ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

ՆԱԹԱՆԱՅԷԼԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Երբ Յիսուս տեսաւ Նաթանայէլը, որ Իրեն կու գար» (Յհ 1.47):

Մեկնութիւն. Նախքան Նաթանայէլին հասնիլը Յիսուսի մօտ, գովեց զինք երկու պատճառով. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ աստուածային տեսութեամբ գիտցաւ անոր բարեմտութիւնը: Երկրորդ՝ փարատելու համար երեսհաճութեան կարծիքը, որովհետեւ եթէ Նաթանայէլին դիմաց ըսէր, պիտի կարծէին, թէ մարդհաճութիւն կ՚ընէ եւ թէեւ Քրիստոսի մօտ չէր հասած, սակայն մօտիկ էր այնքան՝ որ կրնար լսել:

Հարցում. Թէ ինչո՞ւ համար այդպէս կը խօսէր:

Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Փիլիպպոսի խօսքը հաստատեց: Երկրորդ՝ որովհետեւ Նաթանայէլը հաւատքի քաշեց: Երրորդ՝ որպէսզի իր մօտիկները բարիի մէջ հաստատէ, ատոր համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ահաւասիկ [արդարեւ] ճշմարիտ իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ» (Յհ 1.47):

Մեկնութիւն. Արդար եւ ճշմարիտ կը լսուի, որ սուտն ու չարը կը բառնայ, իսկ նենգութիւն է՝ երբ ուրիշ բան մը կ՚ըլլայ ու ուրիշ բան մը կ՚երեւի: Չորս կերպով նենգութիւն չունէր. նախ՝ որովհետեւ ո՛չ ուրիշները կը խաբէ եւ ո՛չ ալ կը խաբուի, ուստի Փիլիպպոսի խօսքէն չխաբուեցաւ, այլ՝ շտապեց իր աչքերով տեսնելու: Երկրորդ՝ աննենգ է, որ ճշմարիտ կը տեսնէ ու կ՚ըսէ, իբրեւ՝ մարգարէներուն վկայութիւնը: Երրորդ՝ աննենգ էր օրէնքներու պահպանումին մէջ: Չորրորդ՝ աննենգ եւ ուղիղ կերպով կու գար Քրիստոսի մօտ՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար: Եւ որովհետեւ ճշմարտասէր ու խոնարհ էր, չըսաւ, թէ ճշմարտի կ՚ըսես, եւ ո՛չ ալ շնորհակալութիւն յայտնեց, այլ՝ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս» (Յհ 1.48):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ տեսնելո՞վ, թէ՞ լռելեայն՝ սիրտով, թէ՞ դէմքէն, եւ կ՚ուզէր, թէ այլ ծածուկ բաներ ալ յայտնէ իրեն:

Խօսք. «Տեսայ քեզ, երբ թզենիին տակն էիր» (Յհ 1.48):

Մեկնութիւն. «Հրեաները նշան կ՚ուզէին» (Հմմտ. Ա.Կր 1.22), կ՚ըսէ Առաքեալը, այդ պատճառով Տէրը երեք նշան ցոյց տուաւ Նաթանայէլին, որպէսզի հաւատայ. նախ՝ սիրտին մէջ ծածուկ եղածը յայտնեց, որ միայն Աստուծոյ յատուկ գործ է, թէ արդարեւ դուն սուրբ սիրտով ես: Երկրորդ նշան, որ ըսաւ, թէ՝ «տեսայ քեզ, երբ թզենիին տակն էիր», որ զգալապէս չտեսաւ: Երրորդ նշան. «Երկինքը բացուած պիտի տեսնէք» (Յհ 1.51), եւ այլն:

