկը, որ կը ներկայացնէ չին ականաւոր փիլիսոփայ Լաօ Ցզին: Այս քանդակին մեծագոյն գաղտնիքը տեսանելի չէ այցելուներուն համար, քանի որ անիկա կը գտնուի պատուանդանին տակ: Իսկ եթէ ձեզի բախտ վիճակուի աչք նետել այնտեղ, պիտի կարդաք սովորական գամի ծայրով փորագրուած հետեւեալ բառերը՝ «Սիրելի Աւետիքին, Չարենց, 24/ VI 1937 թ.»:

Չարենցը հրապուրուած էր արեւելեան մշակոյթով, մասնաւորաբար՝ փիլիսոփայութեամբ, նոյնպէս ալ՝ Աւետիք Իսահակեանը: Երկու մեծ գրողները համոզուած էին, որ մարդիկ պէտք է կողմնորոշուին դէպի բնութիւնը եւ հրաժարին իրենց աշխարհիկ հոգերէն:

Լաօ Ցզիին նկատմամբ Չարենցի համակրանքի ապացոյցներէն մէկն ալ այն էր, որ իր վերջին գիրքին վերնագիրը՝ «Գիրք ճանապարհի»ն փոխ առած էր չին փիլիսոփայէն: Այս իմաստով ալ Իսահակեանին նուիրած արձանիկը խորհրդանշական էր եւ իր մէջ որոշ պատգամ մը կ՚ամփոփէր՝ միեւնոյն ատեն բացայայտելով գրագէտին ներաշխարհը այն օրերուն, երբ ան յատուկ կարիքը ունէր համախոհի եւ աջակիցի մը: Իսկ ատիկա բոլորէն լաւ կրնար հասկը-նալ իր աւագ գրչընկերը՝ Իսահակեանը:

Հակառակ տարիքային տարբերութեան՝ անոնք մտերիմ ընկերներ էին եւ այդ հարազատութիւնը պահպանուեցաւ մինչեւ իսկ այն օրերուն, երբ Չարենցի դէմ հալածանքները ա՛լ աւելի սաստկացան: Իր կեանքի վերջին ամիսներուն ան ենթարկուեցաւ տնային կալանքի, քիչեր կ՚այցելէին իրեն՝ զգուշանալով իրաւապահներու կասկածներէն եւ հալածանքներէն: Աւետիք Իսահակեանն ու անոր ընտանիքի անդամները այն հազուագիւտներէն էին, որոնք համարձակեցան իրենց կապը պահպանել մինչեւ վերջ:

Այդ անվախ անձերէն մէկն ալ Իսահակեանի հարսն էր՝ դերասանուհի Պելլա Իսահակեանը:

Հետագային Պելլան պատմած է, որ երբ ինք Չարենցի ձերբակալութենէն առաջ այցելեց հիւանդ բանաստեղծին, վերջինս արդէն շատ ծանր հոգեվիճակի մէջ էր: Կարճատեւ զրոյցէ մը ետք իր սենեակը շարուած բազմաթիւ արձանիկներէն ընտրեր էր այդ մէկը՝ Լաօ Ցզիի քանդակը, ձեռքի տակ ուրիշ բան չունենալով՝ պատահական գամի մը ծայրով պատուանդանին տակ արագ մակագրեր է ամսաթիւն ու անունը, յանձներ էր Պելլային եւ խնդրեր, որ փոխանցէ Իսահակեանին:

Պելլային հետ տեսակցութենէն մէկ ամիս ետք Չարենցը ձերբակալեցին, իսկ նոյեմբերեան ցուրտ գիշեր մը հասաւ անոր մահուան բօթը:

Ներկայիս Իսահակեանի տուն-թանգարանի ցուցափեղկի պաղ ապակիին տակէն տակաւին կը նայի Չարենցի վերջին նուէրը արեւելեան մտածողի քանդակուած հայեացքով՝ իբրեւ վկայութիւն այն ճշմարտութեան, որ անցողիկ կեանքը իրեն հետ կը սրբէ, կը տանի թէ՛ ապրած ժամանակը, թէ՛ տառապանքը եւ թէ ուրախութիւնը: Բայց կայ մէկ բան, որ յամառօրէն կը շարունակէ մնալ: Յիշողութիւնն է:

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Աղբիւր՝ «Հետք»

 

Հինգշաբթի, Յուլիս 27, 2017