ՅՈՅՍԻ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ. ՍԱՀԱԿ ՎՐԴ. ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Մեր գիտակցական ողջ կեանքի ընթացքին գտնուած են դէմքեր, եղած են անուններ, ապրած են նուիրեալներ, որոնք մեզի ճանապարհ ցոյց տուած են առ Աստուած։ Մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար, ինչ ալ ըլլան յարանուանական տարբերութիւնները, Աստուծոյ տունը եկեղեցին է՝ իր տարբեր դրոյթներով, կառոյցներով, սլացիկ գմբէթներով կամ պարզ ու համեստ ճարտարապետութեամբ։
«Եկեղեցին Քրիստոսի հարսն է», ըսուած է Նոր կտակարանին մէջ ու անկէ անդին ես ալ աւելցնեմ, որ դէպի եկեղեցի մեր ճանապարհին եղած են անուններ, ապրած են նուիրեալներ, որոնք մեր ձեռքէն բռնելով մեզ առաջնորդած են դէպի եկեղեցի. այն եկեղեցին, որ մեր մէջն է, մեր հոգիներուն եւ ոգեղէն անօթներուն մէջ, երբեք պայման չէ, որ այդ եկեղեցին քարեղէն կառոյց մը ըլլայ, որու շնորհիւ մենք զգանք քրիստոնէական էութեան մը իրական արժէքները։
Տ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանը անոնցմէ էր։
Անցած են երկար տարիներ անոր շիջումէն ի վեր ու ինչ մեղքս պահեմ, թերացած եմ անոր մասին քանի մը տող գրելու։
Պատեհ այս առիթը գտայ պարզապէս իմ որդիական երախտիքը յայտնելու այն վսեմական հոգեւորականին նկատմամբ, որ ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ մէկ նշանաբանով. «Ամէնը ձեզ»։
Ճիշդ պատգամին պէս այն բանաստեղծութեան, որուն հեղինակը իմ անգերազանցելի բարեկամ Արթուր Մեսչեանն է։
Մեսչեան կը գրէ.
«Մեծածաւալ եւ հիասքանչ տաճարների
Եւ ոսկեզարդ խորանների աղօթքը՝
Ամէնը ձեզ, եւ արծաթէ լապտերը վանքերի,
Ադամանդէ շարքով հիւսուած խաչերը:
Դուք ձեզ վերցրէք եւ փառաւոր շքախմբեր,
Եւ տօնական կախարդական զանգերը:
Ամէնը ձեզ, իսկ ինձ միայն բաժին թողէք
Դժոխքներով անցած «Հայր մեր»ը»։
Այդպէս էր Տ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանը. ան ադամանդակուռ մատանիներ չկրեց, շարասիւններով ուղեւորութիւններ չըրաւ, սուտ քարոզներ չըսաւ եւ, ամենակարեւորը, սիրեց իր հօտի բոլոր անդամները։
Վէրք բուժեց, բանտարկեալներու այցի գնաց, ապահարզան եղած կնոջ խորհուրդ տուաւ, հիւանդին՝ հաղորդութիւն եւ չքաւորին՝ հաց։
Ինք եւս ապրեցաւ աղքատի կանոններով, չէ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիոստոսի արքայութեան «զարդերն» են աղքատները։
Աղքատութիւն, նուիրում եւ հաւատք. ահա այն երեք հիմնակէտերը, որոնց շուրջ ծաւալեց իր գործունէութիւնը՝ չմոռնալով, անշուշտ, մեր երանաւէտ եւ Սուրբ Հայրերու մատեանները լոյսին բերել...
Եղա՞ն մարդիկ, որ չարախնդացին իր ապրած կեանքին ի տես։ Այո՛, եղան։ Եղա՞ն մարդիկ, որոնք քմծիծաղով նայեցան ամէն անգամ, երբ այս «աշխարհիկ սուրբ»ը անցաւ իրենց մօտէն։ Այո՛, եղան... Բայց այդ բոլորը անիմաստ էին, որովհետեւ հայր սուրբը Յիսուսեան հայրերու ժառանգորդ մոնազը շատ լաւ գիտէր, որ իր ճանապարհը լեցուն է տատասկներով ու խարազանիչ կամքով։
Աղօթքներուն մէջ առաջնային, սակայն գործին մէջ աշխատասէր ու ժրաջան հայր սուրբը հովուեց, նուիրեց ու բաշխեց։ Նուիրեց իր սէրը, նուիրեց հաւատքի հունտ եւ քրիստոնէական յոյս ու այդ յոյսին մէջ պարուրուեցաւ եւ դարձաւ լոյսի կաթիլ. լոյսի կաթիլ մը, որ այսօր ալ հաւատք կ՚անձրեւէ բոլոր անոնց հոգիներուն մէջ, որոնք ճանչցան զինք, որոնք լսեցին իր խօսքը, որոնք սիրեցին Տիրոջ մարմինը՝ եկեղեցին իրմով եւ որոնք քալեցին ու դեռ կը քալեն իր անմեկնելի ճանապարհով. անմեկնելի իր դժուարութիւններով, լոյսով եւ փրկչական յոյսով։
Արաբ-մարոնիներու եկեղեցին գեղեցիկ կերպով շարադրած է քրիստոնեայ անհատին պատկանելիութիւնը։ Արեւելքի արմատներուն մէջ կեանք ու տեղ գտած այդ եկեղեցին հաւատացեալները կը կոչէ ՝ «Յոյսի զաւակներ»։ Տ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեան «Յոյսի զաւակ» ըլլալէ անդին՝ սիրոյ եւ յարգանքի վարդապետ մըն էր։ Ուղիղ վարդապետութեան տէր կրօնական մը, որուն բացակայութիւնը կը զգամ յաճախ ու մանաւանդ՝ երբ կը հայիմ դէպի Մաշտոցեան մատենադարան տանող ճանապարհին, ուրկէ կը քալէր ինք՝ Սահակ Վարդապետը, փնտռելու, գտնելու եւ սուզուելու մեր մատենագիր մեծերու աղօթաբոյր մատեաններուն մէջ։
Սրբադասման արժանի մոհիկան է Տ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեան, որուն յիշատակը լոյս է եւ յաւերժօրէն աղօթք մեր հոգիներուն ու խիղճերուն մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան