ՁԱԽՈՂԻԼ՝ ՅԱՋՈՂԵԼՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ…
Յուշագրութիւններէ եւ առտնին ծառայութեան գիրքերէ մինչեւ նկարազարդ հմայիչ վէպեր, մեր թերութիւններու եւ ոչ կատարեալ ըլլալու մասին գրելը երբեք այնքան ժողովրդական չէ եղած: Փիլիսոփաներ, մտաւորականներ եւ գրողներ այսօր տարբեր մօտեցումներով եւ չափանիշներով կ՚արծարծեն ձախողութիւնը՝ միշտ ուղղելով հետեւեալ հարցումը. «Բայց կրնա՞յ ձախողիլը երբեւէ յաջողութիւն ըլլալ»:
«Քալչըր» կայքին մէջ Լինծի Պէյքըր հետաքրքրական յօդուածով մը կ՚անդրադառնայ այս հարցին:
*
ԱՐԴԵՕՔ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԳՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻ՞ՒՆ Է
«Ձախողէ՛ կրկին: Ձախողէ՛ աւելի լաւ», գրած է Սամուէլ Պեքեթ գրութեան մը մէջ, որ պիտի դառնար հռչակաւոր մանտրա մը (պուտտայական կրկներգ), առեւտուրի եւ արհեստագիտական սթարթափերու աշխարհին մէջ («Ձախողէ՛ արագ, ձախողէ՛ աւելի լաւ»ին հետ), ուր յաջողութեան հասնելու ձախողութեան ուղին ստացաւ ամուր կռուան:
Վերջին տարիներուն նման ուղղութիւն կը նկատուի գրականութեան, մասնաւորապէս յուշագրութեան սեռին մէջ: Քարլ Օվէ Քնոսկարտ ինքնակենսագրական քանի մը հատորներ յատկացուց ամէնօրեայ ձախողութիւններու՝ «Իմ պայքարս»: Այդ ատենէն ի վեր «fail-lit»ի հեղեղ մը եղած է թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ ոչ գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Կրնա՞յ ձախողութիւնը գրական նոր յաջողութիւնը ըլլալ: Եթէ այդպէս է, ատիկա չի՞ նշանակեր, որ իրականութեան մէջ բնաւ ձախողութիւն չէ:
Էլիզապէթ Տէյ իր օրագիրին մէջ՝ «Ինչպէ՞ս ձախողիլ. ամէն բան, որ սորվեցայ ձախողութիւններէն», կը բացայայտէ ցաւով եւ յաճախ զուարճալի անկեղծութեամբ, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ ամէն բան սխալ կ՚ընթանայ, եւ ինչպէ՞ս ձախողութիւնը ի նպաստ մեզի կրնայ գործել: Գիրքը եւ փոտքաստը, որ զայն ներշնչեց (ինչպէ՞ս ձախողիլ Էլիզապէթ Տէյի հետ), մեծ յաջողութիւն եղաւ:
«Ես սքանչելի կեանք մը ունիմ եւ բացառիկ առանձնաշնորհեալ: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ իմ կեանքիս մէջ չկային դժուար ժամանակներ: Իմ պարագայիս, ատոնք անձնական ձախողութիւններն էին՝ ամուսնալուծում, վիժում, եւ ես չկրցայ երեխայ ունենալ», կ՚ըսէ Տէյ:
Այս գիրքը մասամբ օրագիր, մասամբ յայտարարութիւն է, եւ կը ներառէ բնաբաններ, ինչպէս՝ զոյգերու ժամադրութիւն, բարեկամութիւն, աշխատանք, մարզանք, ընտանիքներ եւ բարկութիւն: «Գիրքի նախադրեալն այն է, որ մենք կրնանք սորվիլ մեր ձախողութիւններէն»: Այսպէսով, ձախողութիւնը միշտ լաւ բան է անոր տեսանկիւնէն: «Այդ մասին ես չեմ պաշտպաներ այդ գործը եւ երեխաներ չունենալու իմ ձախողութիւնս, տխուր է: Բայց ես ատիկա ընդունած եմ, ատոր հետ խաղաղ եմ, դուք կրնաք ընտրել ձախողութիւն ընդունիլը»:
«Այսպէս կոչուած՝ «յաջող մարդոց» վերլուծում կատարուած է եւ՝ հաստատուած, որ անոնց կեանքը հեզասահ չէ եղած», կ՚ըսէ հեղինակը, որ որոշած է սկսիլ փոտքաստը՝ ընկերուհիներու հետ զանազան անկեղծ խօսակցութիւններէ ետք: «Ես մտածեցի, որ արդեօք լաւ պիտի չըլլա՞յ զրուցել խոցելիութեան մասին»:
Անոր գիրքին եւ փոտքաստին մէջի պատմութիւնները ուժեղ, յուսադրող, յաճախ ուժեղացնող են եւ բազմազան:
«Մարդիկ եւ կիներ կը ձախողին տարբեր ձեւով: Տեսակ մը առնականութեան գաղափար կայ Սիլիքոնեան Հովիտի եւ սթարթափերու ձախողութեան մէջ: Սակայն ձախողութիւնը կախեալ է անկէ, թէ ինչպէ՛ս կ՚արձագանգէք անոր: Յարացոյցը (փարատիկմ) կ՚անցնի, եւ կիներ կը խօսին իրենց ճշմարտութեան մասին»:
Տէյ կ՚ըսէ, որ մութ փորձառութիւնները պէտք չէ լուսանցքայնացնել: «Կեանքը հիւսուածք մըն է, տխրութիւնը կրնայ գեղեցիկ բան մը ըլլալ, եւ դուք չէք կրնար մէկը գնահատել՝ առանց միւսին: Կեանքը բազմաթիւ բաներու միախառնութիւն մըն է: Ես եղափոխուած եմ պատահած սխալներու շնորհիւ, քան երբ ամէն բան կը թուէր, թէ ճիշդ կ՚ընթանայ: Տագնապներէն դուրս կու գայ յստակութիւնը, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ մաքրողական տարրը»:
Գրող, ակադեմական Փոլ Տոլան ձախողութեան, իր բառով՝ «քմայքը», տարբեր կը տեսնէ: «Անիկա յաջող ձախողութիւն մըն է, անիկա ձախողութիւն մըն է՝ իբրեւ յաջողութեան բանալի: Ես քիչ մը թերահաւատ եմ այդ իմաստով: Մենք կը տեսնենք կատարելապաշտութեան աճող միտում մը, եւ ձախողութեան հանդէպ ներկայի հետաքրքրութիւնը ձախողութեան անոր յետցնցումն է (backlash): Բայց իրականութեան մէջ կը թուի, թէ անիկա կատարելութեան ամրա-պընդում է. ձախողութիւնը կը դիտուի իբրեւ մարտահրաւէր, յաղթահարելու որեւէ բան: Բայց երբեմն մենք պարզապէս պէտք է դադրինք ձգտելու մեզմէ ակնկալուող պատմութիւններուն: Մարդիկ կ՚ուզեն ամբողջ կեանքի մը պատմութիւնը, բայց եթէ դուք մէկու մը հետ յարաբերութեան մէջ էք, օրինակ, եւ իրարու հետ 15 լաւ տարիներ անցուցած էք, եւ եթէ անիկա վերջ գտնէ, ձախողութիւն չի նկատուիր»:
Տոլան իր վերջին՝ «Միշտ երջանիկ՝ փախչելով կատարեալ կեանքի առասպելէն» գիրքին մէջ կը բացայայտէ մեր երջանկութեան աղբիւրներուն շարք մը առասպելները՝ պըն-դելով, որ կրնան այլ, անսպասելի ուղիներ ըլլալ՝ մնայուն երջանկութեան:
Ամուսնութիւն, համալսարան եւ երեխաներ ունենալ՝ երջանկութեան այն նշաններէն են, որոնց մարտահրաւէր կը նետէ Տոլան: Ըստ վիճակագրութիւններու, չամուսնացած եւ երեխայ չունեցող կիներ ամենէն երջանիկ ենթախումբերն են բնակչութեան մէջ, կը նշէ ան: Անոնք նոյնպէս աւելի երկար կ՚ապրին, աւանդական մեկնաբանները այլեւս յաջողութիւնը չեն առընչեր երջանկութեան:
«Այսպէս կոչուած, կատարեալ կեանքի գաղափարէն մենք մեզ ազատելով, իւրաքանչիւրս կրնանք գտնել ապրելու արժանի կեանք մը», կ՚աւելցնէ Տոլան:
«Գաղափարը այն է, որ եթէ դուք կը ձախողիք, ան յաջողութեան խոչընդոտ մը եւս կը դառնայ: Մենք կը սիրենք պատմութիւններ՝ դժբախտութիւնը յաղթահարելու մասին: Եւ յետոյ մենք աւելի շատ կը տօնենք յաջողութիւնը, որովհետեւ դժուար շահուած է: Այնպէս որ, այդ իրողութիւնը չի նշանակեր ձախողութիւնը տօնել»:
«Միտալթ»ի եւ «Ես կատարելապէս լաւ եմ. անկատար կնոջ ուղեցոյցը» գիրքին հեղինակները՝ Էմըլի ՄաքՄիքան եւ Անապել Ռիվքին, ոչ միայն կ՚ընդունին ձախողութիւնը, այլ նոյնպէս կը տօնեն անիկա՝ նպատակադրելով «բանալ կատարելութեան պղպջակը»:
Ծանուցումներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ կիներու կատարելութեան մասին հրապարակուող նկարներէն ձանձրացած՝ անոնք կ՚ուզէին կեդրոնանալ տարիքոտ կիներու իրական կեանքերուն վրայ. առանց ամօթի զգացողութեան, իրենց ամբողջ թերարժէք փառքով կիներ, որոնք, օրինակ, «կը յիշեն պատանիներու երգչախումբի երգը 1990-ականներուն, բայց կը դժուարանան յիշել, թէ ինչո՛ւ խոհանոց մտան»:
Գրող եւ մտային հիւանդութիւններու մասնագէտ Պրիոնի Կորտըն կը բացատրէ, թէ ինք ինչպէ՛ս ընդունած է իր թերութիւնները, կատարեալ չըլլալը եւ այդ մասին գրած է: Ան կը քաջալերէ երիտասարդները, որ իրենք զիրենք ընդունին այնպէս, ինչպէս որ են, եւ իրենք զիրենք անդադար չհամեմատեն ուրիշներու հետ: «Համեմատութիւնը ուրախութեան գողն է»:
ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՉ ԿԱՏԱՐԵԱԼԻ ՄԷՋ
Թշուառութիւնը յաղթահարելը, կամ՝ ոչ, միշտ ալ մեզ հմայած է Իքարիուսի եւ Սիզիփոսի առասպելներու օրերէն: Պատմուածքներ եւ վէպեր գրողները երկար ատենէ ողբերգութիւն գտած են ձախողութեան մէջ՝ յունական ողբերգութիւններէն մինչեւ Շէյքըսփիրի խռովքները, ողբերգակ դերակատարներէն մինչեւ Թենեսի Ուիլիամսի մոռացութեան մատնուող, անհետացող դերերը:
Ձախողութեան մէջ գտնուելիք գեղեցիկ բան մը կայ: Գրական մրցանակի արժանացած Լազլօ Կրազնահորքայի վէպը՝ «Ստորեւ Կայ Սէոպօ», հիմնուած է Ուապի-Սապիի արտայայտութեան վրայ, որ կը բխի հնագոյն ճաբոնական հայեցակարգէն, որ կը նշանակէ՝ ոչ կատարեալի գեղեցկութիւն: Կրազնահորքա իր վէպին մէջ ձախողութիւնը կը կառուցէ որպէս գեղագիտական հաճելի նիւթ մը:
Եւ ձախողութիւնը նոյնպէս արգասաբեր դաշտ մը կրնայ ըլլալ կատակերգութեան համար: Ողբերգակատակերգական գրութիւնը լաւ հաստատուած գրական սեռ մըն է, սխալներու կատակերգութիւնները աշխարհի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն, եւ հակաստիճանը (anticlimax) գրական ծանօթ թեքնիկ մըն է: Երգիծանքը, ընդհանրապէս, կարելի է վիճիլ, հիմնականին մէջ ձախողութեան մասին է: Ամերիկացի գրող Սամ Լիփսայթ ծանօթ է մարդկային անկատարութեան մռայլ զուարճալի պատկերացումներով: Անոր վերջին վէպը՝ «Հարք», պատմութիւնն է անգիտակ զգուշաւոր կուրուի մը (կրօնի ուսուցիչ) եւ իր ներքին շրջանակին, որոնց մէջ գլխաւորը՝ ողբալիօրէն թշուառացած Ֆրազ Փենզիկը:
Ուրեմն անարգ ձախողութիւնը եւ կատարեալ չըլլալը մնայուն ծիծաղելի՞ են: «Մնայուն ծիծաղելի, այո՛, բայց նոյնպէս մնայուն՝ սուր, խայթող», կ՚ըսէ Լիփսայթ եւ կ՚աւելցնէ. «Մենք կը սիրենք ծիծաղիլ եւ ընկրկիլ, խրտչիլ՝ յիշելով, թէ մենք ի՛նչ կ՚ուզէինք ըլլալ եւ ի՛նչ եղանք: Այդ մեր մարդկութեան ճանաչումն է: Հաւանաբար մենք ասոր մէջ առանձին չենք: Թերեւս կան դլփիններ, որոնք լողալով կը մտածեն, թէ իրենք իսկական դլփինը չեն, այն, ինչ որ իրենց մայրը կը յուսար, որ ըլլային»:
Լիփսայթ կը նշէ քանի մը գրողներ, որոնք իր վրայ ազդեցութիւն ունեցած են. Կրէյս Փէյլի, Ռոպերթ Մուսիլ, Ճէոֆ Թայըր եւ Մարթին Ամիս:
«Ֆրազին տիպարը միաձուլումն է քանի մը մարդոց, որոնց շարքին՝ աներորդիիս եւ Թովմաս առաքեալին: Ֆրազ եւ գիրքին մէջ այլ կերպարներ կը պայքարին տարբեր: Ձախողութիւնը կեանքին մաս կը կազմէ», կ՚ըսէ ան:
Վէպին ամբողջ ընթացքին կայ փոխզիջման զգացողութիւն, խառնաշփոթ եւ վայելչութիւն:
«Ես վստահ եմ, որ զիջումը միշտ եղած է մէկ մասը մարդկային էութեան: Բայց նկատի ունենալով արդի կեանքի ընթացքը՝ կը խորհիմ, որ զիջումի մակարդակներ կան: Կարգ մը զիջումներ… թերեւս այն տեսակները, որոնք մենք կ՚ընենք ընտանեկան շըր-ջանակին մէջ՝ մեր ամուսիններուն, կիներուն կամ ընկերներուն, կ՚օգնեն սէրը ապրեցնելու», կ՚ըսէ Լիփսայթ:
Ուրեմն, ըստ Լիփսայթի, ձախողութիւնը կրնա՞յ օգտակար ըլլալ:
«Ես կը կարծեմ, որ մենք աւելի կը սորվինք մեր սխալներէն, քան՝ յաղթանակներէն: Թերեւս՝ որովհետեւ մենք անոնք աւելի կը յիշենք: Բայց ես կը կարծեմ, թէ բանալին այն է, որ պէտք է դադրեցնել հարցերը ծանրացնելը, մէկը միւսին վրայ բարդելը: Բազմաթիւ փորձառութիւններ կը պարունակեն երկուքն ալ»:
Ձախողութեան մասին Լիփսայթի նախասիրած յունական առասպելը Սիզիփոսն է, որուն պատմութիւնը լեցուն է ունայնութեամբ, ձախողութեամբ եւ անհեթեթութեամբ:
«Սիզիփոս կրնայ ըլլալ բռնցքամարտիկ Մոհամետ Ալիի ձախողութիւններու առասպելները: Բոլոր ժամանակներու մեծագոյնը: Անշուշտ իր յանցանքը չէր, որ ժայռերը կը շարունակէին գլորիլ բլուրէն: Բացառութեամբ անոր, որ Ալի իր բոլոր նենգութիւններովն է, որ այդ կացութեան մէջ ինկաւ», ըսաւ Լիփսայթ:
Ան կը բաժնէ Փոլ Տոլանի սկեպտիկութիւնը՝ յաջողութեան շուրջը ընդունուած ըմբռնումներուն հանդէպ:
«Այո՛, հաստա՛տ: Ես կը կարծեմ, թէ բանի մը վրայ ծանր աշխատանքը յաճախ կ՚արդիւնաւորուի, երբեմն՝ այնպիսի ձեւերով, որոնք մենք բնաւ չէինք գուշակած, բայց երաշխիքներ չկան: Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկեան երազին անպատեհութիւնը միշտ եղած է այն ըմբռնումը, որ եթէ դուք չնուաճէք այս տեսլականը, դուք ձեւով մը ձախողած էք, թերեւս՝ ձեր նկարագիրին մէջ գոյութիւն ունեցող թերութեան մը պատճառով: Կայ մեծ ամօթ եւ անհանգստութիւն: Մենք բաւարար չենք, բաւարար չենք ըրած: «Ատիկա ընելու» գաղափարը պարզապէս պատմութիւն մըն է: Ինչպէս գիտենք, այդ մէկը ամբողջովին անմտութիւն է: Շատ բան կ՛որոշուի անձի մը հակակշիռէն դուրս գտնուող գործօններու կողմէ:
«Նոյնպէս կան յաջողութիւնը չափող տարբեր միջոցներ: Բոլորը չեն կրնար իսկական արժէքը սահմանել: Ասիկա ակներեւ բան է, բայց մենք կը մոռնանք այդ եւ մենք մեզ կը դժբախտացնենք՝ մենք մեզ համեմատելով ուրիշներու հետ եւ կը ցաւինք, որ չենք կրցած նուաճել ատոնք: Ես ամբողջովին կողմ եմ ձգտումներու, առնչուած՝ աւելի խոր գոհացումներու, գործածելով մեր մարմինները եւ միտքերը ստեղծելու արուեստ, կամ՝ մարդոց համար աւելի լաւ բաներ ընելու, կամ՝ մասնակցելու իմաստալից գործունէութեան մը: Բայց ես կը կարծեմ, որ իմ գիրքերս միշտ եղած են այն մասին, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը զբաղին իրենց վաճառուած ապրանքի մը հաշուեցոյցին հետ, այն մասին, թէ ի՛նչ բան կը սահմանէ, կը հաստատէ յաջողութիւնը եւ երջանկութիւնը», ըսաւ ան:
Իսկ թէ մարդիկ ինչո՞ւ շատ հաճոյք կ՛առնեն՝ կարդալով թշուառ ձախողութիւններու եւ ոչ կատարեալ անձերու մասին, Լիփսայթ ըսաւ. «Որովհետեւ երկու բան մէկ ամբողջութեան մէջ է. խառնուրդ մըն է այն հաճոյքին, որ մարդ կ՛առնէ ուրիշի մը ձախողութենէն, եւ՝ ներհայեցողութեան: Թշուառութիւնը եւ կատարեալ չըլլալը բոլորիս կը պատկանին»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան