Իմ Տղաս, Ու­սա­մէ. «Էլ Քա­ի­տէ»ի Ղե­կա­վա­րին Մայ­րը Ա­ռա­ջին Ան­գամ Կը Խօ­սի

Երկար տարիներ լռելէ եւ հարցազրոյցի առաջարկները մերժելէ ետք, «Էլ Քաիտէ»ի ղեկավար Ուսամէ պին Լատինի մայրը ի վերջոյ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին տուած է հարցազրոյց մը, որ վարած է Մարթին Չուլովը: Կը ներկայացնենք կրճատումներով:

*

Ընդարձակ սենեակի անկիւնի բազմոցին մէջ, վառ գոյնով զարդարուն պատմուճան մը հագած կին մը ակնդէտ նստած է: Կարմիր հիճապը, որ ծածկած է իր մազերը, կ՚արտացոլայ ապակեպատ առանձնարանի ճակատի ապակիին մէջ: Ներսը, իր անդրանիկ որդիին շրջանակուած լուսանկարը կը հպարտանայ ընտանեկան ժառանգական եւ արժէքաւոր իրերուն միջեւ: Ժպտացող, մօրուքաւոր կերպար մը, զինուորական բաճկոն հագած՝ ան սենեակին մէջ գտնուող լուսանկարներուն մէջ կ՚առանձնանայ: Սէուտական ընթրիք մը, մեզէ, տարածուած է փայտէ խոշոր սեղանին վրայ:

Ալիա Ղանեմ Ուսամէ պին Լատինի մայրն է, եւ ան կը պահանջէ սենեակին մէջ բոլորին ուշադրութիւնը: Մօտը գտնուող աթոռներուն վրայ նստած են իր փրկուած երկու որդիները՝ Ահմէտը եւ Հասանը եւ իր երկրորդ ամուսինը՝ Մուհամմէտ Աթթասը, որ երեք եղբայրները խնամեց:

Ընտանիքին մէջ բոլորը ունին իրենց սեփական պատմութիւնը՝ այն մարդուն մասին, որ կ՚առընչուի համաշխարհային ահաբեկչութեան աճին: Բայց Ղանեմ այսօր գրաւած է դաշտը եւ կը նկարագրէ մարդ մը, որ անոր համար տակաւին սիրելի զաւակ մըն է, որ ձեւով մը շեղած է իր ճամբէն:

«Իմ կեանքս շատ դժուար էր, քանի որ ան այնքան հեռու էր ինձմէ», կ՚ըսէ ան ինքնավստահ: «Ուսամէ շատ լաւ երեխայ էր, եւ ան զիս շատ կը սիրէր»: Այժմ 75-ամեայ Ղանեմ, փոփոխական առողջութեամբ, ցոյց կու տայ Աթթասը՝ նիհար, առողջ մարդ մը, իր երկու որդիներուն նման, արաբական սպիտակ զգեստ հագած: «Ան խնամեց, մեծցուց Ուսամէն երեք տարեկանէն: Ան լաւ մարդ է եւ լաւ վարուեցաւ Ուսամէի հետ»:

Ընտանիքը հաւաքուած է իրենց տան դահլիճին մէկ անկիւնը: Տունը կը գտնուի Ճիտտէի մէջ, Սէուտական Արաբիոյ այն քաղաքը, որ Պին Լատին քլանի իրերայաջորդ սերունդներու բնակավայրն է: Անոնք կը շարունակեն մնալ թագաւորութեան ամենէն հարուստ ընտանիքներէն մէկը. անոնց գերդաստանական շինարարական կայսրութիւնը կառուցած է արդի Սէուտական Արաբիոյ մեծամասնութիւնը եւ խորապէս հիւսուած է երկրի կառոյցին:

Պին Լատինի տունը կ՚արտացոլացնէ իրենց հարստութիւնը եւ ազդեցութիւնը՝ ներքին եւ արտաքին յարդարումներով: Մեծ դղեակներ կը գտնուին փողոցին մէջ: Ասիկա Ճիտտէի ամենէն հարուստ հատուածն է: Թէեւ ոչ մէկ պահակ կայ դուրսը, իսկ Պին Լատինները շրջանի ամենէն յայտնի բնակիչներն են:

Տարիներ շարունակ Ղանեմ եւ իր մեծ ընտանիքը մերժած են խօսիլ Ուսամէի մասին: Որպէս «Էլ Քաիտէ»ի առաջնորդ, երկու տասնամեակ իր ղեկավարութեան ժամանակամիջոցին, տեղի ունեցան Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի յարձակումները: Ան մահացաւ դէպքերէն 9 տարի ետք, Փաքիստանի մէջ:

Այժմ, Սէուտական Արաբիոյ նոր ղեկավարութիւնը, որ կ՚առաջնորդէ յաւակնոտ 32-ամեայ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման իշխանը, ընդառաջեց ընտանիքին հետ խօսելու իմ խնդրանքիս: (Որպէս երկրի ամենէն ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկը՝ անոնց շարժումները եւ գործունէութիւնը միշտ կը հսկուին):

Ուսամէին աւանդը ծանր հարուած մըն է թէ՛ թագաւորութեան եւ թէ ընտանիքին վրայ: Բարձրաստիճան պաշտօնատարները կը խորհին, թէ արտօնելով ընտանիքին պատմելու իրենց պատմութիւնը՝ իշխանութիւնը կրնայ ցոյց տալ, որ 11 սեպտեմբերի պատասխանատուն վտարանդի մըն էր, այլ ոչ թէ՝ սէուտական գործակալ մը: Սէուտական Արաբիան քննադատողները շատոնց կը պնդեն, որ Ուսամէն պետական աջակցութիւն ունեցած է, եւ զոհերու ընտանիքներէն ոմանք (ցարդ անյաջող) իրաւական քայլերու ձեռնարկած են թագաւորութեան դէմ: 19 առեւանգիչներէն 15-ը եկած էին Սէուտական Արաբիայէն:

Ինչպէս կ՚ակնկալուէր, Ուսամէ պին Լատինի ընտանիքը զգոյշ էր մեր նախնական բանակցութիւններուն մէջ: Անոնք համոզուած չեն. արդեօք հին վէրքերը բանալը կրնա՞յ բուժիչ ըլլալ, թէ՞ վնասակար: Բայց քանի մը օրուան քննարկումներէ ետք անոնք պատրաստ եղան խօսելու: Յունիսի սկիզբը երբ մենք հանդիպեցանք, սենեակին մէջ նստած էր սէուտական պետութենէն ներկայացուցիչ մը, թէեւ ան խօսակցութեան վրայ ազդելու փորձ չէր ըներ: Մեզի նոյնպէս միացած էր թարգմանիչ մը:

«Ան հանդիպած է քանի մը մարդոց, որոնք բաւական շատ անոր ուղեղը լուացած են տակաւին քսան տարեկանին: Դուք կրնաք ատիկա անուանել աղանդ», ըսաւ Ղանեմ՝ աւելցնելով, որ իր անդրանիկ որդին ամչկոտ տղայ մըն էր, որ ընդունակ աշակերտ էր դպրոցին մէջ: Ան քսան տարեկանին դարձաւ ուժգին մղումով բարեպաշտ անձ մը, երբ տնտեսագիտութիւն կ՚ուսանէր Ճիտտէի Ապտիւլազիզ Թագաւոր համալսարանին մէջ, ուր զինք նոյնպէս արմատականացուցին:

«Համալսարանի մարդիկը փոխեցին զայն: Ան այլ մարդ դարձաւ: Համալսարանին մէջ հանդիպած մարդոցմէ մէկը՝ Ապտուլլահ Ազզամն էր, «Իսլամ եղբայրներու» անդամ, որ յետագային արտաքսուեցաւ Սէուտական Արաբիայէն եւ դարձաւ Ուսամէին հոգեւոր խորհրդականը: Ուսամէն շատ լաւ երեխայ էր, մինչեւ որ հանդիպեցաւ կարգ մը մարդոց, որոնք 20 տարեկանին բաւական շատ լուացին անոր ուղեղը: Ատիկա աղանդ մըն է: Այդ մարդիկը գումարներ ստացած իրենց գործին համար: Ես միշտ կ՚ըսէի, որ հեռու կեցի՛ր անոնցմէ, բայց ան բնաւ չէր ըսեր ինծի, թէ ի՛նչ կ՚ընէ, որովհետեւ ան զիս շատ կը սիրէր»:

1980-ականներու սկիզբը Ուսամէն Աֆղանիստան գնաց ռուսական արշաւի դէմ պայքարելու համար:

«Ով որ առաջին անգամ հանդիպեցաւ անոր, յարգեց զայն: Սկիզբը մենք շատ հպարտացանք անով: Նոյնիսկ սէուտական կառավարութիւնը անոր հետ շատ ազնիւ, յարգալից ձեւով վարուեցաւ: Յետոյ եկաւ Ուսամէ միւճահիտը», ըսաւ կրտսեր եղբայրը՝ Հասան:

Երկար, անհանգիստ լռութենէ ետք Հասան կը դժուարանար բացատրելու. «Ես շատ հպարտ եմ անով, որ իմ մեծ եղբայրս է: Ան ինծի շատ բան սորվեցուց: Բայց ես չեմ կարծեր, որ ես շատ հպարտ եմ անով՝ որպէս մարդ: Ան համաշխարհային բեմին վրայ հասաւ գերաստղի մակարդակին, եւ ատիկա՝ ոչինչի համար», աւելցուց Հասան:

Ղանեմ ուշադիր կ՚ունկնդրէ, աւելի կ՚ոգեւորուի, երբ խօսքը կը վերադառնայ Ուսամէի կազմաւորման տարիներուն: «Ան շատ ուղիղ էր: Շատ լաւ էր դպրոցին մէջ: Ան շատ կը սիրէր սորվիլ: Աֆղանիստանի վրայ ծախսեց իր ամբողջ դրամը: Ան կըր-նար սպրդիլ ընտանեկան առեւտուրի գործով ծպտուած: Իմ միտքէս բնաւ չանցաւ, որ ան ճիհատական եղած է: Երբ գիտցանք, շատ անհանգստացանք: Ես չէի ուզեր, որ ասոնցմէ որեւէ մէկը պատահի: Ինչո՞ւ ան ատոնք բոլորը այդպէս նետեց»:

Ընտանիքը կ՚ըսէ, որ վերջին անգամ տեսած է Ուսամէն Աֆղանիստանի մէջ, 1999 թուականին, այն տարին, երբ անոնք այցելեցին անոր երկու անգամ, Գանտահարէն դուրս գտնուող անոր խարիսխին մէջ: «Ատիկա մօտ էր օդակայանին, որ ռուսերը գրաւած էին: Ան շատ ուրախ էր մեզ ընդունելով: Ան մեզ ամէն օր կը պտտցնէր: Ուսամէ անասուն մը մորթեց, եւ մենք խնջոյք ըրինք: Ան բոլորը հրաւիրեց», կ՚ըսէ մայրը:

Ղանեմ կը սկսի հանգստանալ եւ կը խօսի իր մանկութեան մասին, Լաթաքիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ, ուր ան մեծցած է ալեւի ընտանիքի մը մէջ: Ղանեմ 1950-ականներու կէսերուն տեղափոխուած է Սէուտական Արաբիա, իսկ Ուսամէ ծնած է 1957 թուականին, Ռիատի մէջ:

Ղանեմ Ուսամէի ծնելէն երեք տարի ետք ամուսնալուծուած է եւ ամուսնացած՝ Աթթասի հետ, որ վարչական պատասխանատուն էր Պին Լատին բարգաւաճող կայսրութեան, 1960-ականներու սկիզբը: Ուսամէի հայրը յետոյ 54 զաւակներ ունեցաւ առնուազն 11 կիներէ:

Երբ Ղանեմ գնաց մօտակայ սենեակ մը հանգչելու, Ուսամէի խորթ եղբայրները շարունակեցին զրոյցը: Անոնք ըսին, թէ կարեւոր է յիշել, որ մայր մը հազուադէպ առարկայական վկայ է: «Արդէն 17 տարի անցած է 11 սեպտեմբերէն, եւ ան տակաւին կը ժխտէ: Ան շատ կը սիրէր Ուսամէն եւ կը հրաժարի մեղադրել զայն: Փոխարէնը՝ ան կը մեղադրէ Ուսամէն շրջապատողները: Ան միայն գիտէ տղուն լաւ կողմը, մենք բոլորս կը տեսնենք այն կողմը: Ան երբեք չի գիտնար ճիհատի կողմը», կ՚ըսէ Ահմէտ:

Ան կ՚աւելցնէ. «Ես ցնցուած էի, ապշած, Նիւ Եորքի առաջին լուրերէն: Ատիկա շատ տարօրինակ զգացում մըն էր: Մենք սկիզբէն իսկ գիտէինք, որ Ուսամէն էր: Մենք բոլորս ամչցանք: Մենք գիտցանք, որ բոլորս ալ սարսափելի հետեւանքներ պիտի դիմակալենք: Արտասահմանի մէջ ապրող մեր ընտանիքը վերադարձած է Սէուտական Արաբիա: Անոնք տարածուած էին Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Եւրոպայի մէջ: Սէուտական Արաբիոյ մէջ ճամբորդութիւնը արգիլուեցաւ: Անոնք փորձեցին, որքան կրնային, հսկել ընտանիքը»:

Ընտանիքը կ՚ըսէ, որ բոլորը հարցաքննուած են իշխանութիւններուն կողմէ, եւ ժամանակ մը անոնց արգիլուած է երկրէն հեռանալ: Գրեթէ երկու տասնամեակ ետք անոնք կրնան համեմատաբար ազատ շրջագայիլ թագաւորութենէն ներս եւ դուրս:

Պին Լատին կը շարունակէ մնալ ժողովրդական կերպար մը՝ թագաւորութեան որոշ շրջաններուն մէջ, գնահատուելով անոնց կողմէ, որոնք կը հաւատան, որ ան Աստուծոյ գործը ըրած է: Սակայն աջակցութեան խորութիւնը դժուար է չափել: Մինչ այդ, ինչ որ կը մնայ անոր անմիջական ընտանիքէն, անոնց արտօնած են վերադառնալ Սէուտական Արաբիա: Ուսամէի առնուազն երկու կիները (որոնցմէ մէկը հետն էր, երբ սպաննուեցաւ) եւ անոնց երեխաները այժմ կ՚ապրին Ճիտտէի մէջ:

Այն պահուն, երբ սպասուհի մը կը սարքէ ընթրիքի սեղանը, Ահմէտ ինծի կ՚ըսէ. «Մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունէինք Մուհամմէտ պին Նայէֆ իշխանին հետ (նախկին գահաժառանգը): Ան արտօնեց, որ կիները եւ երեխաները վերադառնան: Սակայն, թէեւ անոնք ազատ են շրջագայելու քաղաքին մէջ, չեն կրնար երկրէն հեռանալ»:

Ուսամէին տղան՝ Համզա, կրնայ ամպոտել իրենց անցեալը թօթափելու ընտանիքի փորձերը:

Ուսամէին մայրը կը միանայ զրոյցին. «Ես ամէն շաբաթ կը խօսիմ անոր հարեմին (կանանոց) հետ: Անոնք մօտակայքը կ՚ապրին»:

Ուսամէի խորթ քոյրը՝ Ֆաթիմա Աթթաս ներկայ չէր մեր հանդիպման: Փարիզ գտնուող իր տունէն ան յետագային նամակ ուղարկեց՝ ըսելով, որ ինք կտրականապէս դէմ է, որ իր մայրը հարցազրոյց տայ, խնդրելով, որ այդ հարցազրոյցը իր միջոցով վերադասաւորուի: Հակառակ անոր, որ իր եղբայրները եւ խորթ եղբայրները ընդունած էին հարցազրոյցը՝ Ֆաթիմա Աթթաս կը կարծէր, որ մօրը վրայ ճնշում բանեցուած է: Ղանեմ սակայն պնդեց, թէ ուրախ է խօսելով եւ կրնար խօսիլ աւելի երկար:

Ասիկա հաւանաբար ընտանիքի բարդ իրավիճակին նշանն է թագաւորութեան մէջ, ուր նման լարուածութիւն գոյութիւն ունի:

Ես ընտանիքին հարցուցի Պին Լատինի ամենէն մեծ տղուն՝ 29-ամեայ Համզայի մասին, որ կ՚ենթադրուի, թէ Աֆղանիստան կը գտնուի: Անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ան պաշտօնապէս անուանուած է «համաշխարհային ահաբեկիչ» եւ կարծես թէ իր ուսերուն անցուցած է իր հօր պատմուճանը՝ «Էլ Քաիտէ»ի նոր առաջնորդ եւ Ուսամէի նախկին տեղակալ Այման Զաուահիրիի հովանիին ներքեւ:

Անոր հօրեղբայրները կը ճօճեն իրենց գլուխները: «Մենք կը մտածէինք, որ ամէն բան աւարտած է: Այն ժամանակ, երբ ես գիտէի, Համզան կ՚ըսէր, որ ինք իր հօրը վրէժը պիտի լուծէ: Ես չեմ ուզեր կրկին ատիկա յիշել: Եթէ Համզա իմ դիմացս գտնուէր, ես կ՚ըսէի, որ Աստուած կ՚առաջնորդէ ձեզ: Կրկնակի մտածեցէք, թէ ի՛նչ կ՚ընէք: Մի՛ հետեւիք ձեր հօրը քայլերուն: Դուք ձեր հոգիներուն սարսափելի մասերը կը մտնէք», կ՚ըսէ Հասան:

Համզա պին Լատինի անուան տարածումը կրնայ ամպոտել իրենց անցեալը թօթափելու ընտանիքին փորձերը: Ատիկա կրնայ նոյնպէս խոչընդոտել գահաժառանգ իշխանին ջանքերը՝ ձեւաւորելու նոր դարաշրջան, ուր Ուսամէ պին Լատին կը նկատուի որպէս այդ սերունդին մոլորածը, եւ ուր խիստ սկզբունքները, վարդապետութիւնները, որոնք ժամանակին արգիլուած էին թագաւորութեան կողմէ, այլեւս օրինականութիւն չեն տրամադրեր ծայրայեղականութեան:

Մինչ Սէուտական Արաբիոյ մէջ նախապէս փոփոխութեան փորձ եղած է, սակայն ներկայ բարեփոխումներու չափ բաւականին ընդգրկուն չէ եղած: Մուհամմէտ պին Սելման իշխան բարեփոխումները որքա՞ն կրնայ առաջ մղել պահպանողական աշխարհահայեացք ունեցող անզիջող հասարակութեան դէմ: Ասիկա առայժմ կը շարունակէ մնալ անպատասխան հարցում մը:

Սէուտական Արաբիոյ դաշնակիցները լաւատես են, սակայն՝ զգուշաւոր: Բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցը, որուն հետ ես խօսեցայ, ըսաւ. «Եթէ Սելման չյաջողի, աւելի շատ Ուսամէներ պիտի ըլլան: Եւ ես վստահ չեմ, որ անոնք կրնան թօթափել այդ անէծքը»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018