Իսկ թզենիին տակ ըլլալը երեք բան ցոյց կու տայ. նախ՝ զգալի թզենիի տակն էր, երբ Փիլիպպոսը կանչեց զինք: Երկրորդ՝ այն թզենին, որով նախաստեղծները ծածկեցին իրենց ամօթը, երբ մեղքով ապականեցան: Երրորդ՝ թզենին Մովսէսի ստուերական օրէնքն էր, որովհետեւ միայն տերեւ ունէին, այսինքն՝ օրէնքին խօսքը եւ ո՛չ թէ բարեգործութեան պտուղը, եւ Քրիստոս այդ օրինակով անիծեց թզենին, որ միայն տերեւ ունէր: Ապա յայտնի է, թէ Քրիստոս ճանչցաւ զինք երբ տակաւին իր մեղուցեալ նախահօր երանգին մէջ էր, եւ մինչ օրէնքը ստուերին տակ էր, սահմանեց զինք Իր եւ Իր շնորհքին մօտ կանչելու:

Խօսք. «Դուն Աստուծոյ Որդին ես» (Յհ 1.49):

Մեկնութիւն. Դուն ըսելը մէկ դէմքը կը ցուցնէ, եւ չ՚ըսեր՝ դուք, որ երկուութեան ցուցանիշ է:

Դարձեալ՝ երեք գիծ է, ցոյց կու տայ Քրիստոսի մէջ երեք միաւորութիւնը, այսինքն՝ մարմին, հոգի եւ խօսք:

Այս չորրորդ վկայութիւնն է, թէ Քրիստոս Աստուած է:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Պետրոս որ նոյն կերպ դաւանեցաւ՝ գովուեցաւ, իսկ ասիկա՝ ո՛չ:

Պատասխան. Ոմանք կ՚ըսեն, թէ հաւատքի նշաններէն: Կ՚ըսենք, որ եթէ Պետրոս բազմաթիւ հրաշքներ տեսաւ ու վարդապետութիւն, եւ ապա դաւանեցաւ, իսկ ասիկա՝ երկու ծածուկ յայտնութիւն, ու դաւանեցաւ սակայն չգովուեցաւ: Այս է պատճառը, թէ Պետրոս զՔրիստոս բնութեամբ Աստուծոյ Որդի խոստովանեցաւ, իսկ Նաթանայէլը՝ զԱյն մարդ խոստովանեցաւ, ու շնորհքով եւ առաքինութեամբ Աստուծոյ նման, ատոր համար ըսաւ շնորհքով որդեգրութեամբ Աստուծոյ Որդի:

Այս է թերի եւ կասկածով խոստովանիլը, եւ ասիկա երկու բանով յայտնի է. նախ՝ թէ ըսաւ «Ռաբբի՛, Դուն Իսրայէլի Թագաւորն ես» (Յհ 1.49), իսկ բնութեամբ Աստուծոյ Որդին ո՛չ միայն Իսրայէլի Թագաւորն է, այլ՝ բոլորին: Երկրորդ՝ յայտնի է Քրիստոսի պատասխանէն, որովհետեւ երանի չտուաւ անոր՝ ինչպէս Պետրոսին, այլ՝ միտքի կարօտութեան համար բարձրագոյն իմաստ կ՚աւանդէ անոր:

Դարձեալ, Պետրոսի դաւանութիւնը կը գովուի, որովհետեւ Հօրմէն յայտնուած է, իսկ Նաթանայէլինը չի գովուիր, քանի որ իր միտքին կարծածն է: Երեք բան ըսաւ. նախ՝ Ռաբբի, որովհետեւ անոր գաղտնի եղածը յայտնեց: Երկրորդ՝ կ՚ըսէ՝ Աստուծոյ Որդի, կը խոստովանի մեծութիւնը, որ Աստուծմէ ունի՝ ծնունդէն ի վեր: Երրորդ՝ կ՚ըսէ՝ Իսրայէլի Թագաւոր: Ժողովուրդին մասին ըսաւ, որովհետեւ հրեաները զՔրիստոս ժամանակաւոր թագաւոր կը կարծէին:

Խօսք. «Ամէն, ամէն ասեմ ձեզ» (Յհ 1.51):

Մեկնութիւն. Եբրայերէնին մէջ «ճշմարիտ» կը թարգմանուի, իսկ կրկնելը նախ առաւել ստուգութիւնը ցոյց կու տայ: Երկրորդ՝ որովհետեւ մարդացած Աստուած է: Երրորդ՝ Հին ու Նորը Ի՛նք ըսաւ: Չորրորդ՝ երկրաւորներն ու երկնաւորը ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի՝ ի դէմս բոլոր հաւատացեալներուն:

Խօսք. «...ըսելո՞ւս համար» (Յհ 1.50):

Մեկնութիւն. Նախ՝ փոքր հաւատքիդ փոխարէն մեծամեծները պիտի սորվեցնեմ քեզի: Դարձեալ՝ որդեգրութեան շնորհիւ դաւանեցար զիս, եւս մեծագոյնը պիտի տեսնես՝ ճանչնալով Իմ ճշմարտութիւնը: Եւ դարձեալ՝ ունեցած քիչ յայտնութեանդ պատճառով զիս Աստուծոյ Որդի դաւանեցար, եւս մեծամեծ հրաշքներ պիտի տեսնես, որով կատարեալ կերպով պիտի հաւատաս: Եւ այս է, որ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Երկինքը բացուած պիտի տեսնէք» (Յհ 1.51):

Մեկնութիւն. Չորս կերպով կ՚իմացուի. նախ՝ երկինքը բացուեցաւ մկրտութեան ժամանակ, ինչպէս որ երկինքը բացուած տեսաւ (Հմմտ. Մտ 3.16): Երկրորդ՝ խաչելութեան ժամանակ բացուեցաւ, ինչպէս որ աւազակին ըսաւ. «Այսօր Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ 23.43): Երրորդ՝ համբարձման ժամանակ ալ բացուեցաւ, ինչպէս կ՚ըսէին. «Ո՜վ իշխաններ, ձեր դռները վեր բարձրացուցէք» (Հմմտ. Սղ 24.7): Չորրորդ՝ դատաստանի ժամանակ բաց պիտի ըլլայ, երբ երկինքը գալարի:

Դարձեալ երկինքի մասին աստուածային Գիրքերը կ՚ըսեն. «Երկինքը պիտի բացուի» (Հմմտ. Յյտ 4.1), այսինքն՝ գիրքերուն եւ հրեշտակներուն միտքը, այսինքն՝ Բանին սպասաւորները պիտի մտնեն ու ելլեն անկէ, մարդոց Անոր շնորհներէն պիտի բաշխեն:

Խօսք. «...եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որոնք կ՚ելլեն ու կ՚իջնեն» (Յհ 1.51):

Մեկնութիւն. չորս միտքով է.

Նախ՝ այն ցոյց կու տայ, թէ՝ «Ես այն Աստուածն եմ, որ աստիճաներուն գլուխին կը նստէի Յակոբին մօտ, որովհետեւ Ինձմով հրեշտակները երկիր կ՚իջնեն, եւ մարդիկը արժանի կը դառնան երկինք բարձրանալու»:

Երկրորդ՝ թէեւ մարդ եղայ, սակայն Հօրմէն չբաժնուեցայ, այդ պատճառով հրեշտակները երկինք կ՚ելլեն զիս փառաբանելու համար՝ Հօր աջ կողմը նստողիս, եւ կ՚իջնեն՝ մարդկութեանս սպասաւորելու համար, որովհետեւ ես երկինքի եւ երկրի մէջ եմ, ըստ այնմ. «Մեր Աստուածը երկինքի ու երկրի մէջ է» (Հմմտ. Սղ 113.5-6):

Երրորդ՝ Իմ մարդեղութեանս միջոցով հրեշտակները մարդոց մօտ կ՚իջնեն եւ անոնց Իմ ողորմութիւնս կը բերեն, իսկ մարդոց բարեգործութիւնները՝ երկինք կը հանեն:

Չորրորդ՝ երկինք ըսելով մեր միտքն ու կամքը երկնային փառքին կը բարձրացնէ, որ մեր հաւատքին եւ յոյսին վախճանն է, որ ի Քրիստոս:

Իսկ թէ հրեշտակները ո՞ւր իջան, նախ կ՚ըսենք, թէ ծնունդի ժամանակ, որ «բարձրունքներուն մէջ փառք» կ՚երգէին (Ղկ 2.14): Երկրորդ՝ մկրտութեան ժամանակ Երրորդական անձնաւորութիւններուն կը սպասաւորէին (Հմմտ. Մտ 3.16-17): Անապատին մէջ հրեշտակները մօտենալով Անոր կը ծառայէին Իրեն: Չորրորդ՝ «Խաչելութեան ժամանակ Աստուծոյ հրեշտակները կը զօրացնէին զԻնք» (Հմմտ. Ղկ 22.43) կ՚ըսէ: Հինգերորդ, յարութեան ժամանակ աւետի կու տային (Հմմտ. Մտ 28.2-8): Վեցերորդ՝ համբարձման ժամանակ կ՚ըսէ. «Երկու սպիտակազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց» (տե՛ս Գրծ 1.10): Եօթներորդ՝ «Երկրորդ գալուստի ժամանակ հրեշտակները պիտի ելլեն ու իրարմէ զատեն...» (Հմմտ. Մտ 13.49), եւ տակաւին շատ ուրիշ բաներ:

Իսկ որ կ՚ըսէ՝ մարդու Որդի (Յհ 1.51). Նախ՝ որովհետեւ միեւնոյնն է Աստուծոյ Որդին՝ Հօրմէն ծնած եւ նոյնը՝ մօրմէն ծնած. մէկ Որդի, մէկ դէմք, մէկ անձ, մէկ միաւորուած բնութիւն: Երկրորդ՝ խոնարհութեան օրինակ կու տայ, որովհետեւ Նաթանայէլը Աստուծոյ Որդի կոչեց, իսկ Քրիստոս Ինքզինք մարդու Որդի ըսաւ. կը սորվեցնէ, թէ երբ կը պատուուինք, մեր անձին չափը չմոռնանք, այլ՝ խոնարհ մնանք, ինչպէս Առակացը կ՚ըսէ. «Ինչ բարձրութեան ալ հասնիս, քու անձդ խոնարհութեան մէջ պահէ եւ Տիրոջմէ շնորհք պիտի գտնես» (Հմմտ. Առ 16.3):

Հարցում. Նաթանայլէը ինչպէ՞ս տասներկուքի թիւին մէջ չգրուեցաւ:

Պատասխան. Որովհետեւ Նաթանայէլն ու Նիկոդիմոսը վարդապետներ ու իմաստուններ էին, զանոնք տասներկուքին մէջ չկարգեց, որպէսզի չըսեն, թէ իմաստութեամբ մարդիկը խաբեցին, սակայն զանոնք հաւատքի եւ աշակերտներու կարգին կոչեց: Սակայն յետոյ Պօղոսին կանչեց, որ իմաստուն եւ ճարտար օրէնսգէտ էր, ու տասներկուքի թիւին մէջ կարգեց, որպէսզի մարդիկ չըսեն, թէ տգիտութեամբ մոլորեցան:

Այստեղ առաջին գլուխին աւարտին, թէ Քրիստոս Աստուած է՝ չորս վկայութեամբ.

Առաջին. Աւետարանիչինը՝ «աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը»:

Երկրորդ. Եսայիինը. «Տիրոջ ճամբան պատրաստեցէք» (Ես 40.3):

Երրորդ. Յովհաննէսինը [Մկրտիչ]. «Սա՛ է Աստուծոյ Որդին» (տե՛ս Յհ 1.34):

Չորրորդ. Նաթանայէլինը. «Դուն Աստուծոյ Որդին ես» (Յհ 1.49):

Այսքանը այս մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 16

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2019