ԱԿՆԱՐԿ - 25 - ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՏՈԿՈՒՆ, ՅԱՋՈՂԱԿ ԵՒ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այսօրուան մեր սիւնակով մեր սիրելի ընթերցողներուն անգլերէնէ թարգմանաբար 40 արտայայտութիւններ պիտի ներկայցնենք; Արտայայտութիւններ, որոնք թէ՛ մեր զաւակները եւ թէ՛ մեզ աւելի գոհունակ, երախտագէտ, տոկուն, յաջողակ ու ինքնավստահ կը դարձնեն:
Այսպէս.
1. Ուր կամք կայ, այնտեղ հնարք կայ:
2. Լաւ վարուելակերպի համար գումար պէտք չէ:
3. Մի՛շտ հարցուր: Անոնք կրնան միայն ո՛չ ըսել:
4. Դուն մէկ հոգիի հետ չե՛ս ամուսնանար, այլ՝ ամբողջ ընտանիքին հետ կ՚ամուսնանաս:
5. Բոլորին մէջ լաւը գտիր:
6. Նախքան փորձելդ բնաւ չլաս:
7. Յիմար հարցումներ չկան, այլ՝ միայն յիմար պատասխաններ:
8. Գեղեցիկը միշտ գեղեցիկ է:
9. Միւսներուն հետ վարուիր այնպէս, ինչպէս կ՚ուզես որ հետդ վարուին:
10. Դուն չե՛ս կրնար ուրիշներու ըրածները կառավարել, այլ միայն քո՛ւ անդրադարձներդ:
11. Մի՛ գնէք այն՝ ինչ որ դուք ձեզի չէք կրնար թոյլ տալ:
12. Յիշէ՛, իրերը չեն կրնար ձեզ ուրախացնել, մարդիկը՝ կրնան:
13. Մեղրով աւելի շատ ճանճ կը բռնես, քան քացախով:
14. Երկու սխալներ մէկ ճիշդ չե՛ն ըներ:
15. Նայեցէ՛ք ինչ քայլ որ կ՚ընէք:
16. Կովու թրիքը տոլարի նշաններ ունի: Ամէն ինչ կախուած է քեզմէ՝ թէ դուն ինչպէս կը նայիս ատոր:
17. Խմբային աշխատանքը երազը իրականութիւն կը դարձնէ:
18. Կեանքը դուն քեզ գտնելը չէ: Կեանքը դուն քեզ կերտելն է:
19. Ինչ որ կը մտածենք, այդ մէկը կ՚որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի պատահի մեզի, հետեւաբար, եթէ կ՚ուզենք մեր կեանքերը փոխել, պէտք է մեր միտքերը պրկենք:
20. Գեղեցկութի՞ւն: Գեղեցկութիւնը աշնան երկու շաբաթ է:
21. Մարդու մը աւելցուքը, ուրիշի մը գանձը կրնայ ըլլալ:
22. Կեանքիդ մէջ ամենալաւ օրը այն օրն է, երբ պատասխանատուութիւն կը վերցնես վերաբերմուքներուդ համար: Այդ օրն է, որ դուն իրապէս կ՚աճիս:
23. Ճշմարիտ ազատութիւնը մեր հասկնալն է, թէ մենք ընտրելու առիթ ունինք, թէ որո՞ւ եւ ի՞նչ բանին թոյլ կու տանք, որ մեր վրայ ազդեցութիւն ունենան:
24. Դուք այնքան ծեր էք, ինչքան դուք ձեզ այդպիսին կը զգաք:
25. Գլորուող քարը մամուռ չի՛ հաւաքեր իր վրայ:
26. Անկողին կանուխ մտնելը եւ կանուխ արթննալը քեզ առողջ, հարուստ ու իմաստուն կը դարձնէ:
27. Ուրախութիւնը բախտ չէ, այլ՝ ընտրութիւն:
28. Քալած ճամբադ եթէ չես սիրեր, սկսիր նոր մը սալայատակել:
29. Բարձրացող մակընթացութիւնը բոլոր նաւերը կը բարձրացնէ:
30. Գիրք մը իր կողքէն մի՛ դատեր:
31. Դուն աւելի համարձակ ես, քան կը կարծես, աւելի զօրաւոր ես, քան կը կարեծս, աւելի իմաստուն ես, քան կը կարծես:
32. Շուտ հասնող թռչունն է, որ որդը կը բռնէ:
33. Իւրաքանչիւր օր իր նուէրը իր հետ կը բերէ: Քակեցէ՛ք ժապաւէնը:
34. Ակնկալել, որ աշխարհը քեզի հետ արդարութեամբ վարուի, քանի որ դուն լաւ մարդ մըն ես, կը նմանի անոր որ ցուլը չյարձակի վրադ, որովհետեւ բուսակեր ես:
35. Խոստովանութիւնը հոգիին համար լա՛ւ է:
36. Դուն ձուածեղ (օմլէթ) չեկ կրնար պատրաստել, առանց մի քանի հաւկիթ ջարդելու:
37. Խոտը աւելի կանաչ է այնտեղ, ուր կը ջրէք:
38. Կեանքին ամենամեծ փառքը բնաւ չձախողելուն մէջ չէ, այլ՝ ամէն անգամ ձախողելէ ետք ոտքի կանգնելուն մէջ է:
39. Յաջողութեան համար մէկ դեղագիր չկայ, այլ՝ էական մէկ տարր կայ՝ եռանդ (կիրք):
40. Երբեք յոյսդ մի՛ կորսնցներ, եւ երբեք մի՛ թերագնահատէք աղօթքին ուժը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
23 յուլիս 2023, Վաղարշապատ