ԿՇԻՌՔԻ ՎՐԱՅ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը բազում առումներով աննախընթաց է՝ ո՛չ այնքան երկրի ներքին օրակարգին կամ ընդհանուր ընկերա-տնտեսական իրադրութեան, այլ յատկապէս արտաքին մարտահրաւէրներու բերումով։ ԱՄՆ, որ աշխարհի հիմնական գերտէրութիւնն է, յայտնուած է բաւական բարդ իրականութեան մը մէջ։

Ռուսաստան-Ուքրայնա աւերիչ պատերազմին, Եւրոպայի առջեւ ցցուած խնդիրներուն, Չինաստանի հետ լարուածութեան առընթեր, ԱՄՆ-ի տեսակէտէ այսօր հիմնական օրակարգ կը հանդիսանայ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւնը, որու յայտնի կամ թաքուն ծալքերուն մէջ այս երկիրը միշտ ալ ունեցած է որոշիչ ներկայութիւն մը։ Իր մօտեցումներով, ծրագիրներով, սակայն, յատկապէս՝ երկու պետութեանց հիմունքով լուծման առաջարկով ԱՄՆ կը խաղայ ազդու դեր։ Այդ առաջարկին ալ հեղինակն էր նախկին նախագահներէն Պիլ Քլինթըն, որ ճարտար ու լուրջ ղեկավարի մը համբաւը կը վայելէ։

Մերձաւոր Արեւելքը միշտ Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան կիզակէտին եղած է, իսկ այսօր աւելիով դարձած է անյետաձգելի օրակարգ մը՝ հաշուի առնելով մանաւանդ՝ Կազզէի աննախընթաց պատերազմը, ռազմական իրավիճակին անելի մատնուած ըլլալը։ Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալ ամենակարեւորը՝ ԱՄՆ-ի հիմնական դաշնակից Իսրայէլի սխալներն ու անոր ներկայ կառավարութեան փակուղիի մը մէջ յայտնուած ըլլալը։

Այս համայնապատկերը, ի հարկէ, պիտի ցոլանայ ԱՄՆ-ի ընտրութեան վրայ, որ ներքին պայքարներու սուր փուլ մը ըլլալէ անդին՝ կը պայմանաւորուի արտաքին ազդակներով։

Այս նոյն կէտին վրայ Հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի հռետորաբանութիւնն ու ենթարկուած ձախող մահափորձը նախընտրական խաղը բացին՝ հիմնական իրադարձութիւններէն գրեթէ երեք ամիս առաջ։ Անշուշտ, կասկած չկայ, որ եթէ Թրամփի դէմ այդ դէպքը չպատահէր, ապա դժուար թէ նախագահ Ճօ Պայտըն որոշէր թեկնածութիւնը ետ քաշել։

Պայտըն թէեւ յառաջացած տարիքին բերումով, հանդէս կու գար յոգնած նախագահի մը դիրքերէն, բայց եւ այնպէս, մահափորձի դէպքը բոլոր խաղաքարտերը խառնեց՝ ստիպելով, որ Դեմոկրատական կուսակցութեան վերնախաւը արագօրէն վերարժեւորէ իրադրութիւնը ու ձեւով մըն ալ պահանջէ Պայտըի ընտրարշաւէ հրաժարիլը։

Այս բոլորը, անշուշտ, պատահեցան ճիշդ այն պահուն, երբ յատկապէս՝ Պաղեստին-Իսրայէլ ճակատին վրայ տեղի կ՚ունենան շատ կարեւոր իրադարձութիւններ, մինչ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու նոր նեցուկ մը ստանալու նպատակով այցելեց ԱՄՆ։

Վերադառնալով ներքին լարումներուն՝ հարկ է, անշուշտ, հաշուի առնել, որ երկու հիմնական խաղացողներուն՝ Տանըլտ Թրամփի եւ Պայտընի սպասուած մրցապայքարի ջնջումէն ետք, այսօր ԱՄՆ մտած է նոր փուլ մը, որ պիտի յատկանշուի աւելի մեծ պայքարով մը։

Դեմոկրատականները բաւական յուսալքուեցան Թրամփի դէմ ձախող մահափորձէն վերջ, բայց այսօր նորովի կը յուսադրուին։ Անշուշտ, այդ յոյսերը ամբողջական պատկեր մը պիտի ստանան կուսակցութեան մեծ համագումարով, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս։

Պայտընի մրցավազքէ դուրս գալէ անմիջապէս ետք ազդեցիկ կուսակցականներու վերնախաւը մէկ մարդու նման զօրակցութիւն յայտնեց ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսին, որուն թեկնածութեան մասին լուրերը նոր եռանդ մը ապահովեցին եւ Թրամփի դիմաց մրցակցութիւնը նոր որակ մը ստացաւ։

Ի դէպ, Թրամփի եւ Պայտընի ազդեցութեան լծակներն ալ միշտ խոշորացոյցի տակ են։ «Փոլիթիքօ»ին մէջ այս մասին կատարուած հրապարակումները կը համարուին առանձնապէս ուշագրաւ։ «Նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրջօրէն սատարած է, որ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը շարունակէ մնալ միասնական։ Միւս կողմէ ալ, ան պատճառ դարձած է, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը կերպով մը թուլանայ եւ մասնատուի։

Այս բոլորէն անդին, սակայն, մինչեւ իր դէմ յարձակումը Թրամփ կարողացաւ Հանրապետական կուսակցութիւնը ամբողջական եւ համապարփակ կերպով վերադասաւորել ու պատրաստուիլ ընտրութիւններու վճռորոշ փուլին։

Անշուշտ, այս բոլորէն վերջ, իր դէմ մահափորձը նոր վիճակի մը ծնունդ տուաւ։ Պատահածին բոլոր դրական միաւորները ծառայեցին, որպէսզի հանրապետականները ընդհանուր առմամբ բարելաւեն իրենց դիրքերը», նշուած է «Փոլիթիքօ»ին կողմէ։

Մեկնաբանութեան մէջ արձանագրուած է, որ այս բոլորը չեն վրիպած դեմոկրատներու ուշադրութենէն։ Անոնք համոզուած են, թէ ձախող մահափորձը յառաջիկայ իրադարձութիւններու անկիւնադարձը կը համարուի։ Պարզ խօսքով՝ դեմոկրատներուն համար ամենամտահոգիչն էր, որ կրակոցներն ու անոր պատասխանները կ՚ամրապնդեն Թրամփի դիրքը՝ ուժեղ քաղաքական գործընթաց մը յառաջ տանելու:

Բացի այս բոլորէն, նկատի կ՚առնուին նաեւ այլ փաստեր՝ մանաւանդ կը խօսուի դեմոկրատներու ներքին խոհանոցի որոշ խմորումներուն շուրջ։ Որպէս օրինակ այդ խմորումներուն՝ կը խօսուի կարգ մը քուլիսային իրադարձութիւններու եւ անոնց լոյսին տակ կատարուած յայտարարութիւններու շուրջ։ Ըստ «Փոլիթիքօ»ին՝ վերոյիշեալներէն դուրս կը բերուի հետեւեալ եզրակացութիւնը.

«Ժամանակն է հանդարտեցնելու իրավիճակը եւ քաղաքականութիւնը երբեք պէտք չէ պատերազմի դաշտ ըլլայ»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024