ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐԸ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Ն ՀԱՐԻՐԻԻ ՀԱՄԱՐ

Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին հետեւողներուն համար աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ Լիբանանը ոչ միայն տնտեսական լուրջ խնդիրներ ունի, այլեւ ունի սխալ կառավարման հիմնահարց։ Երկար տարիներու ընթացքին, համայնքային կապուածութիւններու պատճառով, նաեւ պաշտօնները համահաւասար կերպով բաժնելու պարտադրանքին ականջ տալով՝ երկիրը կորսնցուցած է լուրջ եւ ճիշդ կառավարում մը իրականացնելու հիմնադրոյթներէն։ Այս երեւոյթը անշուշտ շատ ծանր բեռ կը դառնայ որեւէ կառավարութեան համար, որուն գլխաւոր եւ հիմնական առաջադրանքն է լուծել երկրի ու քաղաքացիի համար բեռ հանդիսացող խնդիրները։

Ու այս բոլորին մէջ, որպէս հիմնական խաղացող եւ հիմնական համակարգող իրադարձութիւններու կեդրոնին կը յայտնուի երկրի վարչապետը, որ վերջին գրեթէ տասն տարիներուն վստահուած է Սաատ Հարիրիին։

Իմ ընթերցողները շատ լաւ գիտեն, որ Լիբանան կը կառավարուի համայնքային դրութիւն-համակարգով, որուն պատճառով ալ երկրի երկրորդ դիրքը կը վստահուի սիւննի իսլամներուն, մինչ առաջին՝ նախագահական եւ երրորդ՝ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը կը վստահուի առաջինի պարագային մարոնի քրիստոնիայի մը եւ երրորդի պարագային շիի իսլամի մը։

Այս կէտին անշուշտ պէտք է յստակօրէն ընդգծել, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտին, շրջանային հիմնական խաղացողներու կողմէ հովանաւորուած Թաէֆի համաձայնագիրը կու գար որոշ փոփոխութիւններ բերել երկրի իշխանական համակարգին մէջ, որուն հետեւանքով ալ սիւննի վարչապետին կը տրուէին յաւելեալ իրաւասութիւններ, իսկ երկրի նախագահի անցեալի իշխանութիւնները ձեւով մը կրճատման կ՚ենթարկուէին։ Շատեր այս բարեփոխումներուն մէջ կ՚ուզէին յատկապէս տեսնել արեւմտեան աշխարհի սիւննիներուն հանդէպ առկայ նախասիրութիւնն ու նախընտրութիւնը։

Թէեւ որքանով ճիշդ է այս մօտեցումը դեռ պարզ չէ, սակայն եթէ այսօրուան պատկերին նայինք, շատ յստակ ձեւով պիտի նկատենք, որ յատկապէս վերջին տարիներու զարգացումներուն կիզակէտին կարելի է հանգիստ հայեացքով նկատել, թէ Պէյրութի վարչապետարանը, ի՛նչ թեքումներով ալ կը գործէ, կամ աւելի՛ն, ինչ պրիսմակով է, որ վարչապետ Հարիրին կը նայի «աշխարհ»ին ու անկէ զատ ինչ քաղաքական արեւելումով հանդէս կու գայ։

Եթէ մատնացոյց ընենք Հարիրիի Սէուտական Արաբիոյ հետ ապրած սուր եւ ներքին տագնապը, ապա սակայն այդ բոլորը երբեք չեն նշանակեր, որ Հարիրին իր ճամբարը փոխած է։

Խնդիրը այն է, որ ինչպէս Սուրիոյ պարագային, այնպէս ալ Լիբանանի պարագային պաշտօնական Ռիատ յստակ կեցուածքներ չունի։

Մինչ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբը Ռիատ շատ բուռն կերպով կը պահանջէր Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի անյապաղ հրաժարականը, այսօր Ռիատ դուրս մղուած է սուրիական «մեծ խաղ»էն եւ կարող ենք ըսել, որ սէուտցիք այդ երկրին մէջ գրեթէ դեր մը չունին։

Քիչ մը նուազ համեմատութեամբ, բայց գրեթէ նոյնն է վիճակը Լիբանանի մէջ։ Ճիշդ է, որ սէուտցիք այստեղ եւս կը զգան, թէ Լիբանանի մէջ իրենց ունեցած լծակները առաջուան ազդեցութիւնը չունին, բայց եւ այնպէս, ատոր դիմաց ալ անոնք չեն պատրաստուիր միաւորել իրենց ունեցած եւ բաւական թուլացած վիճակներու մէջ յայտնուած իրենց համախոհները։

Հոս է նաեւ, որ աւելի քան որեւէ ժամանակ յայտնի կը դառնայ Հարիրիի թոյլ վիճակը։ Արդեօք ան պիտի կարողանա՞յ այս դրութեան մէջ հանգիստ կերպով դիավարել, կամ ինքզինք թոյլ ու անկարող զգալով պիտի փորձէ՞ դուրս գալ այս վիճակէն։

Սէուտցիներուն համար անշուշտ շատ կարեւոր է Լիբանանի պարագան, դեռ պարզ չէ, թէ անոնք մինչեւ ե՛րբ այս «անգործութեան» մէջ պիտի լողան, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Լիբանանէն առաջ կան շատ աւելի ծաւալուն թղթածրարներ, որոնցմէ պէտք է առանձնացնել Եմէնի, ինչպէս նաեւ Քաթարի թղթածրարները։

Այս բոլորի կողքին յստակ է նաեւ, որ համալիբանանեան առումով Հարիրի կարողացաւ շահիլ սիրտը նոյնիսկ իր հակառակորդներուն, որոնցմէ, օրինակի համար, «Հիզպուլլահ»ը տարբեր առիթներով ալ յայտարարած է, թէ իրենք երբեք չեն պատրաստուիր Հարիրին փոխարինել այլ գործիչով մը։ Պարզ անոր համար, որ Լիբանանի իրանամէտ թեւը Հարիրիին մէջ կը տեսնէ իրավիճակներուն արդէն իսկ համակերպող կերպար մը. կերպար մը, որ հեռու է երկրին մէջ բախումներ հրահրողի դեր կատարելէ։

Անշուշտ Հարիրիի կողքին կան նաեւ այլ ուժեր (օրինակ՝ Տիւրզի առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպաթը), որոնք պիտի փորձեն ամէն գնով գետին շահիլ ու ստանձնել Սէուտական Արաբիոյ դրօշակիրները, սակայն յստակ է նոյնպէս, որ անոնք պիտի չկարողանան վարչապետին չափ ուժ եւ կշիռ ունենալ։

Իբր այդ ալ, պէտք չէ մոռնալ, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան եւ Սէուտական Արաբիա-Իրան առկայ լարուածութիւնը կրնայ իր անմիջական եւ տրամաբանական շարունակութիւնը գտնել Լիբանանի մէջ, ուր այսօրուան դրութեամբ սուրիացի փախստականներու, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներու թիւը մեծապէս կրնայ ծառայել սիւննիներու ուժական ներկայութեան պատկերի ամբողջացման, որուն իբրեւ հետեւանք Լիբանանի մէջ կրնան տեղի ունենալ ներ-համայնքային բնոյթի սուր բախումներ։

ԱՆԵԼ ՎԻՃԱԿԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԻՐԻ ԿՐՆԱՅ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ԴԻՄԵԼ

Այսօր աւելի քան բացորոշ է, որ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին մատնուած է նեղ կացութեան։ Մամուլը կը յուշէ, թէ արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր Հարիրիի ղեկավարած կառավարութիւնը անկարող է հերթական նիստ գումարել։

Մինչ Լիբանանին կը սպառնայ զինեալ բախումներու վտանգը, մէկէ աւելի վերլուծաբաններ կը նկատեն, որ Իրանի եւ «Հիզպուլլահ»ի գլխաւոր դաշնակից, երկրի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Հարիրին կ՚ենթարկէ մեծ ճնշումներու, որոնց դիմաց ան նպատակ ունի «կորզելու» զիջումներ։

Իր կարգին, բաւական լայն տարածում ունեցող «Ալ Ժումհուրիա» պարբերականը վերջերս տպագրուած յօդուածով մը մատնանշած է, որ Հարիրի որպէս քաղաքական գործիչ, բոլորովին փոխուած է եւ կարծես դարձած է բոլորովին այլ գործիչ մը: Թերթը յիշեցուցած է այն փուլը, երբ Հարիրի հրաժարելով վարչապետի պաշտօնէն, քանի մը շաբաթ «ապաստանած» էր Սէուտական Արաբիա, ապա դուրս եկած էր հոնկէ եւ մեկնած՝ Փարիզ, որմէ ետք ալ վերադարձած էր Պէյրութ ու վերստանձնած՝ վարչապետի իր պարտականութիւնները: Այդ օրերուն, յատկապէս Հարիրիի քաղաքական գիծին դէմ եղողները բարձրաձայնած էին, որ անոր Ռիատ գտնուիլը ձեւով մը քաղաքական կալանք է, եւ իր ու գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Ապտըլ Ազիզի միջեւ առկայ տարակարծութիւններուն ակնյայտ ցուցանիշ:

Ի դէպ, լիբանանցի կարգ մը քաղաքական գործիչներ յանգած են այն համոզման, թէ 2017 թուականի տագնապէն ետք, Հարիրին նախկինին նման չունի Ռիատի անմիջական աջակցութիւնը ու այդ իսկ պատճառով, շատեր զինք կը համարեն բոլորովին նոր Հարիրի մը, որ չի խօսիր նախկինին պէս երկրի անվտանգութեան խնդիրներուն, «Հիզպուլլահ»ի Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութեան եւ այլ կարեւոր հարցերու մասին, այլ միայն կը բաւարարուի արծարծելով երկրի տնտեսական գետնի վրայ կատարուելիք բարեփոխութիւններու հարցը։ Այդ առումով գլխաւոր կէտ համարուող Լիբանանի 2019 թուականի տարեկան պիւտճէյի վաւերացումը, որու համար Հարիրին եւ իր համախոհները ճիգ չէին խնայած ապահովելու համար միջազգային հանրութեան դրական կարծիքը։ Այդ բոլորը անշուշտ կը կատարուէին գլխաւորաբար նպատակ ունենալով ապահովել միջազգային վարկատու մարմիններուն դրական անդրադարձը, որուն իբրեւ անմիջական արդիւնք կարելի պիտի ըլլար յաջողցնել «Սետր» անունը կրող եւ Լիբանանի դրամական օժանդակութիւն ապահովող փարիզեան խորհրդաժողովին կայացումը:

Լիբանանեան զարգացումներուն հետեւող ոեւէ անհատ, լաւապէս կ՚ըմբռնէ, թէ երկրի քաղաքական իրադարձութիւնները շաղկապուած են տնտեսական ոլորտին հետ, ուր նաեւ իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կը գործեն Միացեալ Նահանգներուն ու անոր դաշնակիցներուն Իրանի կարեւորագոյն լծակ համարուող «Հիզպուլլահ»ը պատժելու դրոյթները։

Լիբանանցիք շատ մեծ սպասելիքներ ունին: Պէյրութը քաղաքականապէս անկայուն վիճակի մէջ ըլլալով հանդերձ կը դիմակայէ այլ ծանր խնդիրներ. տնտեսական բարդ իրավիճակին, բնապահպանութեան, աղբահանութեան եւ կենսոլորտի հետ առընչուած հարցերու ճնշման տակ, անակնկալ պիտի չթուի, որ Հարիրին կրկին հրաժարականը տայ եւ հեռանայ քաղաքականութենէ՝ թէկուզ որոշ ժամանակի մը համար:

Ո՞վ պիտի շահի, եթէ Հարիրի դիմէ այսպիսի քայլի մը։ Արդեօք Լիբանանի սիւննիներու մեծագոյն յենակէտը՝ Սէուտական Արաբիոյ համար ձեռնտո՞ւ է Լիբանանի մէջ կորսնցնել վերջին տարիներուն այնքան վստահելի, սակայն այսօր ոչ այնքան «սիրելի» համարուող քաղաքական գործիչ՝ Սաատ Հարիրին:

Լիբանանի գլխաւոր իրադարձութիւնը անշուշտ կը շարունակէ մնալ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները, որու ընթացքին կը սպասուի մեծ պայքարի, որուն մէջ ալ հիմնարար դեր պիտի ունենան Ռիատն ու Թեհրանը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019