ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ՝ ՈՒԺԻ՞ ԹԷ՞՝ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔ Է

1993 թուականին, աւելի քան քառորդ դար առաջ, ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսաւ ամերիկեան Odonian հրատարակչատունէն, ամերիկահայ միջազգային հրապարակագիր Դաւիթ Պարսամեանի հարցազրոյցներու մէկ հաւաքածուն՝ ամերիկացի բազմահմուտ լեզուագէտ եւ յառաջապահ հրապարակախօս Նօամ Չոմսքիի հետ՝ «Փոքրաթիւ բարգաւաճները եւ մեծաթիւ անհանգիստները» (“The Prosperous Few and the Restless Many”) վերնագրով, իսկ հատուածներէն մէկը կրէ “The New Global Economy” վերնագիրը, այնտեղ Չոմսքի ունի մարգարէական կանխատեսութիւններ եւ դիտարկումներ, եւ անհերքելի փաստեր, այն մասին թէ՝ «Համաշխարհայնացում»ը (Globalization, Mondialisation) Կապիտալիզմի (դրամատիրութեան) զարգացման գագաթնակէտը, կամ՝ ուժին անգերազանցելի մակարդակին հետեւանքը չէր… (ինչպէս բարբառեցաւ ամերիկեան իմփերիալիզմի (կայսերականութեան) վարձկան կաչաղակ Ֆրանսիս Ֆուքոյաման, որ «աւետեց՝ Սոցիալիզմի վերջնական պարտութիւնը, Կապիտալիզմի ջախջախիչ յաղթանակը եւ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ… Սովետական Միութեան ինքնալուծարումով) այլ՝ Կապիտալիզմի միջնաբերդ՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի մայրամուտին կամ վայրէջքին… զոր բացայայտած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն՝ 1971 թուականին… 2008-ին պայթած Կապիտալիզմի կառուցուածքային ճգնաժամէն 37 տարիներ առաջ, եւ՝ Սովետական Միութեան ինքնալուծարումէն քսան տարիներ առաջ արդէն…։

Հետեւաբար, ուսանելի համարեցինք ստորեւ ընթերցողին խտացնել այդ հատուածին բովանդակութիւնը։

Անցողակի մեկնաբանենք, թէ ինչու անգլերէնի մէջ գործածուած global եւ globalization եզրերը հայերէնի մէջ երկրագնդային կամ երկրագնդացում չէ թարգմանուած, այլ՝ աշխարհային եւ համաշխարհայնացում։ Կ՚երեւի թէ՝ անգլօ-ամերիկեան իմփերիալիստ-գաղութարար ծաւալապաշտները, աշխարհագրական երկրագունդը նախընտրած են, առանց նկատի ունենալու մարդկութեամբ աշխարհ դարձած երկրագունդը…։ Հայերս աւելի կարեւորութիւն տուած ենք՝ մարդկութեամբ աշխարհ դարձած երկրագունդին…։ Բայց ֆրանսացիներն ալ mondialisation ըսած են, արաբներն ալ՝ աուլամա (ալամ), իսկ թուրքերը՝ küreselleşme, այսինքն՝ երկրագնդայնացում, որ անսխալականօրէն կարեւորութիւնը կու տայ գրաւելի աշխարհատարածքին… (küre արմատը երկրագունդի արաբերէնով անուանումին առաջին բառն է՝ գուրաթ-էլ-արտ)։ Լեզուի մը լեզուամտածողութիւնը սերտօրէն առընչուած է այդ լեզուն գործածող ազգին պատմութեան հետ եւ անոր արժեհամակարգին ու կենսական կարիքին, պէտքին, չունեցածին հետ։ Օրինակ՝ բարեւներուն ու բաժակաճառերուն մէջ… հայերս՝ «բարի լոյս», արաբները՝ «սապահ ուլ խէյր», լատինները՝ «բարի առաւօտ»… հայերս՝ «կենացդ», արաբները՝ «սահթաք», անգլիացիները՝ «չի՜րզ», իսկ թուրքերը՝ «շէրէֆինիզէ»…։

The new global economy - Նոր աշխարհային տնտեսութիւնը… այսինքն՝ համաշխարհայնացուած կապիտալիզմը։

Դաւիթ Պարսամեան, զրոյցին իբր մուտք, Չոմսքիի կը հաղորդէ՝ թէ անցեալին միայն կարգ մը փողոցներու մէջ կը տեսնէինք, հիմա՝ բոլոր փողոցներուն մէջ կը տեսնենք անտունիներ, գործազուրկներ, դրամ ուզող մուրացիկներ… եւ՝ մեթրոներու մէջ ու շէնքերու դրան մուտքին գիշերող թշուառներ… աղքատութեան եւ անյուսութեան ուրուականը դարձած է տակաւ տեսանելի՝ միջին եւ բարձր դասակարգերուն համար։ Այս երեւոյթը յստակօրէն ցոյց կու տայ արդիւնաբերական հասարակութիւններու աղքատացումը, «երրորդ աշխարհացում»ը…։

Չոմսքի. «Կը յիշեմ, որ Ռիչըրտ Նիքսընը, 1971 թուականին, ընդունած էր այն իրականութիւնը՝ թէ Միացեալ Նահանգներու տիրապետութիւնը երկրագունդի աշխարհակարգին վրայ անկումի մէջ էր, եւ միաբեւեռ աշխարհակարգին յաջորդող ներկայի եռեակ բեւեռով (ԱՄՆ, Ճաբոն եւ Գերմանիոյ գըլ-խաւորած Եւրոպան) աշխարհակարգին մէջ, Միացեալ Նահանգներ այլեւս չեն կրնար յաւակնիլ՝ մնալու աշխարհի դրամատունը։ Հետեւաբար, Միացեալ Նահանգներ մեծ հարուածով մը պիտի ջըն-ջեն ընկերային (բարօրութեան) ապահովութիւնները, եւ երկրի ամբողջ հարստութիւնը պիտի երթայ հարուստներուն։ Անկումի մէջ եղող այս դրամատիրական տնտեսութիւնը ստիպուեցաւ կերպարանափոխուիլ, տարածուելով իր ազգային սահմաններէն դուրս, ստեղծել անդրազգային (trans-national) ընկերութիւններ, դառնալ համաշխարհային, եւ արտօնել՝ չկարգաւորուած դրամագլուխներու ստեղծումը (unregulated capital)։ Եւ Նիքսըն կազմալուծեց Պրեթթոն Ուուտզի Համաձայնագիրը (Bretton Woods Agreement), եւ այդ քայլով ճամբան հարթեց միւս բոլոր դրամանիշներուն անկարգաւորուածութեան, արագացնելով՝ այսպէս կոչ-ւած համաշխարհայնացումի ընթացքը»։ (Հոս հարկ է յստակեցնել՝ թէ համաշխարհայնացուողը՝ իրապէս աշխարհի տնտեսութիւնը չէ… այլ՝ ճգնաժամի մէջ եղող ԱՄՆ-ի տնտեսաձեւի դրամատիրութեան համաշխարհայնացումն է։ Կարծելով՝ որ դէպի դուրս վազելով կրնայ հրաշք մը պատահիլ, եւ լուծուիլ դրամատիրութեան կառուցուածքային ճգնաժամը)։

Հետաքրքրական է այն, որ Չոմսքի 1993-էն առաջ արդէն (1971-ին) տեսած է ԱՄՆ-ի դրամատիրութեան անկումը եւ աշխարհի ոստիկանապետութիւնը շարունակելու անկարողութիւնը, երբ՝ տակաւին ինքնակազմալուծուած չէր Սովետական Միութիւնը։ Նաեւ այն, որ ան կը խօսի արդէն միաբեւեռ աշխարհի վախճանին եւ նոր եռեակ բեւեռով աշխարհակարգի մը գոյութեան մասին, որ տասնամեակ մը ետք պիտի դառնար բազմաբեւեռ…։ (Այս ռազմավարական անցումը՝ միաբեւեռէն դէպի բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, նաեւ մարմ-նաւորուեցաւ G7 (Great Seven) դրամատիրական գագաթաժողովէն դէպի G20 (Great Twenty) դրամատիրական-սոցիալիստական՝ համաշխարհային գագաթաժողով անցումով, որուն վերջին նիստերը կայացան 2019-ի յունիս 28-29 օրերուն, Ճաբոնի Օսաքա քաղաքին մէջ, իսկ նախանցեալը կայացած էր 2013-ին՝ Ռուսաստանի Սեն Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ)։

Չոմսքի կը շարունակէ. «Այս դէպի դուրս վազելը կը նշանակէ՝ դրամագլուխի ներդրումը տանիլ դուրս, դէպի այն երկիրները, ուր կը տիրապետեն բռնատիրական վարչաձեւեր, եւ ուր, հետեւաբար, աշխատավարձերը շատ ցած են (օրինակ՝ օրական միայն հինգ տոլար)։ Եւ ասիկա՝ յուսալով, որ կախարդական հրաշքով մը կրնայ լուծում գտնել դրամատիրութեան ճգնաժամը՝ Մեսիայի գալուստէն ժամանակ մը ետք…»։

Չոմսքիի ընթերցասիրութեամբ աշխատած ուղեղ մը, եւ անոր կարդացած որակաւոր աղբիւրներու քանակը սերտած ուղեղ մը՝ կրնա՞յ Մեսիայի գալուստով պայմանաւորել արդի վայրի դրամատիրութեան կառուցուածքային ճգնաժամին լուծումը, ծաղր ու ծանակի ենթարկելով այդ ճգնաժամին տակաւին լուծում յուսացող մարդոց, եթէ՝ լուրջի առած չըլլար առանց բացառութեան, նոյնինքն ԱՄՆ-ի հեղինակաւոր տնտեսագէտներուն եւ պետական մտածելակերպով օժտուած պետական փորձառու գործիչներու միահամուռ եզրակացութիւնը՝ ԱՄՆ-ի դրամատիրութեան (նոր-ազատական եւ վայրի…) մոտէլի անվերականգնելիութեան շուրջ…։ (Վերջին տասը տարիներուն լոյս տեսան տասնեակ մը հատորներ ամերիկացի եւ բրիտանացի հեղինակներէ, որոնք կը հաստատեն ամերիկեան իմփերիալիստական կայսրութեան վերջալոյսը։ Օրինակ՝ բրիտանացի Ken Coats-ի “Empire No More!”ը եւ ամերիկացի Չպիկնիու ՊրժեԺինսքիի “A Second Chance?”ը)։

Չոմսքի կը շարունակէ. «Այս դէպի դուրս փախուստը ծնունդ տուաւ երկու տեսակի տնտեսութիւններու՝ երկու տեսակի պետութիւններու մէջ։ Ազգային տնտեսութիւնները՝ ազգային պետութիւններու մէջ, եւ միջազգային տնտեսութիւններ՝ միջազգային պետութիւններու մէջ։ ԱՄՆ-ը ներկայիս դարձած է միջազգային տնտեսութեամբ՝ միջազգային պետութիւն։ Այսինքն, ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը համաշխարհային կառավարութիւն կը հանդիսանայ - World Government, եւ արդէն ունի իր IMF-ը (International Monetary Fund), իր WB-ը (World Bank), իր NAFTA-ն (North America Free Trade Agreement), իր GATT-ը (General Agreement on Tarifs and Trade) եւ G7-ի (Great Seven) միջազգային մակարդակով կառավարական տարեկան ժողովները, որոնք կը լուծեն անդրազգային ընկերութիւններու, միջազգային դրամատուներու եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հարցերն ու խնդիրները, քանի որ կոչուած են ծառայելու անոնց շահերուն, ոտնահարելով դեմոկրատիան, որովհետեւ այսպիսով՝ երկիրներու խորհրդարաններն ու բնակիչները անտեղեակ կը մնան այս բոլորին առած որոշումներէն, եւ՝ տեղեակ չեն, որ անտեղեակ են։ (Այսօր, նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ, G7-ը ժամանակավրէպ դարձած է։ Հիմա կայ G20. ողջ աշխարհի մեծագոյն 20 պետութիւնները՝ ԱՄՆ, Չինաստան, Ռուսաստան, Հընդ-կաստան, Գանատա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Մեքսիքօ, Պրազիլ, Արժանթին, Հարաւային Ափրիկէ, Աւստրալիա, Ինտոնեզիա, Եւրոմիութիւն, Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա, Հարաւային Քորէա եւ Ճաբոն, որոնք ունին թէ՛ դրամատիրական եւ թէ սոցիալիստական տնտեսութիւններ, եւ որոնց մեծագոյններէն հինգը՝ կազմած են Միացեալ Ճակատ մը՝ ամերիկեան իմփերիալիզմին ու տոլարին դէմ, որ կը կոչուի BRICS - Պրազիլ, Ռուսաստան, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ։ Եւ այս նոր կազմը միջազգային տեսլականով կը քննէ աշխարհի բոլոր հիմնադիրքները, եւ ոչ թէ հին G7-ի նման՝ դրամատիրութիւնը փրկելու միակ նպատակով…։ Այսօր՝ ռազմական ուժով առաջինը Ռուսաստանն է, տնտեսական ուժով՝ տակաւին ԱՄՆ-ը, որուն անմիջական մրցակիցը Չինաստանն է…)։

Չոմսքի կը բացատրէ՝ թէ դեմոկրատիան կ՚ոտնահարուի ոչ միայն միւս երկիրներուն մէջ, այլեւ նոյնինքն ԱՄՆ-ի մէջ, որուն խորհրդարանն ու բնակչութիւնը տեղեակ չեն մնար այս բոլորէն։ Քանի որ աշխարհագրական Ամերիկան քարտէսի վրայ տարբեր պետութիւն մըն է անդրազգային ընկերութիւններու Ամերիկայէն…։ Եւ՝ քարտէսի ԱՄՆ-ի ազգային պետութիւնը շարունակական անկումի մէջ է, իսկ միւս միջազգային պետութիւնը կը շարունակէ շահեր արձանագրել։ Այս պատկերը գծելու համար, Չոմսքի կու տայ օրինակ մը՝ General Motors հսկայ ընկերութենէն։ GM-ը 24 գործարաններ փակած է ԱՄՆ-ի մէջ, բայց նոր գործարաններ բացած է Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ…։

Բայց ԱՄՆ-ի այս միջազգային պետութիւնը ոչ մէկ բարիք կը խոստանայ քարտէսի ԱՄՆ-ի ապագային համար, եւ դարձեալ, Չոմսքի ինքնավստահօրէն կը պատասխանէ Պարսամեանի շեշտակի հարցումին. “Outside of ideology, of Academy and the Press, no one thinks, that capitalism is a visible system, and nobody has thought that for the coming sixty or seventy years _ if ever”… (Գաղափարախօսութենէն, ակադեմական գրականութենէն եւ մամուլէն դուրս, ոչ ոք կը խորհի թէ դրամատիրութիւնը ապրելու կարող համակարգ մըն է, եւ ոչ ոք մտածեց ատիկա՝ յառաջիկայ 60 եւ 70 տարիներուն համար, եթէ երբեք մտածած ըլլար ատոր վերապրումին մասին)։

(Երբ Դաւիթ Պարսամեան Պէյրութի մէջ, «Ազդակ»ի հրաւէրով կը խօսէր դրամատիրութեան վայրէջքին ու վերջալոյսին մասին, հաւանաբար գտնուեցան շատեր, որոնք թերահաւատութեամբ կամ վերապահութեամբ լսեցին Պարսամեանի խօսքերը։ Այս գրութիւնը կարդալով, անոնք հաւանաբար աւելի լրջօրէն պիտի վերանային անոր խօսքերը։ Նոյն շաբթուան մէջ, եգիպտական «Ալ-Շրուք» հեղինակաւոր թերթին մէջ, հեղինակաւոր վերլուծաբան Ժամիլ Մաթար գրած էր Արեւմուտքի վերջալոյսին մասին, որուն խտացումն ալ հրատարակուեցաւ «Ազդակ»ի մէջ, եւ որուն մէջ յիշած էի նաեւ Պարսամեանի դասախօսութեան եզրակացութիւնը)։

Չոմսքի. «Այս ճգնաժամը կրնայ պայթիլ մօտիկ ապագային (եւ պայթեցաւ 2008-ին՝ 15 տարիներ վերջ), եւ այդ է պատճառը, որ ԱՄՆ անցնող կէս դարի տեւողութեան, որդեգրեցին պետութեան միջամտութեան գաղտնի ճամբայ մը, որ կը կոչուի «Փենթակոնի դրութիւն» (Pentagon System)։ Այս դիմակը կը գործածուէր գաղափարախօսական մտահոգութիւններով, քանի որ տնտեսութեան ու շուկային մէջ պետական միջամտութիւնը սոցիալիստական համակարգին յատուկ սկզբունք է։ Եւ ազատ շուկան՝ գոյութիւն չի կրնար ունենալ… ատիկա պարզապէս կատակ մըն է։ Իսկ ԱՄՆ դիմեց պետական փրկարար միջամտութեան «Փենթակոնի դրութիւն» պիտակին տակ, քանի որ Կապիտալիզմը չի կրնար վերապրիլ առանց պետական միջա-մըտութեան։ Բոլորին կը թելադրեմ, վերստին եւ լրջօրէն կարդալ՝ Ատամ Սմիթի տեսութիւնը Կապիտալիզմի մասին»…։

Հոս, Դաւիթ Պարսամեան կ՚ըսէ. «Ես, Լիթէլ Ռոքի խորհրդաժողովի ընթացքին, լսեցի Քլինթընի խօսքերը կառուցուածքային խնդիրներու ներքնակառոյցի վերակառուցումին մասին։ Իսկ «Ցուրտ պատերազմի տնտեսութեան կազմալուծումը» (“Dismantling the Cold War Economy”) խորագրով հատորին հեղինակը՝ Աննա Մարքուզէն խօսեցաւ «Փենթակոնի դրութեան» չափազանցութիւններուն, նաեւ՝ ԱՄՆ-ի տնտեսութեան ատոր պատճառած ձեւազեղծումներուն եւ վնասներուն մասին»։

Չոմսքի. «Այո, որովհետեւ այսօր այլեւս չեն կրնար պահպանել «Փենթակոնի դրութիւն»ը, երբ կը խօսին Սոցիալիզմի ջախջախիչ պարտութեան ու Կապիտալիզմի վերջնական յաղթանակին մասին։ Այսօր պարտաւոր են սկսելու խօսիլ նոր դրութիւններու մասին։ Բայց չեն կրնար ժողովուրդէն պահանջել կրճատել իրենց սպառումները եւ տենչերն ու ցանկութիւնները, որպէսզի ներդրումները շրջուին դէպի բարձրամակարդակ ճարտարագիտութեան արդիւնաբերութիւն, պատրուակ գործածելով՝ «ռուսերը կու գան» ահազանգը։ Անցեալին, երբ Սովետական Միութիւնը ինքնալուծարուած չէր, կրնային բանալ «Փենթակոնի դրութիւն» կոչուած պետական միջամտութեան վրայ դրուած դիմակը հաւանաբար, երբ «ռուսերը կու գան» ահազանգը կրնար գործածուիլ իբր պատրուակ։ Ներկայիս, այդ մէկը բացառուած է»։ (ԱՄՆ-ի մէջ, խորքային իշխանութիւնը մինչեւ այսօր կը գտնուի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Փենթակոնի ձեռքին, որ փոխանորդն է երկրի ռազմական արդիւնաբերութեան ֆինանսատէրներու դասակարգին։ Վլատիմիր Փութին օգնեց Թրամփի ընտրութեան, երբ Թրամփ համաձայնեցաւ Փութինի առաջարկին, որ ԱՄՆ մերժէ Գ. Աշխարհամարտը եւ զբաղի միայն ԱՄՆ-ի ներքին կեանքի խնդիրներով։ Երբ Փենթակոն Թրամփի տապալման պայքարը շղթայազերծեց՝ քանի որ խաղաղութիւնը կը կրճատէր զէնքերու արդիւնաբերութիւնը, Թրամփ Ծոցի քարիւղի արքաներուն եւ էմիրներուն ստեղծեց թշնամի մը՝ Իրանը, որուն վտանգին դէմ՝ Ծոցի ապօրինի տէրերը պաշտպանուելու համար պէտք է աստղաբաշխական գումարներով զէնքեր գնեն ԱՄՆ-էն)։

