ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՉՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՎ ՀԱՍԱՅՍՏԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵՑ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան «ձրի խորհուրդներ» տալու պիտակին տակ տարբեր առիթներով լսելի կը դառնան կարգ մը ձայներ, որոնք ճիշդ կը համարեն, որ Հայաստանը մասնակցութիւն բերէ Սուրիոյ պատերազմին: Նոյն «աղմուկ»ը բարձրացած էր Քեսապի դէպքերուն ընթացքին ու տակաւին տեղեկութիւններ հրապարակուած էին, որ հայ զինեալներ Քեսապ մեկնած են տեղւոյն հայերուն օգնութեան փութալու համար:

Օրին Հայաստանի իշխանութիւնները դատապարտեցին նման որեւէ փորձ ու յատկապէս երկրի նախագահ Սերժ Սարգսեան պատկերասփռուած խօսքի մը ընթացքին «բաց թեքստ»ով եւ առանց «քաղաքական նրբանկատութիւն» ընելու կը յայտարարէր, որ պատերազմելու համար Սուրիա մեկնելու որեւէ փորձ մերժելի է այդպիսի քայլերը համարելով խելագարութիւն:

Օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեան բառացիօրէն կ՚ըսէր «Սուրիա կռուելու երթալը ամենամեծ յիմարութիւնն է. ջոկատներ ձեւաւորել, երթալ Սուրիա եւ այլն... այդ կ՚ըլլայ ամենամեծ յիմարութիւնը, եւ այդ կ՚ըլլայ մեր երկիրը վտանգելու ամենամեծ քայլը: Նոյնիսկ շատ վաստակ ունեցող մարդիկ երբեմն կ՚իյնան այդ նոյն արկածախնդրութեան մէջ: Ով որ կ՚ուզէ կռուիլ՝ այսօր ալ տակաւին մեր կռիւը չէ աւարտած, թող երթան մեր տասնութ տարեկան զինուորներու կողքին կանգնին եւ կռուին: Նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ հայերը պէտք է չէզոք դիրք պահեն: Հայերը չեն կրնար կողմ դառնալ»:

Ի դէպ հայկական ուժերու Սուրիա ուղարկելու մասին խօսակցութիւնները «կը տաքնային» այն ժամանակ, երբ Անգարա անցեալ 20 յունուարին կը շղթայազերծէր «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը՝ նպատակ ունենալով ապահովել Թուրքիոյ թիկունքը եւ վերացնել Սուրիոյ հետ սահմանային հատուածներուն վրայ «մարմին ստացած քրտական գործօն»ը, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կարծիքով՝ լուրջ սպառնալիք էր երկրին համար: Սուրիոյ մէջ Հայաստանի որեւէ ձեւի միջամտութեան վնասակար ըլլալուն մասին ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է Sputnik Armenia ծառայութեան սիւնակագիիր Ռուբէն Կիւլմիսարեան: Ան «Ինչո՞ւ պէտք է Երեանը զօրք ուղարկէ քիւրտ պարտիզաններուն աջակցելու համար» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսէ. «Պէտք է յիշել, որ որոշ ժամանակ առաջ ոմանք կոչ կ՚ընէին Հայաստանին, որպէսզի միջամտէ քիւրտ-թրքական տարաձայնութիւններուն, որոնք առաջին ազգամիջեանը չեն այս տարածքաշրջանի մէջ եւ, դժբախտաբար, վերջինն ալ չեն։ Այս առումով յատկապէս բարձր կը հնչէր յայտնի արեւելագէտ-փորձագէտի մը ձայնը, որ յաճախ ելոյթ ունեցած է ռուսական ալիքներով։ Ան շատ կը ցանկար, որ Հայաստանը որեւէ ձեւով մասնակցի այս իրադարձութիւններուն, ընդ որում՝ չես գիտեր ինչու, անընդհատ ըսելով, որ՝ «այսօր չ՚արժեր յիշել, որ քիւրտերը հարիւր տարի առաջ մասնակցած են Մեծ եղեռնին»։ Փոխարէնը հիմա իրավիճակը ձեռնտու է բոլորին, նոյնիսկ քիւրտերուն՝ դատելով սեփական ժողովուրդի գործերուն չմիջամտելու անոնց քաղաքականութենէն։ Բոլորէն՝ բացի պաշտօնական Դամակոսէն։ Իսկ քիւրտ-ասորական-եզիտիական հայկական ջոկատը, եթէ ոեւէ մէկու խելքին փչէր ձեւաւորել եւ ուղարկել Սուրիա, այնտեղ պարզապէս անհեթեթ տեսք կ՚ունենար»: Ի դէպ Ռուբէն Կիւլմիսարեան շատ արագ անցումով մը միայն խօսած է Սուրիոյ մէջ տիրող «շիլա-շփոթ» իրավիճակին ու յատկապէս եօթ տարիէի ի վեր «արեան բաղնիք»ի վիճակ ունեցող երկրին մէջ քիւրտերու ընդհանուր կեցուածքներուն ու քայլերուն մասին:

Սուրիոյ մէջ առկայ իրադրութիւնը ճիշդ գնահատելու համար բնականաբար պէտք է հաշուի առնել տարբեր մանրամասնութիւններ, որոնք մեծապէս պիտի օգնեն իրավիճակին ճիշդ գնահատականը տալու համար: Սուրիոյ պատերազմի վաղ փուլերուն, ոչ ոք կը պատկերացնէր, որ Սուրիոյ քիրտերը եւ յատկապէս անոնք, որոնք կարեւոր ներկայութիւն են երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, անկախ երկիր մը կերտելու ծրագիր մը մէջտեղ պիտի նետեն։

Նախ անոր համար, որ սկսեալ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատի իշխանութեան օրերէն, անոնք ոչ մէկ անգամ Սուրիոյ տարածքին ենթարկուած էին ճնշումներու: Բնականաբար կար նաեւ «արդարամիտ» քաղաքացի ըլլալու վարկածը, որուն հիմքով ալ անոնք պարտաւորուած էին երկիրը հարուածող իրենց «սուրիական հայրենիք»ին հանդէպ ըլլալ երախտապարտ: Ու անշուշտ երախտապարտ ըլլալը չի նշանակեր, որ անոնք քրտական «հայրենիք»ի մը քարտէսը դնէին սեղանի վրայ: Ինչ կը վերաբերի գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն ու զինուորական իրադարձութիւններուն, ապա քրտական խմբաւորումները տարբեր առիթներով բախումի բռնուեցան Սուրիոյ կառավարական բանակին հետ, այդպէսով խոցելի դարձնելով քիւրտ-սուրիական յարաբերութիւնները: Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին վառ են այն երկու պարագաները, երբ քրտական խմբաւորումներ թէժ բախումներ մղեցին Սուրիոյ օրինական բանակին դէմ եւ այդ դէպքերը տեղի ունեցան Հալէպի ծայրամասային հատուածներուն՝ Հասաքէ կամ Հասիչէ քաղաքին մը: Երկրորդի պարագային ալ ունենալով զինուորական աւելի լայն հնարաւորութիւններ՝ քրտական ջոկատները «ստիպեցին», որ Մոսկուա միջամուխ ըլլայ ու կարեւոր ճիգեր իրականացնելէ ետք հրադադար հաստատէ շրջանին մէջ: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ երկու կողմերն ալ ունեցան կորուստներ, իսկ արաբ-քիւրտ հակասութիւններն ու տարբեր հարցերու վերաբերեալ առկայ տարակարծութիւնները հասան առաւելագոյնի: Ու շատ բնական էր, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն համար Թուրքիոյ կողմէ կատարուած որեւէ հակաքրտական քայլ պիտի ընդունուէր մեծ «ողջոյններ»ով։ Թէեւ սուրիացի մի քանի բարձրաստիճան ղեկավարներէ բարձրացան ընդդիմադիր ձայներ։ Այս բոլորը բնականաբար ցոյց կու տան Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն ընթացքին քիւրտերուն թոյլ տուած մեծ սխալները, որոնց պատճառով ալ այսօր մեծ վիհ մը գոյացած է Սուրիոյ իշխաննութիւններուն եւ քրտական խմբաւորումներուն միջեւ, որոնք ցարդ ալ կը շարունակեն հաւատալ եւ հետապնդել, որ պիտի կարողանան ստեղծել անկախ պետութիւն մը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Այս բոլորէն անդին քիւրտերու Սուրիոյ մէջ ունեցած «վարմունք»ը եւ անոնց կատարած սխալ եզրակացութիւնները «կը պսակուէին» մեծագոյն սխալով մը, որն էր յենուլ Միացեալ Նահանգներուն: Ի դէպ պարտիմ յիշեցնել, որ Միացեալ Նահանգներ քրտական խմբաւորումները զինել սկսաւ երեք տարի առաջ այն օրերուն, երբ Սուրիոյ ընդդիմութեան դրօշակը բարձրացուցած սիւննի խմբաւորումներ սկսան ապրիլ «ինքնութեան» խոր տագնապ մը եւ դանդաղօրէն տեղի տալով ճանապարհ բացին ԻՇԻՊ-ին («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում): Ուրեմն այդ փուլին էր, որ Միացեալ Նահանգներ քրտական զինեալ խմբաւորումները զինեց ամենէն արդիական զէնքերով, սկսեալ զինուորներու տարազներէն հասնելով մինչեւ հակօդային ամենէն արդիական համակարգերը: Ու այդ ժամանակահատուածին էր նաեւ, որ քրտական տարբեր խմբաւորումներ յանկարծ հասան այն եզրակացութեան, թէ իրենց «սրտին մօտիկ» եղած քրտական հայրենիք մը կամ երկիր մը կերտելու «երազանք»ը սկսած է գետին շահիլ եւ դառնալ «տրամաբանական» երազանք մը:

Խնդիրը այն էր, որ քիւրտերը չէին ընկալած եւ չէին կրցած հասկնալ, որ Միացեալ Նահանգներու իրենց հանդէպ ունեցած «սեմփաթի»ն «կարճաժամէտ» է եւ ան կրնայ մէկ օրէն միւսը «մեռնիլ»: Մանաւանդ, որ ամերիկացիներուն համար սուրիական պատերազմին մէջ մասնակցութիւն ունենալը անպայման չի նշանակեր, որ ամերիկացիք քիւրտերուն նման «սուրիական երազ»ով մը կը տառապին: Ու այս բոլորը զարմանքով կարելի է ընկալել, մանաւանդ, որ Սուրիոյ մէջ տեղ եւ առիթ ունեցող բոլոր հիմնական խաղացողները լաւապէս ըմբռնած են, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական աւազան կը մտնէր Սուրիոյ գործող վարչակարգը տապալելու «երազանք»ով:

Այսօր եօթ տարիներու ռազմական գործողութիւններէ ու ճակատումներէ ետք երեւելի է, որ ամերիկացիք Սուրիոյ վերաբերեալ յստակ եւ «բացայայտ» ծրագիր մը չունին: Ու այս փաստացի տուեալը գուցէ ամենակարեւորն է հասկնալու եւ տեսնելու համար քիւրտերուն գործած սխալը եւ յատկապէս անոնց ամերիկացիներուն «մինչեւ վերջ» վստահելու՝ գուցէ եւ «մահացու մեղք»ը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 27, 2018