Չոմսքի. «Հանրապետականները մոլեռանդ եւ տոկմաթիք գաղափարաբաններ են, եւ չեն կրնար լուծում մը գտնել դրամատիրութեան խոր ճգնաժամին։ Սակայն, Դեմոկրատները նուազ գաղափարաբաններ են ու նուազ մոլեռանդ, նուազ տոկմաթիք են, յարմարող ու ճկուն են, անոնք կրնան եւ արդէն գտած են լուծումի տարազ մը։ Հետեւիլ Գերմանիոյ եւ Ճաբոնի հետեւած լուծումին, որուն կը հետեւին նաեւ Ճաբոնի շուրջ գտնուող Հարաւային Քորէան ու Թայուանը. այսինքն՝ “To rely on massive state intervention, in order to come out of the Third World pattern to an industrial society, on condition that the state is powerful enough to be capable to control not only labor, but also capital. But US population is individualistic and the capitalist class most individualistic and refuses any state control. That is why the Pentagon System was kept masked for half a century…”։ (Ուրեմն, վարչակարգ մը երբ ունենայ նաեւ՝ ազգային գիտակցութիւնը, դրամատիրական տնտեսաձեւ ունենալով հանդերձ, չի վարանիր որդեգրելու սոցիալիստական միջոցառումներ,- պետութեան միջամտութիւն տնտեսութեան մէջ -, վերահսկելով՝ ոչ միայն աշխատաւոր դասակարգին, այլեւ՝ դրամատէր դասակարգին։ Ուրեմն, այսօր, Ռուսաստան, Գերմանիա, Ճաբոն եւ Հնդկաստան, ունենալով ոչ միայն դրամատիրական տնտեսաձեւ, այլեւ՝ ազգային գիտակցութիւն, որդեգրած են պետութեան միջամտութեան սոցիալիստական սկզբունքը, եւ արդէն դէմ են՝ ԱՄՆ-ի տիրակալութեան։ Իսկ երկուքը՝ Ռուսաստան եւ Հնդկաստան BRICS-ի ճակատին մէջ են։ Բարոյական պարտքս է յիշել՝ թէ նոյն տարին (1993), Էդիկ Յովհաննիսեան, «Դրօշակ»ի մէջ «Որտե՞ղ ենք մենք» ծաւալուն յօդ-ւածին մէջ, կը մարգարէանար որ մօտիկ ապագային՝ Գերմանիա, Ռուսաստան, Ճաբոն եւ Հնդկաստան պիտի որդեգրեն ազգայնական ծը-րագիր եւ պիտի յաղթեն Արեւմուտքի վայրի դրամատիրութեան…)։

Մենք, հայերս, գոնէ լաւ գիտենք թէ՝ Գերմանիոյ եւ Ճաբոնի եւ միւս երկիրներուն, որոնց մէջ՝ շնորհիւ պետական միջամտութեան դրամատիրութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել, պատճառը այն է, որ այդ երկիրներուն ժողովուրդները չեն նմանիր ԱՄՆ-ի բնակիչներուն… (որոնք ժողովուրդներ չեն…), այլ՝ ունին համայնական, հայրենասիրական կապերու եւ հաւաքական շահերու (այսինքն՝ ազգային շահերու) գիտակցութիւն, եւ՝ յարգանք այդ շահերուն հանդէպ, եւ առաջին հերթին՝ պատմական միեւնոյն հայրենիքին հանդէպ… որ գոյութիւն չունի ԱՄՆ-ի բնակիչներուն մօտ, որոնց միջեւ հասարակաց միակ կապը ԱՄՆ-ի պետութիւնն է… որ չունի ազգութեան պատմամշակութային կապին անպայմանադիր կերպով պարտաւորեցնող հմայքը, գրաւչութիւնը, անարատութիւնը, հարուստ բովանդակութիւնն ու հարազատութեան անդիմադրելի կախարդանքը…։ Ընդհակառակը, շատ տխուր է եւ արիւնալի ԱՄՆ-ի բնակիչներու հպատակութեան երկրի, տարատնկեալ պետութեան, բնիկ ժողովուրդներու եւ ստրուկներու արեան ու ոսկորներուն վրայ խարսխուած պետութեան տարատնկումի պատմութիւնը, լի՝ բարբարոսային ցեղասպանութիւններով, որոնք՝ իրաւունքը կու տան բիրտ ու վայրագ ուժին, եւ չեն ճանչնար՝ ուրիշ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն ուժը…։

Վերջապէս, Պարսամեան եւ Չոմսքի, ԱՄՆ-ի մէջ Ձախի տկարութեան կամ տկարացումին պատճառները կը նկատեն՝ ԱՄՆ-ի բնակիչներու անհատապաշտութիւնը, ձախակողմեան կուսակցութեան եւ բանուորական կազմակերպութիւններու անցեալին գործած սխալները, Սովետական Միութեան ինքնալուծարումը եւ ձախակողմեան յեղափոխական մտաւորականներու դասակարգի մը՝ ինթելիճենցիայի մը բացակայութիւնը։ Չոմսքի կ՚ըսէ. «ԱՄՆ-ի բնակչութիւնը մեկուսացած է երկրի քաղաքական բարձր ոլորտի կեանքէն, անտարբեր է՝ քաղաքական պայքարին հանդէպ, վարակուած է պիզնեսային խաբկանքներէ, գոռոզացած է ամերիկեան ապրելակերպի առասպելական իտէալականացումէն, անպատասխանատու է եւ կուրօրէն կը հետեւի «պարտքի առ ապրանք եւ սպառէ» նշանաբանին, եւ «մի՛ վախնար, մասնավճարով գնէ ամենէն սուղ առարկաներն անգամ» ապակողմնորոշումին, հակառակ անոր, որ ամէն օր փողոցներուն մէջ, մեթրոներու կայարաններու աստիճաններուն վրայ եւ գիշերներն ալ շէնքերու մուտքերուն կը տեսնեն տակաւ բազմացող թիւերով մուրացիկները, անտունիները, գործազուրկներն ու գինովները…։ Մանկամիտ, սնափառ եւ վերին դասին պատկանելու պատրանքը ունեցողները իրենց չնչին գումարներով բաժնետէր կ՚ըլլան մեծ ընկերութիւններու, եւ եթէ հրաշքով լուր մը տարածուի, թէ աշխատավարձերու յաւելումի օրէնքի նախագիծ մը կայ խորհրդարանին մէջ, կամ՝ յաւելումին դէմ բողոքի նստացոյցեր կը կազմակերպեն, եւ կամ ալ՝ իրենց գնած բաժնեթուղթերը կը վերադարձնեն՝ առ ի բողոք, տագնապ ստեղծելով սակարանին մէջ…։ Ասոնք կը հաւատան, որ իրօք ԱՄՆ-ի քաղաքացիները աշխարհի ամենահարուստ եւ բախտաւոր քաղաքացիներն են, եւ բոլորը՝ իրաւահաւասար։ Քանի որ, ԱՄՆ-ի մէջ արգիլուած բառեր են դասակարգ, դասակարգային պայքար եւ… դասակարգային յեղափոխութիւն։ Ընդհակառակը, սրբացուած է անհատական սեփականութիւնը եւ տնտեսական հարցերու մէջ՝ միշտ ու միշտ, վերջին, վճռող խօսքը կը պատկանի դրամագլուխը ներդնողին (The investor decides… who lives, who dies)»։

Այսինքն, եթէ դրամագլուխը ներդնողին տալիք որոշումը որո՞ւն մահուկենաց խնդիրն է… ան իրաւունք ունի որոշելու, թէ ո՞վ պէտք է մեռնի, որպէսզի միւսը ապրի…։

2018 թուի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին բեմէն Թրամփի ելոյթը համաշխարհայնացումին դէմ… եւ G20-ի Օսաքայի գագաթաժողովին Թրամփի սիրալիր հանդիպումը Փութինի հետ… լաւատեսութիւն կը ներշնչեն՝ ներկայի անցումային շրջանի ապագային համար։

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019